Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

Դուն շատ արժէքաւոր ես Եհովային աչքին

Դուն շատ արժէքաւոր ես Եհովային աչքին

«Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի» (ՍԱՂ. 149։4

ԵՐԳ 18 Աստուծոյ մնայուն սէրը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Մեր երկնաւոր Հայրը իւրաքանչիւրս «կը հաւնի» (տե՛ս պարբ. 1)

1. Եհովան իր ժողովուրդին մէջ ի՞նչ կը նկատէ։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ «իր ժողովուրդը կը հաւնի» (Սաղ. 149։4)։ Ասիկա մեզ շա՜տ կ’ուրախացնէ։ Եհովան կը նկատէ մեր լաւ յատկութիւնները. կը տեսնէ թէ ինչպիսի՛ լաւ անձ կրնանք ըլլալ, եւ մեզ իրեն կը քաշէ։ Եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք, ան մեզի մօտիկ պիտի մնայ յաւիտեա՛ն (Յովհ. 6։44

2. Ոմանց համար ինչո՞ւ դժուար է հաւատալ, որ Եհովան զիրենք կը սիրէ։

2 Ոմանք թերեւս ըսեն. ‘Գիտեմ որ Եհովան իր ժողովուրդը որպէս խումբ կը սիրէ, բայց ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ որ զի՛ս կը սիրէ’։ Մէկը թերեւս ինչո՞ւ այս հարցումը հարցնէ։ Օքսանան *, որ ցաւալի մանկութիւն մը ունեցած է, կ’ըսէ. «Շատ ուրախ էի երբ մկրտուեցայ եւ սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։ Բայց 15 տարի ետք, սկսայ յիշել այն գէշ բաները, որոնք ինծի պատահեցան երբ պզտիկ էի։ Եզրակացուցի որ այլեւս Եհովան ինծի չէր հաճեր եւ արժանի չէի իր սիրոյն»։ Եուա անունով ռահվիրայ քոյր մը, որ նոյնպէս ցաւալի մանկութիւն ունեցած է, կ’ըսէ. «Կեանքս Եհովային նուիրեցի, քանի որ կ’ուզէի զինք ուրախացնել։ Բայց համոզուած էի որ ան զիս չի սիրեր»։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Այդ երկու քոյրերուն պէս, դուն ալ Եհովան շատ կը սիրես, բայց թերեւս կը կասկածիս որ ինք քեզ կը սիրէ։ Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ համոզուիս, թէ քեզմով իրապէս հետաքրքրուած է։ Եւ ի՞նչ կրնաս ընել, երբ ժխտական մտածումը վրադ իշխէ։ Նկատի առնենք այս հարցումներուն պատասխանները։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԻՐՈՅՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է

4. Ինչո՞ւ Եհովային սիրոյն նկատմամբ կասկածներ ունենալը վտանգաւոր է։

4 Երբ վստահ ենք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ, պիտի ուզենք ամբողջ սրտով իրեն ծառայել, նոյնիսկ երբ մեր կեանքի պայմանները դժուար են։ Բայց եթէ ատոր նկատմամբ կասկածներ ունենանք, մեր ‘ուժը քիչ պիտի ըլլայ’ (Առ. 24։10)։ Եւ երբ կ’ընկճուինք ու չենք հաւատար, որ Աստուած մեզ կը սիրէ, պիտի չկարենանք Սատանային յարձակումներուն դէմ դնել (Եփ. 6։16

