Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծառայէ Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն

Ծառայէ Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն

«Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ» (Բ. ԿՈՐ. 3։17

ԵՐԳԵՐ. 11, 137

1, 2. ա) Պօղոս առաքեալի ժամանակ, մարդիկ ինչո՞ւ հետաքրքրուած էին ստրկութեան եւ ազատութեան նիւթերով։ բ) Ո՞վ է իսկական ազատութեան Աղբիւրը։

ԱՌԱՋԻՆ քրիստոնեաները կ’ապրէին Հռոմէական կայսրութեան մէջ, ուր մարդիկ շատ հպարտ էին իրենց ունեցած օրէնքներով, արդարադատական դրութեամբ եւ ազատութիւնով։ Բայց մեծաւ մասամբ ստրուկներն էին որ այդ զօրաւոր ու փառաւոր կայսրութիւնը ոտքի կը պահէին։ Ատեն մը, ատոր բնակչութեան 30 առ հարիւրը ստրուկներ էին։ Անկասկած, ստրկութեան եւ ազատութեան նիւթերը շատ կը հետաքրքրէին պարզ ժողովուրդը, մէջը ըլլալով քրիստոնեաները։

2 Պօղոս առաքեալ շատ անգամ ազատութեան մասին խօսեցաւ իր նամակներուն մէջ, բայց իր նպատակը չէր աշխարհին խնդիրները լուծել, ինչ որ այդ ժամանակ մարդիկ կ’ուզէին ընել։ Ընդհակառակը, Պօղոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ ամէն ջանք կ’ընէին, որ մարդոց սորվեցնէին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը, եւ անոնց օգնէին հասկնալու, թէ Յիսուս Քրիստոսին զոհը որքա՜ն արժէքաւոր է։ Պօղոս քրիստոնեաներուն ուշադրութեան յանձնեց իսկական ազատութեան Աղբիւրը։ Ան գրեց. «Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ» (Բ. Կոր. 3։17

3, 4. ա) Պօղոս ինչի՞ մասին խօսեցաւ Բ. Կորնթացիս 3։17–էն առաջ եղող համարներուն մէջ։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովային տուած ազատութիւնը ունենանք։

3 Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս նշեց թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մովսէսին երբ Սինա լեռնէն իջաւ, Եհովային մէկ հրեշտակին ներկայութեան ըլլալէ ետք։ Մովսէսին երեսը կը փայլէր։ Իսրայէլացիները զինք տեսնելով վախցան, ուստի Մովսէս իր երեսը քօղով ծածկեց (Ել. 34։29, 30, 33. Բ. Կոր. 3։7, 13)։ Պօղոս բացատրեց. «Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը» (Բ. Կոր. 3։16)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

4 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք թէ Եհովան,– որ բոլոր բաները ստեղծեց,– միակ Անձնաւորութիւնն է որ բացարձակ կամ անսահման ազատութիւն ունի։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ ազատութիւն ըլլայ Եհովային ներկայութեան եւ «ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ»։ Պօղոս ըսաւ, որ եթէ կ’ուզենք այդ ազատութիւնը ունենալ, պէտք է ‘Տէրոջը դառնանք’, այսինքն՝ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Անապատին մէջ, իսրայէլացիները հոգեւոր աչքով չնայեցան հարցերուն։ Անոնք կարծես թէ քօղ մը ունէին իրենց միտքին եւ սրտին վրայ, եւ կ’ուզէին իրենց նոր ստացած ազատութիւնը գործածել իրենց ցանկութիւնները գոհացնելու համար (Եբ. 3։8-10

5. ա) Եհովային հոգին ի՞նչ ազատութիւն կու տայ։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ նոյնիսկ ստրուկները կամ բանտարկեալները կրնան Եհովային տուած ազատութիւնը ունենալ։ գ) Ո՞ր հարցումներուն պէտք է պատասխանենք։

5 Այն ազատութիւնը որ Եհովային հոգին կու տայ, միայն ֆիզիքական ստրկութենէ ազատիլ չէ։ Հոգին կրնայ ազատել մեղքի ու մահուան ստրկութենէն եւ սուտ կրօնքի եւ ատոր սովորութիւններուն ստրկութենէն։ Ո՛չ մէկ մարդ արարած կրնայ ասիկա ընել (Հռով. 6։23. 8։2)։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ ազատութիւն մըն է։ Նոյնիսկ այն անձը որ ստրուկ է կամ բանտին մէջ է, կրնայ այս ազատութիւնը ունենալ (Ծն. 39։20-23Եղբայր Հարոլտ Քինկ եւ եղբայր Հորսթ Հէնչըլ ունէին այս ազատութիւնը, հակառակ որ երկա՜ր տարիներ բանտարկուեցան իրենց հաւատքին համար։ Կրնաս դիտել անոնց փորձառութիւններուն վիտէօները JW Library–ին մէջ (նայէ՛ INTERVIEWS AND EXPERIENCES > ENDURING TRIALS)։ Հիմա նկատի առնենք երկու հարցումներ. ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ մեր ազատութիւնը շատ արժէքաւոր է մեզի համար, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր ազատութիւնը իմաստութեամբ գործածել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒԱԾ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ Է

6. Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս ցուցուցին որ չէին գնահատեր Եհովային տուած ազատութիւնը։

6 Երբ արժէքաւոր նուէր մը ստանանք, շատ շնորհակալ կ’ըլլանք տուողէն։ Բայց իսրայէլացիները Եհովային տուած ազատութիւնը չգնահատեցին։ Միայն քանի մը ամիս եղած էր, որ Եգիպտոսէն ազատած էին, երբ սկսան փնտռել այն ուտելիքները որ հոն կ’ուտէին։ Անոնք գանգատեցան մանանային մասին, որ Եհովան կ’ապահովէր իրենց համար։ Անոնք նո՛յնիսկ ուզեցին Եգիպտոս վերադառնալ։ Երեւակայէ թէ անոնց համար աւելի կարեւոր էին «ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները», քան՝ Եհովան պաշտելու իրենց ազատութիւնը (Թւ. 11։5, 6, 10. 14։3, 4)։ Ի՜նչ կարեւոր դաս մը մեզի համար։

7. Պօղոս ինչպէ՞ս կիրարկեց Բ. Կորնթացիս 6։1–ին մէջ գտնուող իր խրատը, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք նոյնը ընել։

7 Պօղոս առաքեալ բոլոր քրիստոնեաներուն զգուշացում տուաւ, որ թեթեւի չառնեն այն ազատութիւնը, որ Եհովան իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ տուած է մեզի (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։1)։ Պօղոս անկատար էր՝ մեղքին ու մահուան ծառայ, եւ ասոր համար շատ գէշ կը զգար ու իր խիղճը կը տանջէր։ Բայց ան երախտապարտօրէն ըսաւ. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Ինչո՞ւ ասիկա ըսաւ։ Ան բացատրեց. «Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն» (Հռով. 7։24, 25. 8։2)։ Պօղոսին պէս, պէտք չէ թեթեւի առնենք որ Եհովան մեզ ազատած է մեղքի ու մահուան ստրկութենէն։ Փրկանքին միջոցաւ մենք կրնանք մաքուր խղճով Աստուծոյ ծառայել, եւ ասիկա իրապէս կ’ուրախացնէ մեզ (Սաղ. 112։1

Որոշումներ առնելու ազատութիւնդ կը գործածես Եհովային ծառայելո՞ւ համար, թէ ոչ՝ միայն քու ուզածդ ընելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 8-10)

8, 9. ա) Պետրոս առաքեալ ի՞նչ զգուշացում տուաւ մեր ազատութիւնը գործածելուն նկատմամբ։ բ) Մէկը ինչպէ՞ս իր ազատութիւնը սխալ կերպով կրնայ գործածել։

8 Չի բաւեր որ ըսենք թէ կը գնահատենք մեր թանկագին ազատութիւնը. նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով չգործածենք։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալ զգուշացում տուաւ, որ մեր ազատութիւնը չօգտագործենք որպէս սխալ բաներ ընելու ծածկոց (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։16)։ Այս զգուշացումը մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ իսրայէլացիներուն պատահեցաւ անապատին մէջ։ Այսօր մենք ալ այս զգուշացումին պէտք ունինք, եւ թերեւս ա՛լ աւելի պէտք ունինք։ Սատանան եւ իր աշխարհը շատ գրաւիչ բաներ մեզի կը հրամցնեն՝ հագուելիքի, ուտելիքի, խմելիքի, ժամանցի եւ ուրիշ բաներու վերաբերեալ։ Ծանուցումներու մէջ գրաւիչ անհատներ կը գործածուին, որպէսզի ձգեն որ կարծենք թէ պէտք է գնենք բաներ, որոնց իրականութեան մէջ պէտք չունինք։ Աշխարհը շատ դիւրութեամբ կրնայ այս խորամանկ թեքնիքներով խաբել մեզ, որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով գործածենք։

