Խաւարէն կանչուեցան
«[Եհովան] ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. ՊԵՏ. 2։9)։
1. Ի՞նչ պատահեցաւ Երուսաղէմի կործանումին ժամանակ։
Ք.Ա. 607–ին, Նաբուգոդոնոսոր Բ. թագաւորը եւ իր բաբելոնական հսկայ բանակը յարձակեցան Երուսաղէմին վրայ։ Սուրբ Գիրքը պատահած կոտորածին մասին կ’ըսէ. «[Նաբուգոդոնոսոր] անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. . . Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին» (Բ. Մն. 36։17, 19)։
2. Եհովան ի՞նչ զգուշացում տուաւ, եւ հրեաներուն ի՞նչ պիտի պատահէր։
2 Հրեաները պէտք չէր զարմանային Երուսաղէմի կործանումին վրայ, քանի որ Աստուծոյ մարգարէները տարիներ շարունակ իրենց զգուշացում տուած էին, ըսելով որ եթէ շարունակէին Աստուծոյ չհնազանդիլ, բաբելոնացիներուն ձեռքը պիտի իյնային։ Շատ մը հրեաներ սուրով պիտի սպաննուէին, իսկ անոնք որ պիտի ազատէին՝ շատ հաւանաբար Բաբելոնին մէջ գերի պիտի ըլլային մինչեւ իրենց կեանքին վերջը (Եր. 15։2)։ Որպէս գերի ապրիլը ինչպէ՞ս էր։ Երբեք բաբելոնական գերութեան նման բան մը պատահեցա՞ւ քրիստոնեաներուն։ Եթէ այո՛, ե՞րբ։
ԿԵԱՆՔԸ ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
3. Բաբելոնի գերութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր էր Եգիպտոսի ստրկութենէն։
3 Մարգարէներուն ըսածները կատարուեցան։ Եհովան Երեմիային միջոցաւ հրեաներուն ըսաւ որ երբ գերի տարուին, իրենց նոր վիճակը ընդունին եւ իրենց կեանքը լաւագոյն կերպով ապրին։ Ան ըսաւ. «[Բաբելոնի մէջ] տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք. այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ եւ անոր համար Տէրոջը աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի անոր խաղաղութիւնովը ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ» (Եր. 29։5, 7)։ Անոնք որոնք Եհովային ցուցմունքներուն հետեւեցան, գրեթէ սովորական կեանք մը ապրեցան Բաբելոնի մէջ։ Բաբելոնացիները թոյլ տուին որ հրեաները որոշ չափով անձամբ հոգ տանին իրենց հարցերուն եւ ազատօրէն երթան–գան երկրին մէջ։ Այդ ժամանակ, Բաբելոնը առեւտուրի կեդրոն էր, եւ հին փաստաթուղթեր կը ցուցնեն թէ հոն շատ մը հրեաներ սորվեցան վաճառականութիւն ընել, իսկ ուրիշներ վարպետ արհեստաւորներ դարձան։ Նոյնիսկ կարգ մը հրեաներ հարստացան։ Բաբելոնի գերութիւնը չէր նմաներ Եգիպտոսի ստրկութեան, որ պատահած էր հարիւրաւոր տարիներ առաջ (կարդա՛ Ելից 2։23-25)։
4. Անհաւատարիմ հրեաներուն պէս որո՞նք ալ չարչարուեցան, եւ ինչո՞ւ անոնք չէին կրնար ընել ամէն ինչ որ Օրէնքը կը պահանջէր։
4 Հրեայ գերիներէն ոմանք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ էին։ Թէեւ անոնք յանցանք մը չունէին, բայց մնացեալներուն պէս չարչարուեցան։ Հրեաներուն նիւթական պէտքերը կ’ապահովուէին, բայց անոնք ինչպէ՞ս կրնային Եհովան պաշտել։ Եհովային տաճարը եւ զոհասեղանը քանդուած էին եւ քահանայութիւնը չէր կրնար կազմակերպուած կերպով գործել։ Սակայն հաւատարիմ հրեաները իրենց կարելին ըրին որ Աստուծոյ Օրէնքին հետեւին։ Օրինակ՝ Դանիէլ, Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով չուզեցին ուտել այն ուտելիքները, որ հրեաներուն արգիլուած էին։ Եւ գիտենք որ Դանիէլ կանոնաւորաբար կ’աղօթէր Աստուծոյ (Դան. 1։8. 6։10)։ Բայց քանի որ հրեաները հեթանոս երկրի մը իշխանութեան տակ էին, հաւատարիմ հրեայ մը չէր կրնար ընել ամէն ինչ որ Օրէնքը կը պահանջէր։
5. Եհովան ի՞նչ յոյս տուաւ իր ժողովուրդին, եւ այս խոստումը ինչո՞ւ աչքառու էր։
