Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ նշանակուած տղամարդիկ, Տիմոթէոսէն սորվեցէք

Ո՛վ նշանակուած տղամարդիկ, Տիմոթէոսէն սորվեցէք

ԱՆՑԵԱԼ տարի, Եհովայի վկաներուն մէջ հազարաւոր տղամարդիկ նշանակուեցան ծառայելու որպէս երէցներ եւ օգնական ծառաներ։ Եթէ դուն ալ ատոնցմէ մէկն ես, վստահաբար ուրախ ես նոր առանձնաշնորհումովդ։

Բնական է, որ քիչ մը մտահոգ ըլլաս։ Ճէյսըն անունով երիտասարդ երէց մը կը պատմէ. «Երբ նոր երէց նշանակուեցայ, բաւական տակնուվրայ էի նոր պատասխանատուութիւններուս պատճառով»։ Մովսէսն ու Երեմիան ալ ինքզինքնին անատակ զգացին, երբ Եհովան նոր նշանակումներ տուաւ իրենց (Ել. 4։10. Եր. 1։6)։ Եթէ դուն ալ նման զգացումներ ունիս, ինչպէ՞ս կրնաս ատոնց հետ գլուխ ելլել եւ շարունակել յառաջդիմել։ Նկատի առ Տիմոթէոսին օրինակը (Գործք 16։1-3

ՏԻՄՈԹԷՈՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Հաւանաբար Տիմոթէոս տակաւին իր պատանեկութեան տարիքին վերջաւորութեան կամ քսանական տարիքին սկիզբն էր, երբ Պօղոս առաքեալ զինք հրաւիրեց իր ճամբորդակիցը ըլլալու։ Տարիքով պզտիկ ըլլալով՝ թերեւս սկիզբը Տիմոթէոս ինքնավստահութեան պակաս ունէր եւ կը քաշուէր իր նոր նշանակումին համաձայն վարուելու (Ա. Տիմ. 4։11, 12. Բ. Տիմ. 1։1, 2, 7)։ Սակայն մօտ տասը տարի ետք, Պօղոս Փիլիպպէի ժողովքին ըսաւ. «Կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ. . . Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ» (Փլպ. 2։19, 20

Ի՞նչը ձգեց որ Տիմոթէոս այդպիսի հոյակապ երէց մը ըլլայ։ Նկատի առ թէ ինչ վեց դասեր կրնաս սորվիլ իրմէ։

1. Անկեղծօրէն հոգ կը տանէր մարդոց։ Պօղոս Փիլիպպէի եղբայրներուն ըսաւ. ‘Տիմոթէոս անկեղծաբար ձեզ պիտի հոգայ’ (Փլպ. 2։20, ԱԾ)։ Ան իրապէս հետաքրքրուած էր մարդոցմով։ Անկեղծօրէն կ’ուզէր որ անոնք Եհովային մօտիկ ըլլային եւ իրենց համար յօժար սրտով զոհողութիւն կ’ընէր։

Ջանա՛ որ չըլլաս պասի այն քշողին պէս, որ աւելի հետաքրքրուած է ճշդապահ ըլլալով քան՝ ուղեւորներ հաւաքելով։ Ուիլիամ անունով եղբայր մը, որ արդէն 20 տարիէ աւելի երէց է, նոր նշանակուածներուն խրատ կու տայ. «Սիրեցէք եղբայրները։ Կեդրոնացէք աւելի անոնց պէտքերուն վրայ, քան՝ կազմակերպչական հարցերու վրայ»։

2. Հոգեւոր բաները առաջին տեղը կը դնէր։ Ցուցնելով որ Տիմոթէոս որքա՜ն տարբեր էր ուրիշներէն, Պօղոս ըսաւ. «Ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը» (Փլպ. 2։21)։ Պօղոս Հռոմէն կը գրէր եւ նկատած էր որ հոն եղբայրները չափէ դուրս տարուած էին իրենց անձնական հարցերով։ Առումով մը, անոնք իրենց անձը կը խնայէին եւ իրենց լաւագոյնը չէին տար ծառայութեան մէջ։ Բայց Տիմոթէոս ատանկ չէր։ Երբ բարի լուրը տարածելու նոր առիթ բացուեցաւ, ան վարուեցաւ Եսայիին պէս, որ ըսաւ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8

Ինչպէ՞ս կրնաս հաւասարակշռութիւն պահել անձնական պարտականութիւններուդ եւ հոգեւոր պարտականութիւններուդ միջեւ։ Նախ, ամէնէն կարեւոր գործերը առաջին տեղը դիր։ Պօղոս քաջալերեց որ վստահ ըլլանք, թէ ‘ինչն է աւելի կարեւորը’ (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Թող որ քեզի համար կարեւոր ըլլան այն բաները, որ Աստուծոյ համար կարեւոր են։ Երկրորդ, կեանքդ պարզացուր։ Մի՛ ձգեր որ բան մը ժամանակդ կամ կորովդ վատնէ։ Պօղոս յորդորեց Տիմոթէոսը. «Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ» (Բ. Տիմ. 2։22

