Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15

Յիսուսը ընդօրինակելով խաղաղութիւն վայելէ

Յիսուսը ընդօրինակելով խաղաղութիւն վայելէ

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը. . . պիտի պահպանէ» (ՓԼՊ. 4։7

ԵՐԳ 39 Խաղաղութիւնը մեր ժառանգութիւնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Յիսուս ինչո՞ւ խռոված էր։

ԵՐԿՐԻ վրայ որպէս մարդ իր վերջին օրը, Յիսուս խռոված էր։ Քիչ ետք, չար մարդիկ զինք պիտի չարչարէին ու մեռցնէին։ Բայց միայն իր մահը չէր որ զինք կը մտահոգէր։ Ան խորապէս կը սիրէր իր Հայրը եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել։ Գիտէր որ եթէ գալիք դժուար փորձութեան մէջ հաւատարիմ մնար, Եհովայի անուան սրբացման պիտի նպաստէր։ Ան նաեւ մարդիկը կը սիրէր, եւ գիտէր որ յաւիտեան ապրելու մեր յոյսը կախեալ էր մինչեւ մահ իր հաւատարիմ մնալէն։

2 Թէեւ Յիսուս մեծ ճնշումի տակ էր, բայց խաղաղութիւն ունէր։ Իր առաքեալներուն ըսած էր. «Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յովհ. 14։27)։ Ան «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունէր, այսինքն՝ այն հանդարտութիւնը, որ յառաջ կու գայ երբ անհատ մը Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունի։ Այդ խաղաղութիւնը Յիսուսին միտքն ու սիրտը հանգստացուց (Փլպ. 4։6, 7

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Ճիշդ է որ մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ունենայ այն ճնշումը, որ Յիսուս դիմագրաւեց, բայց անոր բոլոր հետեւորդները նեղութիւններ պիտի ունենան (Մատ. 16։24, 25. Յովհ. 15։20)։ Եւ մենք, Յիսուսին պէս, երբեմն պիտի խռովինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ չափազանց չմտահոգուինք եւ մեր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնենք։ Քննարկենք երեք բաներ, որոնք Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին ըրաւ, եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱՂՕԹԵՑ

Աղօթելով կրնանք խաղաղ մնալ (տե՛ս պարբերութիւն 4-7)

4. Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան թէ Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին օրը յաճախ աղօթեց, եւ ըստ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17–ին, ի՞նչ խրատ տրուեցաւ քրիստոնեաներուն։

4 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17։ Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին օրը յաճախ աղօթեց։ Երբ իր աշակերտներուն ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յիշատակեն իր մահը, աղօթեց հացին եւ գինիին համար (Ա. Կոր. 11։23-25)։ Նախքան հեռանալը այն վայրէն, ուր Պասեքը տօնեցին, իր աշակերտներուն հետ աղօթեց (Յովհ. 17։1-26)։ Երբ Գեթսեմանիի պարտէզը հասան, ան կրկին անգամ աղօթեց (Մատ. 26։36-39, 42, 44)։ Իսկ մեռնելէ առաջ անոր ըսած վերջին խօսքերը աղօթք էին (Ղուկ. 23։46)։ Աղօթելով՝ Յիսուս Եհովան պարփակեց ամէն մէկ կարեւոր դէպքի մէջ, որ այդ օրը եղաւ։

5. Առաքեալները ինչո՞ւ քաջ չմնացին։

5 Յիսուսի տոկալուն մէկ պատճառը այն է, թէ իր Հօր վստահեցաւ եւ ասիկա ցոյց տուաւ աղօթելով իրեն։ Միւս կողմէ, առաքեալները այդ գիշեր աղօթքի մէջ չյարատեւեցին եւ առ ի արդիւնք, չկրցան քաջ մնալ երբ փորձութեան առջեւ գտնուեցան (Մատ. 26։40, 41, 43, 45, 56)։ Երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, հաւատարիմ պիտի մնանք միայն եթէ Յիսուսը ընդօրինակելով շարունակ ‘աղօթք ընենք’։ Ինչի՞ մասին կրնանք աղօթել։

6. Հաւատքը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ խաղաղ մնալու։

6 Կրնանք Եհովային աղօթել, որ ‘մեր հաւատքը աւելցնէ’ (Ղուկ. 17։5. Յովհ. 14։1)։ Զօրաւոր հաւատքի պէտք ունինք, քանի որ Սատանան Յիսուսի բոլոր հետեւորդները պիտի փորձէ (Ղուկ. 22։31)։ Հաւատքը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ որ խաղաղ մնանք, նոյնիսկ երբ ետեւ–ետեւի խնդիրներ ունենանք։ Փորձութեան հետ գլուխ ելլելու համար մեր ձեռքէն եկածը ընելէ ետք, հաւատքը մեզ պիտի մղէ հարցը Եհովային յանձնելու։ Որովհետեւ վստահ ենք, թէ ան մեզմէ շատ աւելի լաւ կերպով կրնայ հարցը լուծել, մտքի ու սրտի խաղաղութիւն կը վայելենք (Ա. Պետ. 5։6, 7