9 Պետրոսին խրատը նաեւ կը կիրարկուի կեանքի աւելի լուրջ մարզերու, ինչպէս՝ ի՞նչ ուսում, գործ կամ ասպարէզ պիտի զատենք։ Օրինակ՝ դպրոցական պատանիներուն վրայ շատ ճնշում կայ որ ծանր աշխատին, որպէսզի լաւագոյն համալսարանները ընդունուին։ Շատեր անոնց կ’ըսեն, որ եթէ բարձր ուսում առնեն՝ լաւ գործ պիտի գտնեն, շատ դրամ պիտի շահին եւ յարգուած պիտի ըլլան։ Անոնք թերեւս որոշ տեղեկութիւններ ցուցնեն աշակերտներուն, թէ շա՜տ տարբերութիւն կայ համալսարանը աւարտողներուն շահած դրամին եւ միայն դպրոցը աւարտողներուն շահած դրամին միջեւ։ Ասիկա կրնայ պատանիներուն շատ գրաւիչ երեւիլ, երբ պիտի առնեն որոշումներ, որոնք կրնան իրենց ամբողջ կեանքին ազդել։ Բայց անոնք եւ իրենց ծնողները ի՞նչ բան պէտք է մտքերնին պահեն։

10. Ի՞նչ բան պէտք է մտքերնիս պահենք, երբ անձնական հարցերու մէջ որոշումներ կ’առնենք։

10 Ոմանք կը կարծեն թէ քանի որ ասոնք անձնական հարցեր են, ազատ են իրենց ուզած որոշումը առնելու՝ այնքան ատեն որ իրենց խիղճը կը ներէ։ Թերեւս անոնց մտքին մէջ կայ Պօղոսին ըսածը. «Ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար» (Ա. Կոր. 10։29)։ Ճիշդ է որ ազատութիւն ունինք ուսումի եւ գործի վերաբերեալ անձնական որոշում առնելու, բայց պէտք չէ մոռնանք որ մեր ազատութիւնը սահմաններ ունի եւ թէ մեր բոլոր որոշումները հետեւանքներ ունին։ Այս պատճառով, Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բան ինծի օրինաւոր է [«արտօնուած է», ԱԾ], բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ» (Ա. Կոր. 10։23)։ Ուրեմն, թէեւ ազատութիւն ունինք անձնական հարցերու մէջ որոշումներ առնելու, բայց մեր նախընտրութիւնները ամէնէն կարեւոր բանը չեն։

ՄԵՐ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ՝ ԵՐԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆՔ

11. Եհովան ի՞նչ նպատակով մեզ ազատած է։

11 Երբ Պետրոս զգուշացում տուաւ որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով չգործածենք, նաեւ ըսաւ թէ մեր ազատութիւնը ճիշդ կերպով գործածած կ’ըլլանք՝ երբ «Աստուծոյ ծառաներու պէս» գործածենք զայն։ Ուրեմն, Եհովան Յիսուսին միջոցաւ մեզ ազատած է մեղքին ու մահուան ստրկութենէն, որպէսզի մեր ամբողջ կեանքը գործածենք իրեն ծառայելու համար։

12. Նոյ եւ իր ընտանիքը մեզի ի՞նչ օրինակ ձգեցին։

12 Մեր ազատութիւնը լաւագոյն կերպով կը գործածենք, երբ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք Եհովային լիովին ծառայելու։ Ասիկա պիտի օգնէ որ նորէն գերի չդառնանք աշխարհային նպատակակէտերուն եւ մեր ցանկութիւններուն (Գաղ. 5։16)։ Նկատի առ Նոյը եւ իր ընտանիքը։ Անոնք ապրեցան վայրագ ու անբարոյ աշխարհի մը մէջ, բայց իրենց շուրջիններուն ցանկութիւններով եւ ըրածներով չտարուեցան։ Փոխարէն, որոշեցին զբաղած մնալ Եհովային տուած գործին մէջ։ Անոնք տապանը շինեցին, ուտելիք հաւաքեցին իրենց եւ անասուններուն համար եւ ուրիշները զգուշացուցին Ջրհեղեղէն։ «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Նոյ եւ իր ընտանիքը այդ աշխարհի վերջէն վերապրեցան (Եբ. 11։7

13. Եհովան ի՞նչ պատուիրած է որ ընենք։

13 Ներկայիս, Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Որպէս Յիսուսին աշակերտները, գիտենք որ Աստուած մեզի պատուիրած է որ քարոզենք (կարդա՛ Ղուկաս 4։18, 19)։ Ներկայիս, Սատանան մարդոց մեծամասնութիւնը կուրցուցած է, եւ անոնք չեն անդրադառնար որ գերի են սուտ կրօնքին, նիւթական բաներու եւ քաղաքական դրութեան (Բ. Կոր. 4։4)։ Յիսուսին պէս, առանձնաշնորհում ունինք ուրիշներուն օգնելու, որ ճանչնան եւ պաշտեն Եհովան՝ ազատութեան Աստուածը (Մատ. 28։19, 20)։ Քարոզելը դիւրին չէ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ երթալէն աւելի անտարբեր եւ թշնամական կը դառնան։ Ամէն մէկս այս հարցումին մասին պէտք է մտածենք. ‘Կրնա՞մ ազատութիւնս գործածել, որպէսզի ա՛լ աւելի ծառայեմ Եհովային’։

