Աստուածաշունչին համաձայն կազմակերպուած ենք
«Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը» (ԱՌ. 3։19)։
1, 2. ա) Ոմանք ի՞նչ կ’ըսեն այն գաղափարին մասին որ Աստուած կազմակերպութիւն մը ունի։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ԱՍՏՈՒԱԾ կազմակերպութիւն մը ունի՞։ Ոմանք թերեւս ըսեն. «Պէտք չկայ որ կազմակերպութիւն մը քեզ առաջնորդէ։ Կարեւորը այն է՝ որ Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենաս»։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Իրողութիւնները ի՞նչ կը ցուցնեն։
2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ Եհովան ամէն ինչ կարգապահութեամբ կ’ընէ եւ իր ժողովուրդը կը կազմակերպէ։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, երբ Եհովայի կազմակերպութիւնը ուղղութիւն տայ մեզի (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Ք.Ե. առաջին դարուն, Եհովայի ժողովուրդը Սուրբ Գիրքին ուղղութեան հետեւեցաւ եւ կրցաւ բարի լուրը քարոզել բազմաթիւ տեղեր։ Եւ քանի որ իրենց պէս կը ձգենք որ Սուրբ Գիրքը մեզ առաջնորդէ եւ կը հնազանդինք կազմակերպութեան տուած ցուցմունքներուն, կը յաջողինք բարի լուրը քարոզել ամբողջ աշխարհին մէջ։ Նաեւ մաքուր, խաղաղ եւ միացած կը պահենք ժողովքը։
ԵՀՈՎԱՆ ԱՆՆՄԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂՆ Է
3. Ի՞նչը քեզ կը համոզէ որ Եհովան աննման Կազմակերպողն է։
3 Ստեղծագործութիւնը կը փաստէ որ Աստուած աննման Կազմակերպողն է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը իմաստութիւնով Առ. 3։19)։ Մենք միայն «անոր ճամբաներուն ծայրերը» գիտենք եւ «անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է» (Յոբ 26։14)։ Բայց նոյնիսկ մեր այս քիչ գիտութիւնը յստակ կը դարձնէ, որ տիեզերքը շատ լաւ կազմակերպուած է (Սաղ. 8։3, 4)։ Միլիոնաւոր աստղեր կարգապահ կերպով կը շարժին անջրպետին մէջ։ Իսկ մեր արեգակնային դրութեան մոլորակները այնպէ՛ս մը կը դառնան արեւուն շուրջ, որ կարծես թէ խոնարհութեամբ կը հնազանդին երթեւեկութեան օրէնքներուն։ Վստահաբար, տիեզերքին մէջ եղող այս խելք թռցնող կարգուկանոնը կ’օգնէ մեզի, որ տեսնենք թէ Եհովան՝ «երկինքը իմաստութեամբ ստեղծող»ը, արժանի է մեր փառաբանութեան, հաւատարմութեան եւ պաշտամունքին (Սաղ. 136։1, 5-9)։
հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը» (4. Ինչո՞ւ համար գիտնականները չեն կրցած պատասխանել շատ մը հարցումներու։
4 Գիտնականները տիեզերքին եւ մեր երկրագունդին մասին իրենց սորվածներէն շատ մը բաներ գործածած են, որպէսզի մեր կեանքը աւելի լաւ դարձնեն։ Բայց անոնք չեն կրցած շատ մը հարցումներու պատասխանել։ Օրինակ՝ աստղագէտները չեն կրնար մեզի բացատրել թէ տիեզերքը ճիշդ ինչպէս գոյութիւն ունեցաւ կամ ինչու մարդիկը, անասունները եւ բոյսերը Երկի՛ր մոլորակի վրայ են։ Եւ մարդոց մեծամասնութիւնը չի կրնար բացատրել թէ ինչո՛ւ մարդ արարածը զօրաւոր փափաք ունի որ յաւիտեան ապրի (Ժող. 3։11)։ Ինչո՞ւ այսքան շատ չպատասխանուած հարցումներ կան, որոնք կարեւոր են։ Պատճառներէն մէկն է թէ բազմաթիւ գիտնականներ եւ ուրիշներ կ’ըսեն, թէ Աստուած չկայ եւ կը քաջալերեն բարեշրջութիւնը։ Բայց Աստուած պատասխանները կու տայ մեզի իր գրքին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ։
