Ո՛վ պատանիներ, հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնացա՞ծ էք
«Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին» (ԱՌ. 16։3)։
1-3. ա) Պատանին ի՞նչ դժուարութիւն ունի. օրինակով մը բացատրէ (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ի՞նչը պատանիին պիտի օգնէ այս դժուարութեան մէջ։
ՀԱՇՈՒԷ թէ կը ծրագրես հեռու շրջան մը երթալ կարեւոր առիթի մը համար։ Հոն հասնելու համար պէտք է որ պաս առնես։ Երբ պասի կայանը կ’երթաս, գլուխդ կը դառնայ՝ այնքա՛ն որ խճողում եւ պասեր կան։ Բայց ուրախ ես, որ գիտես ճիշդ ո՛ւր պիտի երթաս եւ ո՛ր պասով։ Եթէ որեւէ ուրիշ պաս ելլես, սխալ տեղ կ’երթաս։
2 Կեանքը ճամբորդութեան կը նմանի, իսկ դուն՝ ո՛վ պատանի՝ այդ ճամբորդներուն։ Ատեններ, գլուխդ կը դառնայ՝ այնքա՛ն որ ընտրութիւններ եւ որոշումներ կ’ըլլան առջեւդ։ Բայց աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ ճիշդ որոշումը առնես, եթէ գիտես թէ ճիշդ ո՛ւր կ’ուզես երթալ։ Ուրեմն, դէպի ո՞ւր պէտք է ուղղուիս։
3 Այս յօդուածը պիտի պատասխանէ այդ հարցումին, քեզ քաջալերելով որ կեդրոնանաս Եհովան հաճեցնելու վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ՝ Եհովային խրատներուն հետեւիլ ամէն անգամ որ որոշում պիտի առնես, ըլլայ ուսում առնելու, ի՛նչ գործ աշխատելու, ամուսնանալու կամ զաւակ ունենալու շուրջ։ Նաեւ կը նշանակէ՝ ջանք թափել որ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիս։ Եթէ կեդրոնացած մնաս Եհովային ծառայութեան վրայ, կրնաս վստահ ըլլալ, որ ան քեզ պիտի Առակաց 16։3)։
օրհնէ որ ‘խորհուրդներդ հաստատուին’, կամ ծրագիրներդ յաջողին (կարդա՛ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴՆԵԼ
4. Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։
4 Պատանի տարիքին մէջ հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը օգուտներ ունի։ Ինչո՞ւ։ Պիտի քննարկենք երեք պատճառներ։ Առաջինը եւ երկրորդը քեզի պիտի ցուցնեն, որ երբ ջանք թափես հոգեւոր նպատակակէտերու հասնելու, Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ կը զօրանայ։ Երրորդը պիտի ցուցնէ, թէ ինչպէ՛ս կ’օգտուիս նպատակակէտեր դնելով։
5. Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։
5 Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու գլխաւոր պատճառը այն է, որ Եհովային ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք իր սիրոյն համար, եւ բոլոր այն բաներուն համար որ մեզի ըրած է։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն. . . վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ» (Սաղ. 92։1, 4)։ Մտածէ բոլոր այն բաներուն մասին, որ Եհովան քեզի տուած է. կեանքդ, հաւատքդ, Սուրբ Գիրքը, ժողովքը եւ ապագայի նկատմամբ հիանալի յոյսդ։ Երբ հոգեւոր նպատակակէտեր դնես, կը ցուցնես որ շնորհակալ ես Աստուծմէ բոլոր այս բաներուն համար, եւ ասիկա քեզ աւելի կը մօտեցնէ իրեն։
6. ա) Հոգեւոր նպատակակէտերը ինչպէ՞ս կ’ազդեն Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։ բ) Պատանի տարիքիդ մէջ ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել։