5 Հրեաները օրին մէկը պիտի կարենայի՞ն Աստուած պաշտել լիովին ընդունելի կերպով։ Այդ ժամանակ, ասիկա անկարելի կը թուէր, քանի որ Բաբելոնը բնա՛ւ չէր արձակեր իր գերիները։ Բայց Աստուած խոստացած էր որ իր ժողովուրդը ազատ պիտի արձակուէր, եւ ի վերջոյ ասիկա իրականացաւ։ Աստուծոյ խոստումները մի՛շտ կը կատարուին (Եսա. 55։11)։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԵՐԲԵՔ ԳԵՐԻ ԷԻ՞Ն ՄԵԾ ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ
6, 7. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ մեր հասկացողութիւնը ճշդենք։
6 Քրիստոնեաները երբեք բաբելոնական գերութեան նման բանի մը փորձառութիւնը ունեցա՞ծ են։ Տարիներով, Դիտարան–ը կ’ըսէր որ հաւատարիմ քրիստոնեաները բաբելոնական գերութեան գացին 1918–ին, իսկ 1919–ին՝ ազատագրուեցան անկէ։ Բայց այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ պէտք էր փոփոխութիւն մը մտցուէր այս հասկացողութեան մէջ։
7 Նկատի առ. Մեծ Բաբելոնը սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնն է, եւ Աստուծոյ ժողովուրդը սուտ կրօնքին գերի չդարձաւ 1918–ին։ Ճիշդ է որ այդ ժամանակ օծեալները հալածուեցան, բայց կառավարութիւններն էին որ զանոնք
հալածեցին, եւ ոչ թէ սուտ կրօնքը։ Իրականութեան մէջ, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն շատ առաջ, Աստուծոյ օծեալ ծառաները սկսած էին ինքզինքնին զատել սուտ կրօնքէն։ Ուրեմն, չի թուիր թէ Եհովայի ժողովուրդը 1918–ին գնաց Մեծ Բաբելոնին գերութեան։ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Ե՞ՐԲ ԲԱԲԵԼՈՆԱԿԱՆ ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԷՐ
8. Ի՞նչ պատահեցաւ առաքեալներուն մահէն ետք (տե՛ս բացման պատկերը)։
8 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, հազարաւոր նոր քրիստոնեաներ սուրբ հոգիով օծուեցան։ Անոնք եղան ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը’ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։9, 10)։ Առաքեալները ուշադրութեամբ հսկեցին Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքները, այնքան ատեն որ ողջ էին։ Բայց մանաւանդ անոնց մահէն ետք, կարգ մը մարդիկ ելան եւ «ծուռ բաներ» խօսեցան, «աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ Անոնք կը սիրէին Արիստոտէլին եւ Պղատոնին փիլիսոփայութիւնները եւ սկսան սորվեցնել իրե՛նց անձնական գաղափարները, քան Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը (Գործք 20։30. Բ. Թես. 2։6-8)։ Անոնցմէ շատեր ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքեր ունէին եւ կը ծառայէին որպէս տեսուչ, իսկ ետքը՝ որպէս «եպիսկոպոս»։ Այսպիսով, կղերական դասակարգ մը սկսաւ կազմուիլ, հակառակ որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսած էր. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք» (Մատ. 23։9)։
9. Նկարագրէ թէ հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը ինչպէ՛ս սկսաւ աշխատիլ հռոմէական կառավարութեան հետ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
9 Ք.Ե. 313–ին, այս հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը օրինական կրօնք դարձաւ հռոմայեցի հեթանոս կայսրին՝ Կոստանդինին միջոցաւ։ Ատկէ սկսեալ, Եկեղեցին սկսաւ ձեռք–ձեռքի աշխատիլ հռոմէական կառավարութեան հետ։ Օրինակ՝ Կոստանդին կրօնական առաջնորդներու հետ ժողով մը գումարեց, ինչ որ ետքը ճանչցուեցաւ որպէս Նիկիոյ խորհրդաժողով։ Այդ ժողովէն ետք, կայսրը Արիոս անունով քահանայ մը աքսորեց, քանի որ չէր ընդուներ որ Յիսուս Աստուած է։ Ետքը, Թէոտոսիոս Ա. (Ք.