Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծապէս կը գնահատե՞ս Աստուածաշունչը

Մեծապէս կը գնահատե՞ս Աստուածաշունչը

«Մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք. . . ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք» (Ա. ԹԵՍ. 2։13

ԵՐԳԵՐ. 114, 113

1-3. Եւոդիային եւ Սիւնտիքին միջեւ եղած խնդիրները թերեւս ինչպէ՞ս սկսան, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի խնդիրներէ հեռու մնալ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները մեծապէս կը գնահատեն Աստուածաշունչը։ Ատոր մէջ կան խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ խնդիրներէ հեռու մնանք, եւ մեզ կը սրբագրեն երբ սխալներ ընենք։ Լաւ, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք այդ խրատներուն։ Նկատի առ առաջին դարու երկու քրիստոնեաներ՝ Եւոդիա եւ Սիւնտիք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ այս երկու օծեալ կիներուն միջեւ լուրջ խնդիրներ ծագեցան, բայց պատճառը չի տար։ Փորձենք երեւակայել հետեւեալ հաւանականութիւնը։

2 Սեպէ թէ Եւոդիան կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր հրաւիրեց իր տունը, որպէսզի ճաշ ուտեն եւ աղուոր ժամանակ անցընեն, բայց Սիւնտիքը չհրաւիրեց։ Ետքը, Սիւնտիք լսեց որ անոնք որքա՜ն լաւ ժամանակ անցուցած էին, եւ շատ նեղուեցաւ։ Ան թերեւս ըսաւ. ‘Չեմ հաւատար որ Եւոդիան չհրաւիրեց զիս։ Կը կարծէի որ մենք մտերիմ բարեկամուհիներ ենք’։ Ան դաւաճանուած զգաց եւ սկսաւ կասկածով նայիլ Եւոդիային, կարծելով որ ան չէր սիրեր զինք։ Հիմա, Սիւնտիք ալ հաւաքոյթ մը ըրաւ եւ նոյն եղբայրներն ու քոյրերը կանչեց, բացի Եւոդիայէն։ Իրենց միջեւ եղած այս խնդիրը կրնար խանգարել ժողովքին խաղաղութիւնը։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ ի վերջոյ ի՛նչ պատահեցաւ, բայց կրնայ ըլլալ որ այս քոյրերը մտիկ ըրին Պօղոս առաքեալի խրատը (Փլպ. 4։2, 3

3 Ներկայիս մեր ժողովքներուն մէջ ալ կրնան խնդիրներ ծագիլ։ Բայց եթէ հետեւինք Սուրբ Գիրքի խրատներուն, այսպիսի խնդիրներ կրնան լուծուիլ կամ նոյնիսկ կրնանք ատոնցմէ հեռու մնալ։ Եւ երբ Սուրբ Գիրքի ըսածին հնազանդինք, կը ցուցնենք թէ իրապէս կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքը (Սաղ. 27։11

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

4, 5. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ խրատ կու տայ մեր զգացումները զսպելու մասին։

4 Դիւրին չէ մեր զգացումները զսպել։ Թերեւս շատ նեղուինք կամ ջղայնանանք երբ մէկը գէշ կերպով կամ անարդարօրէն վարուի մեզի հետ, պարզապէս մեր մշակոյթին, մորթի գոյնին կամ երեւոյթին պատճառով։ Եւ որքա՜ն աւելի կը վիրաւորուինք երբ այդ անձը հաւատակից մը ըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ի՞նչ խրատներ կան որոնք մեզի կ’օգնեն։

5 Եհովան գիտէ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ երբ մեր զգացումները չզսպենք։ Երբ նեղուած կամ բարկացած ըլլանք, թերեւս ըսենք կամ ընենք բաներ ու վերջը զղջանք։ Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ մեզ կը խրատէ որ մեր ջղայնութիւնը զսպենք եւ շուտով չառնուինք (կարդա՛ Առակաց 16։32. Ժողովող 7։9)։ Անկասկած, բոլորս պէտք է ջանք թափենք որ շատ զգայուն չըլլանք եւ ներենք ուրիշներուն։ Եհովային եւ Յիսուսին քով ներելը շատ կարեւոր է (Մատ. 6։14, 15)։ Պէտք ունի՞ս աւելի ներող ըլլալու եւ զգացումներդ զսպելու։

6. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ մեր զգացումները չզսպենք։

6 Եթէ մեր զգացումները չզսպենք, մեր բարկութիւնը կրնայ մեր մէջ մնալ եւ նոյնիսկ ատելութեան փոխուիլ։ Կամ թերեւս ուրիշն ալ մեր պատճառով սկսի նոյնպէս զգալ։ Նոյնիսկ եթէ փորձենք պահել մեր բարկութիւնը կամ ատելութիւնը, վերջ ի վերջոյ ուրիշները պիտի նկատեն մեր զգացումները եւ թերեւս մեզմէ հեռու մնան (Առ. 26։24-26)։ Երէցները կրնան մեզի օգնել որ տեսնենք թէ բարկութիւնը, ատելութիւնը եւ ոխ պահելը տեղ չունին Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ։ Եհովայի անգին Խօսքը շատ յստակ է այս կէտին շուրջ (Ղեւ. 19։17, 18. Հռով. 3։11-18)։ Ատոր հետ կը համաձայնի՞ս։

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՄԵԶ

7, 8. ա) Եհովան ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը։ բ) Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ ուղղութիւններ կը գտնենք, եւ ինչո՞ւ պէտք է ատոնց հնազանդինք։

7 Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ եղողները կ’առաջնորդէ եւ կը սորվեցնէ։ Ինչպէ՞ս։ Ան Քրիստոսը նշանակած է որպէս «եկեղեցիին գլուխը», իսկ Քրիստոս իր կարգին նշանակած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որպէսզի այս գործը կատարէ (Եփ. 5։23. Մատ. 24։45-47)։ Ճիշդ առաջին դարու կառավարիչ մարմինին պէս, այս ծառան իրապէս կը գնահատէ Սուրբ Գիրքը, քանի որ ատիկա Աստուծոյ Խօսքն է (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Սուրբ Գիրքին կարգ մը ուղղութիւնները ի՞նչ են։

8 Սուրբ Գիրքը մեզմէ կը խնդրէ որ կանոնաւորաբար ներկայ ըլլանք ժողովներուն (Եբ. 10։24, 25)։ Ատիկա բոլորս կը քաջալերէ որ նոյն աստուածաշնչական ուսուցումներուն հաւատանք (Ա. Կոր. 1։10)։ Ատիկա նաեւ մեզի կ’ըսէ որ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (Մատ. 6։33)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կը շեշտէ թէ մենք պարտականութիւն ունինք որ քարոզենք տունէ տուն, հանրային տեղեր եւ անպաշտօն կերպով (Մատ. 28։19, 20. Գործք 5։42. 17։17. 20։20)։ Աստուածաշունչը երէցներուն ուղղութիւն կու տայ որ կազմակերպութիւնը մաքուր պահեն (Ա. Կոր. 5։1-5, 13. Ա. Տիմ. 5։19-21)։ Ատիկա նաեւ կ’ըսէ որ բոլորս պէտք է ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք (Բ. Կոր. 7։1

9. Յիսուս ո՞վ նշանակեց որ մեզի օգնէ Աստուծոյ Խօսքը հասկնալու։

9 Ոմանք կը կարծեն թէ պէտք չունին որ մէկը Սուրբ Գիրքը բացատրէ իրենց։ Բայց 1919–էն սկսեալ, Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ, որպէսզի մարդոց օգնէ որ Աստուածաշունչը հասկնան եւ ատոր ուղղութիւններուն հետեւին։ Սուրբ Գիրքին հնազանդելով՝ ժողովքը մաքուր, խաղաղ եւ միացած կը պահենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Յիսուսին հաւատարիմ պիտի ըլլամ եւ հետեւի՞մ հաւատարիմ ծառային ուղղութեան’։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԱՌՔԸ ԱՐԱԳ ԿԸ ՇԱՐԺԻ

10. Եզեկիէլ գիրքը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը։

10 Սուրբ Գիրքին միջոցաւ կը գիտնանք որ երկնքին մէջ Եհովային ծառաները կազմակերպուած են։ Օրինակ՝ Եզեկիէլ տեսիլք մը տեսաւ, ուր Եհովան կառքի մը վրայ էր, որ արագ շարժելով կրնար երթալ ուր որ ան ուզէր (Եզեկ. 1։4-28)։ Այս կառքը Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասն է, որ արագօրէն կը հետեւի իր ուղղութեան։ Ատիկա իր կարգին կ’ազդէ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին։ Մտածէ բոլոր այն կազմակերպչական փոփոխութիւններուն մասին, որոնք կատարուեցան վերջին տասը տարիներուն։ Միտքդ պահէ որ Եհովա՛ն է որ կ’ուղղէ այսպիսի փոփոխութիւններ։ Մօտ ատենէն, Քրիստոս եւ սուրբ հրեշտակները պիտի կործանեն այս չար աշխարհը, եւ այլեւս ո՛չ մէկը պիտի անարգէ Եհովայի անունը կամ քննադատէ իշխելու իր կերպը։

Որքա՜ն շնորհակալ ենք այն բազմաթիւ շինարարութեան կամաւորներէն, որոնք շատ ծանր կ’աշխատին (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11, 12. Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչե՞ր կրցած է ընել։

