Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16

Մահուան մասին ճշմարտութիւնը ամուր բռնէ

Մահուան մասին ճշմարտութիւնը ամուր բռնէ

«Մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն» (Ա. ՏԻՄ. 4։1

ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Փոխանակ Աստուած չհաճեցնող սովորութիւններու մասնակցելու, ազգականներդ մխիթարէ երբ սիրելի մը կորսնցնեն (տե՛ս պարբերութիւն 1-2) *

1-2. ա) Սատանան ինչպէ՞ս մարդիկը խաբած է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ՍԱՏԱՆԱՆ՝ ‘ստութեան հայրը’, մարդիկը խաբած է Ադամի ու Եւայի օրերէն ի վեր (Յովհ. 8։44)։ Ան մահուան եւ յետմահու կեանքի մասին սուտ ուսուցումներ յառաջ բերած է, որոնց վրայ հիմնուած են շատ մը հանրածանօթ սովորութիւններ եւ նախապաշարումներ։ Այս պատճառով, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր ‘պայքարած են հաւատքին համար’, երբ իրենց ընտանիքէն կամ շրջանակէն մէկը մեռած է (Յդ. 3, ԱԾ

2 Եթէ քեզմէ կ’ակնկալուի որ այս տեսակ սովորութիւններու մասնակցիս, ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ մահուան մասին Աստուածաշունչին սորվեցուցածը վեր բռնես ու Սատանային հնարքներուն դէմ դնես (Եփ. 6։11)։ Ինչպէ՞ս կրնաս մխիթարել եւ զօրացնել հաւատակից մը, որ Աստուած չհաճեցնող սովորութեան մը մասնակցելու ճնշումի տակ է։ Այս յօդուածը կը քննարկէ Եհովայի տուած ուղղութիւնը մեզի։ Բայց նա՛խ տեսնենք թէ Աստուածաշունչը մահուան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։

ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

3. Առաջին սուտը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ։

3 Աստուծոյ մտքին մէջ չկար որ մարդիկ մեռնին։ Սակայն յաւիտեան ապրելու համար, Ադամն ու Եւան պէտք էր հնազանդէին Եհովային, որ իրենց տուաւ այս պարզ պատուէրը. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն. 2։16, 17)։ Բայց Սատանան օձի մը միջոցաւ Եւային ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ցաւօք սրտի, Եւան այս սուտին հաւատաց եւ պտուղէն կերաւ։ Ետքը, իր ամուսինն ալ պտուղէն կերաւ (Ծն. 3։4, 6)։ Այսպիսով, մեղքն ու մահը մտան մարդկային ընտանիքին մէջ (Հռով. 5։12

4-5. Սատանան ինչպէ՞ս շարունակած է մարդիկը խաբել։

4 Ադամն ու Եւան մեռան, ճիշդ ինչպէս որ Աստուած ըսած էր։ Բայց Սատանան մահուան մասին սուտ խօսելէ չդադրեցաւ, հապա սկսաւ ուրիշ սուտեր ալ աւելցնել։ Անոնցմէ մէկն է այն ուսուցումը, որ մարմինը կը մեռնի, բայց անմահ հոգի մը կը շարունակէ ապրիլ հոգեղէն ծիրին մէջ։ Մինչեւ օրս բազմաթիւ մարդիկ այդ տեսակ սուտերով կը խաբուին (Ա. Տիմ. 4։1

5 Ինչո՞ւ այսքան շատ մարդիկ կը խաբուին։ Սատանան գիտէ թէ մենք մեռնելու նկատմամբ ի՛նչ կը զգանք, եւ այս տեղեկութիւնը կը գործածէ մեզի դէմ։ Յաւիտեան ապրելու համար ստեղծուած ըլլալով, մենք չենք ուզեր մեռնիլ (Ժող. 3։11)։ Մահը թշնամի կը նկատենք (Ա. Կոր. 15։26

