Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18

Մրցավազքը աւարտէ

Մրցավազքը աւարտէ

«Մրցավազքը աւարտեցի» (Բ. ՏԻՄ. 4։7, ՆԱ

ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Բոլորս ի՞նչ պէտք է ընենք։

ՊԻՏԻ ուզէի՞ր մրցավազքի մը մասնակցիլ, գիտնալով որ անիկա դժուար է, մանաւանդ եթէ հիւանդ կամ յոգնած ես։ Հաւանաբար ոչ։ Սակայն Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները մրցավազքի մէջ են (Եբ. 12։1)։ Եւ բոլորս, ըլլա՛նք երիտասարդ կամ տարեց, եռանդուն կամ յոգնած, պէտք է մինչեւ վերջ տոկանք եթէ կ’ուզենք Եհովայի որոշած մրցանակը ստանալ (Մատ. 24։13

2. Ինչպէս որ Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8–ին մէջ արձանագրուած է, Պօղոս ինչո՞ւ խօսքի համարձակութիւն ունէր։

2 Պօղոս խօսքի համարձակութիւն ունէր, քանի որ յաջողապէս ‘մրցավազքը աւարտեց’ (ՆԱ) (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8)։ Բայց յատկապէս ի՞նչ է այն մրցավազքը, որուն մասին խօսեցաւ։

Ի՞ՆՉ Է ՄՐՑԱՎԱԶՔԸ

3. Ի՞նչ է այն մրցավազքը, որուն մասին Պօղոս խօսեցաւ։

3 Պօղոս երբեմն գործածեց Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղերէն երեսակներ, կարեւոր դասեր սորվեցնելու համար (Ա. Կոր. 9։25-27. Բ. Տիմ. 2։5)։ Կարգ մը առիթներով, ան մրցավազքը գործածեց քրիստոնեային կեանքի ընթացքը բացատրելու համար (Ա. Կոր. 9։24. Գաղ. 2։2. 5։7)։ Անհատ մը այս «մրցավազք»ին մէջ կը մտնէ, երբ իր կեանքը Եհովայի կը նուիրէ ու կը մկրտուի (Ա. Պետ. 3։21)։ Ան աւարտագիծը կը կտրէ, երբ Եհովան յաւիտենական կեանքի մրցանակը տայ իրեն (Մատ. 25։31-34, 46. Բ. Տիմ. 4։8

4. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Երկար մրցավազքի եւ քրիստոնէական կեանքին միջեւ բազմաթիւ նմանութիւններ կան։ Նկատի առնենք երեք նմանութիւններ։ Առաջին, պէտք է ճիշդ ընթացքին հետեւինք. երկրորդ, պէտք է աւարտագիծին վրայ կեդրոնանանք. եւ երրորդ, պէտք է շարունակենք տոկալ, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։

ՃԻՇԴ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԵՏԵՒԷ

Բոլորս պէտք է քրիստոնէական ընթացքին հետեւինք (տե՛ս պարբերութիւն 5-7) *

5. Ի՞նչ ընթացքի պէտք է հետեւինք, եւ ինչո՞ւ։

5 Բառացի մրցավազքին մէջ մրցանակը շահելու համար, վազորդները պէտք է վազեն մրցումը կազմակերպողներուն որոշած ուղիին մէջ։ Նոյնպէս, եթէ կ’ուզենք յաւիտենական կեանքի մրցանակը ստանալ, պէտք է քրիստոնէական ընթացքին հետեւինք (Գործք 20։24. Ա. Պետ. 2։21)։ Սակայն, Սատանան եւ զինք ընդօրինակողները կ’ուզեն, որ տարբեր ընտրութիւն ընենք. շարունակենք ‘իրենց հետ վազել’ (Ա. Պետ. 4։4)։ Անոնք մեր հետեւած ընթացքը ծաղր կ’ընեն եւ կ’ըսեն որ իրենց ապրելակերպը աւելի լաւ է ու ազատութեան կ’առաջնորդէ։ Բայց իրենց ըսածը ճիշդ չէ (Բ. Պետ. 2։19

