Անձնուրաց ծառայողներ. Ովկիանիա
ՌԵՆԷ անունով քոյր մը, որ 30–ական տարիքի մէջ է եւ Աւստրալիա կ’ապրի, մեծցած է նախանձախնդիր Վկաներու ընտանիքի մը մէջ։ «Շատ մը տեղեր փոխադրուեցանք, որպէսզի օգնենք հոն՝ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու մեծ կարիք կար», կ’ըսէ ան։ «Հայրիկս ու մայրիկս ամէն ինչ հետաքրքրական եւ հաճելի կը դարձնէին։ Երբ ե՛ս երկու զաւակներու մայր դարձայ, ուզեցի որ անոնք նոյնպիսի կեանք մը վայելեն»։
*։ Այդ յօդուածէն մղուեցանք նամակ մը գրելու Եհովայի վկաներու Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մասնաճիւղերուն, հարցնելով թէ ո՛ւր աւելի մեծ կարիք կայ Թագաւորութեան քարոզիչներու *։ Առ ի պատասխան, հրաւէր ստացանք փոխադրուելու Թոնկա,– այն նոյն վայրը՝ որուն մասին կարդացեր էինք»։
Ռենէի ամուսինը՝ եղբայր Շէյն, որ գրեթէ 40 տարեկան է, նոյնպիսի հոգեւոր նպատակակէտեր ունէր։ Ան կը բացատրէ. «Մեր երկրորդ զաւակի ծնունդէն ետք, Դիտարան պարբերաթերթէն կարդացինք Վկաներու ընտանիքի մը մասին, որոնք իրենց եախթով նաւարկած էին դէպի Խաղաղական ովկիանոսի հարաւ–արեւմտեան կողմը, Թոնկայի կղզիներուն մէջ քարոզելու համարԹոնկայի մէջ իրարայաջորդ խռովութիւններ եղան, որոնց պատճառով Շէյն, Ռենէ եւ իրենց զաւակները՝ Ճէյքըպ եւ Սքայ, չկրցան մէկ տարիէ աւելի հոն մնալ, եւ հետեւաբար Աւստրալիա վերադարձան. սակայն տակաւին նպատակադրած էին իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել։ 2011–ին, անոնք փոխադրուեցան Նորֆոլկ կղզի, որ Աւստրալիայէն մօտ 1500 քմ. դէպի արեւելք կը գտնուի։ Այդ որոշումէն ի՞նչ արդիւնք քաղեցին։ Այսօր, 14–ամեայ Ճէյքըպը կ’ըսէ. «Եհովան ոչ միայն հոգ տարաւ մեզի, այլեւ՝ ծառայութիւնը հաճելի դարձուց»։
ՆՊԱՏԱԿ ԴՆԵԼ՝ ԸՆՏԱՆԵՕՔ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ
Ուրիշ Վկայ ընտանիքներ ալ, Շէյնի, Ռենէի եւ անոնց զաւակներուն պէս, որոշած են անձնուրացօրէն ծառայել հոն, ուր աւելի կարիք կայ։ Սակայն ի՞նչ բան զիրենք այս քայլին մղեց։
«Շատեր հետաքրքրուած էին բարի լուրով. եւ ուզեցինք անոնց առիթ մը տալ, որ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենան» (Պըռնէթ)
30–ական տարիքի մէջ եղող զոյգ մը՝ Պըռնէթ եւ Սիմոն ունին երկու տղաներ՝ Իսթըն եւ Գելըպ, որոնք այժմ 12 եւ 9 տարեկան են։ Անոնք ընտանեօք փոխադրուեցան Պըրքթաուն, որ Աւստրալիոյ Քուինզլէնտի հեռաւոր մէկ քաղաքն է։ «Այդ վայրին մէջ, Վկաները երեք կամ չորս տարին անգամ մը կու գային քարոզելու», կը բացատրէ Պըռնէթ։ «Շատեր հետաքրքրուած էին բարի լուրով. եւ ուզեցինք անոնց առիթ մը տալ, որ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենան»։
