Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

Եհովայի օգնութեամբ չար ոգիներուն դէմ դիր

Եհովայի օգնութեամբ չար ոգիներուն դէմ դիր

«Մեր պատերազմը. . . երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ [է]» (ԵՓ. 6։12

ԵՐԳ 33 Անոնցմէ մի՛ վախնար

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէս որ Եփեսացիս 6։10-13–ը ցոյց կու տայ, ի՞նչ է կերպ մը, որով Եհովան մեզի հանդէպ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ. բացատրէ։

ԱՄԷՆԷՆ սրտապնդիչ կերպերէն մէկը, որով Եհովան մեզի հանդէպ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ, այն է որ կ’օգնէ մեր թշնամիներուն դէմ դնելու։ Մեր գլխաւոր թշնամիներն են՝ Սատանան եւ իր դեւերը։ Եհովան մեզ կը զգուշացնէ այս թշնամիներուն մասին եւ մեզի պէտք եղած օգնութիւնը կու տայ, որ անոնց դէմ դնենք (կարդա՛ Եփեսացիս 6։10-13)։ Երբ Եհովայի օգնութիւնը ընդունինք եւ իրեն լիովին վստահինք, կրնանք յաջողութեամբ Սատանային հակառակ կենալ։ Մենք կրնանք նոյն վստահութիւնը ունենալ, որ Պօղոս առաքեալ ունէր, որ գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռով. 8։31

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք չափէ դուրս չենք հետաքրքրուած Սատանայով եւ դեւերով, հապա գլխաւորաբար կը կեդրոնանանք Եհովայի մասին սորվելու եւ իրեն ծառայելու վրայ (Սաղ. 25։5)։ Սակայն պէ՛տք է գիտնանք Սատանային ըրածներուն մասին։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի չկարենայ մեզ խաբել (Բ. Կոր. 2։11)։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք գլխաւոր կերպ մը, որով Սատանան եւ դեւերը կը փորձեն մարդիկը մոլորեցնել։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաջողութեամբ անոնց դէմ դնել։

ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՐԴԻԿԸ ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԵՆ

3-4. ա) Ի՞նչ է ոգեհարցութիւնը։ բ) Որքա՞ն շատ մարդիկ ոգեհարցութեան կը հաւատան։

3 Ոգեհարցութիւնը տարածուած կերպ մըն է, որով Սատանան եւ դեւերը կը փորձեն մարդիկը խաբել։ Ոգեհարցները կ’ըսեն թէ գիտեն կամ կրնան ընել բաներ, որոնք մարդիկ ընդհանրապէս չեն գիտեր կամ չեն կրնար ընել։ Օրինակ, ոմանք կ’ըսեն որ կարողութիւն ունին ապագան գիտնալու՝ գուշակութիւն կամ աստղաբաշխութիւն գործածելով։ Իսկ ուրիշներ կը ձգեն որ մարդիկ հաւատան թէ իրենք մեռելներուն հետ կը խօսին։ Ոմանք ալ վհուկութիւն կամ կախարդութիւն կ’ընեն, եւ թերեւս փորձեն անհատի մը դէմ թուղթ ընել *։

4 Որքա՞ն շատ մարդիկ կը հաւատան ոգեհարցութեան։ Փորձագիտանք մը, որ եղաւ 18 երկիրներու մէջ՝ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան երկիրներու մէջ, մէջտեղ հանեց որ ժողովուրդին մէկ երրորդը կը հաւատայ մոգութեան, վհուկութեան կամ կախարդութեան, ինչպէս նաեւ՝ թէ կարելի է ոգիներուն հետ կապի մէջ մտնել։ Ուրիշ փորձագիտանք մը կատարուեցաւ Ափրիկէի 18 երկիրներու մէջ։ Հոն, միջին հաշուով մարդոց աւելի քան կէսը վհուկութեան կը հաւատայ։ Անշուշտ, ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք, ոգեհարցութենէն պէտք է զգուշանանք։ Ի վերջոյ, Սատանան կը ջանայ ‘բոլոր աշխարհը մոլորեցնել’ (Յայտ. 12։9