6. Պրայընի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

6 Անոնք, որոնք կը վազեն Սատանայի աշխարհէն ազդուողներուն հետ, շուտով կ’անդրադառնան որ իրենց ընտրած ուղին, ոչ թէ ազատութեան կը տանի, հապա՝ ստրկութեան (Հռով. 6։16)։ Նկատի առ Պրայընի փորձառութիւնը։ Իր ծնողքը զինք քաջալերեց, որ քրիստոնէական ընթացքը բռնէ։ Բայց երբ պատանի եղաւ, վստահ չէր թէ այդ ճամբան զինք պիտի ուրախացնէր։ Ան որոշեց վազել Սատանայի չափանիշներուն համաձայն ապրողներուն հետ։ Ան կ’ըսէ. «Չգիտակցեցայ որ այդպէս կոչուած ազատութիւնը, որուն կը ցանկայի, պատճառ պիտի դառնար որ վնասակար բաներու մոլին դառնայի։ Ժամանակի ընթացքին, սկսայ թմրեցուցիչ գործածել ու չափազանց ալքոլ խմել եւ անբարոյ կեանք վարել։ Յաջորդող տարիներուն ընթացքին, աստիճանաբար աւելի վնասակար թմրեցուցիչներ գործածեցի եւ անոնց գերի դարձայ։ . . .Ապրելակերպս շարունակելու համար, սկսայ թմրեցուցիչ ծախել»։ Ի վերջոյ, Պրայըն որոշեց Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Ան իր ընթացքը փոխեց եւ 2001–ին մկրտուեցաւ։ Ան այժմ իսկապէս ուրախ է, քանի որ քրիստոնէական ընթացքին կը հետեւի *։

7. Մատթէոս 7։13, 14–ի համաձայն, մեր առջեւ ի՞նչ երկու ճամբաներ կան։

7 Որքա՜ն կարեւոր է որ հետեւելիք ճիշդ ճամբան ընտրենք։ Սատանան կ’ուզէ որ բոլորս դադրինք վազելէ նեղ ճամբուն մէջ, որ «դէպի կեանք կը տանի», եւ բռնենք այն ընդարձակ ճամբան, որուն կը հետեւի մարդկութեան մեծամասնութիւնը։ Այդ ճամբան ժողովրդական եւ դիւրին է, բայց «դէպի կորուստ կը տանի» (կարդա՛ Մատթէոս 7։13, 14)։ Ճիշդ ճամբուն մէջ մնալու եւ անկէ չշեղելու համար, պէտք է Եհովային վստահինք եւ իրեն մտիկ ընենք։

ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱՑԻ՛Ր ՄԻՆՉ ԿԸ ՎԱԶԵՍ

Պէտք է կեդրոնացած մնանք եւ ուրիշները չգայթակղեցնենք (տե՛ս պարբերութիւն 8-12) *

8. Եթէ վազորդ մը իյնայ, ի՞նչ կ’ընէ։

8 Երկար մրցավազքի մէջ, մրցորդները շարունակ իրենց ճիշդ առջեւը կը նային որպէսզի չիյնան։ Սակայն, տակաւին կրնան իյնալ, եթէ ուրիշ վազորդ մը իրենց մօտ սահի կամ եթէ փոսի մը վրայ կոխեն։ Եթէ իյնան, նորէն ոտքի կ’ելլեն եւ կը շարունակեն վազել։ Անոնք գլխաւորաբար կը կեդրոնանան, ոչ թէ իյնալուն պատճառին վրայ, հապա աւարտագիծին եւ մրցանակին վրայ։

