ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15
Արտերը ինչպէ՞ս կը նկատես
«Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» (ՅՈՎՀ. 4։35)։
ԵՐԳ 44 Ուրախութեամբ մասնակցինք հունձքի գործին
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. Յիսուս թերեւս ինչո՞ւ Յովհաննէս 4։35, 36–ի խօսքերը ըսաւ։
ԵՐԲ Յիսուս դէպի Գալիլիա կ’ուղղուէր, հաւանաբար անցաւ գարիի արտերէ, որոնց գարին նոր սկսած էր աճիլ (Յովհ. 4։3-6)։ Բերքը հնձուելու պատրաստ պիտի ըլլար շուրջ չորս ամիս ետք, բայց Յիսուս տարօրինակ թուող բան մը ըսաւ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» (կարդա՛ Յովհաննէս 4։35, 36)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։
2 Այնպէս կ’երեւի, թէ Յիսուս կ’ակնարկէր մարդո՛ց այլաբանական հունձքին, եւ ոչ թէ գարիի հունձքին։ Նկատէ թէ անկէ քիչ առաջ ի՛նչ պատահած էր։ Թէեւ հրեաները ընդհանրապէս սամարացիներուն հետ չէին յարաբերեր, բայց Յիսուս սամարացի կնոջ մը քարոզած էր եւ ան մտի՛կ ըրած էր։ Իրականութեան մէջ, մինչ Յիսուս կը խօսէր «ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ» արտերու մասին, անոր կը մօտենար սամարացիներու բազմութիւն մը, որոնք իր մասին այդ կնոջմէն լսած էին (Յովհ. 4։9, 39-42)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը այս դէպքին մասին կը նշէ. «Յիսուսի քով անմիջապէս գալու եւ իրեն մտիկ ընելու մարդոց սրտագին փափաքը. . . ցոյց տուաւ որ հնձուելու պատրաստ հատիկի կը նմանէին»։
3. Եթէ մարդիկը Յիսուսին պէս նկատես, քարոզելու կերպդ ինչպէ՞ս պիտի բարելաւուի։
3 Ի՞նչ կարելի է ըսել այն մարդոց մասին, որոնց դուն բարի լուրը կը քարոզես։ Զանոնք հնձուելու պատրաստ հատիկներ կը նկատե՞ս։ Եթէ այո, երեք արդիւնքներու պիտի հասնիս։ Առաջին, աւելի հրատապութեան զգացումով պիտի քարոզես, քանի որ հունձքի ժամանակը սահմանափակ է. ժամանակ չկայ վատնելու։ Երկրորդ, ամբողջ սրտով հունձքին մասնակցելով ուրախ Եսա. 9։3)։ Եւ երրորդ, իւրաքանչիւր անձ հաւանական աշակերտ պիտի նկատես, եւ հետեւաբար մօտեցումդ պիտի յարմարցնես անոր հետաքրքրութիւններուն։
պիտի ըլլաս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ‘հունձքի ատեն ուրախութիւն’ կ’ըլլայ (4. Յօդուածին մէջ, Պօղոս առաքեալէն ի՞նչ պիտի սորվինք։
4 Յիսուս սամարացիներէն իր յոյսը չկտրեց, ինչ որ իր հետեւորդները թերեւս ըրին։ Փոխարէնը, զանոնք հաւանական աշակերտներ նկատեց։ Մենք ալ թաղամասի մարդիկը պէտք է Քրիստոսի հաւանական աշակերտներ նկատենք։ Ասոր մէջ, Պօղոս առաքեալ հոյակապ օրինակ եղաւ մեզի։ Իրմէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք, թէ ան ինչպէ՛ս 1) գաղափար ունէր մարդոց հաւատալիքներուն մասին, 2) ուշադիր եղաւ անոնց հետաքրքրութիւններուն եւ 3) զիրենք Յիսուսի հաւանական աշակերտներ նկատեց։
Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ
5. Պօղոս ինչո՞ւ կրցաւ ժողովարանի իր ունկնդիրները հասկնալ։
5 Պօղոս յաճախ հրէական ժողովարաններու մէջ քարոզեց։ Օրինակ, Թեսաղոնիկէի ժողովարանին մէջ, «երեք շաբաթ օր խօսեցաւ [հրեաներուն] հետ գրքերէն» (Գործք 17։1, 2)։ Պօղոս հաւանաբար ժողովարանին մէջ խօսելով հանգիստ կը զգար, քանի որ հրեայ էր (Գործք 26։4, 5)։ Ան հրեաները կը հասկնար, ուստի կրցաւ ինքնավստահութեամբ անոնց քարոզել (Փլպ. 3։4, 5)։
6. Աթէնքի հրապարակներուն մէջ գտնուող մարդիկը ինչպէ՞ս տարբեր էին ժողովարանին մէջ գտնուողներէն։
6 Երբ հակառակորդները Պօղոսը ստիպեցին որ նա՛խ Թեսաղոնիկէէն եւ ետքը Բերիայէն փախչի, ան Աթէնք եկաւ։ Հոն եւս «ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց» (Գործք 17։17)։ Սակայն, այն մարդիկը, որոնց կը քարոզէր հրապարակներուն մէջ, տարբեր էին։ Անոնց մէջ կային փիլիսոփաներ եւ ուրիշ հեթանոսներ, որոնց համար Պօղոսի պատգամը «նոր վարդապետութիւն» էր։ Անոր համար իրեն ըսին. «Մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես» (Գործք 17։18-20)։
7. Գործք 17։22, 23–ի համաձայն, Պօղոս իր մօտեցումը ինչպէ՞ս փոխեց։
7 Կարդա՛ Գործք 17։22, 23։ Պօղոս Աթէնքի հեթանոսներուն իր պատգամը չներկայացուց այն կերպով, որով ժողովարանի հրեաներուն ներկայացուց։ Հաւանաբար, ինքն իրեն հարցուց. ‘Աթենացի մարդիկ ինչի՞ կը հաւատան’։ Ան իր շրջապատը ուշի–ուշով դիտեց, գաղափար կազմելով այդ տեղի մարդոց կրօնական սովորութիւններուն մասին։ Ապա, ջանաց նմանութիւններ գտնել անոնց պաշտամունքին եւ սուրբգրային ճշմարտութիւններուն միջեւ։ Աստուածաշունչի մեկնաբան մը կ’ըսէ. «Հրեայ քրիստոնեայ ըլլալով, [Պօղոս] կը գիտակցի, որ հեթանոս յոյները հրեաներուն ու քրիստոնեաներուն ‘ճշմարիտ’ Աստուածը չեն պաշտեր, բայց կը ջանայ ցոյց տալ, թէ այն Աստուածը, որուն մասին ինք կը խօսի, իրականութեան մէջ աթենացիներուն օտար չէ»։ Ուրեմն Պօղոս պատրաստ էր իր մօտեցումը փոխելու։ Ան աթենացիներուն ըսաւ, թէ իր պատգամը ‘անծանօթ Աստուծմէն’ էր, որ կը ջանային պաշտել։ Թէեւ հեթանոսները Սուրբ Գրութիւններուն ծանօթ չէին, բայց Պօղոս իր յոյսը անոնցմէ չկտրեց, հապա զանոնք նկատեց որպէս հնձուելու պատրաստ հատիկներ եւ բարի լուրը ներկայացնելու իր կերպը փոփոխութեան ենթարկեց։
8. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս թաղամասի մարդոց հաւատալիքներուն մասին գիտնալ։ բ) Եթէ մէկը ըսէ որ ինքն իր կրօնքը ունի, ինչպէ՞ս կրնաս պատասխանել։