6-7. ա) Սատանան յաջողա՞ծ է մահուան մասին ճշմարտութիւնը մութի մէջ պահել. բացատրէ։ բ) Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ մեռելներէն չվախնանք։

6 Հակառակ Սատանային ջանքերուն, մահուան մասին ճշմարտութիւնը մութի մէջ չէ մնացած։ Իրականութեան մէջ, հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի բազմաթիւ մարդիկ գիտեն եւ ուրիշներուն կը յայտնեն ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեռելներուն վիճակին մասին եւ յարութեան յոյսին մասին (Ժող. 9։5, 10. Գործք 24։15)։ Այս ճշմարտութիւնները մեզ կը մխիթարեն եւ կ’օգնեն որ չվախնանք եւ կասկածներ չունենանք, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մէկը մեռնի։ Օրինակ, մենք չենք վախնար մեռելներէն, ոչ ալ կը վախնանք որ մեր կորսնցուցած սիրելիներուն գէշ բան մը պիտի պատահի։ Գիտենք որ անոնք ողջ չեն եւ մէկու մը վնաս չեն կրնար հասցնել։ Անոնք կարծես խոր քունի մէջ են (Յովհ. 11։11-14)։ Նաեւ գիտենք թէ մեռելները չեն զգար թէ ո՛րքան ժամանակ կ’անցնի։ Անոր համար յարութեան ատեն, նոյնիսկ դարերէ ի վեր մեռնողները անցած ժամանակը պիտի նկատեն վայրկենական, աչքը բանալ–գոցելու պէս։

7 Չե՞ս համաձայնիր թէ մեռելներուն մասին ճշմարտութիւնը յստակ, պարզ եւ տրամաբանական է. Սատանային շփոթեցուցիչ սուտերուն ճիշդ հակառակը։ Այդ սուտերը ոչ միայն մարդիկը կը մոլորեցնեն, հապա նաեւ մեր Ստեղծիչը կը զրպարտեն։ Որպէսզի լիովին հասկնանք թէ Սատանան որքա՛ն մեծ վնաս պատճառած է, պիտի քննարկենք հետեւեալ հարցումները. Սատանային սուտերը ինչպէ՞ս Եհովան զրպարտած են։ Անոնք ինչպէ՞ս Քրիստոսի փրկանքին հանդէպ հաւատքը տկարացուցած են։ Եւ ինչպէ՞ս մարդկութեան վիշտն ու տառապանքը աւելցուցած են։

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՍՈՒՏԵՐԸ ՇԱՏ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԵՆ

8. Ինչպէս որ Երեմիա 19։5–ը ցոյց կու տայ, մեռելներուն մասին Սատանային սուտերը ինչպէ՞ս Եհովան կը զրպարտեն։

8 Մեռելներուն մասին Սատանային սուտերը Եհովան կը զրպարտեն։ Ատոնց մէկ օրինակն է այն սուտ ուսուցումը, որ մեռելները կրակի մէջ կը տանջուին։ Այսպիսի ուսուցումներ ինչպէ՞ս Աստուած կը զրպարտեն։ Անոնք կը ձգեն որ մարդիկ հաւատան, թէ սիրոյ Աստուածը Բանսարկուին դաժան անձնաւորութիւնը ունի (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ասիկա գիտնալով, ի՞նչ կը զգաս։ Իսկ աւելի կարեւորը, Եհովա՛ն ի՞նչ կը զգայ։ Ասիկա վստահաբար զինք կը տխրեցնէ, քանի որ ամէն տեսակ անգթութիւն կ’ատէ (կարդա՛ Երեմիա 19։5

9. Սատանային սուտերը ինչպէ՞ս կը տկարացնեն հաւատքը Քրիստոսի փրկանքին հանդէպ, որ նկարագրուած է Յովհաննէս 3։16 եւ 15։13–ին մէջ։

