Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16

Մտիկ ըրէ, գիտցիր ու կարեկցէ

Մտիկ ըրէ, գիտցիր ու կարեկցէ

«Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք» (ՅՈՎՀ. 7։24

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Աստուածաշունչը ի՞նչ մխիթարական իրողութիւն մը կը յայտնէ Եհովայի մասին։

ՊԻՏԻ ուզէի՞ր որ մարդիկ քեզ դատէին մորթիդ գոյնին, դիմագիծիդ կամ մարմնիդ չափին հիման վրայ։ Հաւանաբար ոչ։ Ուրեմն, որքա՜ն կը մխիթարուինք գիտնալով, որ Եհովան մեզ չի դատեր մարդկային աչքին տեսանելի եղող բաներուն հիման վրայ։ Օրինակ, երբ Սամուէլ Յեսսէի որդիներուն նայեցաւ, չտեսաւ ինչ որ Եհովան կը տեսնէր։ Եհովան Սամուէլին ըսած էր, որ անոնցմէ մէկը Իսրայէլի թագաւորը պիտի ըլլար։ Բայց ո՞ր մէկը։ Երբ Սամուէլ Յեսսէի անդրանիկ որդին՝ Եղիաբը տեսաւ, ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։ Եղիաբի երեւոյթը ա՛յնքան տպաւորիչ էր, որ Սամուէլ խորհեցաւ որ ան ըլլալու է ապագայ թագաւորը։ «Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. ‘Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի’»։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եհովան բացատրեց. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագ. 16։1, 6, 7

2. Ինչպէս որ Յովհաննէս 7։24–ը ցոյց կու տայ, ինչո՞ւ պէտք չէ անհատ մը իր արտաքին երեւոյթէն դատենք. օրինակով բացատրէ։

2 Որպէս անկատարներ, հակումը ունինք ուրիշները դատելու՝ հիմնուելով իրենց արտաքին երեւոյթին վրայ (կարդա՛ Յովհաննէս 7։24)։ Բայց մեր աչքերուն տեսածով կրնանք քիչ բան գիտնալ անհատի մը մասին։ Օրինակ, բժիշկ մը, նոյնիսկ եթէ հմուտ ու փորձառու է, քիչ բան պիտի գիտնայ հիւանդի մը մասին, եթէ պարզապէս անոր նայի։ Եթէ կ’ուզէ գիտնալ, թէ հիւանդը առողջապահական ի՛նչ խնդիրներ ունեցած է, զգացական գետնի վրայ ի՛նչ տեսակ անձ է կամ ի՛նչ ախտանիշներ ունի, պէտք է իրեն ուշի–ուշով մտիկ ընէ։ Բժիշկը թերեւս նոյնիսկ Ք. ճառագայթ (X-ray) խնդրէ, որպէսզի հիւանդին մարմինէն ներս տեսնէ։ Այլապէս, կրնայ հիւանդին սխալ ախտաճանաչում ընել։ Նոյնպէս, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն արտաքին երեւոյթին նայելով, չենք կրնար զիրենք լիովին հասկնալ։ Պէտք է ջանանք մակերեսէն անդին նայիլ, այսինքն՝ ներքին անձը տեսնել։ Անշուշտ, սրտերը կարդալու կարողութիւնը չունինք, ուստի բնաւ պիտի չկարենանք ուրիշները հասկնալ ինչպէս որ Եհովան կը հասկնայ, բայց կրնա՛նք մեր լաւագոյնը ընել, որ Եհովան ընդօրինակենք։ Ինչպէ՞ս։

3. Այս յօդուածին մէջ նշուած աստուածաշնչական արձանագրութիւնները մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնեն, որ Եհովան ընդօրինակենք։

3 Եհովան զինք պաշտողներուն հետ ինչպէ՞ս կը վարուի։ Ան իրենց մտիկ կ’ընէ։ Իրենց ենթահողն ու պարագաները հաշուի կ’առնէ։ Եւ իրենց կը կարեկցի։ Մինչ նկատի կ’առնենք թէ Եհովան ասիկա ինչպէ՛ս ըրաւ Յովնանի, Եղիայի, Հագարի եւ Ղովտի պարագային, տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր վարուելու կերպով զինք ընդօրինակել։