11 Նկատի առ թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՛նչ կրցած է ընել այս վերջին օրերուն մէջ։ Շինարարութիւն։ Հարիւրաւոր եղբայրներ ու քոյրեր շատ ծանր աշխատեցան որ Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղին շինեն Ուորուիքի մէջ, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)։ Ուրիշ հազարաւոր կամաւորներ Թագաւորութեան սրահներ եւ մասնաճիւղեր կը շինեն աշխարհի չորս կողմը։ Անոնք ուղղութիւն կը ստանան Համաշխարհային ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքէն։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք այս կամաւորներէն, որոնք շատ ծանր կ’աշխատին այսպիսի շինարարական գործերու մէջ։ Միտքդ պահէ թէ Եհովան կ’օրհնէ իր բոլոր ծառաները, որոնք խոնարհութեամբ եւ հաւատարմութեամբ իրենց կրցածին չափ նուիրատուութիւններ կ’ընեն, որպէսզի այս շինարարութիւնները կատարուին (Ղուկ. 21։1-4

12 Կրթութիւն։ Եհովան կը սիրէ իր ժողովուրդը կրթել (Եսա. 2։2, 3)։ Մտածէ մեր ունեցած դպրոցներուն մասին. Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոց, Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց, Գաղաադի դպրոց, Բեթէլ մտնողներու դպրոց, Դպրոց՝ շրջանային տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն համար, Ժողովքի երէցներու դպրոց, Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց եւ Դպրոց՝ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց կիներուն համար։ Նաեւ մեր jw.org կայքին մէջ կրնանք գտնել հարիւրաւոր լեզուներով հրատարակութիւններ։ Պզտիկներու համար եւ ընտանիքներու համար մասնաւոր բաժիններ կան կայքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ լուրերու բաժին մը։ jw.org կայքը կը գործածե՞ս դաշտի ծառայութեան մէջ եւ ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԻՐ ԵՒ ԻՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԷ

13. Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

13 Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Եհովային կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալ եւ գիտնալ թէ ան ինչ կը պահանջէ մեզմէ։ Անշուշտ, ասիկա հետը կը բերէ այն պատասխանատուութիւնը որ ճիշդը ընենք եւ Աստուծոյ հնազանդինք։ Եւ հակառակ որ շատեր կը սիրեն գէշ բաներ ընել, պէտք է «չարութիւնը ատե[նք]» Եհովային պէս (Սաղ. 97։10)։ Պէտք է բնա՛ւ չնմանինք անոնց որոնք «չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար» (Եսա. 5։20)։ Որովհետեւ կ’ուզենք Եհովան ուրախացնել, ջանք կը թափենք որ ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Ինչ որ Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ կ’ըսէ՝ մեր օգտին համար է։ Մենք զինք կը սիրենք եւ կ’ուզենք իրեն հաւատարիմ ըլլալ։ Ասոր համար, իր ըսածներուն կը հնազանդինք տունին մէջ, ժողովքին մէջ, գործին մէջ, դպրոցը կամ ո՛ւր որ ըլլանք (Առ. 15։3)։ Նկատի առ թէ ուրիշ ի՛նչ կերպերով կրնանք փաստել թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ենք։

14. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային հաւատարիմ ըլլալ։

14 Մեր պզտիկները մարզելու կերպը։ Քրիստոնեայ ծնողները Եհովային հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը կը ցուցնեն, իրենց պզտիկները մարզելով իր Խօսքին համաձայն։ Ծնողները պէտք է ուշադիր ըլլան որ այս աշխարհի մտածելակերպէն չազդուին (Եփ. 2։2)։ Օրինակ՝ մկրտուած հայր մը չ’ըսեր. ‘Մեր երկրին մէջ, կինե՛րը կը սորվեցնեն պզտիկներուն’։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Հայրե՛ր, ձեր որդիները. . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Եհովան սիրող հայրերն ու մայրերը կ’ուզեն որ իրենց պզտիկները մտերիմ բարեկամութիւն ունենան Եհովային հետ, ճիշդ ինչպէս որ Սամուէլ ունէր երբ պզտիկ էր (Ա. Թագ. 3։19

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ Եհովային հաւատարիմ ենք, երբ կարեւոր որոշումներ կ’առնենք։