5. Եհովան ոգեհարցութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։

5 Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է (Սաղ. 31։5)։ Ուստի ոգեհարցութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։ Զայն կ’ատէ։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ» (Բ. Օր. 18։10-12)։ Ճիշդ է որ մենք Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, որ Եհովան իսրայէլացիներուն տուաւ, սակայն գիտենք որ ոգեհարցութեան նկատմամբ Եհովային զգացումները չեն փոխուած (Մաղ. 3։6

6. ա) Սատանան ինչպէ՞ս ոգեհարցութիւնը կը գործածէ, որ մարդոց վնաս հասցնէ։ բ) Ժողովող 9։5–ի համաձայն, մեռելներուն վիճակին մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է։

6 Եհովան մեզ կը զգուշացնէ ոգեհարցութենէ, քանի որ գիտէ թէ Սատանան զայն կը գործածէ, որպէսզի մարդոց վնաս հասցնէ։ Սատանան ոգեհարցութիւնը կը գործածէ, որ սուտեր յառաջ մղէ, մէջը ըլլալով այն սուտը, որ մեռելները ուրիշ ծիրի մը մէջ կ’ապրին (կարդա՛ Ժողովող 9։5)։ Ան նաեւ ոգեհարցութիւնը կը գործածէ, որ մարդիկը վախի մէջ պահէ եւ Եհովայէն հեռացնէ։ Իր նպատակն է, որ մարդիկ որոնք ոգեհարցութեան միջամուխ կ’ըլլան, չար ոգիներուն վստահին՝ փոխանակ Եհովային վստահելու։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԿԸ ԴՆԵՆՔ

7. Եհովան մեզի ի՞նչ կ’ըսէ։

7 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Եհովան մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է գիտնանք, որպէսզի Սատանայէն եւ դեւերէն չխաբուինք։ Նկատի առ կարգ մը գործնական քայլեր, որ կրնանք առնել, մինչ Սատանային եւ դեւերուն դէմ կը պատերազմինք։

8. ա) Չար ոգիներուն դէմ դնելու գլխաւոր կերպը ի՞նչ է։ բ) Սաղմոս 146։4–ը ինչպէ՞ս մեռելներուն մասին Սատանային սուտը կը քօղազերծէ։

8 Աստուծոյ Խօսքը կարդա՛ եւ խոկա՛։ Ասիկա գլխաւոր կերպն է չար ոգիներուն յառաջ մղած սուտերը մերժելու։ Աստուծոյ Խօսքը շատ սրած թուրի պէս է, որ կրնայ Սատանային յառաջ մղած սուտերը քանդել (Եփ. 6։17)։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքը երեւան կը հանէ այն սուտը, թէ մեռելները կրնան ապրողներուն հետ կապի մէջ մտնել (կարդա՛ Սաղմոս 146։4)։ Նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ միայն Եհովան կրնայ ճշգրտօրէն ապագան գիտնալ (Եսա. 45։21. 46։10)։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդանք եւ անոր վրայ խոկանք, պատրաստ պիտի ըլլանք մերժելու եւ ատելու այն սուտերը, որոնց չար ոգիները կ’ուզեն որ հաւատանք։

9. Ոգեհարցական ո՞ր սովորութիւններէն հեռու կը կենանք։

9 Մերժէ ընել որեւէ բան, որ կապ ունի ոգեհարցութեան հետ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, բնա՛ւ որեւէ տեսակի ոգեհարցութեան չենք մասնակցիր։ Օրինակ, ոգեմիջնորդներու չենք դիմեր կամ ուրիշ կերպով չենք փորձեր մեռելներուն հետ հաղորդակցիլ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, չենք մասնակցիր թաղման սովորութիւններու, որոնք հիմնուած են այն հաւատալիքին վրայ, որ մեռելները տակաւին տեղ մը կ’ապրին։ Եւ աստղաբաշխութեան կամ բախտագուշակութեան չենք դիմեր ապագան գիտնալու համար (Եսա. 8։19)։ Գիտենք որ այսպիսի սովորութիւններ շա՛տ վտանգաւոր են եւ կրնան մեզ ուղղակի կապի մէջ մտցնել Սատանային եւ դեւերուն հետ։