ՈՒՇԻ–ՈՒՇՈՎ ՄՏԻԿ ԸՐԷ

4. Թերեւս ինչո՞ւ ժխտական աչքով նայինք Յովնանին։

4 Մեր սահմանափակ տեսանկիւնէն դիտուած, կրնանք մտածել որ Յովնան վստահելի մէկը չէր եւ նոյնիսկ անհաւատարիմ էր։ Ան Եհովայէն ուղղակի պատուէր ստացաւ, որ Նինուէի դէմ դատաստան յայտարարէ, բայց հնազանդելու փոխարէն, նաւ մը առնելով հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդեց՝ «Տէրոջը երեսէն հեռու» (Յովն. 1։1-3)։ Արդեօք դուն Յովնանին ուրիշ առիթ մը պիտի տայի՞ր։ Հաւանաբար ոչ։ Բայց Եհովան տեսաւ թէ պատճառներ կային, որ անոր դարձեալ առիթ մը տայ (Յովն. 3։1, 2

5. Յովնանի մասին ի՞նչ կը սորվիս Յովնան 2։1, 2, 9–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքերէն։

5 Յովնանի աղօթքը ի յայտ բերաւ, թէ ան իրականութեան մէջ ինչպիսի անձ մըն էր (կարդա՛ Յովնան 2։1, 2, 9)։ Անկասկած Յովնան շա՜տ անգամ Եհովային աղօթեց։ Այդ աղօթքներէն մէկը, որ ձուկին փորին մէջ ըրաւ, մեզի կ’օգնէ որ զինք չդիտենք միայն որպէս իր նշանակումէն փախչող անձ մը։ Իր խօսքերը ցոյց կու տան, որ խոնարհ ու շնորհակալ էր, եւ վճռած էր Եհովային հնազանդիլ։ Ուստի զարմանալի չէ որ Եհովան Յովնանի արարքներէն անդին տեսաւ, անոր աղօթքին պատասխանեց եւ շարունակեց զինք որպէս մարգարէ գործածել։

Եթէ իրողութիւնները գիտնանք, կրնանք աւելի կարեկից դառնալ (տե՛ս պարբերութիւն 6) *

6. Ինչո՞ւ կ’արժէ որ ջանք թափենք ուշի–ուշով մտիկ ընելու։

6 Ուշի–ուշով ուրիշներուն մտիկ ընելու համար, պէտք է խոնարհ ու համբերող ըլլանք։ Կ’արժէ ասոր մէջ ջանք թափել առնուազն երեք պատճառներով։ Առաջին, աւելի քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ մարդոց մասին արագօրէն սխալ կարծիք կազմենք։ Երկրորդ, պիտի կարենանք մեր եղբօր զգացումներն ու շարժառիթները գիտնալ, ինչ որ մեզի պիտի օգնէ որ իրեն աւելի կարեկցինք։ Եւ երրորդ, թերեւս անհատին օգնենք որ ինքն իր անձին մասին բան մը գիտնայ, քանի որ երբեմն մենք իսկ մեր զգացումները չենք հասկնար մինչեւ որ զանոնք բառերով արտայայտենք (Առ. 20։5)։ Ասիոյ մէջ երէց մը կ’ըսէ. «Անգամ մը սխալեցայ եւ խօսեցայ նախքան որ մտիկ ընեմ։ Քրոջ մը ըսի, թէ ժողովին մէջ իր պատասխաններուն որակը պէտք է բարելաւէ։ Յետագային գիտցայ, որ ան կարդալու դժուարութիւն ունի եւ թէ պատասխան տալու համար շա՜տ ջանք կը թափէ»։ Ուստի, որքա՜ն կարեւոր է որ իւրաքանչիւր երէց խրատ տալէ առաջ ‘իրողութիւնները լսէ’ (Առ. 18։13, ՆԱ