6 Երկրորդ պատճառը այն է, որ երբ ջանք թափես որ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիս, լաւ գործ մը ըրած կ’ըլլաս Եհովային համար։ Ասիկա քեզ ա՛լ աւելի պիտի մօտեցնէ իրեն։ Պօղոս առաքեալ խոստացաւ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (Եբ. 6։10)։ Որքան ալ տարիքով պզտիկ ըլլաս, կրնա՛ս նպատակակէտեր դնել։ Օրինակ, Քրիսթինը 10 տարեկան էր, երբ որոշեց կանոնաւորաբար կարդալ հաւատարիմ Վկաներու կենսագրութիւնները։ Թոպին 12 տարեկան էր, երբ որոշեց ամբողջ Սուրբ Գիրքը կարդալ, առաջ որ մկրտուի։ Մաքսիմը 11 տարեկան էր երբ մկրտուեցաւ, իսկ իր քոյրը՝ Նոեմին՝ 10 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Երկուքն ալ նպատակակէտ դրին, որ Բեթէլին մէջ ծառայեն։ Որպէսզի այդ նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնան, Բեթէլի դիմումնագիր մը կախեցին իրենց տան մէկ պատին վրայ։ Իսկ դո՞ւն։ Մտածէ թէ ի՛նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել, եւ ջանք թափէ որ ատոնց հասնիս (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։10, 11)։
7, 8. ա) Նպատակակէտեր դնելը ինչպէ՞ս կը դիւրինցնէ որոշումներ առնելը։ բ) Պատանուհի մը ինչո՞ւ որոշեց համալսարան չերթալ։
7 Ի՞նչ է երրորդ պատճառը։ Որպէս պատանի, որոշումներ պէտք է առնես՝ ուսումի, գործի եւ շատ մը ուրիշ բաներու նկատմամբ։ Այդ որոշումները կը նմանին այն խաչմերուկներուն, որ ճամբորդութեան մը ընթացքին կը հանդիպիս։ Եթէ գիտես ո՛ւր կ’ուզես հասնիլ, դիւրութեամբ պիտի որոշես ո՛ր ճամբան բռնել։ Նմանապէս, եթէ գիտես թէ նպատակակէտերդ ի՛նչ են, դիւրին պիտի ըլլայ իմաստուն որոշումներ առնելը։ Առակաց 21։5–ը կ’ըսէ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն»։ Որքա՛ն կանուխ ծրագիրներ ընես՝ լաւ նպատակակէտեր դնելով, այնքան կանուխ պիտի հասնիս յաջողութեան։ Ասիկա պատահեցաւ Տամարիս անունով քրոջ մը, երբ իր պատանեկութեան ատեն կարեւոր որոշում մը պիտի առնէր։
8 Տամարիս իր դպրոցական վերջին տարուան ընթացքին շատ բարձր նիշեր բերաւ։ Ան կրնար ձրի երթալ համալսարան իրաւագիտութիւն սորվելու համար, բայց որոշեց մասնակի ժամով աշխատիլ։ Ինչո՞ւ։ «Ես պզտիկ տարիքէս որոշած էի ռահվիրայութիւն ընել։ Ասիկա ըսել էր
որ մասնակի ժամով պէտք էր աշխատէի։ Եթէ համալսարան երթալով իրաւագիտութեան վկայական առնէի, կրնայի շատ դրամ շահիլ, բայց պիտի չկրնայի մասնակի ժամով գործ գտնել»։ Ահա 20 տարիէ ի վեր Տամարիս ռահվիրայութիւն կ’ընէ։ Արդեօք ան համոզուա՞ծ է, որ ճիշդ նպատակակէտը դրաւ եւ ճիշդ որոշումը առաւ երբ պատանուհի էր։ Ան կ’ըսէ. «Աշխատավայրիս մէջ շատ գործ կ’ունենամ փաստաբաններու հետ։ Եթէ համալսարան երթայի, իրենց գործը պիտի աշխատէի։ Բայց կը տեսնեմ որ անոնցմէ շատեր ուրախ չեն իրենց գործին մէջ։ Ռահվիրայ ըլլալու որոշումս ինծի օգնեց, որ այդ տխուր վիճակին մէջ չիյնամ եւ ուրախ տարիներ անցընեմ Եհովային ծառայութեան մէջ»։9. Մեր պատանիները ինչո՞ւ գովասանքի արժանի են։