9. Եթէ իյնանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

9 Մեր մրցավազքին մէջ, շատ անգամներ կ’իյնանք, այն առումով որ սխալ բաներ կ’ըսենք կամ կ’ընենք։ Կամ ալ մեզի հետ վազողները սխալներ կ’ընեն ու մեզ կը վիրաւորեն։ Ասիկա պէտք չէ մեզ զարմացնէ։ Բոլորս անկատար ենք, եւ բոլորս նոյն նեղ ճամբուն մէջ կը վազենք, որ կեանքի կը տանի։ Ուստի, ատեններ իրարու «կը զարնուինք»։ Պօղոս ըսաւ որ երբեմն «մէկը մէկուն դէմ տրտունջ» պիտի ունենայ (Կող. 3։13)։ Բայց փոխանակ կեդրոնանալու այն բանին վրայ, որ մեզ գայթակղեցուց, կեդրոնանանք մեր առջեւ դրուած մրցանակին վրայ։ Եթէ իյնանք, թող որ որոշենք ետ ոտքի կայնիլ եւ շարունակել վազել։ Եթէ բարկանանք եւ չուզենք ոտքի ելլել, աւարտագիծը պիտի չանցնինք ու մրցանակը պիտի չստանանք։ Ասկէ զատ, հաւանաբար արգելք պիտի ըլլանք ուրիշներուն, որոնք կը ջանան կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ վազել։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն «գայթակղութիւն» չըլլալ։

10 Ուրիշ կերպ մը, որով կրնանք մեզի հետ վազողներուն «գայթակղութիւն» կամ խոչընդոտ չըլլալ, այն է՝ որ իրենց նախասիրութիւններուն տեղի տանք երբոր կարելի է, փոխանակ մեր իրաւունքները պնդելու (Հռով. 14։13, 19-21. Ա. Կոր. 8։9, 13)։ Այս կարեւոր կերպով մենք տարբեր ենք բառացի վազորդներէն։ Անոնք իրարու դէմ կը մրցին, եւ իւրաքանչիւրը կը ջանայ որ միայն ինք մրցանակը շահի։ Անոնք գլխաւորաբար իրե՛նց շահերը կը փնտռեն։ Անոր համար, թերեւս միւս վազորդները հրեն, որպէսզի իրենք առջեւ անցնին։ Անոնց հակառակը, մենք իրարու դէմ չենք մրցիր (Գաղ. 5։26. 6։4)։ Մեր նպատակն է՝ կարելի եղածին չափ շատերու օգնել որ մեզի հետ աւարտագիծը կտրեն եւ կեանքի մրցանակը շահին։ Ուստի կը ջանանք Պօղոսի ներշնչեալ խրատը գործադրել, որ ‘միայն մեր անձերուն շահը չփնտռենք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’ (Փլպ. 2։4

11. Վազորդ մը ինչի՞ վրայ կը կեդրոնանայ եւ ինչո՞ւ։

11 Իրենց ճիշդ առջեւը նայելէ զատ, բառացի վազորդները կը կեդրոնանան աւարտագիծին վրայ։ Նոյնիսկ եթէ աւարտագիծը բառացի աչքերով չեն տեսներ, կրնան երեւակայել թէ զայն կը կտրեն եւ մրցանակը կը ստանան։ Անոնք խանդավառ կը մնան, մրցանակը յստակօրէն իրենց միտքը պահելով։

12. Եհովան ազնուօրէն մեզի ի՞նչ կ’երաշխաւորէ։

12 Մեր մասնակցած մրցավազքին մէջ, Եհովան իր ծառաներուն ազնուօրէն կ’երաշխաւորէ վարձատրութիւն մը, որ է՝ յաւիտենական կեանք կա՛մ երկինքի մէջ եւ կամ դրախտային երկրի վրայ։ Աստուածաշունչը այդ վարձատրութիւնը կը նկարագրէ, որպէսզի կարենանք երեւակայել թէ մեր կեանքը որքա՜ն հոյակապ պիտի ըլլայ։ Ո՛րքան աւելի մեր մտքին ու սրտին մէջ այդ յոյսը վառ պահենք, ա՛յնքան քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ թոյլ տանք բանի մը, որ մեզ մնայուն կերպով գայթակղեցնէ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՎԱԶԵԼ ՀԱԿԱՌԱԿ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կ’ուզենք շարունակել կեանքի մրցավազքին մէջ վազել, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ ունինք (տե՛ս պարբերութիւն 13-20) *