9 Մահուան մասին Սատանայի սուտերը Քրիստոսի փրկանքին հանդէպ հաւատքը կը տկարացնեն (Մատ. 20։28)։ Սատանայական ուրիշ սուտ մըն է, թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին։ Եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ամէն մարդ յաւիտեան պիտի ապրէր։ Հարկ պիտի չըլլար որ Քրիստոս իր կեանքը որպէս փրկանք տար մեզի համար, յաւիտենական կեանք ունենալու համար։ Յիշէ որ Քրիստոսին զոհը մարդկային ընտանիքին հանդէպ դրսեւորուած սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւնն է (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. 15։13)։ Երեւակայէ թէ Եհովան եւ իր Որդին ի՛նչ կը զգան այն ուսուցումներուն նկատմամբ, որոնք այս անգին պարգեւին արժէքէն կ’իջեցնեն։

10. Մահուան մասին Սատանային սուտերը ինչպէ՞ս մարդկութեան վիշտն ու տառապանքը աւելցուցած են։

10 Սատանային սուտերը մարդկութեան վիշտն ու տառապանքը կ’աւելցնեն։ Երեխայ կորսնցուցած ծնողքի մը երբեմն կ’ըսուի, որ Աստուած երեխան իր քով առաւ՝ երկինքին մէջ հրեշտակ ըլլալու համար։ Սատանայական այս սուտը անոնց ցաւը կը պակսեցնէ՞, թէ ոչ՝ կ’աւելցնէ։ Իսկ դժոխքի ուսուցումը գործածուած է մարդիկ չարչարելը արդարացնելու համար,– մէջը ըլլալով եկեղեցիին վարդապետութեան հակառակողները ցիցի վրայ այրելը։ Սպանական Հաւատաքննութեան մասին խօսող գիրք մը կ’ըսէ, որ այս վայրագութեան պատասխանատու եղողներէն ոմանք թերեւս կը հաւատային, որ հերետիկոսներուն պարզապէս կու տային «դժոխքի յարատեւ կրակին մէջ այրելու համը», որպէսզի նախքան մեռնիլը զղջային եւ այսպէս դժոխքէն փրկուէին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ կը մղուին իրենց մեռած նախահայրերը պաշտելու, պատուելու կամ անոնցմէ օրհնութիւն մը խնդրելու։ Ուրիշներ կ’ուզեն իրենց նախահայրերը հանդարտեցնել, որ զիրենք չպատժեն։ Ցաւօք սրտի, Սատանային սուտերուն վրայ հիմնուած այսպիսի հաւատալիքներ մարդիկը իսկապէս չեն մխիթարեր, հապա կը պատճառեն անտեղի մտահոգութիւն կամ նոյնիսկ վախ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԵԼ

11. Կարգ մը ազգականներ կամ բարեկամներ ինչպէ՞ս կը փորձեն մեզ ճնշել, որ Աստուծոյ Խօսքին չհնազանդինք։

11 Աստուծոյ եւ իր Խօսքին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը զօրացնէ որ Եհովային հնազանդինք, նոյնիսկ երբ բարի դիտումով մեր ազգականները կամ բարեկամները փորձեն մեզ ճնշել, որ մեռելներու վերաբերեալ ոչ–սուրբգրային սովորութիւններու մասնակցինք։ Անոնք թերեւս փորձեն մեզ ամօթով ձգել, ըսելով որ մենք մեռնողը չենք սիրեր կամ չենք յարգեր։ Նաեւ, թերեւս ըսեն որ մեր վարքը պիտի ձգէ որ մեռելը ձեւով մը վնաս հասցնէ ապրողներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ամուր բռնել։ Մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս գործադրել Աստուածաշունչի հետեւեալ սկզբունքները։

12. Մեռելներուն մասին ի՞նչ հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ յստակօրէն սուրբգրային չեն։

