Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք»

«Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք»

«Եթէ մեր ժողովուրդին հաղորդուելիք քաջալերական պատգամ մը ունիք՝ ըսէ՛ք» (ԳՈՐԾՔ 13։15, ՆԹ

ԵՐԳԵՐ. 121, 45

1, 2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրիշները քաջալերենք։

«ԾՆՈՂՔՍ դիւրին–դիւրին չեն քաջալերեր զիս, բայց միշտ քննադատելու վրայ են։ Ատեններ իրենց խօսքերը շատ կը վիրաւորեն զիս», կ’ըսէ 18 տարեկան Քրիսթինան [1]։ «Անոնք կ’ըսեն թէ ես հասուն չեմ, բնա՛ւ պիտի չսորվիմ հասուն ըլլալ եւ թէ գէր եմ։ Ասոր համար, շատ անգամներ կու լամ եւ կը նախընտրեմ իրենց հետ չխօսիլ։ Կը զգամ թէ անարժէք եմ»։ Երբ քաջալերանք չըլլայ, կեանքը կրնայ շատ ցաւալի ըլլալ։

2 Անդին, մտածէ թէ որքա՛ն կրնանք ուրիշներուն օգնել երբ զիրենք քաջալերենք։ Ռուպէն կ’ըսէ. «Տարիներով պայքարած եմ անարժէք ըլլալու զգացումին դէմ։ Բայց անգամ մը երբ երէցի մը հետ կը ծառայէի, ան զգաց թէ անտրամադիր եմ։ Զգացումներս իրեն արտայայտեցի եւ ան կարեկցելով ինծի մտիկ ըրաւ։ Ետքը, ան ինծի յիշեցուց թէ ինչ լաւ բաներ կը յաջողիմ ընել։ Ան նաեւ միտքս բերաւ Յիսուսի խօսքը, թէ իւրաքանչիւրս շատ ճնճղուկներէ աւելի արժէքաւոր ենք։ Շատ անգամներ կը յիշեմ այդ համարը եւ ամէն անգամ սրտիս կը դպչի։ Երէցին խօսքերը շատ մեծ փոփոխութիւն ըրին կեանքիս մէջ» (Մատ. 10։31

3. ա) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսաւ քաջալերելու մասին։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Տեղին է Սուրբ Գիրքին ըսածը, որ պէտք է կանոնաւորաբար իրար քաջալերենք։ Պօղոս առաքեալ եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։ Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք. . . որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը» (Եբ. 3։12, 13)։ Երբ միտքդ բերես թէ ինչպէ՛ս օր մը մէկու մը քաջալերութիւնը տրամադրութիւնդ բարձրացուց, պիտի գիտնաս թէ որքա՜ն կարեւոր է որ իրար քաջալերենք։ Այժմ նկատի առնենք այս հարցումները. ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրիշները քաջալերենք։ Եհովայէն, Յիսուսէն եւ Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք ուրիշները քաջալերելու մասին։ Եւ ի՞նչ կերպերով կրնանք իրար քաջալերել։

ԲՈԼՈՐՍ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ

4. Ո՞վ քաջալերութեան պէտք ունի, եւ ատիկա ինչո՞ւ պակաս է մեր օրերուն։

4 Բոլորս քաջալերութեան պէտք ունինք, մանաւանդ պզտիկները։ Թիմըթի Էվընզ անունով ուսուցիչ մը կ’ըսէ. «Պզտիկները. . . պէտք ունին քաջալերուելու, ինչպէս որ բոյսը ջուրի պէտք ունի։ Երբ քաջալերես, պզտիկը արժէքաւոր եւ գնահատուած կը զգայ»։ Բայց մենք չար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, ուր մարդիկ անձնասէր են, գուրգուրանք չունին եւ գրեթէ չեն քաջալերեր ուրիշները (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Կարգ մը ծնողներ իրենց պզտիկները չեն գովեր, քանի որ իրենց ծնողներն ալ բնա՛ւ չեն քաջալերած զիրենք։ Շատ մը գործաւորներ գովասանք չեն ստանար, եւ այս պատճառով անոնք կը գանգատին որ գործին տեղը քաջալերութիւն ըսուած բան մը չկայ։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները քաջալերել։

