Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14

Ծառայութիւնդ ամբողջովին կը կատարե՞ս

Ծառայութիւնդ ամբողջովին կը կատարե՞ս

«Աւետարանիչի գործը ըրէ՛, ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարէ՛» (Բ. ՏԻՄ. 4։5, ՆԱ

ԵՐԳ 142 Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ժողվուեցաւ եւ անոնց ուղղութիւն տուաւ, ըսելով. «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք» (տե՛ս պարբերութիւն 1)

1. Աստուծոյ բոլոր ծառաները ի՞նչ կ’ուզեն ընել եւ ինչո՞ւ (տե՛ս կողքին նկարը)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԻՍՈՒՍ իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ երթան եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեն (Մատ. 28։19)։ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաները կ’ուզեն գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնան ամբողջովին կատարել իրենց յանձնարարուած այս ծառայութիւնը (Բ. Տիմ. 4։5)։ Ի վերջոյ, այս գործը ամէնէն կարեւոր, արժէքաւոր եւ հրատապ գործն է։ Սակայն թերեւս դժուարութիւն ունինք՝ մեր ուզած չափով ծառայութեան ժամանակ տրամադրելու։

2. Ի՞նչ պարագաներ կրնան դժուարացնել մեր ծառայութիւնը կատարելը։

2 Ուրիշ կարեւոր գործունէութիւններ ունինք, որոնք մեր ժամանակը եւ ուժը կը սպառեն։ Թերեւս օրական երկա՜ր ժամեր պէտք է աշխատինք, որպէսզի բաւարար դրամ շահելով կարենանք մեր եւ մեր ընտանիքին պէտքերը հոգալ։ Թերեւս ընտանեկան ուրիշ պատասխանատուութիւններ ունինք, հիւանդ կամ ընկճուած ենք, կամ տարեց ըլլալով որոշ խնդիրներէ կը տառապինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս տեսակ դժուար պարագաներ ունենալով հանդերձ մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել։

3. Մատթէոս 13։23–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։

3 Չվհատի՛նք եթէ մեր պարագաները պատճառ կը դառնան, որ քիչ ժամանակ տրամադրենք Եհովայի ծառայութեան։ Յիսուս գիտէ՛ր որ բոլորս պիտի չկարենանք նոյն չափով Թագաւորութեան պտուղ բերել, այսինքն՝ նոյնքան ժամանակ եւ ոյժ տրամադրել բարի լուրը քարոզելուն (կարդա՛ Մատթէոս 13։23)։ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ ամէն բան որ կ’ընենք իր ծառայութեան մէջ, այնքան ատեն որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք (Եբ. 6։10-12)։ Անդին, թերեւս զգանք որ մեր պարագաները կը ներեն աւելին ընելու։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, մեր կեանքը պարզ պահել ու քարոզելու եւ սորվեցնելու մեր հմտութիւնները բարելաւել։ Բայց նա՛խ տեսնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել։

4. Ի՞նչ կը նշանակէ մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել։

4 Պարզ խօսքերով, մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարելու համար, պէտք է մեր կրցածին չափ շատ քարոզենք եւ սորվեցնենք։ Բայց տրամադրուած ժամերէն զատ, Եհովային համար կարեւոր է թէ ի՛նչ մղումով կը քարոզենք։ Եհովային եւ մեր ընկերին հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ, որ մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը սրտանց կատարենք (Մար. 12։30, 31. Կող. 3։23) *։ Սրտանց Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ՝ մեր զօրութիւնը եւ կորովը առաւելագոյն կերպով գործածել իր ծառայութեան մէջ։ Երբ այս առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք, կը ջանանք բարի լուրին մասին խօսիլ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։

5-6. Քիչ ժամանակ ունեցող անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել. բացատրէ։

5 Հետեւեալը երեւակայէ. երիտասարդ մը շատ կը սիրէ կիթառ նուագել, եւ կը նուագէ երբոր կրնայ։ Օր մը գործ կը ստանայ, որ շաբաթավերջերուն նուագէ սրճարանի մը մէջ։ Սակայն գանձած գումարը բաւարար չէ իր ծախսերը գոցելու։ Անոր համար երկուշաբթիէն ուրբաթ նպարախանութի մը մէջ կ’աշխատի որպէս գանձապահ։ Ճիշդ է որ իր ժամանակին մեծ մասը նպարախանութին մէջ կ’անցընէ, բայց երաժշտութիւնը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի։ Շա՜տ կ’ուզէ նուագելու իր հմտութիւնը բարելաւել եւ լման ժամանակով երաժիշտ ըլլալ։ Մինչ այդ, ամէն առիթ կը փնտռէ, նոյնիսկ կարճ պահեր, որպէսզի նուագէ։