Ընդօրինակէ առաջին դարու քրիստոնեաները, ձերբազատուելով որեւէ բանէ, որ գերբնական ուժերու հետ կապ ունի, եւ մերժելով ոգեհարցական ժամանցները (տե՛ս պարբերութիւն 10-12)

10-11. ա) Առաջին դարուն, ոմանք ի՞նչ ըրին երբ ճշմարտութիւնը գիտցան։ բ) Ա. Կորնթացիս 10։21–ի համաձայն, նախկին քրիստոնեաներուն օրինակին ինչո՞ւ պէտք է հետեւինք եւ ինչպէ՞ս։

10 Գերբնական ուժերուն առնչուող իրերէ ձերբազատուէ։ Առաջին դարուն, Եփեսոսի բնակիչներէն ոմանք ոգեհարցութեամբ կը զբաղէին։ Երբ ճշմարտութիւնը գիտցան, անմիջապէս գործի անցան։ «Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին» (Գործք 19։19)։ Այս մարդիկը իրենց ամէն ջանքը ըրին, որ չար ոգիներուն դէմ դնեն։ Կախարդութեան վերաբերեալ իրենց գիրքերը սուղ էին։ Բայց փոխանակ այդ գիրքերը ուրիշներուն տալու կամ ծախելու, զանոնք բնաջնջեցին։ Անոնք աւելի՛ հետաքրքրուած էին Եհովան հաճեցնելով, քան այդ գիրքերուն արժէքով։

11 Ինչպէ՞ս կրնանք առաջին դարու այդ քրիստոնեաները ընդօրինակել։ Իմաստութիւն է ձերբազատուիլ որեւէ բանէ, որ գերբնական ուժերու հետ կապ ունի։ Ատիկա կը պարփակէ հմայեակներ կամ ուրիշ իրեր, որոնք մարդիկ կը կրեն կամ ունին, փորձելով իրենք զիրենք պաշտպանել չար ոգիներէն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։21

12. Մեր ժամանցին առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք։

12 Ժամանցդ ուշադրութեամբ քննէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կը կարդա՞մ կախարդութեան հետ կապ ունեցող գիրքեր, պարբերաթերթեր կամ առցանց յօդուածներ։ Իսկ ի՞նչ կրնամ ըսել երաժշտութեան մասին, որ մտիկ կ’ընեմ, ֆիլմերու եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու մասին, որ կը դիտեմ, կամ տեսաերիզի խաղերու մասին, որ կը խաղամ։ Ընտրած ժամանցիս մէջ ոգեհարցական բան մը կա՞յ։ Օրինակ, վամպիրներ, զոմպիներ կամ գերբնական բաներ կա՞ն։ Ժամանցս մոգութիւնը, հմայեակները կամ անէծքները կը ցուցնէ՞ որպէս անվնաս զուարճութիւն’։ Անշուշտ, բոլոր երեւակայական պատմութիւնները կամ հեքիաթները անպայմանօրէն ոգեհարցական չեն։ Ժամանցդ քննած ատեն, վճռէ՛ ընտրել բաներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ հեռու մնաս որեւէ բանէ որ Եհովան կ’ատէ։ Կ’ուզենք մեր լաւագոյնը ընել ‘մաքուր խղճմտանք ունենալու’ Աստուծոյ առջեւ (Գործք 24։16) *։

13. Ի՞նչ պէտք չէ ընենք։

13 Դեւերուն մասին պատմութիւններ մի՛ պատմեր։ Այս առնչութեամբ, կ’ուզենք Յիսուսին օրինակին հետեւիլ (Ա. Պետ. 2։21)։ Երկիր գալէ առաջ, ան երկնքի մէջ ըլլալով շա՜տ բան գիտէր Սատանային եւ դեւերուն մասին։ Բայց մարդոց պատմութիւններ չպատմեց անոնց ըրածներուն մասին։ Ան ուզեց սորվեցնել Եհովայի՛ն մասին եւ ոչ թէ Սատանային մասին։ Մենք կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել, չտարածելով պատմութիւններ դեւերուն ըրածներուն մասին։ Փոխարէն, մեր խօսքերով ցոյց կու տանք, որ մեր սիրտը ճշմարտութիւնով բորբոքած է (Սաղ. 45։1