13. Բառացի վազորդներուն հետ համեմատած, մենք ի՞նչ առաւելութիւն ունինք։

13 Յունական խաղերուն մէջ վազորդները պէտք էր յաղթահարէին դժուարութիւններ, ինչպէս՝ յոգնութիւնը եւ ցաւը։ Բայց միայն կրնային վստահիլ իրենց ստացած մարզումին եւ սեփական ուժին։ Մենք այդ վազորդներուն պէս, մարզում կը ստանանք թէ ինչպէս վազենք մրցավազքին մէջ։ Բայց առաւելութիւն մը ունինք. անսահման ուժի աղբիւրի մը կրնանք դիմել։ Եթէ Եհովայի ապաւինինք, ան կը խոստանայ ոչ միայն մեզ մարզել, հապա նաեւ զօրացնել (Ա. Պետ. 5։10

14. Բ. Կորնթացիս 12։9, 10–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու։

14 Պօղոս բազմաթիւ դժուարութիւններու հետ գլուխ պէտք էր ելլէր։ Նախատինք ու հալածանք կրելէ զատ, երբեմն տկար զգաց եւ «մարմնի խայթոց մը» ունէր (Բ. Կոր. 12։7)։ Բայց փոխանակ այդ դժուարութիւններուն պատճառաւ Եհովայի ծառայելէ դադրելու, զանոնք նկատեց Եհովայի ապաւինելու առիթներ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 12։9, 10)։ Որովհետեւ Պօղոս այս կեցուածքը ունէր, Եհովան իրեն օգնեց իր բոլոր դժուարութիւններուն մէջ։

15. Պօղոսը ընդօրինակելով ի՞նչ փորձառութիւն կրնանք ունենալ։

15 Մենք ալ թերեւս մեր հաւատքին համար նախատուինք կամ հալածուինք։ Թերեւս նաեւ վատառողջ կամ ուժասպառ ըլլանք։ Բայց եթէ Պօղոսը ընդօրինակենք, այդ դժուարութիւններէն իւրաքանչիւրը կրնայ առիթ դառնալ Եհովայի սիրալիր աջակցութիւնը շօշափելու։

16. Նոյնիսկ եթէ անկարող ես, ի՞նչ կրնաս ընել։

16 Եթէ անկողինի կը ծառայես, կամ հաշմանդամի կառք կը գործածես, կամ ծունկերդ չեն բռներ, կամ ալ տեսողութիւնդ տկար է, արդեօք կրնա՞ս երիտասարդ եւ առողջ անհատներուն հետ վազել։ Վստահաբար այո։ Բազմաթիւ տարեց ու անկարող անհատներ կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը վազեն։ Անոնք իրենց ուժովը չեն կրնար ասիկա ընել, հապա Եհովայի զօրութեան կ’ապաւինին՝ քրիստոնէական ժողովները մտիկ ընելով ելեկտրոնային սարքերու միջոցաւ։ Եւ աշակերտելու գործին կը մասնակցին՝ բժիշկներու, հիւանդապահներու եւ ազգականներու վկայելով։