5. Ի՞նչ կերպերով կախեալ ենք բնութեան օրէնքներէն։
5 Եհովան դրաւ բնութեան օրէնքները։ Ատոնք վստահելի են ու չեն փոխուիր։ Ելեկտրագէտներուն, կապարագործներուն, մեքենագէտներուն, օդաչուներուն, վիրաբուժներուն եւ ուրիշներու գործը կախեալ է այս օրէնքներէն։ Օրինակ՝ վիրաբուժները գիտեն թէ մարդուն կազմուածքը չի փոխուիր։ Ասոր համար, անոնք պէտք չունին փնտռելու թէ հիւանդին սիրտը ո՛ւր է։ Եւ ամէն մարդ գիտէ թէ եթէ մէկը շատ բարձր տեղէ մը ցատկէ, թերեւս մեռնի։ Բնութեան օրէնքները կը յարգենք, ինչպէս՝ ձգողականութեան օրէնքը, քանի որ կ’ուզենք ողջ մնալ։
ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է
6. Ինչո՞ւ կ’ակնկալենք որ Եհովան պաշտողները կազմակերպուած ըլլան։
6 Եհովան իրապէս հոյակապ կերպով մը կազմակերպեց տիեզերքը։ Ուրեմն վստահաբար ան կ’ուզէ որ զինք պաշտողներն ալ լաւ կազմակերպուած ըլլան։ Ճիշդ ասոր համար ան Սուրբ Գիրքը տուած է մեզի, որպէսզի մեզ առաջնորդէ։ Կրնանք ուրախ եւ գոհ ըլլալ միայն եթէ հետեւինք իր կազմակերպութեան ուղղութեան եւ իր չափանիշներուն։
7. Ի՞նչը կը ցուցնէ թէ Սուրբ Գիրքը լաւ կազմակերպուած է։
7 Սուրբ Գիրքը իրապէս յատուկ նուէր մըն է Աստուծոյ կողմէ։ Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն թէ Սուրբ Գիրքը պարզապէս մարդոց կողմէ քով–քովի դրուած հրէական եւ քրիստոնէական գիրքեր է։ Բայց Աստուա՛ծ որոշեց թէ որո՛նք պիտի գրէին գիրքերը, ե՛րբ պիտի գրէին եւ ի՛նչ պիտի գրէին։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքի բոլոր գիրքերը մեզի կ’օգնեն որ Աստուծոյ պատգամը հասկնանք։ Ծննդոց գիրքէն մինչեւ Յայտնութիւն գիրքը, Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ «սերունդ» մը պիտի գար, որ երկիրը դարձեալ դրախտի պիտի վերածէր։ Եւ մենք սորված ենք որ այս «սերունդ»ը Քրիստոս Յիսուսն է եւ թէ իր Թագաւորութիւնը պիտի փաստէ, որ Եհովան իրաւունք ունի բոլորին վրայ իշխելու Ծննդոց 3։15. Մատթէոս 6։10. Յայտնութիւն 11։15)։
(կարդա՛8. Իսրայէլացիները ի՞նչ կերպերով լաւ կազմակերպուած էին։
8 Իսրայէլացիները Մովսիսական օրէնքին կը հետեւէին եւ շատ լաւ կազմակերպուած էին։ Օրինակ՝ կային կիներ որոնք կազմակերպուած կերպով կը ծառայէին վկայութեան խորանին մուտքին մօտ (Ել. 38։8)։ Իսրայէլացիներուն բանակատեղին եւ խորանը կարգուկանոնով կը տեղափոխուէին։ Յետագային, Դաւիթ թագաւորը ղեւտացիներն ու քահանաները կազմակերպեց որ մասնայատուկ գործեր ընեն (Ա. Մն. 23։1-6. 24։1-3)։ Եւ երբ իսրայէլացիները կը հնազանդէին Եհովային, կ’օրհնուէին խաղաղութիւն ու միութիւն ունենալով (Բ. Օր. 11։26, 27. 28։1-14)։
9. Ի՞նչը կը ցուցնէ թէ առաջին դարու ժողովքները կազմակերպուած էին։
9 Առաջին դարու ժողովքներն ալ լաւ կազմակերպուած էին։ Կար կառավարիչ մարմին մը, այսինքն՝ խումբ մը տղամարդիկ որ ուղղութիւններ կու տար ժողովքներուն։ Սկիզբը, այս խումբին մէջ կային միայն առաքեալները։ Ետքը, ուրիշ երէցներ ալ միացան իրենց (Գործք 6։1-6. 15։6)։ Եհովան մղեց կառավարիչ մարմինին կարգ մը անդամները եւ ատոր հետ սերտօրէն ընկերակցողներէն ոմանք, որ նամակներու միջոցաւ խրատներ եւ ցուցմունքներ տան ժողովքներուն (Ա. Տիմ. 3։1-13. Տիտ. 1։5-9)։ Լաւ, ժողովքները ինչպէ՞ս օգտուեցան երբ կառավարիչ մարմինին տուած ուղղութիւններուն հետեւեցան։