5 Կրնանք ուրիշը քաջալերել, զինք գովելով իր ըրած լաւ բանին համար, կամ ըսելով որ լաւ յատկութիւններ ունի, կամ ալ զինք մխիթարելով երբ վհատած ըլլայ (Ա. Թես. 5։14)։ Այն յունարէն բառը որ ընդհանրապէս «քաջալերութիւն» կը թարգմանուի, բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «հրաւէր՝ իր կողքին ըլլալու»։ Մինչ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ կը ծառայենք, վստահաբար առիթ կ’ունենանք որ քաջալերական խօսք մը ըսենք (կարդա՛ Ժողովող 4։9, 10)։ Յարմար ժամանակին կը գիտցնե՞նք ուրիշներուն թէ ինչո՛ւ կը սիրենք եւ կը գնահատենք զիրենք։ Միտքդ պահէ այս առակը. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առ. 15։23

6. Սատանան ինչո՞ւ կ’ուզէ մեզ վհատեցնել. օրինակ մը տուր։

6 Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ մեզ վհատեցնել, քանի որ գիտէ թէ երբ վհատինք՝ կրնանք հոգեւորապէս տկարանալ։ Առակաց 24։10–ը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։ Սատանան շատ մը նեղութիւններ գործածելով փորձեց արդար Յոբը վհատեցնել, բայց ան չյաջողեցաւ (Յոբ 2։3. 22։3. 27։5)։ Մենք ալ կրնանք Սատանային դէմ դնել, քաջալերելով մեր ընտանիքին անդամները եւ ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը։ Այսպիսով մեր տունին եւ Թագաւորութեան սրահին մէջ ուրախ եւ ապահով մթնոլորտ մը պիտի ստեղծենք։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

7, 8. ա) Եհովան ինչպէ՞ս քաջալերած է մարդիկը։ բ) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային պէս ըլլալ (տե՛ս բացման պատկերը)։

7 Եհովա։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղ. 34։18)։ Երբ Երեմիա մարգարէն կը վախնար եւ վհատած էր, Եհովան անոր ինքնավստահութիւնը աւելցուց (Եր. 1։6-10)։ Եւ պահ մը երեւակայէ որ տարեց Դանիէլ մարգարէն որքա՛ն քաջալերուեցաւ, երբ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց որ զինք զօրացնէ։ Այդ հրեշտակը Դանիէլը կոչեց «սիրելի՛ մարդ» (Դան. 10։8, 11, 18, 19)։ Դուն ալ նոյն կերպով կրնա՞ս քաջալերել հրատարակիչները, ռահվիրաները եւ տարեց եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք երթալէն ֆիզիքապէս կը տկարանան։

8 Թէեւ Եհովան եւ Յիսուս երկա՜ր տարիներ միասին աշխատած էին, բայց Եհովան չմտածեց որ պէտք չունի Յիսուսը գովելու եւ քաջալերելու երբ երկրի վրայ էր։ Ընդհակառակը, Յիսուս երկու առիթներով լսեց որ իր Հայրը երկինքէն կ’ըսէ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17. 17։5)։ Այսպիսով Աստուած գովեց Յիսուսը եւ իրեն վստահեցուց որ իրմով հպարտ էր։ Յիսուս վստահաբար քաջալերուեցաւ երբ երկու առիթներուն այս խօսքը լսեց, առաջինը՝ իր ծառայութեան սկիզբը, իսկ երկրորդը՝ երկրի վրայ իր վերջին տարուան ընթացքին։ Ետքը, իր մահուան նախորդող գիշերը, Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց որ զինք զօրացնէ իր նեղութեան մէջ (Ղուկ. 22։43)։ Եթէ ծնողք ես, թող որ Եհովային պէս միշտ քաջալերես պզտիկներդ եւ զիրենք գովես երբ լաւ բան մը ընեն։ Իսկ երբ դպրոցը փորձութեան առջեւ ըլլան, ա՛լ աւելի օգնէ անոնց որ տոկան։

9. Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ իր առաքեալներուն հետ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

9 Յիսուս։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, ան իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց եւ իրենց ըսաւ որ որքա՜ն կարեւոր է որ խոնարհ ըլլան։ Բայց անոնք հպարտ էին եւ կը վիճէին թէ ո՛վ է մեծը, եւ Պետրոս չափէ դուրս վստահ էր որ Յիսուսը երեսի վրայ պիտի չձգէր (Ղուկ. 22։24, 33, 34)։ Սակայն Յիսուս անոնց սխալներուն վրայ չկեդրոնացաւ, հապա՝ զիրենք գովեց որ իրեն հաւատարիմ մնացին։ Ան անոնց խոստացաւ որ իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի կատարէին, եւ իրենց վստահեցուց որ Աստուած կը սիրէր զիրենք (Ղուկ. 22։28. Յովհ. 14։12. 16։27)։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Յիսուսին պէս ուրիշները կը գովե՞մ իրենց ըրած լաւ բաներուն համար, փոխանակ իրենց սխալներուն վրայ կեդրոնանալու’։

10, 11. Պօղոս ինչպէ՞ս քաջալերեց իր եղբայրները, եւ ան պատրաստ էր ի՞նչ ընելու։

10 Պօղոս առաքեալ։ Իր նամակներուն մէջ, ան գովեց իր եղբայրները։ Ան անոնցմէ ոմանց հետ տարիներով ճամբորդած էր եւ գիտէր անոնց սխալները, բայց ան լաւ բաներ խօսեցաւ անոնց մասին։ Օրինակ՝ Պօղոս Տիմոթէոսին մասին ըսաւ որ ‘իր սիրելի որդին է ու Տէրոջմով հաւատարիմ’, եւ թէ ան ուրիշներուն պէտքերուն հոգ պիտի տանէր (Ա. Կոր. 4։17. Փլպ. 2։19, 20)։ Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին գովեց Տիտոսը որպէս «իմ ընկերս եւ ձեր մէջ իմ գործակիցս» (Բ. Կոր. 8։23)։ Տիմոթէոսը եւ Տիտոսը որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էին, երբ լսեցին որ Պօղոս իրենց մասին ի՛նչ կը մտածէր։

11 Պօղոս եւ Բառնաբաս իրենց եղբայրները քաջալերելու համար իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին ու դարձեալ գացին այն տեղերը, ուր վայրագ յարձակումի ենթարկուած էին։ Օրինակ՝ թէեւ անոնք խիստ հակառակութեան հանդիպած էին Լիւստրայի մէջ, բայց հոն վերադարձան, որպէսզի նորեկները քաջալերեն որ հաւատարիմ մնան (Գործք 14։18-21)։ Ետքը, Եփեսոսի մէջ, Պօղոսի դէմ ելաւ զայրացած ամբոխ մը, բայց ան բաւարար երկար մնաց որ իր եղբայրները քաջալերէ։ Գործք 20։1, 2–ը (ՆԹ) կ’ըսէ. «Պօղոս Տիրոջ աշակերտածները կանչեց, յորդորեց զիրենք եւ հրաժեշտ առնելէ ետք՝ ելաւ Մակեդոնիա գնաց։ Իսկ այդ կողմերը շրջելէ եւ բազմաթիւ հանդիպումներով զանոնք յորդորելէ ետք՝ եկաւ Յունաստան»։ Պօղոս վստահաբար շատ կարեւորութիւն կու տար քաջալերութեան։