17. Եհովան ի՞նչ կը զգայ ֆիզիքական սահմանափակումներ ունեցողներուն հանդէպ։

17 Եթէ ֆիզիքական սահմանափակումներու պատճառաւ չես կրնար ընել ամէն ինչ որ Եհովային համար կ’ուզես ընել, մի՛ վհատիր ու մի՛ մտածեր, թէ չես կրնար տոկալ մինչեւ այս չար աշխարհին վերջը։ Եհովան քեզ կը սիրէ, քանի որ իրեն կը հաւատաս եւ երկար տարիներ հաւատարիմ եղած ես։ Հիմա ամէն ժամանակէ աւելի իր օգնութեան պէտք ունիս, եւ ան քեզ պիտի չլքէ (Սաղ. 9։10)։ Փոխարէնը, ա՛լ աւելի պիտի մօտենայ քեզի։ Նկատէ թէ հիւանդ քոյր մը ի՛նչ ըսաւ. «Որովհետեւ երթալով առողջապահական աւելի խնդիրներ կ’ունենամ, ճշմարտութեան մասին ուրիշներուն խօսելու առիթները կը նուազին։ Բայց գիտեմ թէ նոյնիսկ պզտիկ ջանքերս Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնեն, եւ ասիկա զիս ուրախ կը պահէ»։ Երբ անտրամադիր ըլլաս, յիշէ թէ Եհովան քեզի հետ է։ Միտքդ բեր Պօղոսի օրինակը եւ իր քաջալերական խօսքը. «Համաձայնած եմ տկարութիւններու. . . վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (Բ. Կոր. 12։10

18. Ոմանք յատկապէս ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։

18 Կեանքի տանող ճամբուն մէջ վազողներէն ոմանք տարբեր դժուարութիւն մը կը դիմագրաւեն։ Անոնք ունին անձնական պարագաներ, որոնք ուրիշներու համար անտեսանելի եւ անըմբռնելի են։ Օրինակ, ստիպուած են ընկճուածութեան կամ չափազանց մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել։ Եհովայի այս անգին ծառաները ինչո՞ւ յատկապէս դժուար կացութեան մէջ են։ Քանի որ երբ մէկը կոտրած թեւ ունի կամ հաշմանդամի կառք կը գործածէ, ամէն մարդ կրնայ իր խնդիրը տեսնել եւ մղուիլ իրեն օգնելու։ Սակայն զգացական կամ մտային խնդիր ունեցողներուն պարագային, թերեւս յայտնի չըլլայ որ կը տառապին։ Անոնց տառապանքը նո՛յնքան լուրջ է, ո՛րքան այն անձին տառապանքը, որուն ձեռքը կամ ոտքը կոտրած է, բայց ուրիշներէ նոյն կարեկցութիւնը չեն ստանար։

19. Մեմփիբոսթէի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

19 Եթէ սահմանափակումներ ունիս եւ կը զգաս որ մարդիկ քեզ սխալ կը հասկնան, կրնաս Մեմփիբոսթէի օրինակով քաջալերուիլ (Բ. Թագ. 4։4)։ Ան անկարող էր եւ Դաւիթ թագաւոր իր մասին սխալ կարծիք կազմեց ու իրեն հետ անարդարութեամբ վարուեցաւ։ Մեմփիբոսթէ բա՛ն մը չըրաւ որ իր գլխուն այս բոլոր դժուարութիւնները բերէ։ Սակայն, ժխտական չդարձաւ, հապա կեանքին մէջ իր ունեցած լաւ բաները արժեւորեց։ Ան երախտապարտ էր՝ անցեալին Դաւիթի ցուցաբերած ազնուութեան համար (Բ. Թագ. 9։6-10)։ Ուստի երբ Դաւիթ զինք սխալ դատեց, Մեմփիբոսթէ լման պատկերը տեսաւ։ Թոյլ չտուաւ որ Դաւիթի սխալը զինք դառնացնէ։ Եւ Դաւիթին ըրածին համար, ան Եհովան չմեղադրեց։ Ան կեդրոնացաւ այն բանին վրայ, որ կրնար ընել Եհովայի նշանակած թագաւորին աջակցելու համար (Բ. Թագ. 16։1-4. 19։24-30)։ Եհովան Մեմփիբոսթէի հոյակապ օրինակը արձանագրել տուաւ իր Խօսքին մէջ մեր օգտին համար (Հռով. 15։4

20. Մտատանջութիւնը ոմանց ինչպէ՞ս կ’ազդէ, բայց ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։