5. Ի՞նչ պատահեցաւ ոմանց, որոնք Աստուծոյ սիրոյն նկատմամբ կասկածներ ունէին։

5 Այժմու հաւատարիմ քրիստոնեաներէն ոմանք կասկածներ ունենալով հոգեւորապէս տկարացած են։ Ճէյմզ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Թէեւ Բեթէլին մէջ կը ծառայէի եւ հաճոյքով կը քարոզէի օտարախօս ժողովքի մը հետ, բայց հարց կու տայի, թէ արդեօք Եհովան տուած զոհերս իրապէս կ’ընդունէ՞ր։ Եւ ատեն մը սկսայ նոյնիսկ կասկածիլ, թէ Եհովան աղօթքներս մտիկ կ’ընէ»։ Էվան, որ նոյնպէս լիաժամ ծառայութեան մէջ է, կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ Եհովային սիրոյն նկատմամբ կասկածներ ունենալը վտանգաւոր է, քանի որ կ’ազդէ ամէն բանի, որ կ’ընես հոգեւոր գետնի վրայ։ Այդպիսով հոգեւոր բաներու հանդէպ ախորժակ չես ունենար, եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախութիւնդ կը կորսնցնես»։ Մայքլ, որ կանոնաւոր ռահվիրայ եւ երէց է, կ’ըսէ. «Եթէ չհաւատաս որ Աստուած քեզ կը հոգայ, աստիճանաբար իրմէ պիտի հեռանաս»։

6. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ կը սկսինք կասկածներ ունենալ Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ։

6 Այս փորձառութիւնները ցոյց կու տան, թէ ժխտական մտածումը հոգեւորապէս շատ վնասակար է։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ սկսինք կասկածներ ունենալ Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ։ Պէտք է անմիջապէս զանոնք մերժենք։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ այդ «անհանգստացնող մտածումներ»ուն տեղ ունենաս ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ’ (Սաղ. 139։23, ՆԱ. Փլպ. 4։6, 7)։ Եւ յիշէ որ մինակ չես։ Ուրիշ հաւատարիմ եղբայրներ ու քոյրեր ալ ժխտական զգացումներ ունին։ Եւ նոյնիսկ անցեալին, Եհովայի կարգ մը ծառաները այսպիսի դժուարութիւններէ անցան։ Նկատի առ, թէ Պօղոս առաքեալի օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ՊՕՂՈՍԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵՆԷՆ

7. Պօղոս ի՞նչ խնդիրներ ունեցաւ։

7 Երբեմն կը զգա՞ս որ այնքա՛ն շատ պատասխանատուութիւններ ունիս, որ չես կրնար բոլորին պէտք եղածին պէս հոգ տանիլ։ Եթէ այո, Պօղոսին վիճակը պիտի հասկնաս։ Ան հոգ կ’ընէր ոչ միայն մէկ ժողովքի համար, հապա բոլոր ժողովքներուն համար (Բ. Կոր. 11։23-28)։ Երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունի՞ս, որ ուրախութիւնդ կը տանի։ Պօղոս ունէր «մարմնի խայթոց մը», որ թերեւս առողջապահական խնդիր մըն էր, եւ կ’ուզէր ամէն գնով անկէ ձերբազատուիլ (Բ. Կոր. 12։7-10)։ Անկատարութիւններուդ պատճառաւ ընկճուա՞ծ ես։ Պօղոս ալ երբեմն ընկճուեցաւ։ Ան ինքզինք «խղճալի մարդ» կոչեց, քանի որ անդադար կը պայքարէր իր անկատարութիւններուն դէմ (Հռով. 7։21-24

8. Ի՞նչը Պօղոսին օգնեց, որ իր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէ։

8 Զանազան փորձութիւններ եւ նեղացուցիչ պարագաներ դիմագրաւելով հանդերձ, Պօղոս շարունակեց Եհովային ծառայել։ Ի՞նչ բան զինք զօրացուց։ Ան իր անկատարութիւնները շատ լաւ գիտէր, բայց եւ այնպէս փրկանքին հանդէպ անխախտ հաւատք ունէր։ Ան ծանօթ էր Յիսուսի խոստումին, թէ ‘ամէն ո՛վ որ [Յիսուսին] հաւատայ. . . յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ’ (Յովհ. 3։16. Հռով. 6։23)։ Անկասկած Պօղոս անոնցմէ էր, որոնք փրկանքին կը հաւատային։ Ան համոզուած էր, որ Եհովան պատրաստ է ներելու նոյնիսկ անոնց, որոնք լուրջ մեղքեր գործած են, եթէ զղջան (Սաղ. 86։5