3. Սուրբ ծառայութեան մէջ ծանր կ’աշխատէր։ Պօղոս փիլիպպեցիներուն յիշեցուց. «Դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս [Տիմոթէոս] ինծի հետ աւետարանին ծառայեց» (Փլպ. 2։22)։ Տիմոթէոս ծոյլ չէր։ Պօղոսին հետ ուս–ուսի ծանր կ’աշխատէր, եւ ասիկա զօրացուց անոնց ջերմ փոխյարաբերութիւնը։

Այսօր, բոլորին համար բաւարար գործ կայ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ։ Այդ գործը իրապէս գոհացուցիչ է, եւ կ’օգնէ որ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ աւելի մօտենաս։ Ուրեմն նպատակդ թող ըլլայ՝ Տէրոջ գործին մէջ միշտ շատ ընելիք ունենալ (Ա. Կոր. 15։58

4. Իր սորվածները կը գործադրէր։ Պօղոս Տիմոթէոսին գրեց. «Դուն հետեւեցար իմ վարդապետութեանս, ապրելակերպիս, առաջադրութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս, համբերութեանս» (Բ. Տիմ. 3։10, ԱԾ)։ Տիմոթէոս աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ առաւ, քանի որ իր սորվածները կը գործադրէր (Ա. Կոր. 4։17

Իսկ դուն ունի՞ս բարեկամ մը, որ տարիքով աւելի մեծ է ու փորձառու է եւ կրնաս զինք ընդօրինակել։ Եթէ չունիս, կրնա՞ս գտնել այդպիսի բարեկամ մը։ Թոմ անունով երկար տարիներու երէց մը կը պատմէ. «Փորձառու երէց մը անձնական հետաքրքրութիւն ցուցուց ինծի հանդէպ եւ հոյակապ մարզում տուաւ։ Կանոնաւորաբար իրմէ խրատ կը խնդրէի եւ զայն կը գործադրէի։ Ասիկա ինքնավստահութիւնս շուտով աւելցուց»։

5. Միշտ ինքզինք կը մարզէր։ Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց. «Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ» (Ա. Տիմ. 4։7, ՆԹ)։ Ընդհանրապէս, մարզիկ մը մարզիչ կ’ունենայ, բայց ինքզինքն ալ պէտք է մարզէ։ Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց. «Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու. . . Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամէնուն յայտնի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 4։13-15

Դուն նոյնպէս պէտք ունիս հմտութիւններդ սրելու։ Միշտ զարգացո՛ւր հոգեւորութիւնդ եւ ջանա՛ լաւ աշակերտ ըլլալ եւ կազմակերպութեան վերջին ուղղութիւններուն հետ քայլ պահել։ Զգոյշ եղիր, որ չափէ դուրս ինքնավստահ չըլլաս՝ մտածելով որ այնքան փորձառու ես, որ կրնաս որեւէ պարագայի հետ գլուխ ելլել, առանց խոր փնտռտուք ընելու։ Տիմոթէոսին պէս, «զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ» (Ա. Տիմ. 4։16

6. Եհովային սուրբ հոգիին կ’ապաւինէր։ Ակնարկելով Տիմոթէոսին ծառայութեան, Պօղոս իրեն յիշեցուց. «Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է» (Բ. Տիմ. 1։14)։ Տիմոթէոս պէտք էր սուրբ հոգիին ապաւինէր, որպէսզի իր ծառայութեան ամուր կառչած մնար։

Քանի մը տասնամեակէ ի վեր երէց եղող Տանըլտ կ’ըսէ. «Նշանակուած տղամարդիկը պէտք է շատ գնահատեն իրենց փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։ Գնահատողները երթալէն աւելի պիտի զօրանան։ Եթէ Աստուծմէ իր սուրբ հոգին խնդրեն եւ զարգացնեն ատոր պտուղը, իրապէս օրհնութիւն մը պիտի ըլլան իրենց եղբայրներուն համար» (Սաղ. 84։7. Ա. Պետ. 4։11

ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԴ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

Շատ քաջալերական է տեսնել այսքան բազմաթիւ նոր նշանակուած եղբայրներ, ինչպէս՝ դուն, որոնք հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Յօդուածին սկիզբը նշուած Ճէյսըն կ’ըսէ. «Որպէս երէց ծառայելով, շատ բաներ սորված եմ եւ ինքնավստահութիւնս աւելցած է։ Հիմա ի՛րապէս հաճոյք կ’առնեմ նշանակումէս եւ զայն հիանալի առանձնաշնորհում մը կը նկատեմ»։

Պիտի շարունակե՞ս հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Նպատա՛կ դիր որ Տիմոթէոսէն սորվիս։ Այսպիսով դուն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին համար օրհնութիւն մը պիտի ըլլաս։