20 Մտատանջութենէ տառապելով, կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր ջղագրգիռ կ’ըլլան եւ կը զգան թէ լուսարձակի տակ են, երբ ուրիշ մարդոց հետ կ’ըլլան։ Իրենց համար դժուար է մեծ խումբերու մէջ ըլլալը, բայց անոնք կը շարունակեն ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Թէեւ անծանօթներու հետ խօսիլը մարտահրաւէր է, բայց դաշտի ծառայութեան մէջ լուռ չեն կենար։ Եթէ այդ է պարագադ, վստահ եղիր որ շատեր նոյն դժուարութիւնը ունին։ Յիշէ որ Եհովան սրտագին ջանքերուդ կը հաճի։ Այն իրողութիւնը, որ չես յանձնուած, փաստ է թէ ան քեզ կ’օրհնէ եւ պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ (Փլպ. 4։6, 7. Ա. Պետ. 5։7) *։ Եթէ Եհովայի կը ծառայես, թէեւ ֆիզիքական կամ զգացական սահմանափակումներ ունիս, կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի կը հաճի։

21. Եհովայի օգնութեամբ, բոլորս ի՞նչ պիտի կարենանք ընել։

21 Ուրախ ենք որ տարբերութիւններ կան բառացի մրցավազքին եւ Պօղոսի նշած մրցավազքին միջեւ։ Սուրբգրական ժամանակներուն, բառացի մրցավազքին մէջ միայն մէկ հոգի մրցանակը կը շահէր։ Մինչդեռ քրիստոնէական ընթացքին մէջ ամէն ով որ հաւատարմաբար կը տոկայ, յաւիտենական կեանքի մրցանակը կը ստանայ (Յովհ. 3։16)։ Եւ բառացի մրցավազքին մէջ, բոլոր վազորդները պէտք էր ֆիզիքապէս լաւ վիճակի մէջ ըլլային. այլապէս, չէին կրնար յուսալ մրցանակը շահիլ։ Միւս կողմէ, մեզմէ շատեր ֆիզիքական սահմանափակումներ ունին, սակայն կը տոկան (Բ. Կոր. 4։16)։ Եհովայի օգնութեամբ, բոլորս պիտի վազենք մինչեւ որ աւարտագիծը կտրենք։

ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

^ պարբ. 5 Ներկայիս Եհովայի ծառաներէն շատեր յառաջացած տարիքի հետեւանքները կը կրեն, իսկ ոմանք ալ զիրենք տկարացնող հիւանդութիւններ ունին։ Եւ բոլորս երբեմն յոգնած կը զգանք։ Ուստի մրցավազքի մասնակցելու գաղափարը կրնայ մեզ վհատեցնել։ Յօդուածը կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս բոլորս կրնանք համբերատարութեամբ վազել ու շահիլ այն կեանքի մրցավազքը, որուն մասին Պօղոս խօսեցաւ։

^ պարբ. 6 Տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 յունուար 2013 թիւին մէջ։

^ պարբ. 20 Մտատանջութեան հետ գլուխ ելլելու նկատմամբ յաւելեալ գործնական առաջարկներ առնելու համար, ինչպէս նաեւ ոմանց փորձառութիւնները գիտնալու համար, տե՛ս jw.org® կայքը։ Նայէ LIBRARY > JW BROADCASTING®։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարեց եղբայրը դաշտի ծառայութեամբ զբաղելով՝ կը շարունակէ քրիստոնէական ընթացքին մէջ մնալ։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Կրնանք ուրիշները գայթակղեցնել, երբ կը պնդենք որ աւելի ալքոլ խմեն կամ երբ մեր խմելուն սահման չդնենք։

^ պարբ. 67 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Նոյնիսկ հիւանդանոցի անկողնին մէջ ըլլալով, եղբայր մը քրիստոնէական մրցավազքին մէջ կը մնայ՝ հիւանդապահներուն վկայելով։