9 Աշխարհի չորս կողմը գտնուող հազարաւոր պատանիներ ջերմ գովասանքի արժանի են։ Անոնք կեդրոնացած են Եհովային հետ իրենց բարեկամութեան եւ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ։ Այս պատանիները ի՛րապէս հաճոյք կ’առնեն կեանքէն, եւ միեւնոյն ատեն կը սորվին Եհովային ուղղութեան հետեւիլ ամէն ինչի մէջ, մէջը ըլլալով՝ ուսում, գործ եւ ընտանեկան կեանք։ Սողոմոն գրեց. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ. . . Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6)։ Ո՛վ պատանի, Եհովան քեզ շատ կը սիրէ։ Դուն արժէքաւոր ես իր աչքին, եւ ինք քեզ պիտի պաշտպանէ, առաջնորդէ եւ օրհնէ։
ԼԱՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵԼՈՒ
10. ա) Քարոզչութիւնը ինչո՞ւ պէտք է ամէնէն կարեւոր բաներէն ըլլայ մեզի համար։ բ) Պատանին ինչպէ՞ս կրնայ աւելի լաւ բացատրել իր հաւատալիքները։
10 Երբ կեդրոնանաս Եհովան հաճեցնելու վրայ, պիտի ուզես իրեն մասին խօսիլ ուրիշներուն։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ, որ «առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի» (Մար. 13։10)։ Որովհետեւ քարոզչութեան գործը անյետաձգելի է, պէտք է ամէնէն կարեւոր բաներէն ըլլայ մեզի համար։ Կրնա՞ս նպատակակէտ դնել, որ աւելի քարոզես։ Կրնա՞ս ռահվիրայութիւն ընել։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ շատ հաճոյք չես առներ քարոզելէն։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ բացատրել հաւատալիքներդ։ Երկու բաներ պիտի օգնեն քեզի. լաւ պատրաստուէ եւ գիտցածներդ ուրիշներուն ըսելէ վազ մի՛ անցնիր։ Ասոնք ընելով թերեւս զարմանաս որ որքա՜ն հաճոյք կ’առնես քարոզելէն։
11, 12. ա) Պատանին ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի Եհովային մասին խօսի ուրիշներուն։ բ) Պատանի մը ինչպէ՞ս առիթը օգտագործեց, որ Եհովային մասին խօսի դպրոցին մէջ։
11 Կրնաս դասընկերներուդ հարցուցած հարցումներուն պատասխանները պատրաստել, ինչպէս՝ «Ինչո՞ւ կը հաւատաս որ Աստուած գոյութիւն ունի»։ Մեր www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ պիտի գտնես «Տարեկիցներդ ի՛նչ կ’ըսեն. Աստուծոյ հաւատալ» անունով վիտէոն, որ կրնայ քեզի օգնել (տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ > Պատանիներ)։ Նաեւ կրնաս լաւ ընտրուած համարներ գործածել, ինչպէս՝ Եբրայեցիս 3։4, Հռովմայեցիս 1։20 եւ Սաղմոս 139։14։ Այսպիսի վիտէօներ գործածելով կրնաս հարցումներուն մէկ–մէկ պատասխանել (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15)։
12 Երբ առիթ ունենաս, դասընկերներդ քաջալերէ որ jw.org կայքը աչքէ անցընեն։ Լուքա անունով պատանի մը ասիկա ըրաւ։ Դասարանին մէջ նիւթ կը դառնար տարբեր կրօնքներու մասին, եւ ինք նկատեց որ դասագիրքը սխալ բաներ կ’ըսէր Եհովայի վկաներուն մասին։ Ան արտօնութիւն խնդրեց ուսուցչուհիէն, որ այդ սխալ գաղափարները ճշդէ, հակառակ որ իր ջիղերուն վրայ էր։ Ուսուցչուհին արտօնեց որ ան բացատրէ, թէ ինչի՛ կը հաւատայ։ Լուքան նաեւ մեր կայքը ցուցուց ամբողջ դասարանին։ Ուսուցչուհին բոլոր Քեզի սպառնացողին յաղթէ առանց բռունցքդ գործածելու վիտէոն։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ Լուքան որքա՜ն ուրախ էր, որ Եհովային մասին խօսեցաւ դպրոցին մէջ։
