Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Յիսուս մեռնելէ ճիշդ առաջ ինչո՞ւ Սաղմոս 22։1–ը մէջբերեց

Մատթէոս 27։46–ի եւ Մարկոս 15։34–ի մէջ արձանագրուած է Յիսուսի վերջին խօսքերէն մէկը, որ մեռնելէ առաջ ըսաւ. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ Ասիկա ըսելով, Յիսուս սաղմոսերգու Դաւիթին խօսքը կատարեց, որ արձանագրուած է Սաղմոս 22։1–ին մէջ։ Սխալ պիտի ըլլայ եզրակացնելը, որ Յիսուս այս խօսքը մէջբերեց, քանի որ յուսախաբ էր կամ ժամանակաւորապէս իր հաւատքը կորսնցուցած էր։ Ան լիովին կը հասկնար, թէ ինչո՛ւ պէտք էր մեռնէր, եւ պատրաստ էր ատիկա ընելու (Մատ. 16։21. 20։28)։ Ան գիտէր որ իր մահանալու ատենը, Եհովան պէտք էր որ զինք պաշտպանելէ դադրէր (Յոբ 1։10)։ Եհովան այդպէս ըրաւ, որպէսզի Յիսուս կարենար փաստել, որ միշտ հաւատարիմ պիտի մնար, որքա՛ն ալ դժուար ըլլար իր մեռնելու կերպը (Մար. 14։35, 36

Լաւ, Յիսուս ինչո՞ւ այս սաղմոսին խօսքը ըսաւ։ Թէեւ պատասխանը վստահ կերպով չենք գիտեր, բայց նկատի առնենք կարգ մը հաւանական պատճառներ *։

Այս խօսքը ըսելով, Յիսուս թերեւս կը շեշտէր, թէ Եհովան արգելք պիտի չըլլար, որ մեռնէր։ Յիսուս պէտք էր փրկանքը վճարէր առանց Եհովայի օգնութեան։ Ան պէ՛տք էր մեռնէր, որպէսզի ‘ամէնուն համար մահ ճաշակէր’ (Եբ. 2։9

Այդ սաղմոսէն միայն քանի մը բառ մէջբերելով, Յիսուս թերեւս ուշադրութիւն կը հրաւիրէր ամբողջ սաղմոսին վրայ։ Իր օրերուն, հրեաները սովորութիւն ունէին սաղմոսներէն շատեր գոց սորվելու։ Երբ սաղմոսի մը մէկ համարը լսէին, բնականաբար պիտի մտածէին ամբողջ սաղմոսին մասին։ Եթէ Յիսուս ատիկա ի մտի ունէր, այդ խօսքը ըսաւ, որպէսզի իր հրեայ հետեւորդներուն օգնէ, որ յիշէին այդ սաղմոսին մէջ գրուած շատ մը մարգարէութիւններ, որոնք իր մահուան հետ կապ ունէին (Սաղ. 22։7, 8, 15, 16, 18, 24)։ Անոնք նաեւ կրնային յիշել, որ սաղմոսին վերջին համարներուն մէջ Եհովան կը փառաբանուի եւ կը նկարագրուի որպէս ամբողջ երկրին Թագաւորը (Սաղ. 22։27-31

Դաւիթին խօսքը մէջբերելով, Յիսուս թերեւս կը յայտնէր, թէ անմեղ էր։ Իր մահէն առաջ, Յիսուս ապօրինի դատի ենթարկուեցաւ, որուն մէջ զինք ամբաստանեցին որպէս Աստուծոյ հայհոյող (Մատ. 26։65, 66)։ Այդ դատական նիստը աճապարանքով ըրին ուշ գիշերով եւ դատը վարելու կանոնները չյարգելով (Մատ. 26։59. Մար. 14։56-59)։ Ուստի Սաղմոս 22։1–ը մէջբերելով, Յիսուս կարծես կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր, եթէ սխալ բան մը չեմ ըրած»։ Այսպէս թերեւս Յիսուս կը շեշտէր որ անմեղ էր։