9. Գաղատացիս 2։20–էն ի՞նչ կը սորվինք։

9 Պօղոս նաեւ կը հաւատար որ Աստուած զինք շատ կը սիրէր, քանի որ Յիսուսը ղրկած էր որ իրեն համար մեռնէր (կարդա՛ Գաղատացիս 2։20)։ Նկատէ թէ Պօղոս ի՜նչ համոզումով արտայայտուեցաւ, երբ ըսաւ. «[Աստուծոյ Որդին] զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց»։ Պօղոս չզգաց որ ինք այնքա՛ն գէշ անձ մըն էր, որ անկարելի էր որ Աստուած զինք սիրէր։ Ան չմտածեց. ‘Կրնամ հասկնալ որ Եհովան ինչո՛ւ եղբայրներս կը սիրէ, բայց պատճառ մը չկայ որ զի՛ս սիրէ’։ Ան հռոմայեցիներուն յիշեցուց. «Երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։8, 9)։ Աստուծոյ սէրը սահման չունի։

10. Ի՞նչ կը սորվինք Հռովմայեցիս 8։38, 39–էն։

10 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։38, 39։ Պօղոս լիովին համոզուած էր, որ Աստուծոյ սէրը շատ զօրաւոր է։ Ան գրեց, թէ բան մը չկայ որ «կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն»։ Ան գիտէր թէ Եհովան որքա՜ն համբերութեամբ վարուած էր իսրայէլ ազգին հետ։ Ան նաեւ տեսած էր, թէ Եհովան որքա՜ն ողորմութիւն ցոյց տուած էր իրե՛ն հանդէպ։ Կրնանք Պօղոսին մտածածը այս կերպով ամփոփել. ‘Որովհետեւ Եհովան իր Որդին ղրկեց որ ինծի համար մեռնի, պատճառ մը չունիմ կասկածելու թէ ան զիս կը սիրէ’ (Հռով. 8։32

Աստուծոյ համար կարեւորը այն է, որ մենք հիմա եւ ապագային ի՛նչ կ’ընենք, եւ ոչ թէ անցեալին ի՛նչ սխալներ գործեցինք (տե՛ս պարբ. 11) *

11. Թէեւ Պօղոս մեղքեր գործեց, ինչպէս այն մեղքերը որ Ա. Տիմոթէոս 1։12-15–ի մէջ կը կարդանք, ինչո՞ւ վստահ էր որ Աստուած զինք կը սիրէր։

11 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։12-15։ Հաւանաբար եղան պահեր երբ Պօղոսի անցեալը զինք տանջեց։ Չենք զարմանար, երբ կը կարդանք որ ան ինքզինք ‘մեղաւորներուն գլուխը’ սեպեց։ Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, Պօղոս անդադար քրիստոնեաները կը հալածէր մէկ քաղաքէն միւսը։ Ան կը բանտարկէր ոմանք, եւ հաւանութիւն կու տար, երբ դատարանը կ’որոշէր ոմանք մեռցնել (Գործք 26։10, 11)։ Ան վստահաբար շատ գէշ պիտի զգար, եթէ հանդիպէր պատանի քրիստոնեայի մը, որուն ծնողքին մահուան ի՛նք պատճառ եղած էր։ Պօղոս կը զղջար իր սխալներուն համար, բայց գիտէր որ անցեալը չէր կրնար փոխել։ Ան ընդունեց որ Քրիստոս իրե՛ն համար մեռաւ եւ համոզումով գրեց «Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ» (Ա. Կոր. 15։3, 10)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Ընդունէ որ Քրիստոս քեզի համար մեռաւ եւ ճամբան հարթեց, որ Եհովային հետ ջերմ ու անձնական փոխյարաբերութիւն ունենաս (Գործք 3։19)։ Աստուծոյ համար կարեւորը այն է, որ մենք հիմա եւ ապագային ի՛նչ կ’ընենք, եւ ոչ թէ անցեալին ի՛նչ սխալներ գործեցինք, երբ Վկայ էինք կամ ոչ (Եսա. 1։18

