Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական ազատութեան հասնիլ

Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական ազատութեան հասնիլ

«Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք» (ՅՈՎՀ. 8։36

ԵՐԳԵՐ. 65, 52

1, 2. ա) Մարդիկ ի՞նչ կ’ընեն, որպէսզի ազատութիւն ունենան։ բ) Այս պայքարներուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ, աշխարհին մէջ շատ մը տեղեր, մարդիկ կը խօսին հաւասար իրաւունքներ եւ ազատութիւն ունենալու մասին։ Ոմանք կ’ուզեն ազատ ըլլալ անարդարութենէ, զատողութենէ եւ աղքատութենէ։ Ուրիշներ կը պահանջեն որ ազատ ըլլան իրենց ուզածը ըսելու, իրենց ուզածը ընտրելու եւ իրենց ուզած կերպով ապրելու։ Ամէն տեղ, մարդիկ կ’ուզեն ազատ ըլլալ։

2 Մարդիկ կը բողոքեն, ցոյցեր եւ նոյնիսկ յեղափոխութիւններ կ’ընեն, որպէսզի ազատ ըլլան։ Բայց իրապէս կը հասնի՞ն իրենց ուզածին։ Ո՛չ. ընդհակառակը, ասիկա շատ անգամ չարչարանքները կը շատցնէ եւ նոյնիսկ մահ կրնայ պատճառել։ Ժողովող 8։9–ին մէջ գրուած Սողոմոնի խօսքը շատ ճիշդ է, որ կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։

3. Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի իրապէս ուրախ ու գոհ ըլլանք։

3 Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ որ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի իրապէս ուրախ ու գոհ ըլլանք։ Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ. . . երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ» (Յակ. 1։25)։ Այդ կատարեալ օրէնքը Եհովայէն կու գայ, եւ ան լաւագոյնս գիտէ թէ ինչի՛ պէտք ունինք, որպէսզի լման ուրախ եւ գոհ ըլլանք։ Ան Ադամին ու Եւային տուաւ ամէն բան որ պէտք ունէին, որպէսզի ուրախ ըլլային, մէջը ըլլալով իսկական ազատութիւն։

ԵՐԲ ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ԻՐԱՊԷՍ ԱԶԱՏ ԷՐ

4. Ադամն ու Եւան ի՞նչ ազատութիւն ունէին (տե՛ս բացման նկարը)։

4 Երբ կարդանք Ծննդոց գլուխ 1 եւ 2, կը տեսնենք որ Ադամն ու Եւան ունէին այն ազատութիւնը, որ մարդիկ հիմա կ’երազեն որ ունենան։ Անոնք պէտք եղած ամէն բան ունէին, ո՛չ մէկ վախ ունէին եւ ո՛չ մէկը անարդարութեամբ կը վարուէր իրենց հետ։ Անոնք չէին մտահոգուեր թէ ի՛նչ պիտի ուտեն կամ աշխատին, ոչ ալ հոգ կ’ընէին որ պիտի հիւանդանան կամ մեռնին (Ծն. 1։27-29. 2։8, 9, 15)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ իրենց ազատութիւնը սահմաններ չունէր։ Տեսնենք։

5. Հակառակ շատերու կարծիքին, մարդիկ ինչի՞ պէտք ունին որ ազատութիւն վայելեն։

5 Շատեր կը կարծեն որ իսկական ազատութիւն ունենալը կը նշանակէ՝ ազատ ըլլալ ամէն բան ընելու, չնայած թէ հետեւանքները ի՛նչ են։ Հանրագիտարան մը կ’ըսէ թէ ազատութիւնը «այն կարողութիւնն է, որ մէկը ընտրութիւններ ընէ եւ զանոնք գործադրէ»։ Բայց նաեւ կ’ըսէ. «Մարդիկ օրինական գետնի վրայ ազատ կ’ըլլան, երբ կառավարութիւնը անարդար, անտեղի կամ անտրամաբանական սահմաններ չի դներ իրենց նկատմամբ» (The World Book Encyclopedia)։ Ասիկա ըսել է թէ կարգ մը սահմաններ պէտք են, որպէսզի բոլորը ազատութիւն ունենան։ Բայց ո՞վ ունի այն իրաւունքը, որ որոշէ թէ ո՛ր սահմանները արդար, տեղին եւ տրամաբանական են։

6. ա) Ինչո՞ւ միայն Եհովան բացարձակ ազատութիւն ունի։ բ) Մարդ արարածը ինչպիսի՞ ազատութիւն կրնայ ունենալ, եւ ինչո՞ւ։