6 Նոյնպէս դուն, թերեւս չես կրնար քարոզչութեան շատ ժամեր տրամադրել, բայց շա՜տ կը սիրես քարոզել։ Կը ջանաս ա՛լ աւելի հմուտ դառնալ բարի լուրը մարդոց սրտին հասցնելու մէջ։ Որովհետեւ շատ բաներու պէտք է հոգ տանիս, թերեւս հարց տաս թէ ինչպէ՛ս կրնաս քարոզչութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՆԵԼ

7-8. Ծառայութեան հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել։

7 Յիսուս շա՜տ աղուոր օրինակ հանդիսացաւ՝ ծառայութեան հանդէպ իր ունեցած կեցուածքով։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլը ամէնէն կարեւոր բանն էր իրեն համար (Յովհ. 4։34, 35)։ Ան հարիւրաւոր քիլոմեթրներ քալեց, որպէսզի կարելի եղածին չափ շա՜տ մարդոց քարոզէ։ Ամէն առիթ օգտագործեց, որ մարդոց խօսի՝ իրենց տուներուն մէջ կամ որեւէ տեղ։ Իրապէս, Յիսուսին ամբողջ կեանքը ծառայութեան շուրջ կը դառնար։

8 Մենք կրնանք Քրիստոսը ընդօրինակել՝ առիթներ ստեղծելով, որ բարի լուրին մասին մարդոց խօսինք ո՛ւր որ եւ ե՛րբ որ կարելի է։ Պատրաստ ենք մեր անձնական հանգիստը զոհելու, որպէսզի քարոզչութեան մասնակցինք (Մար. 6։31-34. Ա. Պետ. 2։21)։ Ժողովքին մէջ ոմանք մասնաւոր, կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրաներ կ’ըլլան։ Ուրիշներ սորված են օտար լեզու մը խօսիլ կամ փոխադրուած են շրջան մը, ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Սակայն, պարզ հրատարակիչներն են, որոնք քարոզչութեան մեծ մասը կը կատարեն՝ իրենց լաւագոյնը ընելով։ Պարագան ինչ որ ալ ըլլայ, Եհովան մեզմէ չի պահանջեր բան մը, որ մեր կարողութենէն վեր է։ Կ’ուզէ որ բոլորս ալ մեր սուրբ ծառայութենէն հաճոյք առնենք, մինչ «երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարան»ը կը ծանուցանենք (Ա. Տիմ. 1։11. Բ. Օր. 30։11

9. ա) Պօղոս ինչպէ՞ս քարոզչութիւնը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ, հակառակ անոր որ ստիպուեցաւ աշխատիլ։ բ) Գործք 28։16, 30, 31–ը ի՞նչ կը յայտնէ ծառայութեան հանդէպ Պօղոսի կեցուածքին մասին։

9 Պօղոս առաքեալ լաւ օրինակ հանդիսացաւ՝ ծառայութիւնը իր կեանքին ամէնէն կարեւոր գործունէութիւնը դարձնելով։ Իր միսիոնարական երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին, երբ Կորնթոսի մէջ էր, իր դրամը պակսեցաւ եւ ստիպուեցաւ որոշ ժամանակ վրաններ շինել։ Սակայն, Պօղոսին համար վրանագործութիւնը ամենակարեւոր բանը չէր։ Ան այս գործը ըրաւ, որպէսզի կարենար իր ծառայութիւնը շարունակել՝ առանց կորնթացիներուն ծախսի դուռ բանալու (Բ. Կոր. 11։7)։ Թէեւ Պօղոս ստիպուեցաւ աշխատիլ, բայց ան շարունակեց ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել, եւ ամէն Շաբաթ կը քարոզէր։ Երբ իր պարագաները բարելաւուեցան, Պօղոս կրցաւ աւելի կեդրոնանալ քարոզչութեան վրայ։ Ան շատ զբաղած էր ‘վկայութիւնով Հրեաները համոզելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է’ (Գործք 18։3-5. Բ. Կոր. 11։9)։ Յետագային, երբ ան Հռոմի մէջ երկու տարի իր տան մէջ բանտարկուած էր, նամակներ գրեց եւ իրեն այցելող անհատներուն քարոզեց (կարդա՛ Գործք 28։16, 30, 31)։ Պօղոս վճռած էր թոյլ չտալ, որ որեւէ բան իր ծառայութեան արգելք ըլլայ։ Ան նշեց թէ քանի որ այս ծառայութիւնը ունինք, «չենք յոգնիր» կամ չենք յանձնուիր (Բ. Կոր. 4։1, ՆԹ)։ Պօղոսին պէս, նոյնիսկ եթէ պէտք է երկար ժամեր աշխատինք, տակաւին կրնա՛նք Թագաւորութեան գործը մեր կեանքին ամենակարեւոր գործունէութիւնը դարձնել։

Շատ մը կերպերով կրնանք մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել (տե՛ս պարբերութիւն 10-11)