12. Ա. Յովհաննէս 3։19, 20–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել, եթէ կը զգանք որ անարժէք ենք կամ սիրուած չենք։

12 Երբ կը մտածես, թէ Յիսուս մեռաւ քու մեղքերդ ծածկելու համար, թերեւս ըսես. ‘Չեմ զգար որ արժանի եմ այդ արժէքաւոր նուէրին’։ Ինչո՞ւ թերեւս այդպէս զգաս։ Մեր անկատար սիրտը կրնայ մեզ խաբել, զգացնելով որ անարժէք ենք կամ սիրուած չենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20)։ Երբ սկսինք այսպէս մտածել, պէտք է յիշենք, որ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է»։ Եհովային սէրը կախեալ չէ մեր զգացումներէն. ան պիտի շարունակէ մեզ սիրել ու մեզի ներել, նոյնիսկ եթէ այդպէս չենք զգար։ Պէտք է մեր անձը համոզենք, որ Եհովան իսկապէս մեզ կը սիրէ։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է Սուրբ Գիրքը շարունակ սերտենք, յաճախ աղօթենք եւ կանոնաւորաբար ընկերակցինք Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն հետ։ Ասոնք ընելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՍԵՐՏԵԼԸ, ԱՂՕԹԵԼԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

13. Սուրբ Գիրքը սերտելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել (տե՛ս նաեւ « Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս անոնց կ’օգնէ» շրջանակը)։

13 Սուրբ Գիրքը ամէն օր սերտէ, եւ Եհովային ջերմ անձնաւորութիւնը աւելի յստակ պիտի դառնայ քեզի։ Պիտի հասկնաս իր քնքոյշ զգացումները քեզի հանդէպ։ Ամէն օր Սուրբ Գիրքին վրայ խոկալը քեզի պիտի օգնէ, որ աւելի յստակօրէն մտածես եւ մտքիդ ու սրտիդ մէջ հարցերը շտկես (Բ. Տիմ. 3։16)։ Քեւըն անունով երէց մը, որ անարժէք կը զգար, կ’ըսէ. «Սաղմոս 103–ը կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը ինծի օգնած է, որ մտածելակերպս սրբագրեմ եւ ըմբռնեմ, թէ Եհովան զիս իրապէս ինչպէ՛ս կը նկատէ»։ Նախապէս յիշուած Էվան կ’ըսէ. «Օրուան վերջաւորութեան, կը խոկամ Եհովային մտածումներուն վրայ։ Այդպիսով, խաղաղ սիրտ կ’ունենամ եւ հաւատքս կը զօրանայ»։

14. Աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

14 Յաճախ աղօթէ (Ա. Թես. 5։17)։ Եթէ կ’ուզես մէկու մը բարեկամը ըլլալ, պէտք է յաճախ իրեն հետ խօսիս եւ իրեն պատմես քու մասիդ։ Նոյնը կրնանք ըսել Եհովային հետ մեր բարեկամութեան մասին։ Երբ աղօթքով մեր զգացումները, մտածումները եւ մտահոգութիւնները իրեն կ’արտայայտենք, ցոյց կու տանք որ իրեն կը վստահինք եւ գիտենք որ մեզ կը սիրէ (Սաղ. 94։17-19. Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Նախապէս յիշուած Եուան կ’ըսէ. «Երբ կ’աղօթեմ, Եհովային միայն չեմ ըսեր, թէ այդ օրը ինծի հետ ի՛նչ պատահեցաւ։ Սիրտս իրեն կը բանամ եւ մտածումներս ու զգացումներս իրեն կը պատմեմ։ Աստիճանաբար սկսած եմ Եհովան տեսնել, ոչ թէ որպէս մեծ ընկերութեան մը տնօրէնը, հապա որպէս Հայր մը, որ իր զաւակները իրապէս կը սիրէ» (տե՛ս « Այս գիրքը կարդացա՞ծ ես» շրջանակը)։