7. Ռապըրթին խօսքերէն ի՞նչ սորվեցար։

7 Աղօթքը կ’օգնէ որ ներքին խաղաղութիւնը պահպանենք ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենանք։ Նկատի առ Ռապըրթին օրինակը, որ 80–ական տարիքի մէջ եղող հաւատարիմ երէց մըն է։ Ան կ’ըսէ. «Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի խրատը ինծի օգնած է, որ շատ մը դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեմ։ Ունեցած եմ դրամական խնդիրներ։ Եւ ժամանակ մը, երէց ըլլալու առանձնաշնորհումս կորսնցուցի»։ Ի՞նչը Ռապըրթին օգնած է, որ իր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ որ սկսիմ մտահոգուիլ, անմիջապէս կ’աղօթեմ։ Որքա՛ն աւելի յաճախ եւ ջերմեռանդօրէն աղօթեմ, այնքա՛ն աւելի խաղաղ կը զգամ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐԱԲԱՐ ՔԱՐՈԶԵՑ

Քարոզելով կրնանք խաղաղ մնալ (տե՛ս պարբերութիւն 8-10)

8. Ինչպէս Յովհաննէս 8։29–ի մէջ նշուած է, Յիսուս ուրիշ ի՞նչ պատճառով ներքին խաղաղութիւն ունէր։

8 Կարդա՛ Յովհաննէս 8։29։ Յիսուս ներքին խաղաղութիւն ունէր, նոյնիսկ երբ կը հալածուէր, քանի որ գիտէր թէ իր Հայրը կ’ուրախացնէր։ Ան հնազանդ մնաց, նոյնիսկ երբ իրեն համար այս մէկը դժուար էր։ Ասկէ զատ, ան իր Հայրը կը սիրէր եւ իր ամբողջ կեանքը անոր ծառայելուն շուրջ կը դառնար։ Օրինակ, երկիր գալէ առաջ, ան Աստուծոյ «ճարտարապետ»ն էր (Առ. 8։30)։ Իսկ երկրի վրայ եղած ատեն, նախանձախնդրաբար ուրիշներուն սորվեցուց իր Հօր մասին (Մատ. 6։9. Յովհ. 5։17)։ Այդպէս ընելով Յիսուս մեծապէս ուրախացաւ (Յովհ. 4։34-36

9. Քարոզչութեամբ զբաղած ըլլալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ ներքին խաղաղութիւն ունենանք։

9 Մենք կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ Եհովային հնազանդելով եւ ‘ամէն ատեն աւելնալով Տէրոջը գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Երբ ‘ամբողջ հոգիով ճիգ թափենք’ քարոզչութեան մէջ, կրնանք մեր խնդիրները աւելի դրական աչքով դիտել (Գործք 18։5, ՆԹ)։ Օրինակ, այն մարդիկը, որոնց կը հանդիպինք ծառայութեան մէջ, մեզմէ շատ աւելի գէշ խնդիրներ ունին։ Բայց երբ կը սկսին Եհովան սիրել եւ անոր խրատները գործադրել, անոնց կեանքը կը բարելաւուի եւ աւելի երջանիկ կը դառնան։ Իսկ մենք ամէն անգամ որ այդ փոփոխութիւնը տեսնենք, մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ, որ Եհովան մեզ պիտի հոգայ։ Եւ այդ համոզումը մեզի կ’օգնէ որ մեր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնենք։ Այս կէտին ճիշդ ըլլալը տեսած է քոյր մը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ընկճուածութենէ տառապած է եւ անարժէք զգացած է։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ծառայութեամբ զբաղած ըլլամ, զգացականօրէն աւելի կայուն եւ աւելի ուրախ կ’ըլլամ։ Կը խորհիմ թէ պատճառը այն է, թէ երբ դաշտի ծառայութեան մէջ ըլլամ, Եհովային ամէնէն շատ մօտիկ կը զգամ»։