Նաեւ, Յիսուս թերեւս կը շեշտէր, որ Եհովային հաճութիւնը չէր կորսնցուցած։ Թէեւ Եհովան թոյլ տուաւ որ Դաւիթ չարչարուի, բայց ասիկա չէր նշանակեր, որ ան Եհովայի հաճութիւնը չունէր։ Դաւիթի այս հարցումը ցոյց չտուաւ, որ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը կորսնցուցած էր։ Այդ հարցումը հարցնելէ ետք, ան իր վստահութիւնը յայտնեց, որ Եհովան կրնայ իր ժողովուրդը փրկել, իսկ Եհովան շարունակեց զինք օրհնել (Սաղ. 22։23, 24, 27)։ Նոյնպէս, թէեւ Յիսուս՝ ‘Դաւիթի Որդին’, տանջանքի ցիցին վրայ կը չարչարուէր, ասիկա չէր նշանակեր, որ Եհովան այլեւս իրեն չէր հաճեր (Մատ. 21։9

Յիսուս թերեւս իր խոր ցաւը յայտնեց, որ Եհովան ստիպուած էր իր պաշտպանութիւնը իրմէ վերցնել, որպէսզի կարենար իր ուղղամտութիւնը լիովին փաստել։ Եհովայի բուն նպատակը չէր, որ իր Որդին չարչարուէր ու մեռնէր։ Ատիկա պէտք եղաւ միայն Ադամի ու Եւայի ըմբոստութենէն ետք։ Յիսուս սխալ բան մը չէր ըրած, բայց պէտք էր չարչարուէր ու մեռնէր, որպէսզի Սատանային մէջտեղ հանած հարցերուն պատասխանէր եւ Ադամի կորսնցուցածը ետ բերելու համար փրկագին վճարէր (Մար. 8։31. Ա. Պետ. 2։21-24)։ Ասիկա կարելի պիտի ըլլար, միայն եթէ Եհովան առաջին անգամ ըլլալով պահ մը իր պաշտպանութիւնը Յիսուսէն վերցնէր։

Յիսուս թերեւս ջանաց իր հետեւորդներուն օգնել, որ կեդրոնանան բուն պատճառին վրայ, թէ ինչո՛ւ Եհովան ձգեց, որ տանջանքի ցիցին վրայ մեռնէր *։ Յիսուս գիտէր թէ տանջանքի ցիցին վրայ որպէս ոճրագործ մեռնելով շատերը պիտի գայթակղեցնէր (Ա. Կոր. 1։23)։ Եթէ իր հետեւորդները կեդրոնանային իր մահուան բուն պատճառին վրայ, զինք Փրկիչ պիտի նկատէին, եւ ոչ թէ՝ ոճրագործ (Գաղ. 3։13, 14

Այդ խօսքը մէջբերելու պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, Յիսուս գիտէր որ տանջանքի ցիցին վրայ մեռնելով, Եհովային կամքը կը կատարէր։ Սաղմոսը մէջբերելէ քիչ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19։30. Ղուկ. 22։37)։ Որովհետեւ Եհովան պահ մը իր պաշտպանութիւնը վերցուց, Յիսուս կրցաւ լիովին կատարել ամէն բան, որ պէտք էր ընէր երկրի վրայ։ Նաեւ կրցաւ կատարել այն բոլոր բաները, որոնք իր մասին գրուած էին «Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ» (Ղուկ. 24։44

^ պարբ. 2 Տե՛ս նաեւ այս թիւին մէջ «Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի վերջին խօսքերէն» յօդուածին 9–րդ եւ 10–րդ պարբերութիւնները։

^ պարբ. 4 Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին, ատեններ ըսաւ բաներ կամ հարցուց հարցումներ, որոնք իր զգացումները չէին արտայայտեր։ Ասիկա ըրաւ, որպէսզի իր հետեւորդներուն առիթ տայ, որ իրենց մտածումները յայտնեն (Մար. 7։24-27. Յովհ. 6։1-5. տե՛ս Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2010 թիւը, էջ 16-17