6 Կարեւոր է որ մտքերնիս պահենք, թէ միայն Եհովա՛ն է որ բացարձակ եւ անսահման ազատութիւն ունի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինքը ստեղծեց բոլոր բաները եւ ի՛նքն է տիեզերքի Գերիշխանը (Ա. Տիմ. 1։17. Յայտ. 4։10բ)։ Դաւիթ թագաւոր գեղեցիկ խօսքերով նկարագրեց այն յատուկ եւ բարձր դիրքը, որ միայն Եհովան ունի (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 29։11, 12)։ Անդին, երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ բոլոր արարածներուն ազատութիւնը յարաբերական է, այսինքն՝ սահմաններ ունի։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ ըմբռնենք թէ միայն ի՛նք ունի իրաւունքը որոշելու, թէ որո՛նք կը սեպուին արդար, տեղին եւ տրամաբանական սահմաններ։ Ան սկիզբէն սահմաններ դրաւ մարդ արարածին համար։

7. Ի՞նչ են կարգ մը բաներ որ բնականօրէն կ’ընենք եւ որոնք կ’ուրախացնեն մեզ։

7 Թէեւ Ադամն ու Եւան շատ ազատութիւն ունէին, բայց իրենց ազատութիւնը սահմաններ ունէր։ Անոնք նոյնիսկ բնականօրէն կը հետեւէին ատոնցմէ ոմանց։ Օրինակ, անոնք գիտէին որ ողջ մնալու համար պէտք էր շունչ առնէին, ուտէին եւ քնանային։ Անոնք կը զգայի՞ն որ ազատութիւն չունէին, քանի որ ստիպուած էին այս բաները ընելու։ Ո՛չ, քանի որ Եհովան այնպէս մը ըրած էր որ այս բաները ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն տային իրենց (Սաղ. 104։14, 15. Ժող. 3։12, 13)։ Ո՞վ չի սիրեր մաքուր օդ շնչել, իր նախընտրած ուտելիքները ուտել կամ հանգիստ քուն մը քաշել։ Մենք ուրախութեամբ կ’ընենք այս բաները, առանց ստիպուած զգալու կամ բեռ նկատելու։ Անկասկած, Ադամին ու Եւային պարագան ալ նոյնն էր։

8. Աստուած ի՞նչ մասնայատուկ պատուէր տուաւ Ադամին ու Եւային, եւ ինչո՞ւ։

8 Եհովան մասնայատուկ պատուէր մը տուաւ Ադամին ու Եւային։ Ան իրենց ըսաւ որ զաւակներ ունենան, երկիրը լեցնեն եւ ատոր հոգ տանին (Ծն. 1։28)։ Այս պատուէրը իրենց ազատութիւնը առա՞ւ իրենց ձեռքէն։ Անշուշտ ո՛չ։ Ատիկա իրենց առիթ տուաւ, որ երկիրը դրախտի վերածեն եւ յաւիտեան հոն ապրին իրենց կատարեալ զաւակներուն հետ։ Ասիկա Աստուծոյ նպատակն էր (Եսա. 45։18)։ Ներկայիս, ան որ կ’որոշէ ամուրի մնալ, կամ ամուսնանալ բայց պզտիկ չբերել, Աստուծոյ կամքին հակառակ բան մը ըրած չըլլար։ Սակայն մարդիկ ընդհանրապէս կ’ամուսնանան եւ պզտիկներ կը մեծցնեն, հակառակ դժուարութիւններուն (Ա. Կոր. 7։36-38)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասիկա բնական պարագաներու մէջ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կու տայ (Սաղ. 127։3)։ Եթէ Ադամն ու Եւան հնազանդէին Եհովային, կրնային յաւիտեան հաճոյք առնել իրենց ամուսնութենէն եւ ընտանիքէն։

ԻՍԿԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՈՐՍՈՒԵՑԱՒ

9. Ինչո՞ւ Ծննդոց 2։17–ի Աստուծոյ պատուէրը անարդար, անտեղի եւ անտրամաբանական չէր։

9 Եհովան ուրիշ պատուէր մըն ալ տուաւ Ադամին ու Եւային, եւ յստակօրէն ըսաւ որ ի՛նչ պիտի ըլլար հետեւանքը եթէ ատոր չհնազանդէին։ Ան ըսաւ. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն. 2։17)։ Այս պատուէրը անարդար, անտեղի եւ անտրամաբանակա՞ն էր։ Ատիկա Ադամին ու Եւային ազատութիւնը առա՞ւ իրենց ձեռքէն։ Անշուշտ ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, շատ մը Աստուածաշունչի ուսումնականներ կ’ըսեն, որ Աստուծոյ պատուէրը շատ տրամաբանական էր։ Օրինակ, անոնցմէ մէկը կ’ըսէ. «[Ծննդոց 2։16, 17–ի] պատուէրէն կը հասկնանք որ միայն Աստուած գիտէ թէ ի՛նչը բարի է. . . մարդկութեան համար, եւ միայն Աստուած գիտէ թէ ի՛նչը չար է. . . անոնց համար։ Մարդկութիւնը պէտք է Աստուծոյ վստահի եւ իրեն հնազանդի, որպէսզի ‘բարին’ վայելէ։ Եթէ անոնք չհնազանդին, իրե՛նց պիտի մնայ որոշելը, թէ ի՛նչը բարի է. . . եւ ի՛նչը բարի չէ»։ Ասիկա բեռ մըն է, որ մարդ արարածը առանձին չի կրնար շալկել։