15. Եհովան ինչպէ՞ս մեզի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ։

15 Հաւատարիմ բարեկամներու հետ ընկերակցէ. անոնք Եհովայէն նուէր են (Յակ. 1։17)։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ, մեզի տալով եղբայրներէ ու քոյրերէ բաղկացած հոգեւոր ընտանիք մը, որ «ամէն ատեն կը սիրէ» (Առ. 17։17)։ Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս յիշեց իրեն օգնող կարգ մը քրիստոնեաներ եւ ըսաւ, որ իրեն «մխիթարութիւն» եղան (Կող. 4։10, 11)։ Նոյնիսկ Յիսուս պէտք ունեցաւ այն օգնութեան, որ ստացաւ հրեշտակային ու մարդկային բարեկամներէ, եւ զայն գնահատեց (Ղուկ. 22։28, 43

16. Հաւատարիմ բարեկամները ինչպէ՞ս կրնան օգնել, որ Եհովային աւելի մօտենանք։

16 Լիովին կ’օգտուի՞ս հաւատարիմ բարեկամներէդ, որոնք Եհովայի կողմէ նուէր են։ Մեր մտահոգութիւնները հոգեւորապէս հասուն բարեկամի մը պատմելը տկարութեան նշան չէ, հապա մեզ կը պաշտպանէ։ Տե՛ս թէ նախապէս նշուած Ճէյմզ ի՛նչ կ’ըսէ. «Հասուն քրիստոնեաներու հետ լաւ բարեկամութիւնը փրկարար պարան եղած է ինծի։ Երբ միտքս ժխտական մտածումներով լեցուի, այս թանկագին բարեկամները համբերութեամբ ինծի մտիկ կ’ընեն, եւ կը յիշեցնեն որ զիս կը սիրեն։ Անոնց միջոցաւ կը զգամ Եհովայի սէրն ու հոգատարութիւնը»։ Շատ կարեւոր է որ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք ու պահպանենք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԻՐՈՅՆ ՄԷՋ ՄՆԱ՛

17-18. Որո՞ւն պէտք է մտիկ ընենք, եւ ինչո՞ւ։

17 Սատանան կ’ուզէ որ վազ անցնինք ճիշդը ընելէ։ Ան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ Եհովան մեզ չի սիրեր եւ թէ փրկուելու արժանի չենք։ Բայց ինչպէս տեսանք, ատիկա բնա՛ւ ճիշդ չէ։

18 Եհովան քեզ կը սիրէ։ Դուն շա՜տ արժէքաւոր ես իր աչքին։ Եթէ իրեն հնազանդիս, յաւիտեան ‘իր սիրոյն մէջ պիտի կենաս’, Յիսուսին պէս (Յովհ. 15։10)։ Ուստի, մտիկ մի՛ ըներ Սատանային կամ քեզ դատապարտող սրտիդ։ Փոխարէնը, մտիկ ըրէ Եհովայի՛ն, որ իւրաքանչիւրիս մէջ լաւը կը տեսնէ։ Համոզուէ որ ան «իր ժողովուրդը կը հաւնի», մէջը ըլլալով դուն։

ԵՐԳ 130 Կեանքը հրաշք է

^ պարբ. 5 Կարգ մը եղբայրներու ու քոյրերու համար դժուար է հաւատալ, թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ։ Յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան ամէն մէկս կը սիրէ։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, եթէ կը կասկածինք որ ան մեզ կը սիրէ։

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 67 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Անցեալին, Պօղոս շատ մը քրիստոնեաներ բանտը նետել տուաւ։ Երբ ան ընդունեց այն ինչ որ Յիսուս ըրած էր իրեն համար, փոխուեցաւ եւ քաջալերեց իր քրիստոնեայ եղբայրները, որոնցմէ ոմանք թերեւս ազգականներ էին անոնց որ հալածեց։