8 Պօղոսին պէս, ուշադիր եղիր։ Փնտռէ որեւէ նշան, որ թաղամասի մարդոց հաւատալիքները կը յայտնէ։ Օրինակ, տանտիրոջ տունը կամ ինքնաշարժը ի՞նչ զարդարանքներ ունի։ Իր անունը, հագուելակերպը, զարդարանքը կամ նոյնիսկ խօսելու ոճը կը յայտնէ՞ թէ ո՛ր կրօնքին կը պատկանի։ Կամ թերեւս ուղղակիօրէն քեզի ըսած է, որ ինքն իր կրօնքը ունի։ Երբ Ֆլութուրա անունով մասնաւոր ռահվիրայի մը այս խօսքը կ’ըսուի, ան կը պատասխանէ. «Ես չեմ եկած իմ հաւատալիքներս քեզի պարտադրելու, հապա եկած եմ խօսելու. . . »։
9. Կրօնասէր անհատի մը հետ ի՞նչ հասարակաց գետին կրնաս գտնել։
9 Կրօնասէր անհատի մը հետ ի՞նչ նիւթեր կրնաս քննարկել։ Ջանա՛ հասարակաց գետին գտնել։ Օրինակ, թերեւս ան միայն մէկ Աստուած կը պաշտէ, կամ Յիսուսը կ’ընդունի որպէս մարդկութեան Փրկիչը կամ կը հաւատայ, որ չար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք եւ շուտով վերջ պիտի գտնեն։ Հիմնուելով այն հաւատալիքներուն վրայ, որոնց երկուքդ ալ համամիտ էք, Աստուածաշունչի պատգամը ներկայացուր գրաւիչ կերպով։
10. Ի՞նչ պէտք է ջանանք ընել, եւ ինչո՞ւ։
10 Ի մտի ունեցիր, որ մարդիկ թերեւս իրենց կրօնքին բոլոր սորվեցուցածներուն չեն հաւատար։ Ուստի, նոյնիսկ գիտնալէ ետք, թէ անհատը ո՛ր կրօնքին կը պատկանի, ջանա՛ գիտնալ թէ անձնապէս ինչի՛ կը հաւատայ։ Աւստրալիոյ մէջ մասնաւոր ռահվիրայ մը՝ Տէյվիտ, կ’ըսէ. «Ներկայիս, շատեր փիլիսոփայութիւնը կը խառնեն իրենց կրօնական հաւատալիքներուն հետ»։ Ալպանիոյ մէջ, Տոնալթան կը նշէ. «Ոմանք կ’ըսեն որ կրօնքի մը կը պատկանին, բայց ետքը կը խոստովանին որ Աստուծոյ չեն հաւատար»։ Իսկ Արժանթինի մէջ միսիոնար եղբայր մը դիտել կու տայ, թէ ոմանք կ’ըսեն, որ Երրորդութեան կը հաւատան, բայց թերեւս այդքան ալ չեն հաւատար որ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին մէկ Աստուած են։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ասիկա գիտնամ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ անհատին հետ հասարակաց գետին գտնելը»։ Ուստի, ջանա՛ Ա. Կոր. 9։19-23)։
գիտնալ թէ մարդիկ իրապէս ինչի՛ կը հաւատան։ Ետքը, Պօղոսի նման կրնաս ‘ամենուն հետ ամէն բան ըլլալ’ (Ի՞ՆՉ ԵՆ ԱՆՈՆՑ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
11. Ինչպէս որ Գործք 14։13-16–ին մէջ արձանագրուած է, Պօղոս ինչպէ՞ս գրաւիչ կերպով իր պատգամը ներկայացուց Լիւստրայի մէջ ապրող մարդոց։
11 Կարդա՛ Գործք 14։13-16։ Պօղոս ուզեց գիտնալ, թէ իր ունկնդիրները ի՛նչ հետաքրքրութիւններ ունէին, եւ ապա իր ներկայացումը ատոնց յարմարցուց։ Օրինակ, այն բազմութիւնը, որուն խօսեցաւ Լիւստրայի մէջ, Սուրբ Գրութիւններուն մասին չնչին գիտութիւն ունէր կամ ալ բնա՛ւ չէր գիտեր։ Ուստի, Պօղոս անոնց հետ խօսեցաւ նիւթեր, որոնք կրնային հասկնալ։ Օրինակ, ան խօսեցաւ առատ բերքի մասին եւ կեանքը վայելելու մարդուն կարողութեան մասին, գործածելով այնպիսի բառեր եւ օրինակներ, որոնք իրեն մտիկ ընողները կրնային ըմբռնել։
12. Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ անհատ մը ինչո՛վ հետաքրքրուած է եւ ըստ այնմ ներկայացումդ յարմարցնել։