ԻՐԱՐ ՔԱՋԱԼԵՐԵՑԷՔ

12. Ինչո՞ւ լաւ է որ ժողովներու երթանք։

12 Պատճառներէն մէկը թէ մեր երկնաւոր Հայրը ինչո՛ւ կ’ուզէ որ կանոնաւորաբար մէկտեղ հաւաքուինք, այն է թէ հոն կրնանք իր մասին սորվիլ եւ իրար քաջալերել (Ա. Կոր. 14։31. կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Այս յօդուածին սկիզբը նշուած Քրիսթինան կ’ըսէ. «Ժողովներուն ընթացքին սէր եւ քաջալերութիւն կը ստանամ։ Ասիկա ամէնէն շատ սիրած բանս է ժողովներուն նկատմամբ։ Ատեններ երբ Թագաւորութեան սրահ հասնիմ, վհատ վիճակ կ’ունենամ։ Բայց ետքը, քոյրերը գալով ինծի փաթթուկ կ’ընեն եւ կ’ըսեն որ անուշիկ եղեր եմ։ Անոնք կ’ըսեն որ զիս կը սիրեն եւ թէ ուրախ են որ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեմ։ Իրենց քաջալերութենէն ետք շատ աւելի լաւ կը զգամ»։ Որքա՜ն կարեւոր է որ իրար քաջալերենք (Հռով. 1։11, 12

13. Աստուծոյ փորձառու ծառաները ինչո՞ւ պէտք ունին քաջալերութեան։

13 Նոյնիսկ Աստուծոյ փորձառու ծառաները քաջալերութեան պէտք ունին։ Նկատի առ Յեսուն։ Երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էին, Եհովան Յեսուն զատեց որ զիրենք առաջնորդէ։ Եհովան Մովսէսէն խնդրեց որ զինք քաջալերէ, հակառակ որ Յեսուն շատ տարիներ ծառայած էր Իրեն։ Եհովան ըսաւ. «Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր» (Բ. Օր. 3։27, 28)։ Յեսուն պէտք ունէր քաջալերուելու, քանի որ եկող օրերուն՝ ազգը շատ մը պատերազմներ պիտի ունենար եւ առնուազն մէկ անգամ պիտի պարտուէր (Յես. 7։1-9)։ Մենք ալ այսօր կրնանք երէցները եւ շրջանային տեսուչները քաջալերել, քանի որ ծանր կ’աշխատին որ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգ տանին (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13)։ Շրջանային տեսուչ մը ըսաւ. «Ատեններ, եղբայրները մեզի կու տան նամակ մը, ուր շնորհակալութիւն կը յայտնեն մեզի եւ կ’ըսեն թէ շատ ուրախացան մեր այցելութեամբ։ Այդ նամակները կը պահենք եւ զանոնք կը կարդանք երբ անտրամադիր կը զգանք։ Ատոնք իրապէս կը քաջալերեն մեզ»։

Մեր զաւակները կը յառաջդիմեն երբ զանոնք ջերմօրէն քաջալերենք (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ի՞նչը կը ցուցնէ թէ գովելն ու քաջալերելը կ’ազդեն երբ խրատ կու տանք։

14 Անգամ մը, Պօղոս առաքեալ խրատ մը տուաւ կորնթացիներուն։ Երբ անոնք կիրարկեցին խրատը, ան գովեց զիրենք (Բ. Կոր. 7։8-11)։ Վստահաբար, իր խօսքերը զիրենք քաջալերեցին որ շարունակեն ճիշդը ընել։ Այսօր, երէցները եւ ծնողները կրնան Պօղոսին պէս ըլլալ։ Երկու զաւակի տէր Անտրէաս կ’ըսէ. «Քաջալերութիւնը կ’օգնէ որ պզտիկները հոգեւորապէս եւ զգացականօրէն մեծնան։ Երբ զանոնք քաջալերես, տուած խրատդ աւելի կ’ամրացնես։ Թէեւ մեր պզտիկները ճիշդը գիտեն, բայց երբ միշտ քաջալերենք զիրենք՝ կը վարժուին ճիշդը ընել»։

Ի՞ՆՉ ԿԵՐՊԵՐՈՎ ԿՐՆԱՍ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ

15. Ուրիշները քաջալերելու մէկ կերպը ի՞նչ է։

15 Եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ ըսէ թէ որքա՛ն կ’արժեւորես իրենց թափած ջանքերը եւ լաւ յատկութիւնները (Բ. Մն. 16։9. Յոբ 1։8)։ Եհովան եւ Յիսուսը շատ կ’արժեւորեն ամէն ի՛նչ որ կ’ընենք իրենց համար, նոյնիսկ եթէ մեր ուզածին չափ չենք կրնար ընել կամ տալ (կարդա՛ Ղուկաս 21։1-4. Բ. Կորնթացիս 8։12)։ Օրինակ՝ սիրելի տարեցները շատ ջանք կը թափեն որ կանոնաւորաբար ժողովի գան եւ ծառայութեան ելլեն։ Պէտք չէ՞ զիրենք գովենք եւ քաջալերենք։

