Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որեւէ ժամանակէ աւելի իրար քաջալերենք

Որեւէ ժամանակէ աւելի իրար քաջալերենք

«Իրարու հոգ տանինք. . . մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (ԵԲ. 10։24, 25

ԵՐԳԵՐ. 121, 119

1. Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ եբրայեցի քրիստոնեաներուն ըսաւ, որ ա՛լ աւելի իրար քաջալերեն։

ԻՆՉՈ՞Ւ պէտք է աւելի ջանք թափենք, որ ուրիշները քաջալերենք։ Պօղոս առաքեալ պատճառը կու տայ, եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ։ Անոնց ըսաւ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։ Հինգ տարի չանցած, Երուսաղէմի մէջ ապրող հրեայ քրիստոնեաները պիտի տեսնէին, որ ‘Տէրոջ օրը’ մօտ է եւ պիտի անդրադառնային, որ պէտք է այդ քաղաքէն փախչին, ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր (Գործք 2։19, 20. Ղուկ. 21։20-22)։ Այդ օրը եկաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմայեցիները կործանեցին Երուսաղէմը։

2. Ներկայիս, ինչո՞ւ պէտք է աւելի մտածենք իրար քաջալերելու մասին։

2 Ներկայիս, նման պարագայի մէջ ենք։ Եհովային ‘խիստ մեծ ու խիստ ահեղ օրը’ մօտ է (Յվլ. 2։11)։ Սոփոնիա մարգարէին խօսքն ալ մեր օրերուն կը կիրարկուի. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ» (Սոփ. 1։14)։ Այս պատճառով, պէտք է «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով» (Եբ. 10։24)։ Ուրեմն, պէտք է շատ հետաքրքրուած ըլլանք մեր եղբայրներով, որպէսզի զանոնք քաջալերենք երբ պէտք ըլլայ։

ՈՐՈ՞ՆՔ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆ

3. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսաւ քաջալերութեան մասին (տե՛ս բացման նկարը)։

3 «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա» (Առ. 12։25)։ Բոլորս ատեն–ատեն քաջալերութեան պէտք կ’ունենանք։ Պօղոս ցուցուց որ նոյնիսկ անոնք, որոնք պատասխանատուութիւն ունին որ ուրիշները քաջալերեն, քաջալերութեան պէտք ունին։ Ան Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց. «Շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես» (Հռով. 1։11, 12, ՆԹ)։ Ուրեմն նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ ատեններ քաջալերութեան պէտք ունէր (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։30-32

4, 5. Որո՞նց կրնանք քաջալերութիւն տալ, եւ ինչո՞ւ։

4 Կրնանք գովել լիաժամ ծառաները, ինչպէս՝ հաւատարիմ ռահվիրաները։ Անոնցմէ շատեր մեծ զոհողութիւններ ըրած են, որպէսզի կարենան ռահվիրայութիւն ընել։ Նոյնն է պարագան միսիոնարներուն, բեթէլականներուն, շրջանային տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն, ինչպէս նաեւ՝ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներուն մէջ աշխատողներուն։ Բոլոր այս անհատները զոհողութիւններ կ’ընեն, որպէսզի կարենան Եհովային աւելի ծառայել։ Ուրեմն պէտք է քաջալերենք զանոնք։ Կան նաեւ այն անհատները, որոնք կը փափաքին լիաժամ ծառայութիւնը շարունակել, բայց այլեւս իրենց պայմանները չեն ներեր։ Անոնք ալ կ’ուրախանան, երբ զիրենք կը քաջալերենք։

5 Ուրիշ ո՞վ արժանի է քաջալերութեան։ Կրնանք քաջալերել այն բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ամուրի կը մնան, քանի որ կ’ուզեն հնազանդիլ Եհովային եւ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալ (Ա. Կոր. 7։39)։ Աշխատասէր կիները կը քաջալերուին, երբ անուշ ու շինիչ խօսքեր կը լսեն իրենց ամուսիններէն (Առ. 31։28, 31)։ Նաեւ, անոնք որոնք հաւատարիմ կը մնան հալածանքի կամ առողջապահական խնդիրներու դիմաց, պէտք ունին քաջալերական խօսքեր լսելու (Բ. Թես. 1։3-5)։ Եհովան եւ Յիսուսը կը մխիթարեն բոլոր այս հաւատարիմ ծառաները (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։15, 16

ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԿԸ ՋԱՆԱՆ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ

6. Եսայի 32։1, 2–ին մէջ նշուած երէցներուն դերը ի՞նչ է։

6 Կարդա՛ Եսայի 32։1, 2։ Դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք եւ դիւրութեամբ կրնանք տխրիլ եւ յուսահատիլ։ Յիսուս Քրիստոս մեզ քաջալերելու համար կը գործածէ «իշխաններ», որոնք իր օծեալ եղբայրներէն եւ ուրիշ ոչխարներէն եղող երէցներ են։ Այս երէցները ‘չեն տիրապետեր’ մեր հաւատքին վրայ, հապա՝ մեզի հետ կը գործակցին, որպէսզի ուրախ ըլլանք (Բ. Կոր. 1։23