Ե. 379-395) եղաւ Հռոմի կայսրը եւ կաթողիկէ եկեղեցին դարձաւ Հռոմէական կայսրութեան պաշտօնական կրօնքը։ Պատմաբաններ կ’ըսեն որ հեթանոս Հռոմը «քրիստոնեայ» դարձաւ չորրորդ դարուն։ Իրականութիւնը այն է որ այդ ժամանակ՝ հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը արդէն իսկ ընդունած էր հեթանոսական հաւատալիքներ եւ Մեծ Բաբելոնին մէկ մասը դարձած էր։ Սակայն, տակաւին կային քիչ թիւով հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաներ, որոնք Յիսուսին ըսած ցորենին պէս էին։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընէին որ Աստուած պաշտեն, բայց ո՛չ մէկը մտիկ կ’ընէր իրենց ըսածները (կարդա՛ Մատթէոս 13։24, 25, 37-39)։ Անոնք իրապէս բաբելոնական գերութեան մէջ էին։
10. Մարդիկ ինչո՞ւ սկսան կասկածներ ունենալ եկեղեցիին ուսուցումներուն վրայ։
10 Քրիստոսէ ետք առաջին քանի մը հարիւր տարուան ընթացքին, շատեր տակաւին կրնային Սուրբ Գիրքը կարդալ յունարէնով կամ լատիներէնով։ Այսպիսով, անոնք կրնային Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումները բաղդատել եկեղեցիին ուսուցումներուն հետ։ Երբ ոմանք գիտցան թէ եկեղեցիին ուսուցումները սխալ են, մերժեցին զանոնք։ Բայց վտանգաւոր էր ուրիշներուն ըսել իրենց կարծիքը, եւ ասիկա կրնար նոյնիսկ մահուան տանիլ։
11. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կղերականներուն իշխանութեան տակ եղաւ։
11 Ժամանակի ընթացքին, մարդիկ սկսան աւելի քիչ գործածել յունարէնն ու լատիներէնը, եւ եկեղեցական առաջնորդները չէին ձգեր որ Աստուծոյ Խօսքը
թարգմանուի սովորական լեզուներու։ Այս պատճառով, միայն կղերականները եւ կարգ մը ուրիշ ուսեալ մարդիկ կրնային անձամբ կարդալ Սուրբ Գիրքը, եւ նոյնիսկ կղերականներէն ոմանք գրել–կարդալ լաւ չէին գիտեր։ Ո՛վ որ եկեղեցիին սորվեցուցածին չհամաձայնէր, ծանր պատիժ կը կրէր։ Հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաները ստիպուած՝ պզտիկ խումբերով զգուշօրէն կը հաւաքուէին,– ասիկա եթէ կարենային հաւաքուիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ բաբելոնական գերութեան պարագային էր, օծեալ «թագաւորական քահանայութիւնը» չէր կրնար կազմակերպուած կերպով գործել, քանի որ Մեծ Բաբելոնը զօրաւոր կերպով կ’իշխէր ժողովուրդին վրայ։ԼՈՅՍԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՐԵՒՆԱԼ
12, 13. Ո՞ր երկու բաներուն շնորհիւ Մեծ Բաբելոնին իշխանութիւնը քիչ մը տկարացաւ. բացատրէ։
12 Օր մը պիտի գա՞ր որ ճշմարիտ քրիստոնեաները բացէ ի բաց եւ ընդունելի կերպով պաշտէին Աստուած։ Այո՛։ Հոգեւոր լոյսը սկսաւ ճեղքել խաւարը երկու կարեւոր բաներու շնորհիւ։ Առաջինը՝ 15–րդ դարու կիսուն հնարուեցաւ շարժական տպագրամեքենան։ Նախապէս, Սուրբ Գիրքը ձեռքով կ’ընդօրինակուէր, ինչ որ դժուար էր։ Սուրբ Գիրքի օրինակները շատ քիչ եւ սուղ էին։ Կ’ըսուի թէ տասը ամիս կ’առնէր որ վարպետ ընդօրինակող մը լմնցնէր Սուրբ Գիրքի օրինակ մը։ Ասկէ զատ, ընդօրինակողները կը գրէին մագաղաթի վրայ կամ նուրբ մագաղաթի վրայ, որոնք սուղ էին։ Անդին, տպագրամեքենայ եւ թուղթ գործածելով, վարպետ տպագրիչ մը կրնար մէկ օրուան մէջ 1300 էջ արտադրել։
13 Երկրորդը՝ 16–րդ դարու սկիզբը Սուրբ Գիրքը սկսաւ թարգմանուիլ։ Քանի մը քաջ տղամարդիկ Աստուծոյ Խօսքը թարգմանեցին այն լեզուներուն, որ սովորական ժողովուրդը կը խօսէր։ Շատ մը թարգմանիչներ իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով ըրին ասիկա։ Եկեղեցական