16. Ինչո՞ւ համար պէտք է ամէն առիթով քաջալերենք ուրիշները։

16 Առիթները օգտագործէ որ ուրիշները քաջալերես։ Եթէ տեսնենք բան մը որ գովասանքի արժանի է, ինչո՞ւ չգովենք։ Նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս Պիսիդիայի Անտիոքն էին։ Ժողովարանին պետերը իրենց ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։ Այսպիսով, Պօղոս աղուոր դասախօսութիւն մը տուաւ (Գործք 13։13-16, 42-44)։ Եթէ կրնաս քաջալերական խօսք մը ըսել, ինչո՞ւ չէ, ըսէ։ Շատ հաւանաբար, եթէ սովորութիւն ընենք որ ուրիշները քաջալերենք, պիտի տեսնենք թէ անոնք ալ իրենց կարգին մեզ պիտի քաջալերեն (Ղուկ. 6։38

17. Ուրիշը գովելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

17 Անկեղծ եւ մասնայատուկ եղիր։ Երբ Յիսուս Թիւատիրի քրիստոնեաները քաջալերեց, մասնայատուկ բաներ ըսաւ եւ բացատրեց թէ ինչ լաւ բաներ ըրած էին (կարդա՛ Յայտնութիւն 2։18, 19)։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրեն պէս ըլլալ։ Եթէ ծնողք ենք, կրնանք մեր զաւակներուն ըսել թէ ճիշդ ի՛նչը կը գնահատենք իրենց հոգեւոր յառաջդիմութեան մէջ։ Կրնանք միայնակ ծնողի մը ըսել թէ ի՛նչը կը տպաւորէ մեզ՝ զաւակ մեծցնելու իր կերպին մէջ, հակառակ որ դժուարութիւններ ունի։ Երբ ուրիշները քաջալերենք մասնայատուկ բաներու համար, անոնք պիտի գիտնան թէ անկեղծ ենք իրենց հետ։

18, 19. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել քաջալերութեան պէտք ունեցողներուն։

18 Եհովան անձամբ մեզի պիտի չըսէ որ որոշ մէկը քաջալերենք, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսին ըսաւ որ Յեսուն քաջալերէ եւ զօրացնէ։ Բայց երբ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերենք, Եհովան կ’ուրախանայ (Առ. 19։17. Եբ. 12։12)։ Օրինակ՝ կրնանք դասախօսին ըսել որ իր դասախօսութիւնը ինչպէ՛ս մեզի պէտք եղած խրատը տուաւ կամ օգնեց որ որոշ համար մը հասկնանք։ Քոյր մը գրեց այցելու դասախօսի մը. «Հակառակ որ միայն քանի մը վայրկեան խօսեցանք, դուն տեսար իմ կոտրուած սիրտս եւ զիս մխիթարեցիր ու տրամադրութիւնս բարձրացուցիր։ Կ’ուզեմ գիտնաս թէ երբ այդպէս ազնիւ կերպով խօսեցար, թէ՛ բեմին վրայ թէ ալ անձամբ, զգացի թէ ատիկա Եհովայէն նուէր մըն էր»։

19 Շատ հաւանաբար բազմաթիւ կերպեր պիտի գտնենք որ հոգեւորապէս օգնենք ուրիշներուն, եթէ Պօղոսի խրատին հետեւինք. «Քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք, ինչպէս արդէն կ’ընէք» (Ա. Թես. 5։11, ՆԹ)։ Վստահաբար Եհովան պիտի ուրախացնենք, եթէ շարունակենք «ամէն օր մէկզմէկ յորդորե[լ]» կամ քաջալերել։

^ [1] (պարբերութիւն 1) Կարգ մը անուններ փոխուած են։