10. Առաջին դարուն, երբ ժողովքները հետեւեցան կառավարիչ մարմինին ցուցմունքներուն, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
10 Կարդա՛ Գործք 16։4, 5։ Առաջին դարուն, կարգ մը եղբայրներ ժողովքները այցելեցին, որպէսզի «Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները» փոխանցեն, այսինքն՝ կառավարիչ մարմինին ըսածները։ Ժողովքները այդ ցուցմունքներուն հետեւելով՝ «հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար»։ Լաւ, անոնց օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ, որպէսզի ժողովքին մէջ զայն գործադրենք։
ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ՞Ս
11. Նշանակում ունեցող եղբայրները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ Աստուծոյ կազմակերպութենէն ուղղութիւն ստանան։
11 Ներկայիս, Մասնաճիւղի յանձնախումբի կամ Երկրի յանձնախումբի անդամները, շրջանային տեսուչները եւ ժողովքի երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ Աստուծոյ կազմակերպութենէն ուղղութիւն ստանան։ Աստուածաշունչը բոլորէս կը խնդրէ որ հնազանդ եւ ենթարկուող ըլլանք (Բ. Օր. 30։16. Եբ. 13։7, 17)։ Ով որ Եհովային հաւատարիմ է՝ չ’ըմբոստանար եւ ցուցմունքին մասին չի գանգատիր, որպէսզի չխանգարէ ժողովքին մէջ եղած սէրը, խաղաղութիւնը եւ միութիւնը։ Անշուշտ, ո՛չ մէկ հաւատարիմ քրիստոնեայ կ’ուզէ որ Դիոտրեփէսի պէս յարգանքի պակաս ցոյց տայ (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 9, 10)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Եղբայրներս ու քոյրերս կը քաջալերե՞մ որ Եհովային հաւատարիմ ըլլան։ Շուտով կը հետեւի՞մ Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած ուղղութեան’։
12. Երէցները եւ օգնական ծառաները ինչպէ՞ս կը նշանակուին։
12 Վերջերս, Կառավարիչ մարմինը փոխեց երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակելու կերպը։ Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 2014 թիւի «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը բացատրեց, թէ առաջին դարուն՝ կառավարիչ մարմինը շրջագայող տեսուչներուն տուած էր այս նշանակումները ընելու պատասխանատուութիւնը։ Ասոր հիման վրայ, 1 սեպտեմբեր 2014–էն սկսեալ, շրջանային տեսուչները կը նշանակեն երէցները եւ օգնական ծառաները։ Երբ ժողովքի մը երէցները որոշ եղբայր մը կը յանձնարարեն որ երէց կամ օգնական ծառայ ըլլայ, շրջանային տեսուչը կը փորձէ ծանօթանալ եղբօր եւ անոր ընտանիքին։ Օրինակ՝ ան թերեւս եղբօր հետ ծառայութեան ելլէ (Ա. Տիմ. 3։4, 5)։ Ետքը, շրջանային տեսուչը եւ երէցները կը ժողվուին եւ բծախնդրաբար նկատի կ’առնեն այն համարները, որ կը նկարագրեն թէ երէցները եւ օգնական ծառաները ի՛նչ յատկութիւններ պէտք է ունենան (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Ա. Պետ. 5։1-3)։
13. Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ թիկունք կը կանգնինք երէցներուն տուած ուղղութեան։