12 Վճռէ մերժել ոչ–սուրբգրային հաւատալիքներն ու սովորութիւնները (Բ. Կոր. 6։17)։ Քարայիպեան երկրի մը մէջ, շատեր կը հաւատան որ երբ մէկը մեռնի, իր «ոգին» կրնայ շրջանին մէջ մնալ եւ պատժել անոնք, որոնք իրեն հետ գէշ վարուած էին։ Աղբիւր մը կը նշէ, թէ «ոգին» կրնայ նոյնիսկ «խնդիրներ պատճառել շրջապատին»։ Ափրիկէի մէջ մարդիկ սովորութիւն ունին մեռնողին տան մէջ հայելիները ծածկել եւ իր պատկերները պատին կողմը դարձնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ոմանք կ’ըսեն որ մեռելը պէտք չէ իր անձը տեսնէ։ Եհովայի ծառաներ ըլլալով, մենք անկասկած չենք հաւատար որեւէ առասպելի կամ չենք մասնակցիր որեւէ սովորութեան, որ Սատանային սուտերուն թիկունք կը կանգնի (Ա. Կոր. 10։21, 22

Աստուածաշնչական հրատարակութիւններու մէջ ուշադրութեամբ փնտռտուք ընելով եւ Վկայ չեղող ազգականներու հետ լաւ հաղորդակցութեամբ կրնաս խնդիրներէ հեռու մնալ (տե՛ս պարբերութիւն 13-14) *

13. Եթէ վստահ չես թէ որոշ սովորութեան մը կրնա՛ս մասնակցիլ կամ ոչ, ի՞նչ պէտք է ընես, ըստ Յակոբոս 1։5–ին։

13 Եթէ վստահ չես թէ որոշ սովորութեան մը կրնա՛ս մասնակցիլ կամ ոչ, սրտագին աղօթքով Եհովայէն իմաստութիւն խնդրէ (կարդա՛ Յակոբոս 1։5)։ Ետքը, մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ըրէ։ Եթէ պէտք ըլլայ, ժողովքիդ երէցներուն օգնութիւնը խնդրէ։ Անոնք քեզի պիտի չըսեն թէ ի՛նչ պէտք է ընես, բայց կրնան քեզի օգնել որ գտնես սուրբգրային յարակից սկզբունքներ։ Այս բաները ընելով՝ ըմբռնելու կարողութիւնդ կը մարզես, ինչ որ քեզի պիտի օգնէ որ ‘բարին ու չարը զանազանես’ (Եբ. 5։14

14. Ինչպէ՞ս կրնանք մարդիկը չգայթակղեցնել։

14 «Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք» (Ա. Կոր. 10։31, 32)։ Որոշելու ատեն թէ որոշ սովորութեան մը պիտի մասնակցի՛նք կամ ոչ, պէտք է նաեւ մտածենք թէ մեր առնելիք որոշումը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ ուրիշներուն խղճմտանքին, մանաւանդ մեր հաւատակիցներուն խղճմտանքին։ Անշուշտ, բնա՛ւ չենք ուզեր մէկը գայթակղեցնել (Մար. 9։41)։ Նաեւ չենք ուզեր Վկայ չեղողները անտեղիօրէն վիրաւորել։ Սէրը մեզ պիտի մղէ որ անոնց հետ յարգալից կերպով խօսինք, ինչ որ Եհովային փառք կը բերէ։ Անշուշտ, մարդոց հետ չենք վիճիր կամ անոնց աւանդութիւնները ծաղր չենք ըներ։ Յիշենք որ սէրը զօրաւոր է։ Երբ զայն դրսեւորենք՝ նկատառու եւ յարգալից ըլլալով, հակառակողներուն սիրտը կրնանք փափկացնել։

15-16. ա) Ինչո՞ւ իմաստութիւն է ուրիշներուն գիտցնել հաւատալիքներդ. օրինակ մը տուր։ բ) Հռովմայեցիս 1։16–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ինչպէ՞ս մեզի կը կիրարկուին։