աշակերտներուն պարտականութիւն տուաւ, որ դիտեն13. Ինչո՞ւ պէտք չէ յանձնուինք, երբ դժուարութիւններ ունենանք։
13 Երբ «դժուար ժամանակներ» ունենաս, մի՛ յուսահատիր, հապա՝ շարունակէ ջանք թափել նպատակակէտերուդ հասնելու համար (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ)։ Քաթարինա անունով քոյր մը 17 տարեկան էր, երբ նպատակակէտ դրաւ, որ իր բոլոր գործակիցներուն քարոզէ։ Անոնցմէ մէկը քանի մը անգամ վիրաւորեց զինք, բայց ինք չվախցաւ քարոզելու։ Հանս անունով ուրիշ գործակից մը տպաւորուեցաւ իր լաւ վարքով։ Ան սկսաւ մեր հրատարակութիւնները կարդալ, Սուրբ Գիրքը սերտեց եւ մկրտուեցաւ։ Բայց Քաթարինան բոլոր այս պատահածները չէր գիտեր, քանի որ արդէն փոխադրուած էր։ Երեւակայէ թէ ան որքա՜ն ուրախացաւ, երբ 13 տարի ետք իր ընտանիքին հետ նստած էր Թագաւորութեան սրահին մէջ, եւ Հանսը ներկայացուեցաւ որպէս այցելու դասախօսը։ Ի՜նչ լաւ է որ Քաթարինան վազ չանցաւ իր նպատակակէտէն, որ իր գործակիցներուն քարոզէ։
ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐՈՒԴ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱՑԻ՛Ր
14, 15. ա) Պատանին ի՞նչ պէտք է յիշէ, երբ ուրիշներ ստիպեն որ իրենց ըրածը ընէ։ բ) Պատանին ինչպէ՞ս կրնայ տեղի չտալ ուրիշներուն ճնշումին։
14 Մինչեւ հիմա այս յօդուածը քեզ քաջալերեց, որ որոշես կեդրոնանալ Եհովային ծառայելու եւ հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու վրայ։ Բայց շատ մը պատանիներ կեդրոնացած են լաւ ժամանակ անցընելու վրայ, եւ թերեւս քեզի ալ առաջարկեն որ նոյնը ընես։ Ուշ կամ կանուխ, պէտք պիտի ըլլայ որ ուրիշներուն ցուցնես, թէ քեզի համար որքա՜ն կարեւոր է որ նպատակակէտերուդ հասնիս։ Մի՛ ձգեր որ ուրիշները կեդրոնացումդ խանգարեն։ Եթէ յօդուածին սկիզբը նշուած պասի կայանին մէջ ըլլայիր, պիտի ելլէի՞ր պաս մը որ ուրիշ տեղ կ’երթայ, պարզապէս քանի որ այնպէս կ’երեւի թէ մէջի եղողները լաւ ժամանակ կ’անցընեն։ Անշուշտ ո՛չ։
15 Ի՞նչ կրնաս ընել, որ զօրաւոր մնաս եւ տեղի չտաս ուրիշներուն ճնշումին։ Հեռո՛ւ Առ. 22։3)։ Մտածէ թէ ի՛նչ ցաւալի հետեւանքներ կը կրես, եթէ ուրիշներուն պէս սխալ բաներ ընես (Գաղ. 6։7, 8)։ Եւ խոնարհօրէն ընդունէ որ լաւ խրատի պէտք ունիս։ Մտիկ ըրէ ծնողքիդ եւ ժողովքին մէջ հասուն եղբայրներուն ու քոյրերուն ըսածները (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։5, 6)։
մնացիր այն պարագաներէն, որոնք կրնան փորձութեան մէջ ձգել քեզ (16. Ո՞ր փորձառութիւնը կը ցուցնէ, թէ խոնարհ ըլլալը կարեւոր է։