Ադամին եւ Եւային որոշումը ցաւալի արդիւնքի հասցուց (տե՛ս պարբերութիւն 9-12)

10. Ազատ կամքը ինչպէ՞ս կը տարբերի՝ բարին ու չարը որոշելու իրաւունքէն։

10 Ոմանք թերեւս մտածեն որ Եհովան Ադամին չտուաւ այն ազատութիւնը որ իր ուզածը ընէ։ Բայց անոնք չեն ըմբռներ որ Ադամը եւ Եւան իրաւունք ունէին որոշելու թէ ի՛նչ ընեն, բայց իրաւունք չունէին որոշելու թէ ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար։ Ադամն ու Եւան ազատ կամք ունէին, այսինքն՝ ազատութիւն ունէին որոշելու թէ Աստուծոյ պիտի հնազանդին կամ ոչ։ Բայց միայն Եհովան ունի այն իրաւունքը որ որոշէ թէ ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար։ Եդեմի պարտէզին «բարին ու չարը գիտնալու ծառը» ասոր փաստն էր (Ծն. 2։9)։ Մենք միշտ չենք կրնար գիտնալ, որ մեր որոշումներուն արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ, ոչ ալ կրնանք գիտնալ որ արդիւնքը ամէն անգամ լաւ պիտի ըլլայ։ Այս պատճառով է որ շատ անգամ կը տեսնենք մարդիկ ինչպէ՛ս լաւ միտումով որոշումներ կ’առնեն, բայց իրենց որոշումներուն արդիւնքը կ’ըլլայ չարչարանք կամ փորձանք (Առ. 14։12)։ Ուրեմն կան բաներ, որոնք մարդ արարածին ձեռքը չեն։ Պատուէր տալով որ ծառէն չուտեն, Եհովան Ադամին ու Եւային հասկցուց որ պէտք է իրեն հնազանդին, որպէսզի իսկական ազատութիւն ունենան։ Անոնք ի՞նչ որոշեցին ընել։

11, 12. Ադամին ու Եւային որոշումը ինչո՞ւ ցաւալի արդիւնքներ ունեցաւ. օրինակով մը բացատրէ։

11 Ցաւօք սրտի, Ադամը եւ Եւան որոշեցին Եհովային չհնազանդիլ։ Եւան նախընտրեց Սատանային այս խոստումին ականջ տալ. «Աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն. 3։5)։ Ադամն ու Եւան այս ընտրութիւնը ընելով աւելի ազատութիւն շահեցա՞ն, ինչպէս որ Սատանան ըսած էր։ Ո՛չ։ Շատ չանցած, անոնք նոյնիսկ անդրադարձան որ Եհովային ուղղութիւնները մերժելը շատ գէշ հետեւանքներու կը հասցնէ (Ծն. 3։16-19)։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս քանի որ Եհովան մարդ արարածին չէ տուած այն ազատութիւնը, որ որոշէ թէ իրեն համար ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար (կարդա՛ Առակաց 20։24. Երեմիա 10։23

12 Ասիկա կը նմանի օդաչուին օդանաւ քշելուն։ Որպէսզի ան ապահովութեամբ հասնի որոշուած տեղը, ընդհանրապէս պէտք է որոշ ճամբայ մը բռնէ, գործածելով թռիչքը ուղղող գործիքները եւ կապ պահելով օդային երթեւեկութիւնը կարգաւորողներուն հետ։ Բայց եթէ ան չհետեւի ուղղութիւններուն եւ իր ուզած ճամբով երթայ, շատ գէշ արդիւնքներու կը հասնի։ Ադամը եւ Եւան այսպէս վարուեցան. ուզեցին իրենց ուզածը ընել։ Անոնք չհետեւեցան Աստուծոյ ուղղութեան։ Ցաւօք սրտի, արդիւնքը եղաւ մեղք ու մահ թէ՛ իրենց համար եւ թէ իրենց ապագայ սերունդին համար (Հռով. 5։12)։ Անոնք ուզեցին որոշել թէ իրենց համար ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար, բայց աւելի ազատութիւն չշահեցան. ընդհակառակը, անոնք կորսնցուցին իրենց ունեցած իսկական ազատութիւնը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ

13, 14. Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական ազատութիւն ունենալ։

13 Կարգ մը մարդիկ կը կարծեն որ անսահման ազատութիւն ունենալը լաւագոյնն է։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Թէեւ ազատութիւնը շատ մը օգուտներ ունի, բայց կրնա՞ս երեւակայել որ աշխարհը ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլար, եթէ անսահման ազատութիւն ըլլար։ Հանրագիտարան մը կ’ըսէ թէ իւրաքանչիւր կազմակերպուած ժողովուրդ ունի օրէնքներ որոնք խրթին են, քանի որ այդ օրէնքները պէտք է միեւնոյն ատեն թէ՛ պաշտպանեն մարդոց ազատութիւնը եւ թէ սահմանափակեն զայն (The World Book Encyclopedia)։ Այս հաւասարակշռութիւնը պահելը միշտ դիւրին չէ։ Այս պատճառով է որ շատ օրէնքներ կան, եւ բազմաթիւ փաստաբաններ ու դատաւորներ պէտք են, որպէսզի այդ օրէնքները բացատրեն ու գործադրեն։

14 Յիսուս Քրիստոս բացատրեց թէ ինչպէ՛ս կրնանք իսկական ազատութիւն ունենալ։ Ան ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։31, 32)։ Ուրեմն, իսկական ազատութիւն ունենալու համար պէտք է երկու բան ընենք. առաջին, պէտք է ընդունինք Յիսուսին սորվեցուցած ճշմարտութիւնը, եւ երկրորդ՝ պէտք է իր աշակերտը դառնանք։ Այս երկուքը ընելը իսկական ազատութիւն պիտի տայ մեզի։ Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ ինչէ՛ն պիտի ազատինք. «Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է։ Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յովհ. 8։34, 36

15. Յիսուսի խոստացած ազատութիւնը ինչո՞ւ կրնայ «ճշմարտապէս ազատ» ընել մեզ։

15 Յիսուսին խոստացած ազատութիւնը շատ աւելի լաւ է քան՝ այն ազատութիւնը, որ այսօր մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ուզէ։ Երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք», ան կը խօսէր «մեղքի ծառայ» ըլլալէ ազատելուն մասին, որ ամէնէն գէշ գերութիւնն է, որ մարդ արարածը տեսած է։ Ի՞նչ կերպով «մեղքի ծառայ» ենք։ Մեղքը ոչ միայն կը ձգէ որ գէշ բաներ ընենք, հապա նաեւ չի ձգեր որ ճիշդը ընենք կամ մեր լաւագոյնը ընենք։ Ասոր արդիւնքը կ’ըլլայ՝ յուսախաբութիւն, ցաւ, չարչարանք եւ ի վերջոյ մահ (Հռով. 6։23)։ Պօղոս առաքեալ անձնապէս զգացած էր, թէ մեղքի ծառայ ըլլալը շա՜տ ցաւ կը պատճառէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-25)։ Միայն երբ մեղքը լման վերցուի, պիտի ունենանք այն իսկական ազատութիւնը, որ Ադամ ու Եւա ունէին։

16. Ի՞նչ բանի միջոցաւ կրնանք իսկապէս ազատ ըլլալ։

16 Յիսուսին խօսքը՝ «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք», կը ցուցնէ որ եթէ կ’ուզենք որ Յիսուս մեզ ազատ ընէ, պէտք է որոշ բաներ ընենք։ Ինչպիսի՞ բաներ։ Մենք մեր անձը ուրանալով եւ ընդունելով այն սահմանները, որ Յիսուս իր աշակերտներուն նկատմամբ դրած է, Եհովային կը նուիրուինք (Մատ. 16։24)։ «Ճշմարտապէս ազատ» պիտի ըլլանք, երբ Յիսուսին զոհին օգուտները լման ստանանք, ճիշդ ինչպէս որ ինք խոստացաւ։

17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք իրապէս ուրախ եւ գոհ ըլլալ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

17 Իրապէս ուրախ եւ գոհ ըլլալու համար պէտք է Յիսուսին սորվեցուցածներուն հնազանդինք որպէս իր աշակերտները։ Ասիկա պիտի ձգէ որ ի վերջոյ լման ազատինք մեղքին ու մահուան գերի ըլլալէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։1, 2, 20, 21)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք հիմա մեր ունեցած ազատութիւնը իմաստուն կերպով գործածել, որպէսզի կարենանք յաւիտեան փառք բերել Եհովային՝ իսկական ազատութեան Աստուծոյն։