Մարք եւ Քարըն, որոնք նոր մտած են 50–ական տարիքին մէջ, ունին երեք զաւակներ՝ Ճեսիքա, Ճիմ եւ Ճէք։ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին շատ մը մօտակայ ժողովքներուն մէջ ծառայելէ ետք, զոյգը որոշեց ընտանեօք փոխադրուիլ Նըլընպայ, որ հանքավայր մըն է Հիւսիսային Երկրամասի մէջ։ Մարք կ’ըսէ. «Մարդասիրութենէ մղուած, ուզեցի երթալ հո՛ն՝ ուր շատ գործ կար ժողովքին եւ ծառայութեան մէջ»։ Բայց իր կինը քիչ մը կը տատամսէր։ Քարըն կ’ըսէ. «Մարքին եւ ուրիշներու քաջալերական խօսքերէն ետք, ուզեցի մէյ մը փորձել։ Իսկ հիմա շատ ուրախ եմ այդ քայլը առնելուս համար»։
Պենճըմըն եւ Քարոլին ունին երկու աղջնակներ՝ Ճէյտ եւ Պրիա։ Առաջ որ իրենց զաւակները դպրոցական տարիքին հասնին, զոյգը 2011–ին ընտանեօք ելաւ Աւստրալիոյ Քուինզլէնտ նահանգէն եւ փոխադրուեցաւ Թիմոր–Լեսթէ, որ պզտիկ երկիր մըն է ինտոնեզիական կղզեխումբի Թիմոր կղզիին վրայ։ «Ես ու Քարոլինը նախապէս ծառայած էինք Թիմոր–Լեսթէի մէջ որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ», կ’ըսէ Պենը։ «Վկայութեան գործը հոյակապ էր եւ եղբայրները մեծապէս թիկունք կանգնեցան մեզի։ Հոնկէ հեռանալը մեզ սրտակոտոր ըրաւ։ Բայց մտքերնիս դրինք որ պիտի վերադառնանք։ Երբ զաւակներու տէր դարձանք, մեր այս նպատակը չեղեալ չըրինք, հապա՝ յետաձգեցինք»։ Իր կինը կ’աւելցնէ. «Ուզեցինք որ մեր զաւակները շրջապատուած ըլլան միսիոնարներով, բեթէլականներով եւ մասնաւոր ռահվիրաներով։ Ուզեցինք որ հաճոյք առնեն Եհովային ծառայելով»։
ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը» (Ղուկ. 14։28)։ Նմանապէս, երբ ընտանիք մը մտածէ ուրիշ տեղ փոխադրուիլ, նախապէս ծրագրելը շատ կարեւոր է։ Ի՞նչ տեսակ կարիքներ կրնան նկատի առնուիլ։
ՀՈԳԵՒՈՐ։ «Ուզեցինք ուրիշներուն ծառայել եւ ոչ թէ բեռ ըլլալ», կ’ըսէ Պեն։ «Ուստի նախքան փոխադրուիլը, ուզեցինք մեր հոգեւորութիւնը զօրացնել։ Նաեւ, սկսանք ծառայութեան եւ ժողովքային այլ գործունէութիւններու մէջ մեր բաժինը աւելցնել»։
Ճէյքըպ, որուն մասին նշեցինք, կը պատմէ. «Նախքան Նորֆոլկ կղզի փոխադրուիլը, Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն շատ մը կենսագրութիւններ կարդացինք ընտանիքներու մասին, որոնք ծառայեցին ուր որ կարիքը աւելի մեծ էր։ Նկատի առինք թէ անոնք ի՛նչ խնդիրներ դիմագրաւեցին եւ Եհովան ինչպէ՛ս անոնց հոգ տարաւ»։ Իր 11–ամեայ քոյրը՝ Սքայ, կ’աւելցնէ. «Հազար անգամ աղօթեցի,– թէ՛ առանձին եւ թէ մամայիս ու պապայիս հետ»։
ԶԳԱՑԱԿԱՆ։ Ռենէ կը նշէ. «Քանի որ սիրած շրջանիս մէջ կ’ապրէինք եւ ազգականներով ու բարեկամներով շրջապատուած էինք, շատ դիւրութեամբ կրնայինք մտքերնիս փոխել եւ չփոխադրուիլ։ Սակայն, փոխանակ մտածելու թէ ի՛նչ բաներէ զերծ պիտի ըլլանք, մտածեցի թէ մեր փոխադրուիլը ինչպէ՛ս պիտի օգտէ իմ ընտանիքիս»։