13 Երէցները Սուրբ Գիրքէն ուղղութիւններ կու տան մեզի, քանի որ կ’ուզեն ժողովքը պաշտպանել եւ ատոր հոգ տանիլ։ Պէտք է իրենց ականջ տանք, քանի որ տրուած ուղղութիւնը մեր օգտին համար է (Ա. Տիմ. 6։3)։ Առաջին դարուն, կարգ մը անհատներ անկարգութեամբ կը վարուէին։ Անոնք ‘չէին գործեր, հապա ծոյլ ծոյլ կը պտըտէին’։ Յստակ է որ երէցները զանոնք խրատած էին, բայց անոնք մտիկ չէին ըրած։ Պօղոս ժողովքին ցոյց տուաւ որ այսպիսի անհատի մը հետ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին, ըսելով. «Դուք նշանակեցէք զանիկա ու անոր հետ մի՛ խառնուիք»։ Անոնք պէտք էր զինք թշնամի չսեպէին եւ շարունակէին հոգեւոր ընկերակցութիւնը, բայց պէտք չէր ուրիշ կերպերով ընկերակցէին անոր հետ (Բ. Թես. 3։11-15)։ Ներկայիս, երէցները թերեւս զգուշացումի դասախօսութիւն մը տան անհատի մը մասին, որ կը շարունակէ ընել բան մը որ ժողովքին գէշ կ’ազդէ, ինչպէս՝ անհաւատի մը հետ ժամադրուիլ (Ա. Կոր. 7։39)։ Ի՞նչ կ’ընես երբ երէցները այսպիսի դասախօսութիւն մը տան։ Եթէ գիտես անձը ով է, կը կենա՞ս իրեն հետ ընկերակցելէ, բացի հոգեւոր ընկերակցութենէն։ Թերեւս այս ձեւով իրեն օգնես որ անդրադառնայ, թէ իր ըրածը իրեն վնաս կը հասցնէ եւ Եհովան կը տխրեցնէ, եւ թերեւս ան իր ընթացքը փոխէ [1]։
ԺՈՂՈՎՔԸ ՄԱՔՈՒՐ, ԽԱՂԱՂ ԵՒ ՄԻԱՑԱԾ ՊԱՀԷ
14. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել որ ժողովքը մաքուր մնայ։
14 Երբ Աստուծոյ Խօսքին ուղղութեան հետեւինք, ժողովքը հոգեւորապէս մաքուր կը մնայ։ Նկատի առ թէ Կորնթոսի մէջ ի՛նչ պատահեցաւ։ Պօղոս կը սիրէր այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը։ Ան անոնցմէ շատերուն օգնած էր որ ճշմարտութիւնը սորվին (Ա. Կոր. 1։1, 2)։ Երեւակայէ թէ ան ինչ զգացած ըլլալու էր երբ գիտցաւ թէ անոնցմէ մէկը սեռային անբարոյութիւն կ’ընէր եւ եղբայրները թոյլ կու տային որ ան ժողովքին մէջ մնայ։ Պօղոս երէցներուն ըսաւ. ‘Այնպիսին Սատանային մատնեցէք’։ Անոնք պէտք էր այդ անհատը ժողովքէն դուրս դնէին, այսինքն՝ զինք վտարէին (Ա. Կոր. 5։1, 5-7, 12)։ Այսօր ալ, թերեւս երէցները որոշեն որ մէկը պէտք է վտարուի քանի որ չէ զղջացած։ Այս պարագային, Սուրբ Գիրքին ըսածին պէս պիտի վարուի՞նք վտարուողին հետ։ Եթէ այո՛, կ’օգնենք որ ժողովքը մաքուր մնայ եւ թերեւս անհատը մղենք որ զղջայ եւ Եհովայէն ներում խնդրէ։
15. Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանել։
15 Կորնթոսի մէջ ուրիշ խնդիր մը կար։ Ոմանք կարգ մը եղբայրներու վրայ դատ կը բանային։ Պօղոս իրենց հարցուց. «Ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր» (Ա. Կոր. 6։1-8)։ Նման բաներ պատահած են մեր օրերուն։ Ոմանք առեւտրական համաձայնութիւններ ըրած են եղբայրներու հետ, բայց դրամ կորսնցուցած են կամ զգացած են որ եղբայրները խարդախութեամբ վարուած են իրենց հետ։ Այսպիսով, անոնք դատ բացած են իրենց եղբայրներուն վրայ։ Բայց այսպիսի պարագաներու, կրնայ Աստուծոյ անուան անարգանք գալ եւ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարուիլ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ տեսնենք թէ աւելի լաւ է որ դրամ կորսնցնենք, քան եղբայրներուն հետ խաղաղութիւնը խանգարենք [2]։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս մեզի սորվեցուց թէ ինչպէ՛ս կրնանք լուծել լուրջ խնդիրներն ու անհամաձայնութիւնները (կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24. 18։15-17)։ Երբ հնազանդինք իր ըսածին, ժողովքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը կը պահպանենք։