7. Եղիայի հետ Եհովայի վարուելու կերպէն ի՞նչ կը սորվիս։

7 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք դժուարութիւն ունին իրենց զգացումները արտայայտելու՝ իրենց ենթահողին, մշակոյթին կամ անձնաւորութեան պատճառաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրենց օգնել որ իրենց սիրտը դիւրաւ մեզի բանան։ Յիշէ թէ Եհովան Եղիային հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ, երբ ան Յեզաբէլէն կը փախչէր։ Քանի մը օր անցաւ մինչեւ որ Եղիան կրցաւ իր սիրտը պարպել իր երկնաւոր Հօր։ Եհովան ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ, եւ ապա զինք քաջալերեց եւ կարեւոր գործ մը տուաւ (Գ. Թագ. 19։1-18)։ Թերեւս մեր եղբայրներն ու քոյրերն ալ ժամանակի կը կարօտին, որ իրենց սիրտը մեզի բանան, եւ միայն այն ատեն պիտի կարենանք իրենց իսկական զգացումները գիտնալ։ Եթէ Եհովան ընդօրինակելով համբերող ըլլանք, իրենց վստահութիւնը կրնանք շահիլ։ Իսկ երբ իրենց զգացումները պատմելու պատրաստ ըլլան, ուշի–ուշով պէտք է մտիկ ընենք։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԴ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐԴ ՃԱՆՉՑԻՐ

8. Ծննդոց 16։7-13–ի համաձայն, Եհովան Հագարին ինչպէ՞ս օգնեց։

8 Հագարը՝ Սարայի աղախինը, Աբրամի որպէս կին տրուելէն ետք անմտութեամբ վարուեցաւ։ Երբ ան յղի մնաց, սկսաւ ցած աչքով նայիլ Սարային, որ պզտիկներ չունէր։ Կացութիւնը այնքա՛ն գէշ եղաւ, որ Սարան սկսաւ Հագարը նեղել այնպէս որ ան փախաւ (Ծն. 16։4-6)։ Որովհետեւ անկատար ենք, թերեւս մտածենք թէ Հագար գոռոզ կին մըն էր, որ նուաստացումի արժանի էր, բայց Եհովան Հագարը այդպէս չնկատեց։ Ան իր հրեշտակը ղրկեց անոր։ Եւ երբ հրեշտակը զինք գտաւ, իրեն օգնեց որ իր կեցուածքը փոխէ եւ զինք օրհնեց։ Հագար զգաց որ Եհովան զինք կը դիտէր եւ իր պարագայէն լաւապէս տեղեակ էր։ Ուստի մղուեցաւ զինք կոչելու «ամէն ինչ տեսնող Աստուած. . . որ զիս կը տեսնէ» (ՆԱ) (կարդա՛ Ծննդոց 16։7-13

9. Եհովան ինչո՞ւ Հագարին հետ այդպէս վարուեցաւ։

9 Եհովան Հագարին մէջ ի՞նչ տեսաւ։ Ան գիտէր անոր ենթահողը եւ ամէն բան, որուն տոկացած էր (Առ. 15։3)։ Հագար եբրայեցի ընտանիքի հետ ապրող եգիպտուհի մըն էր։ Արդեօք երբեմն ինքզինք օտար զգա՞ց։ Իր ընտանիքն ու միջավայրը կարօտցա՞ւ։ Ասկէ զատ, ան Աբրամի միակ կինը չէր։ Ժամանակ մը, կարգ մը հաւատարիմ տղամարդիկ մէկէ աւելի կին կ’ունենային, բայց ատիկա Եհովայի սկզբնական նպատակը չէր (Մատ. 19։4-6)։ Ուրեմն զարմանալի չէ որ այս սովորութիւնը խնդիրներու դուռ կը բանար, նախանձ եւ ջղայնութիւն պատճառելով։ Մինչ Եհովան Սարայի հանդէպ Հագարի անյարգալից վերաբերմունքը չարդարացուց, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան Հագարի ենթահողն ու պարագան հաշուի առաւ։