12 Խորատեսութիւն գործածելով գիտցիր, թէ թաղամասիդ մարդիկը ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած են եւ ներկայացումդ ատոնց յարմարցուր։ Երբ անհատի մը կամ իր տան կը մօտենաս, ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած է։ Նորէն, ուշադիր եղիր։ Թերեւս ան իր պարտէզին հոգ կը տանի, գիրք կը կարդայ, ինքնաշարժ կը նորոգէ կամ ուրիշ գործ մը կ’ընէ։ Եթէ յարմար է, կրնաս իրեն հետ խօսակցութիւն մը սկսիլ, իր ըրածին մասին խօսելով (Յովհ. 4։7)։ Նոյնիսկ անհատին հագուածքը կրնայ բան մը ըսել իր մասին, օրինակ՝ իր ազգութեան, գործին կամ նախասիրած մարզական խումբին մասին։ Կուսթավոն կ’ըսէ. «Խօսակցութիւն սկսայ 19 տարեկան տղու մը հետ, որ անուանի երգիչի մը պատկերը կրող շապիկ մը հագած էր։ Հարցուցի շապիկին մասին եւ բացատրեց որ ինչո՛ւ այդ երգիչը կը սիրէր։ Այդ խօսակցութեան պատճառով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն հաստատեցի իրեն հետ եւ այժմ ան մեր եղբայրներէն մէկն է»։
13. Ինչպէ՞ս կրնաս գրաւիչ կերպով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկել։
13 Երբ անհատի մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկես, իր հետաքրքրութիւնը Յովհ. 4։13-15)։ Օրինակ, հետաքրքրութիւն ցուցաբերող կին մը ներս հրաւիրեց Փափի անունով քոյր մը։ Երբ Փափին պատին վրայ տեսաւ վկայական մը, որ կը յայտնէր թէ կինը կրթութեան փրոֆէսոր մըն է, շեշտեց թէ մենք ալ մարդոց կրթութիւն կու տանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագրի մը եւ մեր ժողովներուն միջոցաւ։ Կինը ընդունեց սերտել, յաջորդ օրը ժողովի ներկայ գտնուեցաւ եւ շատ չանցած շրջանային համաժողովի մը ներկայ եղաւ, իսկ մէկ տարի ետք մկրտուեցաւ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Վերայցելութիւններս ինչո՞վ հետաքրքրուած են։ Կրնա՞մ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մեր յայտագիրը գրաւիչ կերպով առաջարկել’։
շարժէ, ցոյց տալով թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս իր պէտքերը պիտի գոհացնէ (14. Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը յարմարցնել իւրաքանչիւր աշակերտի։
14 Աստուածաշունչի դաս մը հաստատելէ ետք, իւրաքանչիւր նիստին համար նախապատրաստուէ, ի մտի ունենալով աշակերտիդ ենթահողն ու հետաքրքրութիւնները։ Մինչ դասը կը պատրաստես, որոշէ թէ ո՛ր համարները պիտի կարդաս, ո՛ր վիտէօները ցոյց պիտի տաս եւ ի՛նչ օրինակներ պիտի գործածես Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները բացատրելու համար։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ բան մասնաւորաբար այս աշակերտը պիտի հետաքրքրէ եւ իր սրտին դպչի’ (Առ. 16։23)։ Ալպանիոյ մէջ կին մը, որ Ֆլորա անունով ռահվիրայի