Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի վերջին խօսքերէն

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի վերջին խօսքերէն

«Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (ՄԱՏ. 17։5

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզեմ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Յիսուս ի՞նչ պայմաններու տակ իր վերջին խօսքերը ըսաւ։

ՑԵՐԵԿ է, Ք.Ե. 33–ի նիսան 14։ Յիսուս սուտ կերպով ամբաստանուած է եւ յանցաւոր նկատուած է ոճիրի մը համար, որ չէ գործած։ Այդ ամէնէն ետք, զինք կը ծաղրեն, դաժանօրէն կը չարչարեն եւ ետքը տանջանքի ցիցին վրայ կը գամեն։ Գամերը իր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջ մխրճուած ըլլալով, ամէն անգամ որ շունչ կ’առնէ եւ ամէն անգամ որ կը խօսի, կը ցաւի։ Բայց պէտք է խօսի, քանի որ ըսելիք կարեւոր բաներ ունի։

2 Քննարկենք այն խօսքերը, որոնք Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ ըսաւ եւ տեսնենք, թէ անոնցմէ ի՛նչ դասեր կրնանք սորվիլ։ Ուրիշ խօսքով, իրեն ‘մտիկ ընենք’ (Մատ. 17։5

«ՀԱ՛ՅՐ, ՆԵՐԷ՛ ԱՆՈՆՑ»

3. Յիսուս որո՞նց կ’ակնարկէր, երբ ըսաւ. «Հա՛յր, ներէ՛ անոնց»։

3 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ Ցիցին վրայ եղած ատեն Յիսուս աղօթեց. «Հա՛յր, ներէ՛ անոնց»։ Որո՞նց։ Պատասխանը կը գիտնանք իր յաջորդ խօսքէն. «Չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղուկ. 23։33, 34, ԱԾ)։ Յիսուս հաւանաբար կ’ակնարկէր հռոմայեցի զինուորներուն, որոնք իր ձեռքերն ու ոտքերը ցիցին գամեցին։ Անոնք չէին գիտեր թէ Յիսուս իրապէս ո՛վ էր։ Ան նաեւ թերեւս ի մտի ունէր ամբոխէն ոմանք, որոնք իր մեռնիլը պահանջած էին, բայց յետագային իրեն պիտի հաւատային (Գործք 2։36-38)։ Յիսուս թոյլ չտուաւ, որ իր կրած անարդարութիւնները զինք դառնացնէին կամ բարկացնէին (Ա. Պետ. 2։23)։ Փոխարէնը, Եհովայէն խնդրեց որ ներէ անոնց, որոնք իր մահուան պատճառ դարձած էին։

4. Հակառակորդներուն ներելու Յիսուսին պատրաստակամութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

4 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յիսուսին պէս, պէտք է պատրաստ ըլլանք ուրիշներուն ներելու (Կող. 3։13)։ Ոմանք, մէջը ըլլալով մեր ազգականները, թերեւս մեզի հակառակին, քանի որ չեն հասկնար մեր հաւատալիքները եւ ապրելակերպը։ Անոնք թերեւս մեր մասին սուտեր խօսին, ուրիշներուն առջեւ մեզ պզտիկցնեն, մեր հրատարակութիւնները ոչնչացնեն կամ սպառնան որ մեզի ֆիզիքական վնաս պիտի հասցնեն։ Փոխանակ բարկացած մնալու, կրնանք Եհովայէն խնդրել որ հակառակողներուն աչքերը բանայ, որպէսզի օրին մէկը ճշմարտութիւնը տեսնեն (Մատ. 5։44, 45)։ Երբեմն, ներելը դժուար կ’ըլլայ, մանաւանդ եթէ մեզի հետ շատ գէշ կերպով վարուած են։ Բայց եթէ բարկացած մնանք եւ պատրաստ չըլլանք ներելու, մենք մեզի կը վնասենք։ Քոյր մը բացատրեց. «Կը գիտակցիմ որ ներողամիտ ըլլալ չի նշանակեր վիրաւորանքներուն աչք խփել, կամ թոյլ տալ որ ուրիշներ զիս չարաչար գործածեն։ Պարզապէս կը նշանակէ, որ կ’ընտրեմ բարկացած չմնալ» (Սաղ. 37։8)։ Երբ կ’որոշենք ներել, կ’ընտրենք թոյլ չտալ, որ ժխտական փորձառութիւնները մեզ դառնացնեն (Եփ. 4։31, 32

«ԻՆԾԻ ՀԵՏ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՍ»