Եղբայրներդ ու քոյրերդ աւելի լաւ ճանչցիր (տե՛ս պարբերութիւն 10-12) *

10. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը աւելի լաւ ճանչնալ։

10 Կրնանք Եհովան ընդօրինակել ջանալով իրար հասկնալ։ Ջանա՛ եղբայրներդ ու քոյրերդ աւելի լաւ ճանչնալ։ Ժողովներէն առաջ եւ ետք անոնց հետ խօսակցէ, անոնց հետ ծառայութեան մասնակցէ եւ եթէ կարելիութիւնը ունիս՝ զանոնք ճաշի հրաւիրէ։ Երբ այդպէս ընես, թերեւս անդրադառնաս որ ոչ–մարդամօտ երեւցող քոյր մը, իրականութեան մէջ ամչկոտ է, նիւթապաշտ թուող եղբայր մը հիւրասէր է, կամ ժողովներուն յաճախ ուշ հասնող ընտանիք մը հակառակութիւն կը դիմագրաւէ։ Անշուշտ պէտք չէ ուրիշներու գործերուն խառնուող ըլլանք (Ա. Տիմ. 5։13)։ Սակայն, լաւ կ’ըլլայ որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին տեղեկութիւններ ունենանք եւ գիտնանք թէ ի՛նչ պարագաներ իրենց անձնաւորութիւնը կաղապարած են։

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցները ոչխարները լաւ ճանչնան։

11 Մասնաւորաբար երէցները պէտք է իրենց հոգատարութեան տակ եղող եղբայրներուն ու քոյրերուն ենթահողէն տեղեակ ըլլան։ Նկատի առ Արթիւր անունով եղբօր մը օրինակը, որ որպէս շրջանային տեսուչ կը ծառայէր։ Ան եւ ուրիշ երէց մը այցելեցին քրոջ մը, որ ամչկոտ ու ինքնամփոփ կ’երեւէր։ Արթիւր կ’ըսէ. «Տեղեկացանք թէ իր ամուսինը մեռաւ իրենց ամուսնութենէն շատ չանցած։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ան իր երկու աղջիկները այնպէս մը մեծցուց, որ հոգեւորապէս զօրաւոր անհատներ դարձան։ Թէեւ իր տեսողութիւնը սկսաւ կորսնցնել եւ ընկճուածութենէ կը տառապէր, բայց Եհովային հանդէպ իր սէրն ու հաւատքը զօրաւոր մնացին։ Անդրադարձանք, որ այս քրոջ լաւ օրինակէն շատ բան ունէինք սորվելիք» (Փլպ. 2։3)։ Այս շրջանային տեսուչը Եհովայի օրինակին կը հետեւէր։ Եհովան իր ոչխարները կը ճանչնայ եւ անոնց տառապանքէն լաւատեղեակ է (Ել. 3։7)։ Այն երէցները, որոնք ոչխարները լաւ կը ճանչնան, աւելի ի վիճակի են անոնց օգնելու։

12. Եիփ Եին ինչպէ՞ս օգտուեցաւ քոյր մը աւելի ճանչնալով։

12 Երբ քեզ ջղագրգռող հաւատակիցի մը պարագաները գիտնաս, շատ հաւանաբար իրեն կարեկցիս։ Օրինակ մը նկատի առ։ Եիփ Եի անունով քոյր մը, որ Ասիոյ մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Ժողովքիս մէջ քոյր մը բարձրաձայն խօսելու սովորութիւնը ունէր։ Խորհեցայ որ անքաղաքավար անձ մըն է։ Բայց երբ իրեն հետ ծառայեցի, տեղեկացայ որ նախապէս իր ծնողքին կ’օգնէր, որ շուկային մէջ ձուկ ծախէին, եւ անոր համար պէտք էր ձայնը բարձրացնէր, որպէսզի յաճախորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրէր»։ Ան կ’աւելցնէ. «Սորվեցայ որ եղբայրներս ու քոյրերս հասկնալու համար, պէտք է զիրենք մօտէն ճանչնամ»։ Անշուշտ եղբայրներդ աւելի լաւ ճանչնալու համար ջանք պէտք է թափես։ Բայց երբ Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով սիրտդ լայն բանաս, Եհովան կ’ընդօրինակես՝ որ «ամէն տեսակ մարդիկ» կը սիրէ (Ա. Տիմ. 2։3, 4, ՆԱ. Բ. Կոր. 6։11-13