մը հետ կը սերտէր, հաստատօրէն ըսաւ. «Յարութեան ուսուցումը չեմ կրնար ընդունիլ»։ Ֆլորան կնոջ չպարտադրեց որ այդ ուսուցումը անմիջապէս ընդունի։ Ան կը պատմէ. «Մտածեցի թէ նա՛խ կինը պէտք է ճանչնայ այն Աստուածը, որ յարութիւն կը խոստանայ»։ Անկէ ետք, Ֆլորան իւրաքանչիւր դասի ընթացքին կը շեշտէր Եհովայի սէրը, իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը։ Յետագային, կինը դիւրաւ յարութեան հաւատաց։ Ներկայիս, ան Եհովայի նախանձախնդիր մէկ Վկան է։
ԶԱՆՈՆՔ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՆԿԱՏԷ
15. Գործք 17։16-18–ի համաձայն, Յունաստանի մէջ ո՞ր վարք ու բարքը Պօղոսը մտահոգեցին, բայց ինչո՞ւ աթենացիներէն իր յոյսը չկտրեց։
15 Կարդա՛ Գործք 17։16-18։ Պօղոս աթենացիներէն իր յոյսը չկտրեց, թէեւ անոնց քաղաքը լեցուած էր կռապաշտութեամբ, սեռային անբարոյութեամբ եւ հեթանոսական փիլիսոփայութեամբ։ Ոչ ալ թոյլ տուաւ որ անոնց նախատինքները զինք վհատեցնեն։ Պօղոս ինք քրիստոնեայ դարձաւ, հակառակ անոր որ նախապէս ‘հայհոյիչ ու հալածող եւ թշնամանող’ էր (Ա. Տիմ. 1։13)։ Ինչպէս որ Յիսուս Պօղոսը հաւանական աշակերտ նկատեց, նոյնպէս Պօղոս աթենացիները հաւանական աշակերտներ նկատեց։ Եւ իր այդ մտածածը տեղին էր (Գործք 9։13-15. 17։34)։
16-17. Ի՞նչը ցոյց կու տայ, թէ բոլոր ենթահողերէ մարդիկ կրնան Քրիստոսի աշակերտները դառնալ. օրինակ մը տուր։
16 Առաջին դարուն, բոլոր ենթահողերէ մարդիկ Յիսուսի աշակերտները դարձան։ Երբ Պօղոս Կորնթոս քաղաքը ապրող քրիստոնեաներուն գրեց, ըսաւ որ ժողովքէն ոմանք ատեն մը ոճրագործներ էին կամ ահռելիօրէն անբարոյ ապրելակերպ ունէին։ Ապա աւելցուց. «Բայց լուացուեցաք» (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Դուն պիտի նախատեսէի՞ր, որ այդ մարդիկը կրնային փոխուիլ եւ աշակերտներ դառնալ։
17 Ներկայիս, շատեր պատրաստ են պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի Յիսուսի աշակերտները դառնան։ Օրինակ, Աւստրալիոյ մէջ Եուքինա անունով մասնաւոր ռահվիրայ քոյր մը գիտակցեցաւ, որ ամէն տեսակի մարդիկ կրնան Աստուածաշունչի պատգամին ընդառաջել։ Օր մը, անշարժ գոյքի հաստատութեան մը մէջ, նկատեց թաթուներով եւ թափթփած հագուստով երիտասարդուհի մը։ Եուքինան կ’ըսէ. «Պահ մը երկմտեցայ, բայց ետքը սկսայ իրեն հետ խօսիլ։ Տեսայ թէ Աստուածաշունչով ա՛յնքան հետաքրքրուած էր, որ իր թաթուներէն *։
ոմանք Սաղմոսաց գրքէն համարներ էին»։ Երիտասարդուհին սկսաւ սերտել եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ18. Ինչո՞ւ պէտք չէ մարդիկը դատենք։