առաջնորդներուն սիրտը փրթաւ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք մտածեցին որ երբ աստուածավախ մարդիկ Սուրբ Գիրքը կարդան, ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Մարդիկ իրապէս ալ սկսան կարդալ Սուրբ Գիրքը, եւ սկսան այսպիսի հարցումներ հարցնել. ‘Սուրբ Գիրքին մէջ ո՞ւր կը խօսուի քաւարանին մասին։ Ո՞ւր կ’ըսուի որ մէկը պէտք է քահանային դրամ վճարէ, որպէսզի ան մեռնողին համար պատարագ ընէ։ Ո՞ւր գրուած է պապերու եւ կարդինալներու մասին’։ Եկեղեցիին շատ մը ուսուցումները հիմնուած էին Արիստոտէլին եւ Պղատոնին փիլիսոփայութիւններուն վրայ, որոնք Քրիստոսէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած էին։ Եկեղեցական առաջնորդները կը բարկանային երբ մարդիկ իրենց կասկածները կը յայտնէին։ Անոնք որոնք եկեղեցական ուսուցումները կը մերժէին, կը սպաննուէին։ Կղերականները կ’ուզէին որ մարդիկ Սուրբ Գիրքը չկարդան եւ հարցումներ չուղղեն։ Մեծաւ մասամբ, անոնք յաջողեցան ժողովուրդը վախցնել։ Բայց քիչ թիւով քաջ անհատներ չընդունեցին որ Մեծ Բաբելոնը լռեցնէ զիրենք։ Անոնք համտեսած էին Աստուծոյ Խօսքը եւ կ’ուզէին ա՛լ աւելի համտեսել։ Սուտ կրօնքէն ազատագրուելու ժամանակը կը մօտենար։14. ա) Ի՞նչը օգնեց որ Սուրբ Գիրքը աւելի շատ հասկցուի 1800–ականներուն վերջերը։ բ) Բացատրէ թէ եղբայր Ռասըլը ինչպէ՛ս փնտռեց ճշմարտութիւնը։
14 Շատեր կ’ուզէին Սուրբ Գիրքը կարդալ ու սերտել եւ իրենց սորվածին մասին խօսիլ։ Անոնք չէին ուզեր որ եկեղեցիին առաջնորդները իրենց ըսեն թէ ինչի պէտք է հաւատան։ Ասոր համար, անոնք փախան այն երկիրները, ուր եկեղեցին նուազ ազդեցութիւն ունէր։ Այդ երկիրներէն մէկը Միացեալ Նահանգներն էր։ Հոն, 1800–ականներուն վերջերը, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ քանի մը ընկերակիցներ սկսան խորապէս սերտել Սուրբ Գիրքը։ Սկիզբը, եղբայր Ռասըլին նպատակն էր գիտնալ, թէ ո՛ր կրօնքը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր։ Ան Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հետ բաղդատեց շատ մը կրօնքներու ուսուցումները, նոյնիսկ ոչ–քրիստոնէական կրօնքներու ուսուցումները։ Շատ չանցած, ան անդրադարձաւ որ չկար կրօնք մը որ լման կը հետեւէր Աստուծոյ Խօսքին։ Ան ժողվուեցաւ քանի մը տեղական եկեղեցիներու առաջնորդներու հետ, յուսալով որ անոնք պիտի ընդունէին իր եւ իր ընկերակիցներուն գտած աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները, եւ զանոնք պիտի սորվեցնէին իրենց ժողովքներուն։ Բայց կղերականները հետաքրքրուած չէին։ Շատ չանցած, Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտցան, թէ չեն կրնար Աստուած պաշտել անոնց հետ՝ որոնք սուտ կրօնքին մաս կը կազմեն (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։14)։
15. ա) Քրիստոնեաները ե՞րբ գերի դարձան Մեծ Բաբելոնին։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի պատասխանուին։
15 Մինչեւ հիմա տեսանք թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները բաբելոնական գերութեան մէջ եղան՝ վերջին առաքեալը մահանալէն քիչ ետք։ Բայց կարգ մը հարցումներ կը ծագին. ուրիշ ի՞նչ փաստեր կան թէ 1914–էն առաջ օծեալները իրապէս կ’ազատագրուէին Մեծ Բաբելոնէն։ Ճի՞շդ է որ Եհովան գոհ չէր իր ծառաներէն, քանի որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին աւելի քիչ քարոզեցին։ Եւ այդ ժամանակ, մեր եղբայրներէն ոմանք իրենց չէզոքութիւնը չպահեցի՞ն, եւ այսպէս Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցին։ Իսկ եթէ քրիստոնեաները սուտ կրօնքին գերի դարձան Ք.Ե. երկրորդ դարէն սկսեալ, անոնք ե՞րբ ազատագրուեցան։ Ասոնք շատ աղուոր հարցումներ են եւ պատասխանները պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։