ԿԱՐԵԿՑԷ

13. Ծննդոց 19։15, 16–ի համաձայն, հրեշտակները ի՞նչ ըրին երբ Ղովտ կը տնտնար, եւ ինչո՞ւ։

13 Ղովտ իր կեանքին կարեւոր մէկ պահուն Եհովայի ուղղութիւններուն արագօրէն չհնազանդեցաւ։ Երկու հրեշտակներ իրեն այցելեցին եւ ըսին, որ իր ընտանիքը Սոդոմէն դուրս հանէ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք ըսին. «Մենք այս տեղը պիտի կորսնցնենք» (Ծն. 19։12, 13)։ Յաջորդ առտու, Ղովտն ու իր ընտանիքը տակաւին տունն էին, ուստի հրեշտակները անգամ մը եւս զինք զգուշացուցին։ Բայց ան շարունակեց տնտնալ։ Թերեւս Ղովտը դատենք որպէս անհոգ եւ նոյնիսկ անհնազանդ մէկը։ Սակայն, Եհովան իր յոյսը անկէ չկտրեց։ «Տէրոջը անոր ողորմելովը», հրեշտակները անոնց ձեռքէն բռնելով զանոնք քաղաքէն դուրս տարին (կարդա՛ Ծննդոց 19։15, 16

14. Եհովան թերեւս ի՞նչ պատճառներով Ղովտին կարեկցեցաւ։

14 Եհովան Ղովտին կարեկցեցաւ թերեւս զանազան պատճառներով։ Ղովտ կրնայ ըլլալ որ տունէն հեռանալու երկմտեցաւ, քանի որ քաղաքէն դուրս եղող մարդոցմէն կը վախնար։ Եւ ուրիշ վտանգներ ալ կային։ Օրինակ, Ղովտ հաւանաբար երկու թագաւորներուն մասին լսած էր, որոնք մօտակայ ձորի մը մէջ գտնուող նաւթի (կամ կուպրի) հորերուն մէջ ինկած էին (Ծն. 14։8-12)։ Ամուսին եւ հայր ըլլալով, ան իր ընտանիքով մտահոգուած ըլլալու էր։ Ասկէ զատ, ան հարուստ էր, ուստի Սոդոմի մէջ թերեւս շքեղ տուն մը ունէր (Ծն. 13։5, 6)։ Անշուշտ, այդ ազդակներէն ո՛չ մէկը կ’արդարացնէր Եհովային անմիջապէս չհնազանդիլը։ Սակայն, Եհովան Ղովտի սխալին վրայ չկեդրոնացաւ եւ զինք «արդար» նկատեց (Բ. Պետ. 2։7, 8

Մտիկ ընելով կը հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք կարեկցութիւն ցոյց տալ (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Փոխանակ անհատի մը ըրածները դատելու, ի՞նչ պէտք է ընենք։

15 Փոխանակ ուրիշին ըրածները դատելու, ամէն ջանք ըրէ որ իր զգացումները հասկնաս։ Եւրոպայի մէջ ապրող Վերոնիքա անունով քոյր մը ջանաց այդպէս ընել։ Ան կը պատմէ. «Քոյր մը միշտ անտրամադիր կը թուէր։ Շարունակ կը մեկուսանար։ Երբեմն կը քաշուէի իրեն մօտենալու, բայց մտածեցի. ‘Եթէ ե՛ս իր պարագան ունենայի, բարեկամի պէտք պիտի ունենայի’։ Ուստի որոշեցի իրեն հարցնել, թէ ինչպէ՛ս կը զգայ։ Ան իր սիրտը բացաւ ինծի։ Այժմ շա՜տ աւելի կը հասկնամ զինք»։