15 Շրջանակիդ մէջ մարդոց գիտցուր որ Եհովայի վկայ ես (Եսա. 43։10)։ Քեզի համար հաւանաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ազգականներդ նեղացնող պարագաներու հետ գլուխ ելլել, եթէ նախապէս իրենց ըսես որ Եհովա Աստուածը կը պաշտես։ Ֆրանսիշքուն, որ Մոզամպիկի մէջ կ’ապրի, կը գրէ. «Երբ կինս Քարոլինան եւ ես ճշմարտութիւնը գիտցանք, մեր ընտանիքին ըսինք որ այլեւս մեռելները պիտի չպաշտենք։ Մեր այս որոշումը փորձի դրուեցաւ, երբ Քարոլինային քոյրը մեռաւ։ Ըստ տեղական սովորութեան, մարմինը ծիսականօրէն կը լուացուի, իսկ գործածուած ջուրը կը թափուի տունէն դուրս որոշ տեղ մը, եւ կը պահանջուի մեռնողին ամէնէն մօտիկ ազգականէն որ այդ տեղը երեք գիշեր քնանայ։ Այս սովորութեան նպատակն է՝ մեռնողին հոգին հանդարտեցնել։ Քարոլինային ընտանիքը ակնկալեց, որ ինք քնանալու պարտականութիւնը կատարէ»։

16 Ֆրանսիշքուն եւ իր կինը ի՞նչ ըրին։ Ֆրանսիշքուն կը բացատրէ. «Որովհետեւ Եհովան կը սիրենք եւ կ’ուզենք զինք հաճեցնել, մերժեցինք այս սովորութեան մասնակցիլ։ Քարոլինային ընտանիքը շատ բարկացաւ։ Ըսին թէ մենք մեռելները չենք յարգեր եւ թէ այլեւս մեզի պիտի չայցելեն եւ պիտի չօգնեն։ Որովհետեւ նախապէս իրենց բացատրած էինք մեր հաւատալիքները, նիւթին մասին կրկին չխօսեցանք մինչ բարկացած էին։ Ազգականներէն ոմանք նոյնիսկ մեզ պաշտպանեցին, ըսելով որ արդէն յայտնած էինք մեր կեցուածքը։ Ժամանակի ընթացքին, Քարոլինային ազգականներուն բարկութիւնը իջաւ, եւ կրցանք իրենց հետ հաշտուիլ։ Իրականութեան մէջ, ոմանք նոյնիսկ մեր տունը եկած են եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ խնդրած են»։ Թող որ բնա՛ւ չամչնանք մահուան մասին ճշմարտութիւնը ամուր բռնելու (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։16

ՍԳԱՑՈՂՆԵՐԸ ՄԽԻԹԱՐԷ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԷ

Իսկական բարեկամները կը մխիթարեն եւ թիկունք կը կանգնին անոնց, որոնց մէկ սիրելին մեռած է (տե՛ս պարբերութիւն 17-19) *

17. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ իսկական բարեկամ ըլլանք սգացող հաւատակիցի մը։

17 Երբ հաւատակիցի մը մէկ սիրելին մեռնի, պէտք է ամէն ջանք թափենք, որ ըլլանք ‘իսկական բարեկամ. . . որ եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած’ (Առ. 17։17, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնանք «իսկական բարեկամ» ըլլալ, մանաւանդ երբ սգացող եղբայրը կամ քոյրը անաստուածաշնչական սովորութիւններու մասնակցելու ճնշումի տակ է։ Նկատի առնենք երկու սուրբգրային սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել սգացող անհատը մխիթարելու։

