Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14

Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւէ

Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւէ

«Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն [«հետքերուն սերտօրէն», ՆԱ] հետեւիք» (Ա. ՊԵՏ. 2։21

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Յիսուս ոտքի հետքեր ձգած է, որպէսզի անոնց սերտօրէն հետեւինք (տե՛ս պարբ. 1-2)

1-2. Ի՞նչ օրինակ կ’օգնէ որ Ա. Պետրոս 2։21–ի խօսքը հասկնանք։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ խումբի մը հետ վտանգաւոր ու ձիւնածածկ դաշտի մը մէջ կը քալես։ Փորձառու առաջնորդ մը ձեր առջեւէն կ’երթայ եւ քալած ատեն, ձիւնին վրայ ոտքի հետքեր կը ձգէ։ Որոշ մէկ հանգրուանին, զինք այլեւս չէք տեսներ։ Բայց տակնուվրայ չէք ըլլար։ Փոխարէնը, կարելի եղածին չափ սերտօրէն կը հետեւիք անոր ոտքի հետքերուն։

2 Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք, առումով մը, կը քալենք վտանգաւոր դաշտի մը մէջ՝ այս չար աշխարհը։ Երախտապարտ ենք, որ Եհովան մեզի տուած է կատարեալ առաջնորդ մը,– իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը,– որուն հետքերուն կրնանք սերտօրէն հետեւիլ (Ա. Պետ. 2։21)։ Աստուածաշունչի աշխատասիրութեան մը համաձայն, Պետրոս հոս առաջնորդի օրինակը կը գործածէ։ Ինչպէս որ առաջնորդ մը հետքեր կը ձգէ, նոյնպէս ալ Յիսուս ոտքի հետքեր ձգած է, որոնց կրնանք հետեւիլ։ Իր հետքերուն հետեւելու նկատմամբ, երեք հարցումներ նկատի առնենք. ի՞նչ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԻԼ

3. Ի՞նչ կը նշանակէ մէկու մը ոտքի հետքերուն հետեւիլ։

3 Ի՞նչ կը նշանակէ մէկու մը ոտքի հետքերուն հետեւիլ։ Աստուածաշունչին մէջ, «քալել» եւ «ոտքեր» բառերը ատեններ կ’ակնարկեն անհատի մը կեանքի ընթացքին (Ծն. 6։9. Առ. 4։26)։ Անհատի մը ձգած օրինակը կրնայ նմանցուիլ քալած ատեն իր ետին ձգած ոտքի հետքերուն։ Ուստի, մէկու մը ոտքի հետքերուն հետեւիլը կը նշանակէ՝ իր օրինակին հետեւիլ, այսինքն՝ զինք ընդօրինակել։

4. Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի հետքերուն հետեւիլ։

4 Ուրեմն, ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի հետքերուն հետեւիլ։ Մէկ խօսքով, կը նշանակէ զինք ընդօրինակել։ Գլխաւոր համարին մէջ, Պետրոս առաքեալ յատկապէս խօսեցաւ այն լաւ օրինակին մասին, որ Յիսուս ձգեց չարչարանքի տոկալուն նկատմամբ։ Բայց ուրիշ մարզերու մէջ ալ կրնանք զինք ընդօրինակել (Ա. Պետ. 2։18-25)։ Իսկապէս, Յիսուսի կեանքին ամբողջ ընթացքը,– ինչ որ ըսաւ եւ ըրաւ,– ընդօրինակուելու արժանի է։

5. Անկատար մարդիկ իրապէս կրնա՞ն Յիսուսի կատարեալ օրինակին հետեւիլ. բացատրէ։

5 Անկատար ըլլալով, իրապէս կրնա՞նք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Այո՛, կրնանք։ Միտքդ բեր, որ Պետրոս մեզ կը քաջալերէ որ ‘Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւինք’, եւ ոչ թէ՝ կատարելապէս։ Եթէ իր հետքերուն ուշադրութեամբ հետեւինք, այսինքն՝ անկատար ըլլալով հանդերձ, մեր ամէն կարելին ընենք, հետեւած պիտի ըլլանք Յովհաննէս առաքեալի խրատին, որ շարունակենք ‘քալել ինչպէս Յիսուս քալեց’ (Ա. Յովհ. 2։6

ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԱՐԺԷ ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԻԼ

6-7. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը մեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնէ։

6 Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը մեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնէ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Առաջին, Յիսուս աչքառու օրինակ ձգեց, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ապրիլ կերպով մը, որ Աստուած կը հաճեցնէ (Յովհ. 8։29)։ Ուստի, Յիսուսի հետքերուն հետեւելով, Եհովան պիտի հաճեցնենք։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր երկնաւոր Հայրը պիտի մօտենայ անոնց՝ որոնք շատ ջանք կը թափեն որ իր բարեկամները ըլլան (Յակ. 4։8

7 Երկրորդ, Յիսուս իր Հայրը կատարելապէս ընդօրինակեց։ Անոր համար, կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Կրնանք ընդօրինակել Յիսուսի յատկութիւնները եւ ուրիշներու հետ իր վարուելու կերպը։ Օրինակ, ան խղճաց բորոտի մը, գթաց լուրջ հիւանդութիւն ունեցող կնոջ մը, եւ կարեկցեցաւ անոնց, որոնք սիրելիներ կորսնցուցած էին։ Երբ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, Եհովան ալ ընդօրինակած կ’ըլլանք (Մար. 1։40, 41. 5։25-34. Յովհ. 11։33-35)։ Եւ ո՛րքան աւելի Եհովային նմանինք, ա՛յնքան աւելի իրեն կը մօտենանք։

8. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը մեզի պիտի օգնէ աշխարհին ‘յաղթելու’։