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ։ Շատ մը ընտանիքներ իրենց նոր շրջանակին ծանօթանալու համար կարգ մը պրպտուքներ կ’ընեն։ «Մեր կրցածին չափ յօդուածներ կարդացինք Նըլընպայի մասին», կ’ըսէ Մարք։ «Այդտեղի եղբայրները սիրով մեզի ղրկեցին իրենց տեղական օրաթերթերէն, որոնց միջոցով աւելի ծանօթացանք տեղացի մարդոց եւ իրենց մշակոյթին»։
Շէյն, որ Նորֆոլկ կղզի փոխադրուեցաւ, կ’աւելցնէ. «Գլխաւորաբար կեդրոնացայ քրիստոնէական յատկութիւններ դրսեւորելու վրայ։ Գիտէի որ եթէ անկեղծ, հեզ, ճշմարտախօս եւ աշխատասէր ըլլամ, աշխարհին որեւէ անկիւնը կրնամ ընտելանալ»։
ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ
Աւելի կարիք ունեցող շրջաններ գացող յաջողակ քարոզիչներ կ’ըսեն, որ շա՜տ կարեւոր է դիւրաթեք եւ դրական ըլլալ, երբ անակնկալ խնդիրներ ծագին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
Ռենէ կ’ըսէ. «Սորվեցայ կարգ մը բաներ տարբեր ձեւով կատարել։ Օրինակ, երբ Նորֆոլկ կղզին շրջապատող ծովը ալեկոծի, նաւերը չեն կրնար մթերք բերել, որուն արդիւնքով ուտելիքը կը քիչնայ ու կը սղի։ Ուստի սորված եմ եղած մթերքով ճաշեր պատրաստել»։ Իր ամուսինը՝ Շէյն, կ’աւելցնէ. «Մեր ծախսերը կարգի կը դնենք, որպէսզի շաբաթական պիւտճէին մէջ մնանք»։
Իրենց տղան՝ Ճէյքըպը, ուրիշ խնդիր մը կը տեսնէ։ Ան կ’ըսէ. «Մեր նոր ժողովքը մեզմէ զատ ունէր միայն եօթը հոգի,– եօթը չափահասներ։ Ուստի տարիքիս մօտ մէկը չկար որ ընկերակցէի հետը։ Բայց երբ մեծերուն հետ սկսայ քարոզել, շուտով բարեկամներ դարձանք»։
Ճիմ, որ այժմ 21 տարեկան է, համանման պարագայէ մը անցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Նըլընպային ամենամօտ ժողովքը աւելի քան 725 քմ. անդին է, ուստի կը ջանանք լաւագոյնս օգտուիլ եղած համաժողովներէն՝ կանուխ հասնելով եւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ ընկերակցելով։ Այս համաժողովները տարուան գլխաւոր դէպքերը կը սեպենք»։
«ՇԱ՛Տ ՈՒՐԱԽ ԵՄ ՈՐ ՀՈՍ ԵԿԱՆՔ»
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ» (Առ. 10։22)։ Աշխարհի տարածքին, գրեթէ ամէն ով որ աւելի կարիք ունեցող շրջանները փոխադրուած է, այս համարին ճշմարիտ ըլլալը իր մորթին վրայ զգացած է։
«Փոխադրուիլը մեր զաւակներուն ազդեց, ինչ որ մեծագոյն օրհնութիւնն է մեզի համար», կ’ըսէ Մարքը։ «Մեծ զաւակներս լիովին վստահ են, որ Եհովան հոգ պիտի տանի բոլոր անոնց, որոնք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնեն։ Այս վստահութիւնը չես կրնար դրամով գնել»։
Շէյն կ’ըսէ. «Այժմ շատ աւելի մօտիկ եմ կնոջս եւ երեխաներուս։ Երբ անոնց բերնէն կը լսեմ թէ Եհովան ինչեր ըրած է իրենց համար, ի՛րապէս գոհունակ կը զգամ»։ Իր տղան՝ Ճէյքըպը, կը համաձայնի աւելցնելով. «Ես շատ աղուոր ժամանակ անցուցած եմ։ Շա՛տ ուրախ եմ որ հոս եկանք»։