10-11. Եթէ առողջապահական խնդիրներ ունինք, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել։

10 Եթէ մեր ուզած չափով չենք կրնար մասնակցիլ դռնէ–դուռ ծառայութեան, քանի որ տարեց ենք կամ առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունինք, կրնանք ուրիշ կերպերով ծառայել։ Առաջին դարու քարոզիչները մարդոց կը քարոզէին, ո՛ւր որ ալ անոնք գտնուէին։ Անոնք ամէն առիթ օգտագործելով ճշմարտութեան մասին կը խօսէին, ծառայելով՝ տունէ տուն, հանրապէս կամ անպաշտօն կերպով (Գործք 17։17. 20։20)։ Եթէ քալելու դժուարութիւն ունինք, կրնանք հանրային վայրի մը մէջ նստիլ եւ անցորդներուն քարոզել։ Կամ, կրնանք անպաշտօն կերպով վկայել, նամակներ գրել կամ հեռաձայնով վկայել։ Սահմանափակումներ ունեցող շատ մը հրատարակիչներ կ’ուրախանան եւ գոհունակ կը զգան, երբ այս կերպերով քարոզչութեան կը մասնակցին։

11 Հակառակ առողջապահական խնդիրներուդ, կրնա՛ս ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարել։ Անգամ մը եւս նկատի առ Պօղոս առաքեալին օրինակը։ Ան ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13)։ Պօղոս զօրանալու պէտք ունեցաւ, երբ հիւանդացաւ իր միսիոնարական ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին։ Ան գաղատացիներուն բացատրեց. «Առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի» (Գաղ. 4։13)։ Նմանապէս, առողջապահական խնդիրներդ կրնան քեզի առիթներ տալ, որ բարի լուրը քարոզես ուրիշներու, ինչպէս՝ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ անոնց, որոնք քեզի հոգ կը տանին։ Անոնցմէ շատեր գործի կ’ըլլան, երբ հրատարակիչները անոնց դուռը կը զարնեն։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԿԵԱՆՔԴ ՊԱՐԶ ՊԱՀԵԼ

12. Ի՞նչ կը նշանակէ մեր աչքը «պարզ» պահել։

12 Յիսուս ըսաւ. «Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ» (Մատ. 6։22)։ Ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան ըսել ուզեց որ պէտք է կեդրոնացած մնանք մէկ նպատակակէտի վրայ եւ անկէ չշեղինք։ Յիսուս ի՛նք մեզի օրինակ եղաւ՝ իր կեանքը կեդրոնացնելով ծառայութեան վրայ, եւ իր աշակերտներուն սորվեցուց որ կեդրոնացած մնան Եհովային ծառայելու վրայ եւ Թագաւորութեան վրայ։ Մենք Յիսուսը կ’ընդօրինակենք՝ ապրելով կեանք մը, որ կը կեդրոնանայ քրիստոնէական ծառայութեան վրայ, ‘առաջ խնդրելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’ (Մատ. 6։33

13. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ մեր ծառայութեան վրայ կեդրոնանանք։

13 Ծառայութեան վրայ կեդրոնանալու կերպերէն մէկն է՝ մեր կեանքը պարզացնել, որպէսզի կարենանք աւելի ժամանակ տրամադրել ուրիշներուն օգնելու, որ Եհովան ճանչնան եւ սիրեն *։ Օրինակ, թերեւս կրնանք մեր աշխատանքի ժամերը փոփոխութեան ենթարկել, որպէսզի կարենանք շաբթուան ընթացքին աւելի ժամանակ տրամադրել քարոզչութեան։ Նաեւ, կրնանք կարգ մը ժամանցներ թեթեւցնել, որոնք շատ ժամանակ կը սպառեն։

14. Զոյգ մը իրենց կեանքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրին, որպէսզի ծառայութեան աւելի ժամանակ տան եւ ուշադրութիւն ընծայեն։

14 Էլիաս անունով երէց մը եւ իր կինը ճիշդ ասիկա ըրին։ Եղբայրը կը բացատրէ. «Թէեւ ռահվիրայութեան չէինք կրնար անմիջապէս սկսիլ, բայց կային բաներ, որոնք կրնայինք ընել, որպէսզի աւելի ժամանակ տայինք քարոզչութեան։ Ուստի պզտիկ–պզտիկ քայլեր առինք, որ ծառայութեան մեր յատկացուցած ժամերը աւելցնենք։ Օրինակ, սկսանք մեր ծախսերը նուազեցնել, կարգ մը ժամանցներէ ետ կեցանք, եւ գործատէրերէն խնդրեցինք մեր գործի յայտագիրը փոխել։ Առ ի արդիւնք, կրցանք երեկոները քարոզել, աւելի Աստուածաշունչի դասեր վարել եւ նոյնիսկ շաբթուան մէջ ծառայել ամիսը երկու անգամ։ Ասիկա մեզ շա՜տ ուրախացուց»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ԵՒ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ

Եթէ միջշաբաթային ժողովին ընթացքին մեր սորվածները գործադրենք, պիտի շարունակենք մեր ծառայութեան մէջ յառաջդիմել (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15-16. Ա. Տիմոթէոս 4։13, 15–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք որպէս քարոզիչներ մեր հմտութիւնները շարունակ բարելաւել (տե՛ս նաեւ « Նպատակակէտեր՝ որոնք կ’օգնեն ծառայութիւնս ամբողջովին կատարելու» շրջանակը)։

15 Մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարելու ուրիշ կերպ մըն է՝ քարոզելու մեր հմտութիւնները բարելաւել։ Կարգ մը արհեստներու մէջ, անհատը պէտք է շարունակ մարզում ստանայ, որպէսզի իր գիտութիւնը աւելցնէ եւ հմտութիւնները բարելաւէ։ Նոյնն է պարագան Թագաւորութեան քարոզիչներուն։ Պէտք է շարունակենք սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ծառայութեան մէջ աւելի հմուտ ըլլալ (Առ. 1։5. կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։13, 15

16 Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել ծառայութեան մէջ յառաջդիմել։ Ուշադրութիւն ընծայելով այն ուղղութիւններուն, որոնք կը ստանանք «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին ընթացքին։ Այս ժողովը գործնական մարզում կու տայ մեզի, որ դաշտի ծառայութեան մեր հմտութիւնները շարունակաբար բարելաւենք։ Օրինակ, երբ ատենապետը խրատ կու տայ աշակերտական նշանակումներ ներկայացնողներուն, կրնանք խրատէն որոշ կէտ մը գործադրել մեր ծառայութեան մէջ։ Մեր դաշտի ծառայութեան խումբի տեսուչէն կրնանք խնդրել որ մեզի օգնէ, կամ կրնանք ծառայել իրեն հետ կամ փորձառու հրատարակիչի, ռահվիրայի կամ շրջանային տեսուչին հետ։ Մինչ հմտօրէն կը գործածենք «Ուսուցանելու գործիքներու տուփ»ին մէջի ամէն մէկ գործիքը, քարոզելէն եւ սորվեցնելէն ա՛լ աւելի հաճոյք պիտի առնենք։

17. Երբ ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարես, ի՞նչ պիտի զգաս։

17 Մեզի համար մե՜ծ առանձնաշնորհում է, որ Եհովան թոյլ կու տայ որ իր «գործակից»ները ըլլանք (Ա. Կոր. 3։9)։ Երբ գիտնաս թէ աւելի կարեւոր բաները ի՛նչ են եւ կեդրոնանաս քրիստոնէական ծառայութեան վրայ, ուրախութեամբ Եհովային պիտի ծառայես (Փլպ. 1։10. Սաղ. 100։2)։ Աստուծոյ ծառաներէն մէկը ըլլալով, կրնաս վստահ ըլլալ թէ ան քեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարես, ի՛նչ դժուարութիւններ կամ սահմանափակումներ ալ ունենաս (Բ. Կոր. 4։1, 7. 6։4)։ Եթէ պարագաներդ կը ներեն որ քիչ կամ շատ քարոզես, կրնա՛ս ուրախանալու պատճառ ունենալ, երբ ծառայութեան սրտանց կը մասնակցիս (Գաղ. 6։4)։ Ծառայութիւնդ ամբողջովին կատարելով՝ ցոյց կու տաս որ կը սիրես Եհովան եւ ընկերդ։ «Այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։16

ԵՐԳ 141 Խաղաղասէր մարդիկը փնտռենք

^ պարբ. 5 Յիսուս մեզի պատուիրած է որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք եւ աշակերտենք։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել, նոյնիսկ եթէ դժուար պարագաներէ կ’անցնինք։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի լաւ քարոզիչներ դառնալ եւ քարոզչութենէն աւելի հաճոյք առնել։

^ պարբ. 4 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը կը պարփակէ՝ քարոզել ու սորվեցնել, աստուածպետական համալիրներ շինել ու պահպանել, եւ աղէտէ տուժածներու օգնել (Բ. Կոր. 5։18, 19. 8։4

^ պարբ. 13 Տե՛ս «Կեանքդ պարզացնելու կերպեր» շրջանակը, Դիտարան–ի յուլիս 2016 թիւին մէջ, էջ 10։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը միջշաբաթային ժողովին ընթացքին վերայցելութիւն մը կը ցուցադրէ։ Ետքը, երբ ժողովին ատենապետը խրատ կու տայ, քոյրը նոթեր կ’առնէ Կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկին մէջ։ Իսկ շաբաթավերջին, ժողովին մէջ իր սորվածը դաշտի ծառայութեան մէջ կը գործածէ։