15 Որոշումներ առնել։ Առաջ որ կարեւոր որոշումներ առնենք, պէտք է տեսնենք թէ Եհովան ինչ կը մտածէ, որպէսզի փաստենք թէ իրեն հաւատարիմ ենք։ Իր Խօսքը եւ կազմակերպութիւնը կրնան մեզի օգնել։ Օրինակ՝ որոշ գաղթականներ սովորութիւն ունին որ իրենց նորածինը իրենց ազգականներուն ղրկեն, որպէսզի իրենք կարենան շարունակել նոր երկրին մէջ աշխատիլ եւ դրամ շահիլ։ Ճիշդ է որ ասիկա անձնական որոշում է, բայց պէտք է մտքերնիս պահենք որ Աստուած մեզ պատասխանատու կը սեպէ մեր առած որոշումներուն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։12)։ Իմաստութի՞ւն է որ մեր ընտանիքին եւ գործին նկատմամբ կարեւոր որոշումներ առնենք, առանց որ նախ տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը ինչ կ’ըսէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Մենք մեր երկնաւոր Հօր օգնութեան պէտք ունինք, քանի որ մեր քալուածքը շտկելու կարող չենք (Եր. 10։23

16. ա) Մայր մը ի՞նչ որոշումի առջեւ էր երբ իր տղան ծնաւ։ բ) Ի՞նչը իրեն օգնեց որ ճիշդ որոշումը առնէ։

16 Զոյգ մը փոխադրուեցաւ օտար երկիր մը, ուր մանչ մը ունեցաւ։ Անոնք որոշեցին նորածինը ղրկել իրենց ծնողքին, որպէսզի անոր հոգ տանին։ Բայց այդ ժամանակ, կինը սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել Եհովայի վկայի մը հետ։ Ան յառաջդիմեց եւ գիտցաւ թէ իր պատասխանատուութիւնն է որ իր պզտիկին սորվեցնէ Եհովային մասին (Սաղ. 127։3. Առ. 22։6)։ Կինը իր սիրտը բացաւ Եհովային, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ընենք (Սաղ. 62։7, 8)։ Ան նաեւ խօսեցաւ իրեն հետ սերտողին եւ ժողովքին մէջ ուրիշներու հետ։ Թէեւ իր ազգականները եւ բարեկամները պնդեցին որ պէտք է իր պզտիկը ղրկէ, ան որոշեց որ ասիկա ճիշդ չէ։ Իր ամուսինը տեսաւ թէ եղբայրներն ու քոյրերը որքա՜ն օգնեցին իր կնոջ եւ պզտիկին։ Ան այնքա՛ն տպաւորուեցաւ որ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ իր ընտանիքին հետ ժողովներու երթալ։ Երեւակայէ թէ այս մայրը ինչ զգաց երբ անդրադարձաւ որ Եհովան պատասխանեց իր աղօթքին։

17. Երբ մէկու մը հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտենք, ո՞ր ուղղութեան պէտք է հետեւինք։

17 Ուղղութեան հետեւիլ։ Երբ Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած ուղղութեան հետեւինք, կը ցուցնենք թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ենք։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք երբ մէկու մը հետ սկսինք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը սերտել։ Մեզի ըսուած է որ ամէն դասէ ետք, քանի մը վայրկեան տրամադրենք որ աշակերտին օգնենք կազմակերպութեան ծանօթանալու։ Կրնանք գործածել Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ տեսաերիզը եւ Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը։ Նաեւ ըսուած է որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը վերջացնելէ ետք, աշակերտին հետ սերտենք «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը, նոյնիսկ եթէ մկրտուած է։ Ասիկա կ’օգնէ որ անհատը «հաւատքին մէջ հաստատու[ի]» (Կող. 2։7)։ Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած այս ուղղութեան կը հետեւի՞ս։

18, 19. Ի՞նչ են կարգ մը պատճառներ որ Եհովայէն շնորհակալ ըլլանք։

18 Շատ պատճառներ ունինք որ շնորհակալ ըլլանք Եհովայէն։ Նախ եւ առաջ, «անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։27, 28)։ Ան նաեւ մեզի տուած է շատ արժէքաւոր նուէր մը՝ Աստուածաշունչը։ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն պէս, ուրախութեամբ կ’ընդունինք այս նուէրը, քանի որ Աստուծոյ կողմէ պատգամ մըն է (Ա. Թես. 2։13

19 Աստուածաշունչը մեզի օգնած է որ Եհովային մօտենանք, եւ ան ալ մեզի մօտեցած է (Յակ. 4։8)։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի տուած է այն հոյակապ առանձնաշնորհումը որ իր կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլանք։ Որքա՜ն կը գնահատենք այսպիսի օրհնութիւններ եւ կը զգանք սաղմոսերգուին պէս, որ ըսաւ. «Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն, որովհետեւ բարի է. որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտենական է» (Սաղ. 136։1, ԱԾ)։ 136–րդ սաղմոսին մէջ 26 անգամ կը գտնենք «անոր հաւատարիմ սէրը յաւիտենական է» արտայայտութիւնը։ Եթէ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ ենք, մեզի յաւիտենական կեանք պիտի տայ եւ յաւիտեան մեզի հանդէպ հաւատարիմ պիտի գտնուի։