5. Յիսուս չարագործներէն մէկուն ի՞նչ խոստում տուաւ եւ ինչո՞ւ։

5 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ Երկու չարագործներ ալ տանջանքի ցիցերու վրայ էին։ Սկիզբը, երկուքն ալ ուրիշներուն պէս զինք ծաղրեցին (Մատ. 27։44)։ Բայց ետքը, անոնցմէ մէկուն սրտի վիճակը փոխուեցաւ։ Ան գիտակցեցաւ որ Յիսուս «գէշ բան մը չըրաւ» (Ղուկ. 23։40, 41)։ Ան նաեւ իր հաւատքը արտայայտեց, որ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր եւ օր մը պիտի թագաւորէր։ Ան Յիսուսին ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկ. 23։42)։ Ի՜նչ մեծ հաւատք։ Յիսուս պատասխանեց՝ ըսելով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն. . . ինծի հետ [ոչ թէ Թագաւորութեան մէջ, հապա] դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’» (Ղուկ. 23։43)։ Նկատէ որ Յիսուս այս խոստումը շատ անձնական դարձուց, գործածելով՝ «դուն» եւ «ինծի» բառերը։ Ան յոյս տուաւ մեռնելու վրայ եղող այս չարագործին, քանի որ գիտէր որ իր Հայրը ողորմած է (Սաղ. 103։8

6. Ի՞նչ կը սորվինք այն խօսքէն, որ Յիսուս չարագործին ըսաւ։

6 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յիսուս իր Հօր կատարեալ պատկերն է (Եբ. 1։3)։ Եհովան կ’ուզէ մեզի ներել եւ ողորմիլ, բայց պէտք է իրապէս զղջանք անցեալի գէշ արարքներուն համար, որ ըրած ենք, եւ հաւատանք որ կրնանք ներուիլ Յիսուս Քրիստոսի զոհին միջոցաւ (Ա. Յովհ. 1։7)։ Ոմանց համար դժուար է հաւատալ, որ Եհովան կրնայ իրենց ներել անցեալի սխալներուն համար։ Եթէ ատեններ այդպէս կը զգաս, այս բանը նկատի առ. իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս ողորմութիւն ցոյց տուաւ այն չարագործին հանդէպ, որ նոր սկսած էր հաւատք ցուցաբերել։ Ուստի Եհովան որքա՜ն աւելի պիտի ողորմի իր հաւատարիմ ծառաներուն, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ իր պատուիրաններուն հնազանդին (Սաղ. 51։1. Ա. Յովհ. 2։1, 2

«ԱՀԱ ՔՈՒ ՈՐԴԻԴ. . . ԱՀԱ՛ ՔՈՒ ՄԱՅՐԴ»

7. Ըստ Յովհաննէս 19։26, 27–ին, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ Մարիամին եւ Յովհաննէսին, եւ ինչո՞ւ։

7 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 19։26, 27Յիսուս մտահոգ էր իր մօրմով, որ հաւանաբար այրի էր։ Իր եղբայրներն ու քոյրերը թերեւս կրնային Մարիամին ֆիզիքական պէտքերը հոգալ։ Բայց ո՞վ պիտի հոգար անոր հոգեւոր պէտքերը։ Տեղ մը չէ գրուած թէ Յիսուսի եղբայրները այն ատեն աշակերտ էին։ Մինչդեռ, Յովհաննէս հաւատարիմ առաքեալ էր եւ Յիսուսի ամենամտերիմ բարեկամներէն մէկը։ Յիսուս՝ իրեն հետ Եհովան պաշտողները իր հոգեւոր ընտանիքը սեպեց (Մատ. 12։46-50)։ Ան Մարիամը կը սիրէր եւ կ’ուզէր վստահ ըլլալ, որ ան լաւ հոգատարութիւն պիտի ստանար։ Անոր համար Յովհաննէսէն խնդրեց, որ Մարիամին հոգ տանի, որպէսզի Մարիամ կարենար շարունակել Եհովային ծառայել։ Իր մօր ըսաւ՝ «Ահա քու որդիդ», իսկ Յովհաննէսին ըսաւ՝ «Ահա՛ քու մայրդ»։ Այդ օրէն ետք, Յովհաննէս Մարիամին համար որդիի մը պէս եղաւ եւ անոր հոգ տարաւ կարծես թէ իր մայրն էր։ Յիսուս ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուաւ այդ թանկագին կնոջ հանդէպ, որ գուրգուրանքով իրեն հոգ տարաւ՝ երբ ծնաւ, եւ իր կողքին կեցած էր՝ երբ կը մեռնէր։

8. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն խօսքէն, որ Յիսուս ըսաւ Մարիամին ու Յովհաննէսին։

8 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր կապը կրնայ աւելի զօրաւոր ըլլալ, քան ընտանիքի անդամներուն հետ մեր կապը։ Մեր ազգականները թերեւս մեզի հակառակին կամ նոյնիսկ մեզ լքեն, բայց ինչպէս Յիսուս խոստացաւ, եթէ Եհովային եւ Իր կազմակերպութեան կառչինք, մեր կորսնցուցածին ‘հարիւրապատիկը պիտի առնենք’։ Շատեր մեզի համար պիտի դառնան սիրալիր տղու, աղջկայ, մօր կամ հօր պէս (Մար. 10։29, 30)։ Ի՞նչ կը զգաս մաս կազմելով հոգեւոր ընտանիքի մը, որուն անդամները միացած են, քանի որ հաւատք ունին, ինչպէս նաեւ սէր՝ Եհովային եւ իրարու հանդէպ (Կող. 3։14. Ա. Պետ. 2։17

«ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ ԻՄ, ԻՆՉՈ՞Ւ ԶԻՍ ԹՈՂՈՒՑԻՐ»

9. Մատթէոս 27։46–ին մէջ գրուած Յիսուսին խօսքէն ի՞նչ կը հասկնանք։

9 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ Մեռնելէ առաջ, Յիսուս պոռաց. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր» (Մատ. 27։46)։ Աստուածաշունչը չի բացատրեր, թէ Յիսուս ինչո՛ւ ասիկա ըսաւ։ Նկատի առ թէ այդ խօսքէն ի՛նչ կրնանք հասկնալ։ Մէկ բան յստակ է, որ Յիսուս Սաղմոս 22։1–ի մարգարէութիւնը կատարեց *։ Նաեւ, այդ խօսքը ցոյց տուաւ, որ Եհովան իր Որդիին ‘շուրջը ցանկով չէր պատեր’ (Յոբ 1։10)։ Յիսուս հասկցաւ, որ իր Հայրը զինք ամբողջովին թշնամիներուն ձեռքը տուաւ, որպէսզի իր հաւատքը մինչեւ վերջ փորձուի. ո՛չ մէկ անձ փորձուած է այն աստիճան, որ Յիսուս փորձուեցաւ։ Առաւել, իր խօսքերը փաստեցին որ մահուան արժանի բան մը չէր ըրած։

10. Ի՞նչ դասեր կը սորվինք այն խօսքէն, որ Յիսուս իր Հօր ըսաւ։

10 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Դասերէն մէկը, որ կրնանք սորվիլ, այն է՝ որ պէտք չէ ակնկալենք որ Եհովան մեզ պաշտպանէ մեր հաւատքը փորձող դժուարութիւններէ։ Ճիշդ ինչպէս Յիսուս մինչեւ վերջ փորձուեցաւ, մենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլանք հաւատարիմ մնալու մինչեւ մահ,– եթէ պէտք ըլլայ (Մատ. 16։24, 25)։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած պիտի չձգէ, որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք (Ա. Կոր. 10։13)։ Ուրիշ սորվելիք դաս մը այն է՝ որ թերեւս, Յիսուսին պէս, անարդարութեան զոհ երթանք (Ա. Պետ. 2։19, 20)։ Մեզի կը հակառակին ոչ թէ քանի որ սխալ բան մը ըրած ենք, հապա քանի որ աշխարհէն չենք եւ ճշմարտութեան մասին կը վկայենք (Յովհ. 17։14. Ա. Պետ. 4։15, 16)։ Յիսուս ըմբռնեց թէ Եհովան ինչո՛ւ թոյլ տուաւ որ չարչարուի։ Բայց իրեն հակառակը, հաւատարիմ ծառաներ փորձութեան մէջ երբեմն հարց տուած են, թէ Եհովան ինչո՛ւ թոյլ տուած է որ կարգ մը բաներ պատահին (Ամբ. 1։3)։ Մեր ողորմած ու համբերող Աստուածը կը հասկնայ, որ այդպիսիներ ոչ թէ հաւատքէ կը պակսին, հապա պէտք ունին այնպիսի մխիթարութեան, որ միայն ի՛նք կրնայ տալ (Բ. Կոր. 1։3, 4