18 Արդեօք Յիսուս ակնկալե՞ց որ մարդոց մեծամասնութիւնը իրեն պիտի հետեւէր, եւ ատոր համար է որ ըսաւ, թէ արտերը հնձուելու պատրաստ են։ Բնաւ երբեք։ Սուրբ Գրութիւնները մարգարէացած էին, թէ քիչ թիւով անհատներ իրեն պիտի հաւատային (Յովհ. 12։37, 38)։ Ասկէ զատ, Յիսուս մարդոց սրտերը կարդալու հրաշալի կարողութիւն ունէր (Մատ. 9։4)։ Բայց եւ այնպէս, ան կեդրոնացաւ այն քիչերուն վրայ, որոնք իրեն պիտի հաւատային, եւ նախանձախնդրօրէն ամէնուն քարոզեց։ Հետեւաբար, որքա՛ն աւելի մենք պէտք է թաղամաս մը կամ անհատ մը դատելու հակումին դէմ դնենք, քանի որ չենք կրնար սրտերը կարդալ։ Փոխարէնը, մարդիկը հաւանական աշակերտներ նկատէ։ Մարքը, Պուրգինա Ֆասոյի մէջ ապրող միսիոնար մը, այս կերպով կ’արտայայտուի. «Այն անհատները, որոնք կը կարծեմ թէ պիտի յառաջդիմեն, յաճախ սերտելէ կը դադրին։ Իսկ անոնք, որոնք կը կարծեմ թէ շատ պիտի չյառաջդիմեն, շատ լաւ կը յառաջդիմեն։ Ուստի, սորված եմ, թէ աւելի լաւ է թոյլ տալ, որ Եհովայի հոգին մեզ առաջնորդէ»։
19. Մեր թաղամասի մարդիկը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
19 Առաջին ակնարկով, այնպէս կրնայ թուիլ, թէ թաղամասիդ մէջ քիչեր կը նմանին հնձուելու պատրաստ հատիկի։ Բայց յիշէ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՛նչ ըսաւ։ Արտերը ճերմկած են, այսինքն՝ հնձուելու պատրաստ են։ Մարդիկ կրնան փոխուիլ եւ Քրիստոսի աշակերտները դառնալ։ Եհովան այդ հաւանական աշակերտները «ցանկալի բաներ» կը նկատէ (Ան. 2։7)։ Եթէ մարդիկը Եհովային եւ Յիսուսին տեսանկիւնէն դիտենք, պիտի ջանանք հասկնալ թէ ո՛ր ենթահողերէն եկած են եւ ի՛նչ հետաքրքրութիւններ ունին։ Զիրենք ո՛չ թէ օտարներ պիտի նկատենք, հապա՝ հաւանական եղբայրներ ու քոյրեր։
ԵՐԳ 142 Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք
^ պարբ. 5 Թաղամասի մարդոց հանդէպ մեր կեցուածքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քարոզելու եւ սորվեցնելու մեր կերպին։ Յօդուածը կը քննարկէ, թէ Յիսուս եւ Պօղոս առաքեալ իրենց ունկնդիրները ինչպէ՛ս նկատեցին։ Պիտի տեսնենք թէ զիրենք ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել, նկատի առնելով թաղամասի մարդոց հաւատալիքներն ու հետաքրքրութիւնները, եւ աշակերտներ դառնալու հաւանականութիւնը։
^ պարբ. 17 «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ աւելի օրինակներ կան, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան փոխուիլ։ Այս յօդուածաշարքը Դիտարան–ին մէջ երեւցաւ մինչեւ 2017 թուական։ Անիկա այժմ կը շարունակէ ուրիշ լեզուներով հրատարակուիլ jw.org® կայքին մէջ։ Նայէ՛ ABOUT US > EXPERIENCES։
^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մինչ ամուսնացած զոյգ մը դռնէ դուռ կը քարոզեն, կը նկատեն՝ 1) ծաղիկներով զարդարուած եւ լաւ հոգ տարուած տուն մը, 2) տուն մը, ուր պզտիկներ ունեցող ընտանիք մը կ’ապրի, 3) ներսէն ու դուրսէն թափթփած տուն մը եւ 4) կրօնասէր ընտանիքի մը տունը։ Ո՞ւր ամէնէն շատ կարելի է որ հաւանական աշակերտ գտնես։