7, 8. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ուրիշները քաջալերել թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով։

7 Երէցները կրնան Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել, որ միշտ կը փորձէր եղբայրները քաջալերել։ Ան Թեսաղոնիկէի մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք» (Ա. Թես. 2։8

8 Երէցները կրնան իրենց խօսքերով քաջալերել, բայց ասիկա ատեններ բաւարար չ’ըլլար։ Պօղոս Եփեսոսի երէցներուն ըսաւ. ‘Պէտք է տկարներուն օգնութիւն ընէք եւ միտք բերէք Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»’ (Գործք 20։35)։ Պօղոս պատրաստ էր իր եղբայրներուն համար ‘ծախք ընելու ու ծախք ըլլալու’, այսինքն՝ իրենց համար իր լաւագոյնը ընելու (Բ. Կոր. 12։15)։ Նմանապէս, երէցները ուրիշները կը քաջալերեն ոչ միայն խօսքով, հապա նաեւ գործով՝ անկեղծօրէն հետաքրքրուելով անոնցմով (Ա. Կոր. 14։3

9. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան քաջալերական կերպով խրատ տալ։

9 Երբեմն պէտք կ’ըլլայ որ երէցները խրատ տան, որպէսզի եղբայրները զօրացնեն։ Անոնք Սուրբ Գիրքէն կը սորվին, որ ինչպէ՛ս կրնան ասիկա քաջալերական կերպով ընել։ Յիսուս ասոր մէջ շատ աղուոր օրինակ ձգեց իր մահէն եւ յարութենէն ետք, երբ խրատներ տուաւ Փոքր Ասիոյ կարգ մը ժողովքներուն։ Առաջ որ զօրաւոր խրատ տայ Եփեսոսի, Պերգամոնի եւ Թիւատիրի ժողովքներուն, ան զանոնք գովեց իրենց ըրած բոլոր լաւ բաներուն համար (Յայտ. 2։1-5, 12, 13, 18, 19)։ Ան Լաւոդիկէի ժողովքին ըսաւ. «Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛» (Յայտ. 3։19)։ Մեր երէցները կը ջանան Քրիստոսը ընդօրինակել, երբ խրատ պիտի տան։

ՄԻԱՅՆ ԵՐԷՑՆԵՐԸ ՉԵՆ ՈՐ ՊԷՏՔ Է ՔԱՋԱԼԵՐԵՆ

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները կը մարզէ՞ք, որ ուրիշները քաջալերեն (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Բոլորս ինչպէ՞ս կրնանք իրար զօրացնել։

10 Երէցները միակ անձերը չեն, որ պէտք է ուրիշները քաջալերեն։ Պօղոս բոլոր քրիստոնեաներուն ըսաւ, որ խօսին «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ» (Եփ. 4։29)։ Ամէն մէկս պէտք է մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնայ պէտք եղած օգնութիւնը տալ ուրիշներուն։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց. «Թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի» (Եբ. 12։12, 13)։ Բոլո՛րս, մէջը ըլլալով պզտիկները, կրնանք իրար զօրացնել եւ քաջալերել։

11. Ի՞նչը օգնեց Մարթային երբ ընկճուած էր։

11 Մարթա * անունով քոյր մը, որ ատեն մը ընկճուած էր, կը գրէ. «Օր մը, աղօթքով Եհովային ըսի որ քաջալերութեան պէտք ունիմ։ Ետքը, հանդիպեցայ տարիքով աւելի մեծ քրոջ մը։ Ան գուրգուրանք ցուցուց ինծի եւ հետս զգաց։ Ճիշդ ատենին էր։ Ան նաեւ ինծի պատմեց թէ ինք ինչպէս իմ պարագայէս անցած է, եւ ասիկա ձգեց որ շատ մինակ չզգամ»։ Այդ քոյրը հաւանաբար չանդրադարձաւ, որ իր խօսքերը որքա՜ն օգնեցին Մարթային։

12, 13. Փիլիպպեցիս 2։1-4–ին խրատը ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել։

12 Պօղոս այս խրատը տուաւ Փիլիպպէի ժողովքին բոլոր անդամներուն. «Եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը, իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։ Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։1-4

13 Բոլորս պէտք է տեսնենք թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք իրարու օգնել։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելու համար կրնանք սիրալիր կերպով մխիթարել զանոնք, անոնցմով հետաքրքրուիլ, անոնց վրայ գուրգուրալ եւ անոնց հետ զգալ։

ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐ

14. Քաջալերելու մէկ կերպը ի՞նչ է։

14 Կ’ուրախանանք երբ կը լսենք որ այն անհատները, որոնց օգնած ենք անցեալին, հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովային։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. Յովհ. 4)։ Բազմաթիւ ռահվիրաներու համար շատ քաջալերական է գիտնալ, որ այն անհատը որուն տարինե՜ր առաջ օգնած են ճշմարտութիւնը սորվելու, տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայէ, եւ թերեւս նոյնիսկ ռահվիրայ է։ Ուրեմն, երբ ռահվիրաները յուսահատ զգան, կրնանք անոնց յիշեցնել բոլոր այն լաւ բաները, որ ըրած են ուրիշներուն օգնելու համար։

15. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որ քաջալերենք հաւատարմօրէն ծառայողները։

15 Շատ մը շրջանային տեսուչներ եւ անոնց կիները ըսած են, որ շատ քաջալերուեցան երբ որոշ ժողովքի մը այցելելէ ետք ստացան շնորհակալութեան քարտ մը։ Երէցները, միսիոնարները, ռահվիրաները եւ Բեթէլի ընտանիքի անդամներն ալ կը քաջալերուին, երբ գնահատանքի խօսք մը ըսենք իրենց։

ԲՈԼՈՐՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ

16. Ո՞ր պարզ բաները կրնան ուրիշը քաջալերել։

16 Կը սխալինք եթէ կը կարծենք, որ չենք կրնար ուրիշը քաջալերել, պարզապէս քանի որ դիւրին չենք արտայայտուիր։ Ուրիշը քաջալերելը շատ դժուար չէ։ Ջանա՛ ժպտիլ, երբ բարեւ կու տաս մէկու մը։ Եթէ դիմացինը չժպտայ, ասիկա կրնայ նշանակել, որ ան խնդիր մը ունի եւ պէտք ունի որ իր սիրտը բանայ մէկու մը։ Կրնաս զինք մխիթարել պարզապէս իրեն մտիկ ընելով (Յակ. 1։19

17. Երիտասարդ եղբայր մը ինչպէ՞ս քաջալերուեցաւ։

17 Անրի անունով երիտասարդ եղբայր մը շատ նեղուեցաւ, երբ իր մօտիկ ազգականներէն ոմանք ճշմարտութիւնը ձգեցին։ Անոնց մէջ կար իր հայրը, որ երէց եղած էր։ Շրջանային տեսուչ մը նկատեց որ ան նեղուած էր, եւ զինք տարաւ տեղ մը, որ միասին սուրճ խմեն։ Տեսուչը ձգեց որ Անրին իր սիրտը բանայ։ Անրին անդրադարձաւ, որ միայն եթէ անձնապէս հաւատարիմ մնայ, կրնայ իր ընտանիքի անդամներուն օգնել, որ ճշմարտութեան վերադառնան։ Ան շատ մխիթարուեցաւ, երբ կարդաց Սաղմոս 46, Սոփոնիա 3։17 եւ Մարկոս 10։29, 30։

Բոլորս կրնանք իրար զօրացնել եւ քաջալերել (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. ա) Սողոմոն թագաւոր ի՞նչ գրեց քաջալերութեան մասին։ բ) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ առաջարկ տուաւ։

18 Մարթային եւ Անրիին օրինակները կը ցուցնեն, որ ամէն մէկս կրնա՛յ քաջալերել եղբայր մը կամ քոյր մը, որ մխիթարութեան պէտք ունի։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։ Աչքերուն լոյսը [կամ՝ զուարթ նայուածքը] սիրտը կ’ուրախացնէ, բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ» (Առ. 15։23, 30)։ Ասկէ զատ, եթէ մէկը յուսահատ է, կրնանք Դիտարան–էն կամ մեր կայքէն կարդալ իրեն։ Ասիկա կրնայ անոր տրամադրութիւնը բարձրացնել։ Պօղոս ցուցուց, որ միասին Թագաւորութեան երգեր երգելը կրնայ ձգել, որ աւելի լաւ զգանք։ Ան գրեց. ‘Իրարու սորվեցուցէք ու խրատեցէք [«քաջալերեցէք», ՆԱ]՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելով’ (Կող. 3։16. Գործք 16։25

19. Ինչո՞ւ գալիք օրերուն մէջ ա՛լ աւելի պէտք պիտի ըլլայ, որ իրար քաջալերենք, եւ ի՞նչ պէտք է ընենք։

19 Մինչ կը մօտենանք Եհովային օրուան, երթալէն աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ իրար քաջալերելը (Եբ. 10։25)։ Պիտի ուրախանանք, եթէ ընենք Պօղոսին ըսածը. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք» (Ա. Թես. 5։11

^ պարբ. 11 Անունները փոխուած են։