«ԾԱՐԱՒ ԵՄ»

11. Յիսուս ինչո՞ւ Յովհաննէս 19։28–ին մէջ նշուած խօսքը ըսաւ։

11 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 19։28Յիսուս ըսաւ՝ «Ծարաւ եմ»։ Ինչո՞ւ։ «Որպէս զի գրուածը կատարուի», այսինքն՝ Սաղմոս 22։15–ին մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս ու լեզուս քիմքիս փակաւ»։ Նաեւ, Յիսուսի բոլոր անցուցածներէն ետք,– մէջը ըլլալով տանջանքի ցիցին վրայ իր չարչարանքը,– ան շատ ծարաւ ըլլալու էր։ Ան իր ծարաւը յագեցնելու համար օգնութեան պէտք ունէր։

12. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի «Ծարաւ եմ» խօսքէն։

12 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յիսուս իր զգացումները արտայայտելը տկարութիւն չսեպեց։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ Մեր կեանքին մեծ մասը, թերեւս նախընտրած ենք ուրիշներուն չյայտնել մեր պէտքերուն մասին։ Բայց եթէ այնպէս մը պատահի որ օգնութեան պէտք ունենանք, առանց երկմտելու ուրիշներէն օգնութիւն խնդրենք։ Օրինակ, եթէ տարեց ենք կամ վատառողջ, թերեւս պէտք ըլլայ որ բարեկամէ մը խնդրենք որ ինքնաշարժով մեզ հասցնէ նպարատուն մը կամ բժշկական ժամադրութեան մը։ Կամ եթէ տխուր ենք կամ վհատած, թերեւս պէտք ըլլայ որ երէցէ մը կամ հոգեւորապէս հասուն բարեկամէ մը խնդրենք, որ մեզի մտիկ ընէ կամ «աղէկ խօսք» ըսէ, մեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար (Առ. 12։25)։ Յիշենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ կը սիրեն եւ կ’ուզեն մեզի օգնել «նեղութեան ատեն» (Առ. 17։17)։ Բայց մեր միտքը չեն կրնար կարդալ։ Չեն կրնար գիտնալ, որ օգնութեան պէտք ունինք, եթէ չխօսինք։

«ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ»

13. Յիսուս մինչեւ մահ ուղղամիտ մնալով ի՞նչ իրագործեց։

13 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ Նիսան 14–ին, կէսօրէ ետք շուրջ ժամը երեքին, Յիսուս բարձր ձայնով ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19։30)։ Այդ պահուն, երբ Յիսուս մեռնելու վրայ էր, ան ամբողջովին կատարած էր այն ինչ որ Եհովան իրմէ կ’ակնկալէր։ Մինչեւ իր մահը ուղղամիտ մնալով, Յիսուս քանի մը բան իրագործեց։ Առաջին, փաստեց որ Սատանան ստախօս է։ Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կատարեալ մարդ մը կրնար կատարելապէս ուղղամիտ մնալ՝ Սատանան ի՛նչ որ ալ ընէր։ Երկրորդ, Յիսուս իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ։ Որովհետեւ իր կեանքը զոհեց, կարելի դարձաւ որ անկատար մարդիկ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ունենան եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենան։ Երրորդ, Յիսուս փաստեց որ Եհովան արդար Կառավարիչ է եւ անոր անունը նախատինքէ մաքրեց։

14. Պէտք է վճռենք ամէն օր ինչպէ՞ս ապրիլ. բացատրէ։

14 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Պէտք է վճռենք ուղղամիտ մնալ ամէն մէկ օր։ Նկատի առ թէ եղբայր Մէքսուէլ Ֆրէնտ, որ Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցին մէկ ուսուցիչն էր, ի՛նչ ըսաւ։ Միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, եղբայր Ֆրէնտ հաւատարմութեան մասին դասախօսութեան մը մէջ ըսաւ. «Վաղուան մի՛ ձգեր այն ինչ որ կրնաս ըսել կամ ընել այսօր։ Վստա՞հ ես որ վաղը պիտի գայ։ Իւրաքանչիւր օր ապրէ՛ կարծես թէ վերջին առիթդ է, որ ցոյց տաս թէ արժանի ես յաւիտեան ապրելու»։ Թող իւրաքանչիւր օր ապրինք այնպէս մը, որ կարծես թէ մեր վերջին առիթն է ուղղամիտ մնալու։ Այդպիսով, նոյնիսկ եթէ մեռնելու վրայ ըլլանք, պիտի կարենանք ըսել. «Ո՛վ Եհովա, ամէն բան ըրի որ ուղղամիտ մնամ, փաստեմ որ Սատանան ստախօս է եւ քու անունդ ու գերիշխանութիւնդ ջատագովեմ»։