16. Ինչո՞ւ կ’ակնկալենք որ Աստուծոյ ժողովուրդը միացած ըլլայ։
16 Աստուածաշունչը մեզի կը ցուցնէ թէ ինչո՛ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուծոյ ժողովուրդը միացած ըլլայ, ըսելով. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։ Երբ իսրայէլացիները Եհովային կը հնազանդէին, կազմակերպուած եւ միացած կ’ըլլային։ Աստուած իր ժողովուրդին նկատմամբ մարգարէացաւ. «Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ» (Միք. 2։12)։ Ան նաեւ Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ մարգարէացաւ. «Ժողովուրդներուն լեզուն [սուրբգրային ճշմարտութեան] մաքուր լեզուի մը պիտի դարձնեմ, որպէսզի բոլորը Եհովայի անունը կանչեն, ուս–ուսի անոր ծառայեն [կամ, «միութեամբ զինք պաշտեն», ստորանիշ]» (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ կրնանք միութեամբ պաշտել Եհովան։
17. Երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ ժողովքին մէջ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ։
17 Որպէսզի ժողովքը միացած եւ մաքուր մնայ, երէցները պէտք է արագօրէն եւ սիրալիր կերպով հոգ տանին դատական հարցերուն։ Աստուած սիրալիր է, բայց ասիկա չի նշանակեր որ ան զգացումով կը տարուի կամ սխալներուն աչք կը գոցէ (Առ. 15։3)։ Ասոր համար, Պօղոս չքաշուեցաւ Առաջին Կորնթացիս նամակը գրելու, որ միեւնոյն ատեն թէ՛ զօրաւոր թէ ալ սէրէ մղուած է։ Գիտենք թէ այդտեղի երէցները շուտով հետեւեցան Պօղոսի ըսածին, քանի որ քանի մը ամիս ետք՝ ան երկրորդ նամակ մը գրելով գովեց զանոնք։ Եթէ քրիստոնեայ մը առանց ուշադրութիւն ընելու սխալ քայլ մը առնէ, երէցները պէտք է փորձեն զինք ազնուութեամբ ուղղել (Գաղ. 6։1)։
18. ա) Աստուծոյ Խօսքի խրատները ինչպէ՞ս օգնեցին առաջին դարու քրիստոնեաներուն։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսի։
18 Յստակ է որ երբ առաջին դարու քրիստոնեաները հետեւեցան Աստուածաշունչին խրատներուն, իրենց ժողովքները մաքուր, խաղաղ եւ միացած մնացին (Ա. Կոր. 1։10. Եփ. 4։11-13. Ա. Պետ. 3։8)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այդ եղբայրներն ու քոյրերը կրցան «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզ[ել]» բարի լուրը (Կող. 1։23)։ Այսօր ալ Եհովայի ժողովուրդը միացած եւ կազմակերպուած է, եւ անոնք բարի լուրը կը քարոզեն ամբողջ աշխարհին մէջ։ Յաջորդ յօդուածը աւելի փաստեր պիտի տայ, թէ անոնց ամէնէն մեծ փափաքն է որ պատուեն Գերիշխան Տէր Եհովան եւ հնազանդին Աստուածաշունչի տուած ուղղութեան (Սաղ. 71։15, 16)։
^ [1] (պարբերութիւն 13) Տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը, էջ 134-136 (անգլերէն)։
^ [2] (պարբերութիւն 15) Գիտնալու համար թէ ո՛ր պարագաներուն քրիստոնեան թերեւս որոշէ օրինական քայլեր առնել ուրիշ քրիստոնեայի մը դէմ, տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը, էջ 223, ստորանիշ։