10. Պրենտայի խօսքերէն ի՞նչ սորվեցար։

10 Նաեւ նկատի առ Պրենտա անունով քրոջ մը օրինակը։ Թէ՛ ինք եւ թէ իր աղջիկը բազմադիմի կարծրախտէ (multiple sclerosis) կը տառապին։ Պրենտան չի կրնար քալել ու հաշմանդամի կառքով կը փոխադրուի եւ քիչ ոյժ ունի։ Ան երբեմն դռնէ դուռ կը քարոզէ, բայց մեծաւ մասամբ նամակներ գրելով կը վկայէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ միտքով եւ զգացականօրէն ընդունեցի, որ վիճակս այս դրութեան մէջ պիտի չփոխուի, կրցայ ամբողջովին կեդրոնանալ ծառայութեանս վրայ։ Վկայելու ատեն չեմ մտածեր մտահոգութիւններուս մասին, հապա կը մղուիմ կեդրոնանալու թաղամասիս մարդոց օգնելու վրայ։ Եւ այսպէս ընելով՝ ապագային նկատմամբ ունեցած յոյսս մտքիս մէջ վառ կը մնայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԹՈՅԼ ՏՈՒԱՒ ՈՐ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԻՐԵՆ ՕԳՆԵՆ

Լաւ բարեկամներու հետ ընկերակցելով կրնանք խաղաղ մնալ (տե՛ս պարբերութիւն 11-15)

11-13. ա) Առաքեալները եւ ուրիշներ ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ Յիսուսին իսկական բարեկամներ էին։ բ) Յիսուսի բարեկամները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ։

11 Յիսուսի ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, հաւատարիմ առաքեալները իրեն իսկական բարեկամներ եղան։ Անոնց կը կիրարկուէր այս խօսքը. «Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (Առ. 18։24)։ Յիսուս այս բարեկամները արժեւորեց։ Իր ծառայութեան ընթացքին, իր եղբայրներէն ո՛չ մէկը իրեն հաւատաց (Յովհ. 7։3-5)։ Առիթով մը իր ազգականները նոյնիսկ մտածեցին որ խենթացած է (Մար. 3։21)։ Բայց անոնց հակառակը, հաւատարիմ առաքեալներուն համար իր մեռնելէն մէկ գիշեր առաջ կրցաւ ըսել. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ» (Ղուկ. 22։28

12 Ճիշդ է որ առաքեալները ատեն–ատեն Յիսուսը յուսախաբ ըրին, բայց ան իրենց թերութիւններուն վրայ չկեդրոնացաւ, հապա տեսաւ թէ իրեն կը հաւատային (Մատ. 26։40. Մար. 10։13, 14. Յովհ. 6։67-70)։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս այս հաւատարիմ տղամարդոց ըսաւ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի» (Յովհ. 15։15)։ Անկասկած Յիսուսի բարեկամները զինք շատ քաջալերեցին։ Անոնց մատուցած օգնութիւնը զինք շատ ուրախացուց (Ղուկ. 10։17, 21

13 Առաքեալներէն զատ, Յիսուս ունէր ուրիշ բարեկամներ,– տղամարդիկ ու կիներ,– որոնք քարոզչութեան մէջ եւ ուրիշ գործնական կերպերով իրեն օգնեցին։ Ոմանք իրենց տան մէջ զինք հիւրասիրեցին (Ղուկ. 10։38-42. Յովհ. 12։1, 2)։ Ուրիշներ իրեն հետ ճամբորդեցին եւ իրենց ունեցածը իրեն հետ բաժնեցին (Ղուկ. 8։3)։ Ան լաւ բարեկամներ ունէր, քանի որ ինք լաւ բարեկամ էր։ Ան իրենց համար լաւ բաներ կ’ընէր եւ իրենց կարողութենէն վեր եղող բաներ չէր խնդրեր։ Թէեւ Յիսուս կատարեալ էր, բայց երախտապարտ էր որ իր անկատար բարեկամները իրեն կ’աջակցէին։ Եւ անոնք անկասկած իրեն օգնեցին, որ իր ներքին խաղաղութիւնը պահպանէ։

14-15. Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ բարեկամներ ունենալ, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել։

14 Լաւ բարեկամները մեզի պիտի օգնեն որ Եհովային հաւատարիմ մնանք։ Իսկ լաւ բարեկամներ ունենալու լաւագոյն կերպն է՝ լաւ բարեկամ ըլլալ (Մատ. 7։12)։ Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք ուրիշներուն օգնելու, մանաւանդ «կարօտ եղողին» (Եփ. 4։28)։ Ժողովքիդ մէջ մէկը կա՞յ, որուն կրնաս օգնել։ Հրատարակիչ մը կա՞յ, որ տունէն դուրս չի կրնար ելլել եւ պէտք ունի որ իրեն համար գնում ընես։ Կրնա՞ս ճաշ ապահովել ընտանիքի մը, որ նիւթական նեղութիւն ունի։ Եթէ գիտես jw.org® կայքը եւ JW Library® էփը ինչպէ՛ս գործածել, կրնա՞ս ժողովքիդ մէջ ուրիշներուն օգնել, որ անոնցմէ լիովին օգտուին։ Երբ կեդրոնանանք ուրիշներուն օգնելու վրայ, ա՛լ աւելի ուրախ կ’ըլլանք (Գործք 20։35