«ՔՈՒ ՁԵՌՔԴ Կ’ԱՒԱՆԴԵՄ ԻՄ ՀՈԳԻՍ»

15. Ղուկաս 23։46–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ բանէ վստահ էր։

15 Յիսուս ի՞նչ ըսաւ (կարդա՛ Ղուկաս 23։46Յիսուս ամենայն վստահութեամբ ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ան գիտէր, թէ իր ապագան Եհովայէն կախեալ էր։ Եւ վստահ էր որ իր Հայրը զինք պիտի յիշէր։

16. Ի՞նչ կը սորվիս 15 տարեկան Վկայի մը փորձառութենէն։

16 Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յօժար եղիր կեանքդ Եհովային ձեռքերուն մէջ դնելու։ Ատիկա ընելու համար, պէտք է ‘քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինիս’ (Առ. 3։5)։ Նկատի առ Ճոշուային օրինակը, 15 տարեկան Վկայ մը, որ մահացու հիւանդութիւն ունէր։ Ան մերժեց բժշկական դարմանումներ, որոնք Աստուծոյ օրէնքը կը կտրէին։ Մեռնելէ քիչ առաջ, ան իր մօր ըսաւ. «Մամա՛, ես Եհովային ձեռքերուն մէջ եմ։ . . .Եւ ամենայն վստահութեամբ կ’ըսեմ քեզի. ես վստահ եմ որ Եհովան ինծի յարութիւն պիտի տայ։ Ան իմ սիրտս կարդացած է եւ գիտէ որ զինք շա՜տ կը սիրեմ» *։ Լաւ կ’ըլլայ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հարցնէ. ‘Եթէ կեանքս վտանգի տակ է եւ հաւատքս կը փորձուի, արդեօք կեանքս Եհովայի ձեռքերուն մէջ պիտի դնե՞մ եւ պիտի վստահի՞մ որ ան զիս պիտի յիշէ’։

17-18. Ի՞նչ դասեր սորվեցանք (տե՛ս նաեւ « Յիսուսի վերջին խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք» շրջանակը)։

17 Ի՜նչ կարեւոր դասեր կը սորվինք Յիսուսի վերջին խօսքերէն։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ պէտք է ուրիշներուն ներենք եւ պէտք է վստահ ըլլանք, որ Եհովան մեզի պիտի ներէ։ Մեզի համար առանձնաշնորհում է եղբայրներ ու քոյրեր ունենալ, որոնք ընտանիքի մը պէս պատրաստ են մեզի օգնելու։ Բայց երբ օգնութեան պէտք ունենանք, պէտք է իրենցմէ խնդրենք որ մեզի օգնեն։ Գիտենք որ Եհովան պիտի օգնէ, որ գալիք որեւէ փորձութեան դիմանանք։ Եւ կը գիտակցինք թէ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր օր ապրինք այնպէս մը, որ կարծես թէ մեր ուղղամտութիւնը փաստելու վերջին օրն է, վստահ ըլլալով որ մեր կեանքը Եհովայի ձեռքերուն մէջ ապահով է։

18 Իրապէս շատ բան կը սորվինք Յիսուսի խօսքերէն, որ ըսաւ երբ տանջանքի ցիցին վրայ էր։ Մեր քաղած դասերը գործադրելով հնազանդած պիտի ըլլանք իր Որդիին նկատմամբ Եհովայի խօսքին՝ «Ատոր մտիկ ըրէք» (Մատ. 17։5

ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

^ պարբ. 5 Ինչպէս Մատթէոս 17։5–ը կ’ըսէ, Եհովան կ’ուզէ որ իր Որդիին մտիկ ընենք։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք կարգ մը դասեր, որոնք կրնանք սորվիլ Յիսուսի այն խօսքերէն, որոնք ըսաւ մինչ տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր։

^ պարբ. 9 Գիտնալու համար թէ Յիսուս հաւանաբար ինչո՛ւ մէջբերեց Սաղմոս 22։1–ը, տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» այս թիւին մէջ։

^ պարբ. 16 Տե՛ս «Ճոշուային հաւատքը. յաղթանակ մը երեխաներու իրաւունքներուն համար» յօդուածը Զարթի՛ր–ի 22 յունուար 1995 թիւին մէջ։