Չար ոգիներէն բնա՛ւ պէտք չունինք վախնալու։ Եհովան, Յիսուսը եւ հրեշտակները շա՜տ աւելի զօրաւոր են (տե՛ս պարբերութիւն 14-15) *

14-15. ա) Ինչո՞ւ չար ոգիներէն պէտք չէ սարսափինք։ բ) Ի՞նչ ապացոյց կայ, որ Եհովան ներկայիս իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ։

14 Չար ոգիներէն մի՛ սարսափիր։ Այս անկատար աշխարհին մէջ, գէշ բաներ կրնա՛ն պատահիլ մեզի։ Կրնանք անակնկալօրէն արկածի հանդիպիլ, հիւանդանալ կամ նոյնիսկ մէկը կորսնցնել։ Պէտք չէ մտածենք որ ոգիներն են պատճառը։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ «ժամանակ ու դիպուած» կրնայ պատահիլ ոեւէ մէկու (Ժող. 9։11)։ Իսկ գալով դեւերուն, Եհովան ցոյց տուած է, որ անոնցմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Օրինակ, ան չձգեց որ Սատանան Յոբը մեռցնէ (Յոբ 2։6)։ Մովսէսի օրերուն, Եհովան ցոյց տուաւ որ աւելի զօրաւոր է քան Եգիպտոսի մոգերը (Ել. 8։18. 9։11)։ Յետագային երկինքի մէջ, Եհովան Յիսուսին հեղինակութիւն տուաւ Սատանային եւ դեւերուն վրայ, որուն առ ի արդիւնք Յիսուս զանոնք երկինքէն վար նետեց։ Իսկ մօտ ապագային, անոնք անդունդը պիտի նետուին, ուր այլեւս պիտի չկարենան մէկու մը վնաս հասցնել (Յայտ. 12։9. 20։2, 3

15 Բաւական ապացոյց ունինք որ Եհովան ներկայիս իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ։ Մտածէ այս կէտին մասին. մենք ճշմարտութիւնը կը քարոզենք եւ կը սորվեցնենք աշխարհի չորս կողմը (Մատ. 28։19, 20)։ Առ ի արդիւնք, Սատանային չար գործերը կը քօղազերծենք։ Վստահաբար, եթէ ան կարող ըլլար մեր գործունէութիւնը կեցնել, պիտի կեցնէր։ Ուստի պէտք չունինք չար ոգիներէն սարսափելու։ Գիտենք որ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9)։ Եթէ Եհովային հաւատարիմ ենք, դեւերը չեն կրնար մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆՈՂՆԵՐԸ Կ’ՕՐՀՆՈՒԻՆ

16-17. Օրինակով ցոյց տուր, թէ իրապէս քաջութիւն կը պահանջէ չար ոգիներուն դէմ դնելը։

16 Մեզմէ քաջութիւն կը պահանջէ, որ չար ոգիներուն դէմ դնենք, մանաւանդ երբ բարի դիտումով բարեկամներ կամ ազգականներ մեզի հակառակին։ Բայց Եհովան կ’օրհնէ անոնք՝ որոնք այս տեսակ քաջութիւն ցոյց կու տան։ Նկատի առ Էրիքա անունով քրոջ մը օրինակը, որ Կանայի մէջ կ’ապրի։ Ան 21 տարեկան էր, երբ ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։ Կախարդ քահանայի մը աղջիկը ըլլալով, իրմէ կ’ակնկալուէր որ ուտէր այն միսէն, որ կը ներկայացուէր իր հօր աստուածներուն՝ ոգեհարցական ծէսի մը ատեն։ Երբ Էրիքան մերժեց այդ սովորութեան մասնակցիլ, իր ընտանիքը ասիկա աստուածներուն անարգանք սեպեց։ Ընտանիքը կը հաւատար թէ աստուածները զիրենք պիտի պատժէին մտային եւ ֆիզիքական հիւանդութիւններով։