15 Մեր բարեկամները մեզի թիկունք պիտի կանգնին, երբ խնդիրներ ունենանք եւ պիտի օգնեն որ մեր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնենք։ Ինչպէս որ Եղիուսը մտիկ ըրաւ, երբ Յոբ խօսեցաւ իր նեղութիւններուն մասին, նոյնպէս մեր բարեկամները մեզի կ’օգնեն՝ համբերութեամբ մտիկ ընելով, մինչ մեր հոգերը կ’արտայայտենք (Յոբ 32։4)։ Պէտք չէ մեր բարեկամներէն ակնկալենք որ մեր տեղը որոշումներ առնեն, բայց իմաստուն կերպով վարուած կ’ըլլանք, եթէ ականջ տանք անոնց սուրբգրային խրատներուն (Առ. 15։22)։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Դաւիթ թագաւորը խոնարհաբար ընդունեց իր բարեկամներուն օգնութիւնը, նոյնպէս մենք պէտք չէ թոյլ տանք հպարտութեան որ պատճառ ըլլայ, որ մերժենք մեր բարեկամներուն առաջարկած օգնութիւնը, երբ կը տեսնեն թէ որոշ կարիք մը ունինք (Բ. Թագ. 17։27-29)։ Իրապէս, այս տեսակ բարեկամներ Եհովային կողմէ պարգեւ են (Յակ. 1։17

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԽԱՂԱՂ ՄՆԱԼ

16. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի համաձայն, ի՞նչ է խաղաղ մնալու միակ կերպը. բացատրէ։

16 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7։ Ինչո՞ւ համարը կ’ըսէ, որ «Յիսուս Քրիստոսով» կրնանք ստանալ այն խաղաղութիւնը, որ Եհովան կու տայ։ Քանի որ մեր մտածումներն ու զգացումները մնայուն կերպով խաղաղ կ’ըլլան միայն եթէ հասկնանք եւ հաւատանք այն դերին, որ Յիսուս կը խաղայ Եհովայի նպատակին մէջ։ Օրինակ, Յիսուսի զոհին հիման վրայ մեր բոլոր մեղքերը կը ներուին (Ա. Յովհ. 2։12)։ Երբ ատոր մասին մտածենք, իրապէս կը հանգստանանք։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս վերջ պիտի դնէ որեւէ չարչարանքի, որ կը կրենք Սատանային եւ անոր դրութեան պատճառաւ (Եսա. 65։17. Ա. Յովհ. 3։8. Յայտ. 21։3, 4)։ Ատիկա ի՜նչ հոյակապ յոյս կու տայ մեզի։ Եւ ճիշդ է որ Յիսուս մեզի դժուար գործ մը տուած է, բայց ան մեզի հետ է, եւ այս վերջին օրերուն ընթացքին մեզի կ’աջակցի (Մատ. 28։19, 20)։ Ատիկա ի՜նչ մեծ քաջութիւն կը ներշնչէ։ Հանգստութիւն, յոյս եւ քաջութիւն. ասոնք այն հիմնական բաներէն են, որոնց պէտք ունինք, որպէսզի մտքի խաղաղութիւն ունենանք։

17. ա) Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ իր ներքին խաղաղութիւնը պահպանել։ բ) Ինչպէս որ Յովհաննէս 16։33–ին մէջ խոստացուած է, ի՞նչ բան պիտի կարենանք ընել։

17 Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնաս մտքով խաղաղ մնալ, երբ խիստ նեղութիւններով ջախջախուած ես։ Յիսուսին ըրածները ընդօրինակելով։ Առաջին, աղօթէ եւ աղօթքի մէջ յարատեւէ։ Երկրորդ, Եհովային հնազանդէ եւ նախանձախնդրօրէն քարոզէ, նոյնիսկ երբ քեզի համար այդ մէկը դժուար ըլլայ։ Եւ երրորդ, բարեկամներուդ դիմէ որ քեզի օգնեն խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլելու։ Այսպէս, Աստուծոյ խաղաղութիւնը միտքդ ու սիրտդ պիտի պահպանէ։ Եւ Յիսուսին պէս, որեւէ փորձութիւն պիտի յաղթահարես (կարդա՛ Յովհաննէս 16։33

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

^ պարբ. 5 Բոլորս շատ մը խնդիրներ կը դիմագրաւենք, որոնք կրնան մեր խաղաղութիւնը խլել։ Յօդուածը կը քննարկէ երեք բաներ, որոնք Յիսուս ըրաւ եւ որոնք մենք կրնանք ընել խաղաղ մնալու համար, նոյնիսկ երբ շատ դժուար փորձութիւններու մէջ ենք։