16. Ինչո՞ւ պէտք է աղօթքով օգնութիւն խնդրենք կարեկից ըլլալու համար։

16 Միակ անձը, որ մեզ լիովին կը հասկնայ, Եհովան է (Ա. Յովհ. 3։20)։ Ուստի իրմէ խնդրէ, որ քեզի օգնէ ուրիշներուն մէջ տեսնելու այն ինչ որ ինք կը տեսնէ եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս կարեկցիլ անոնց։ Աղօթելը օգնեց Անժէլա անունով քրոջ մը, որ աւելի կարեկից ըլլայ։ Իր ժողովքին մէջ որոշ քրոջ մը հետ ընկերակցիլը դժուար էր։ Անժէլան կ’ըսէ. «Դիւրաւ կրնայի քոյրը քննադատելու ծուղակին մէջ իյնալ եւ ձեռքերս անկէ լուալ։ Բայց Եհովայէն խնդրեցի, որ ինծի օգնէ այս քրոջ կարեկցելու»։ Եհովան անոր աղօթքին պատասխանե՞ց։ Անժէլան կ’ըսէ. «Միասին ծառայեցինք եւ անկէ ետք ժամերով իրարու հետ խօսեցանք։ Կարեկցութեամբ իրեն մտիկ ըրի։ Այժմ զինք աւելի կը սիրեմ եւ վճռած եմ իրեն ձեռք տալ»։

17. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

17 Չես կրնար ընտրել թէ ո՛ր եղբայրներն ու քոյրերը կարեկցութեանդ արժանի են։ Յովնանի, Եղիայի, Հագարի եւ Ղովտի նման, անոնք բոլորն ալ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Կարգ մը պարագաներու, ոմանք իրե՛նք իրենց վրայ խնդիրներ բերած են։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ բոլորս օրին մէկը այդպէս ըրած ենք։ Ուստի տրամաբանական է, որ Եհովան մեզմէ խնդրէ որ իրարու կարեկցինք (Ա. Պետ. 3։8)։ Երբ Եհովայի հնազանդինք, մեր յատուկ եւ այլազան համաշխարհային ընտանիքին միութիւնը կը զօրացնենք։ Ուստի, թող որ վճռենք մտիկ ընել, գիտնալ ու կարեկցիլ։

ԵՐԳ 119 Եկէք եւ թարմացէք

^ պարբ. 5 Անկատար ըլլալով, հակումը ունինք մարդոց եւ իրենց շարժառիթներուն նկատմամբ արագ ենթադրութիւններ ընելու։ Բայց Եհովան «սրտին կը նայի» (Ա. Թագ. 16։7)։ Յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ան ինչպէ՛ս Յովնանին, Եղիային, Հագարին եւ Ղովտին սիրալիրօրէն օգնած է։ Եւ ատիկա մեզի պիտի օգնէ, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր վարուելու կերպով Եհովան ընդօրինակենք։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարեց եղբայր մը կը նեղանայ տեսնելով ժողովի ընթացքին երիտասարդ եղբօր մը ուշ հասնիլը, բայց ետքը կը գիտնայ որ ան ինքնաշարժի արկած ունեցած է։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Թէեւ ծառայութեան խումբի տեսուչը սկիզբը կարծեց, որ քոյրը մարդամօտ չէ, բայց ետքը գիտցաւ որ ան պարզապէս ամչկոտ է եւ ուրիշներու ներկայութեան անհանգիստ կը զգայ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ քոյր մը ուրիշ քրոջ մը հետ ժամանակ անցընելով զինք աւելի լաւ ճանչցաւ, անդրադարձաւ որ ան անտարբեր մէկը չէ, ինչպէս որ կարծեց երբ առաջին անգամ Թագաւորութեան սրահին մէջ տեսաւ զինք։