16 Խոնարհութիւնը օգնեց Քրիստոֆին, որ տրուած լաւ խրատը ընդունի։ Իր մկրտութենէն շատ չանցած, ան սկսաւ մարզանքի հետեւիլ։ Իրեն հետ մարզանք ընողներէն ոմանք զինք քաջալերեցին, որ իրենց ակումբին միանայ։ Ան երէցի մը կարծիքը ուզեց ասոր նկատմամբ։ Երէցը իրմէ խնդրեց որ առաջ որ որոշում առնէ, մտածէ վտանգներուն մասին, ինչպէս՝ մրցակցական ոգիէն ազդուիլ։ Քրիստոֆ որոշեց ակումբին միանալ, բայց ժամանակի ընթացքին անդրադարձաւ, որ այդ մարզանքին մէջ վայրագութիւն կայ եւ վտանգաւոր է։ Ան նորէն խօսեցաւ երէցներուն հետ, եւ բոլորը Սուրբ Գիրքէն խրատ տուին իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան լաւ խրատատուներ ղրկեց ինծի, եւ ես իրեն մտիկ ըրի, չնայած թէ ասիկա ժամանակ առաւ»։ Իսկ դո՞ւն։ Բաւարար խոնա՞րհ ես, որ տրուած լաւ խրատը ընդունիս։
17, 18. ա) Ներկայիս, Եհովան կ’ուզէ որ պատանիները ինչպէ՞ս զգան։ բ) Պատանին ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի ըրած ընտրութիւններուն վրայ չզղջայ երբ մեծնայ. փորձառութիւն մը պատմէ։
17 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ո՛վ երիտասարդ [կամ՝ երիտասարդուհի], քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ» (Ժող. 11։9)։ Եհովան կ’ուզէ որ պատանի տարիքիդ ուրախ ըլլաս։ Այս յօդուածին մէջ տեսար, թէ ուրախ ըլլալու կերպերէն մէկն է՝ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնացած մնալ եւ Եհովային խրատին հետեւիլ ամէն անգամ որ որոշում պիտի առնես։ Որքա՛ն կանուխ սկսիս ասիկա ընել, այնքան կանուխ պիտի զգաս Եհովային առաջնորդութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Մտածէ այն բոլոր լաւ խրատներուն մասին, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնես, եւ գործադրէ այս խրատը. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» (Ժող. 12։1)։
18 Ո՛չ մէկը պատանի կը մնայ, հապա՝ չափահաս կը դառնայ։ Ցաւօք սրտի, շատեր յետագային կը զղջան, որ սխալ նպատակակէտեր դրին, կամ նոյնիսկ ո՛չ մէկ նպատակակէտ դրին։ Բայց եթէ կեդրոնացած մնաս հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ, երբ մեծնաս՝ շատ ուրախ պիտի զգաս ըրած ընտրութիւններովդ։ Օրինակ, երբ Միրիանան պատանուհի էր, շատ վարպետ մարզիկ մըն էր։ Իրմէ խնդրուեցաւ որ մասնակցի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, բայց ան որոշեց Եհովային լիաժամ ծառայել։ Աւելի քան 30 տարի ետք, Միրիանան տակաւին լիաժամ ծառայութեան մէջ է՝ իր ամուսինին հետ։ Ան կը բացատրէ. «Հռչակաւոր ըլլալը, փառքը, դիրքը եւ հարստութիւնը բոլորը անցողական են։ Աստուծոյ ծառայելը եւ ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելը իսկական ու մնայուն նպատակակէտեր են»։
19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնես երբ պատանի ես։
19 Դուք, ո՛վ պատանիներ, որ հակառակ ձեր դժուարութիւններուն կեդրոնացած էք Եհովային ծառայութեան վրայ, իրապէս գովասանքի արժանի էք։ Դուք հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնէք եւ քարոզչութիւնը ամէնէն կարեւոր բաներէն կը սեպէք։ Ասկէ զատ, առիթ չէք տար որ այս աշխարհը ձեր կեդրոնացումը խանգարէ։ Վստահ եղէք, որ ձեր թափած ջանքերը պարապի չեն։ Ունիք քոյրեր ու եղբայրներ, որոնք ձեզ կը սիրեն եւ կ’օգնեն։ Ուրեմն, ‘ձեր գործերը Տէրոջը յանձնեցէք եւ ձեր խորհուրդները պիտի հաստատուին’։