18. Յիսուս ինչո՞ւ լացաւ, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

18 «Լացողներուն հետ լացէ՛ք» (Հռով. 12։15Թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ գիտնալ ի՛նչ ըսել մէկու մը, որ վշտացած է, բայց երբեմն մեր արցունքները ա՛լ աւելի կը խօսին։ Երբ Յիսուսի բարեկամը՝ Ղազարոսը՝ մեռաւ, Մարիամը, Մարթան եւ ուրիշներ իրենց եղբօր եւ բարեկամին համար լացին։ Չորս օր ետք, երբ Յիսուս հասաւ, ինքն ալ «լացաւ», թէեւ գիտէր որ քիչ ետք Ղազարոսին յարութիւն պիտի տար (Յովհ. 11։17, 33-35)։ Յիսուսին լալը յայտնեց Ղազարոսին մահուան շուրջ Եհովային զգացումները։ Անիկա նաեւ հաստատեց Յիսուսին սէրը Ղազարոսի ընտանիքին հանդէպ, ինչ որ վստահաբար Մարիամն ու Մարթան մխիթարեց։ Նոյնպէս, երբ մեր եղբայրները մեր սէրն ու հոգատարութիւնը զգան, կը գիտնան որ մինակ չեն, հապա շրջապատուած են հոգածու եւ աջակցող բարեկամներով։

19. Սգացող հաւատակից մը քաջալերելու ատեն, ինչպէ՞ս կրնանք Ժողովող 3։7–ն գործադրել։

19 ‘Լռելու ժամանակ կայ ու խօսելու ժամանակ կայ’ (Ժող. 3։7)։ Սգացող հաւատակից մը մխիթարելու ուրիշ կերպ մըն է՝ պարզապէս լաւ մտիկ ընող ըլլալ։ Թոյլ տուր որ իր սիրտը պարպէ եւ մի՛ վիրաւորուիր, եթէ անսանձ խօսքեր ըսէ (Յոբ 6։2, 3)։ Թերեւս յաւելեալ զգացական ճնշումի տակ է, քանի որ Վկայ չեղող ազգականները զինք կը ճնշեն։ Ուստի իրեն հետ աղօթէ։ Աղաչէ «աղօթքի լսող»էն, որ զինք զօրացնէ եւ միտքը պայծառ պահէ (Սաղ. 65։2)։ Եթէ պարագաները ներեն, միասին Աստուածաշունչը կարդացէք։ Կամ, կարդա՛ մեր հրատարակութիւններէն յարմար յօդուած մը, ինչպէս՝ քաջալերական կենսագրութիւն մը։

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

20 Մենք շա՜տ երախտապարտ ենք որ ճշմարտութիւնը գիտենք մահուան մասին եւ այն հոյակապ ապագային մասին, որ գերեզմանին մէջ եղողներուն կը սպասէ (Յովհ. 5։28, 29)։ Ուրեմն, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով թող քաջաբար ամուր բռնենք Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը եւ ամէն առիթով անոր մասին ուրիշներուն խօսինք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ ուրիշ կերպ մը, որով Սատանան կը փորձէ մարդիկը հոգեւոր խաւարի մէջ պահել. ոգեհարցութիւնը։ Պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է միջամուխ չըլլանք այն սովորութիւններուն եւ ժամանցին, որոնք դիւային բաներու հետ կապ ունին։

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

^ պարբ. 5 Սատանան ու դեւերը մարդիկը խաբած են, մեռելներուն վիճակին մասին սուտեր տարածելով։ Եւ այս սուտերը պատճառ դարձած են, որ աստուածաշնչական հիմ չունեցող սովորութիւններ յառաջ գան։ Յօդուածը քեզի պիտի օգնէ, որ Եհովային հաւատարիմ մնաս, երբ ուրիշներ փորձեն քեզ ստիպել, որ այսպիսի սովորութիւններու մասնակցիս։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մինչ Վկաներու մէկ ազգականը կ’ողբայ իր սիրելիին մահուան համար, անոնք զինք կը մխիթարեն։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Թաղման սովորութիւններուն մասին փնտռտուք ընելէ ետք, Վկայ մը իր ազգականներուն ազնուօրէն կը բացատրէ իր հաւատալիքը։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէցները կը մխիթարեն եւ թիկունք կը կանգնին Վկայի մը, որուն մէկ սիրելին մեռած է։