«Գործը մեծ է»
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ մէջ շատ կարեւոր ժողով մը կը գումարուի։ Դաւիթ թագաւոր կանչած է իր բոլոր իշխանները, պալատականները եւ զօրավարները, եւ ատոնք ականջնին բաց մտիկ կ’ընեն յատուկ յայտարարութիւն մը։ Եհովան Դաւիթի տղուն՝ Սողոմոնին տուած է այն նշանակումը որ հոյակապ կառոյց մը շինէ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին համար։ Աստուած ատոր ճարտարապետական ծրագիրը տուած է Իսրայէլի տարեց թագաւորին՝ Դաւիթին, որ իր կարգին զայն տուած է Սողոմոնին։ Դաւիթ կ’ըսէ. «Գործը մեծ է. քանզի այս պալատը [կամ տաճարը] մարդու համար չէ, հապա Տէր Աստուծոյ համար է» (Ա. Մն. 28։1, 2, 6, 11, 12. 29։1)։
Ետքը, Դաւիթ կը հարցնէ. «Այսօր ձեզմէ ո՞վ կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ» (Ա. Մն. 29։5)։ Եթէ հոն ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր։ Կը մղուէի՞ր այս մեծ գործին ձեռք տալու։ Իսրայէլացիները գործի անցան։ Անոնք «կամաւոր ընծաներուն համար ուրախացան, քանզի կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցանեցին Տէրոջը» (Ա. Մն. 29։9)։
Դարեր ետք, Եհովան տաճարէն աւելի մեծ բան մը հիմնեց։ Ան հաստատեց հոգեւոր մեծ տաճարը, այսինքն՝ մարդոց համար այն կարգադրութիւնը որ Յիսուսի զոհին հիման վրայ Աստուած պաշտեն (Եբ. 9։11, 12)։ Եհովան այսօր ինչպէ՞ս կ’օգնէ մարդոց որ իրեն հետ հաշտուին։ Մեր աշակերտելու գործին միջոցաւ (Մատ. 28։19, 20)։ Ասոր արդիւնքը կ’ըլլայ որ ամէն տարի՝ միլիոնաւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարուին, հազարաւոր աշակերտներ կը մկրտուին եւ հարիւրաւոր նոր ժողովքներ կը կազմուին։
Այս պատճառով, պէտք կ’ըլլայ որ ա՛լ աւելի հրատարակութիւններ տպուին, Թագաւորութեան սրահներ շինուին ու նորոգուին եւ համաժողովի տեղեր ապահովուին։ Չե՞ս համաձայնիր որ բարի լուրի քարոզչութիւնը հսկայ եւ արդիւնաբեր գործ մըն է (Մատ. 24։14)։
Յօժարակամ նուիրատուութիւններ ընելով, Աստուծոյ ժողովուրդը «կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ», քանի որ Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ սէր ունի եւ քանի որ քարոզչութիւնը պէտք է կատարուի առաջ որ վերջը գայ։ Ի՜նչ աղուոր բան մըն է որ մեր ‘Տէրը պատուենք մեր ստացուածքով’ եւ տեսնենք թէ ատիկա ինչպէ՛ս հաւատարմութեամբ ու իմաստութեամբ կը գործածուի, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն հսկայ գործը կատարուի (Առ. 3։9)։