17 Էրիքային ընտանիքը փորձեց զինք ստիպել որ այդ սովորութեան հետեւի, բայց ան մերժեց, թէեւ ասիկա նշանակեց իր տունը ձգել–երթալ։ Կարգ մը Վկաներ սիրայօժար կերպով զինք իրենց տունը ընդունեցին։ Այսպէս, Եհովան օրհնեց Էրիքան՝ իրեն նոր ընտանիք տալով,– հաւատակիցներ, որոնք իրեն եղբայրներու եւ քոյրերու պէս եղան (Մար. 10։29, 30)։ Թէեւ իր ազգականները զինք ուրացան եւ նոյնիսկ իր ապրանքները այրեցին, բայց Էրիքան Եհովային հաւատարիմ մնաց, մկրտուեցաւ եւ հիմա կանոնաւոր ռահվիրայ է։ Ան դեւերէն չի սարսափիր։ Իսկ իր ընտանիքին մասին Էրիքան կ’ըսէ. «Օրական կ’աղօթեմ, որ ընտանիքս վայելէ Եհովան ճանչնալու ուրախութիւնը եւ այն ազատութիւնը, որ յառաջ կու գայ մեր սիրալիր Աստուծոյ ծառայելէն»։

18. Եհովային վստահելով ինչպէ՞ս կ’օրհնուինք։

18 Բոլորիս հաւատքը այս կերպով պիտի չփորձուի։ Սակայն, բոլորս պէտք է չար ոգիներուն դէմ դնենք եւ Եհովային վստահինք։ Եթէ այդպէս ընենք, պիտի օրհնուինք եւ Սատանային սուտերէն պիտի չխաբուինք։ Նաեւ դեւերէն պիտի չսարսափինք։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը պիտի զօրացնենք։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։7, 8

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

^ պարբ. 5 Եհովան սիրալիրօրէն մեզ զգուշացուցած է չար հոգեղէն արարածներուն մասին եւ այն վնասին մասին, որ կրնան հասցնել մեզի։ Չար հոգեղէն արարածները ինչպէ՞ս կը փորձեն մարդիկը մոլորեցնել։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ անոնց դէմ դնենք։ Յօդուածը պիտի քննարկէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ որ անոնցմէ չխաբուինք։

^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Ոգեհարցութիւնը ոգիներու հետ կապի մէջ մտնելն է եւ կ’ակնարկէ դեւերուն հետ առնչուող հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու։ Անիկա կը պարփակէ այն հաւատալիքը, թէ մեռելին ոգին մահէն ետք մարմինէն դուրս կ’ելլէ ու կը շարունակէ ապրիլ եւ կը հաղորդակցի ապրողներուն հետ, մասնաւորաբար ոգեմիջնորդի միջոցաւ։ Ոգեհարցութիւնը նաեւ կը պարփակէ վհուկութիւն եւ գուշակութիւն։ Իսկ մոգութիւնը կ’ակնարկէ գերմարդկային ուժերու հետ կապ ունեցող սովորութիւններու։ Ատիկա կը պարփակէ անիծել, մէկու մը դէմ թուղթ գրել կամ գրուած թուղթը քակել։

^ պարբ. 12 Երէցները իրաւասութիւն չունին ժամանցի նկատմամբ կանոններ դնելու, հապա իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած իր խղճմտանքը գործածէ, երբ կ’ընտրէ թէ ի՛նչ պիտի կարդայ, դիտէ կամ խաղայ։ Իմաստուն ամուսիններ եւ հայրեր վստահ կ’ըլլան որ իրենց ընտանիքին ժամանցը Աստուածաշունչին սկզբունքներուն հետ համաձայն է (տե՛ս www.pr418.com/hyw կայքին մէջ «Եհովայի վկաները արգելքի տակ դրա՞ծ են որոշ ֆիլմեր, գիրքեր կամ երգեր» յօդուածը, բանալով ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ > ՅԱՃԱԽ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ > ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ)։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս՝ մեր երկնային զօրաւոր Թագաւորը, հրեշտակներու զօրք մը կ’առաջնորդէ։