14, 15. Եհովայի ժողովուրդէն շատեր ի՞նչ որոշած են ընել (տե՛ս բացման նկարը)։

14 Քաջալերական է, որ Եհովային ժողովուրդէն շատեր անդրադարձած են, որ այս աշխարհին վերջը շատ մօտ է, եւ որոշած են իրենց կեանքը պարզացնել եւ ռահվիրայութեան սկսիլ (Ա. Կոր. 9։19, 23)։ Անոնցմէ ոմանք իրենց տեղական թաղամասերուն մէջ կը ծառայեն, իսկ ուրիշներ կը փոխադրուին հոն, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կայ։ Վերջին հինգ տարիներուն, աւելի քան 250,000 հոգի սկսած են ռահվիրայութիւն ընել, եւ այժմ աւելի քան 1,100,000 կանոնաւոր ռահվիրաներ կան։ Ի՜նչ հիանալի է որ այս ձեւով բազմաթիւ անհատներ իրենց ազատութիւնը կը գործածեն, որ Եհովային ծառայեն (Սաղ. 110։3

15 Ի՞նչը օգնեց որ իրենց ազատութիւնը իմաստութեամբ գործածեն։ Նկատի առ Ճոնը եւ Ճուտիթը, որոնք շատ մը երկիրներու մէջ ծառայած են անցեալ 30 տարիներուն ընթացքին։ Անոնք կը յիշեն որ երբ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը սկսաւ 1977–ին, աշակերտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ փոխադրուին եւ ծառայեն ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Ճոն այս նպատակով շատ անգամ իր գործը փոխեց, որպէսզի ինք եւ Ճուտիթը կարենային իրենց կեանքը պարզ պահել։ Ի վերջոյ, անոնք օտար երկիր մը գացին ծառայելու։ Ի՞նչը իրենց օգնեց որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեն, ինչպէս՝ նոր լեզու սորվիլ եւ տարբեր մշակոյթի ու կլիմայի վարժուիլ։ Անոնք Եհովային աղօթեցին եւ իրեն ապաւինեցան։ Բոլոր այս տարիներուն իրենց ըրած ծառայութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց իրենց։ Ճոն կ’ըսէ. «Կը զգայի որ ամէնէն լաւ գործունէութիւնը կ’ընեմ։ Եհովան աւելի իրական եղաւ ինծի համար, ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր հայր մը կ’ըլլայ։ Ա՛լ աւելի հասկցայ որ Յակոբոս 4։8–ը ի՛նչ կը նշանակէ. ‘Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ’։ Գիտցայ որ գտած էի ինչ որ կը փնտռէի՝ կեանքի մէջ գոհացուցիչ նպատակ ունենալ»։

16. Հազարաւոր անհատներ ինչպէ՞ս իմաստութեամբ գործածած են իրենց ազատութիւնը։

16 Ոմանք չեն կրնար Ճոնին եւ Ճուտիթին պէս երկար ժամանակ ռահվիրայութիւն ընել։ Անոնք իրենց պայմաններուն պատճառով կարճ ժամանակ ռահվիրայութիւն կ’ընեն։ Անդին, շատեր կամաւորաբար կը մասնակցին աշխարհի չորս կողմը տեղի ունեցող շինարարական ծրագիրներուն։ Օրինակ, երբ կեդրոնատեղին կը շինուէր Նիւ Եորք նահանգի Ուորուիք գիւղաքաղաքին մէջ, շուրջ 27,000 եղբայրներ ու քոյրեր մասնակցեցան շինարարութեան։ Ոմանք երկու շաբաթ ծառայեցին, ոմանք՝ քանի մը ամիս, իսկ ուրիշներ՝ մէկ տարի կամ աւելի։ Անոնցմէ շատեր զոհողութիւններ ըրին, որպէսզի կարենան Ուորուիքի մէջ ծառայել։ Անոնք իրենց ազատութիւնը գործածեցին, որպէսզի փառք ու պատիւ բերեն Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն։ Ի՜նչ հիանալի օրինակներ։

17. Ի՞նչ բանի կրնանք յոյսով սպասել, եթէ հիմա իմաստութեամբ գործածենք մեր ազատութիւնը։

17 Երախտապարտ ենք որ Եհովան ճանչցած ենք եւ կը վայելենք այն ազատութիւնը, որ ճշմարիտ պաշտամունքը կը բերէ։ Թող որ մեր որոշումներով ցուցնենք, որ շատ կ’արժեւորենք այս ազատութիւնը։ Փոխանակ զայն սխալ կերպով գործածելու, թող որ Եհովային ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընելու համար գործածենք զայն։ Այն ատեն պիտի կարենանք յոյսով սպասել այն օրհնութիւններուն, որ Եհովան խոստացաւ այն ժամանակուան համար, երբ այս խոստումը պիտի կատարուի. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։21