8 Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը մեզի պիտի օգնէ, որ այս չար աշխարհը մեզ չշեղէ։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս կրցաւ ըսել. «Ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։33)։ Ան ըսել ուզեց, որ թոյլ չտուաւ այս աշխարհի մտածելակերպին, նպատակակէտերուն եւ արարքներուն որ իրեն ազդեն։ Ան կեդրոնացած մնաց այն պատճառին վրայ, որուն համար աշխարհ եկաւ,– Եհովայի անունը սրբացնել։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Այս աշխարհին մէջ շատ բաներ կան, որոնք կրնան մեր ուշադրութիւնը ցրուել։ Բայց եթէ Յիսուսին պէս շարունակենք Եհովային կամքը ընելուն վրայ կեդրոնանալ, մենք ալ աշխարհին պիտի ‘յաղթենք’ (Ա. Յովհ. 5։5

9. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն վրայ մնանք։

9 Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Երբ հարուստ երիտասարդ մը հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու համար, Յիսուս պատասխանեց. «Եկուր իմ ետեւէս» (Մատ. 19։16-21)։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս ըսաւ կարգ մը հրեաներու, որոնք չէին հաւատար որ ինք Քրիստոսն է. «Իմ ոչխարներս. . . իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ» (Յովհ. 10։24-29)։ Իսկ Նիկոդէմոս, որ Սենետրիոնի անդամ էր եւ Յիսուսի ուսուցումներով հետաքրքրուեցաւ, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ որ [ինծի] հաւատայ. . . յաւիտենական կեանք [պիտի] ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Յիսուսին հանդէպ հաւատք ցոյց կու տանք, գործադրելով ինչ որ սորվեցուց խօսքով ե՛ւ օրինակով։ Այդպէս ընելով, յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն վրայ պիտի մնանք (Մատ. 7։14

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՍԵՐՏՕՐԷՆ ՀԵՏԵՒԻԼ

10. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Յիսուսը աւելի լաւ ճանչնանք (Յովհաննէս 17։3

10 Որպէսզի կարենանք Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւիլ, պէտք է զինք «ճանչնանք» (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3)։ Ատիկա բան մըն է, որ պէտք է շարունակ ընենք։ Պէտք է երթալով աւելի ծանօթանանք իրեն՝ սորվելով իր յատկութիւններուն, մտածելակերպին եւ չափանիշներուն մասին։ Նոյնիսկ եթէ երկար ատենէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, պէտք է շարունակ ջանք թափենք որ Եհովան եւ իր Որդին լաւ ճանչնանք։

11. Չորս Աւետարանները ինչի՞ մասին կը խօսին։

11 Եհովան մեզի հանդէպ սէր ցոյց տուած է՝ մեզի տալով չորս Աւետարանները, որպէսզի իր Որդին ճանչնանք։ Անոնք կը պատմեն Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան մասին, յայտնելով անոր ըսածը, ըրածը եւ զգացածը։ Եւ մեզի կ’օգնեն, որ ‘լրջօրէն մտածենք’ Յիսուսի օրինակին մասին (Եբ. 12։3, ՆԱ)։ Անոնք կը նշեն Յիսուսի ձգած հետքերը։ Ուստի Աւետարանները քննելով, կը սկսինք Յիսուսը ա՛լ աւելի լաւ ճանչնալ։ Առ ի արդիւնք, կրնանք իր հետքերուն սերտօրէն հետեւիլ։

12. Ինչպէ՞ս կրնանք Աւետարաններէն լիովին օգտուիլ։

12 Աւետարաններէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է ժամանակ տրամադրենք զանոնք ուշադրութեամբ սերտելու եւ անոնց վրայ խորապէս խոկալու (Յես. 1։8)։ Քննարկենք երկու առաջարկներ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ Աւետարաններուն վրայ խոկանք եւ մեր կարդացածը գործադրենք։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս Աւետարաններու պատմութիւնները վառ դարձնել։

13 Առաջին, Աւետարաններու պատմութիւնները վառ դարձո՛ւր։ Երեւակայութիւնդ գործածէ, որպէսզի տեսնես, լսես եւ զգաս այն ինչ որ կը պատահէր։ Ատիկա ընելու համար, Եհովայի կազմակերպութեան տուած հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ըրէ։ Քննէ հատուածէն առաջ կամ ետք նշուած դէպքերը։ Տեղեկութիւններ գտիր պատմութեան մէջ նշուած մարդոց եւ վայրերուն մասին։ Տես թէ սերտած դէպքիդ մասին միւս Աւետարանները ի՛նչ կ’ըսեն։ Երբեմն աւետարանագիր մը հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը կու տայ, որ միւս աւետարանագիրները չեն նշած։

14-15. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի գործադրենք այն ինչ որ կը սորվինք Յիսուսին մասին։

14 Երկրորդ, Աւետարաններու պատմութիւններէն քաղած դասերդ գործադրէ (Յովհ. 13։17)։ Աւետարանին մէկ պատմութիւնը ուշադրութեամբ սերտելէ ետք, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս պատմութեան մէջ կա՞յ դաս մը, որ կրնամ գործադրել կեանքիս մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնամ այս պատմութիւնը գործածել ուրիշի մը օգնելու համար’։ Մտածէ որոշ անհատի մը մասին, եւ ետքը՝ յարմար ժամանակին, սիրալիրօրէն եւ փափկանկատօրէն անոր պատմէ քաղած դասդ։

15 Օրինակով մը նկատի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործադրել այս երկու առաջարկները։ Պիտի խօսինք աղքատ այրիին մասին, որ Յիսուս տաճարին մէջ նկատեց։

ԱՂՔԱՏ ԱՅՐԻՆ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

16. Նկարագրէ ի՛նչ որ գրուած է Մարկոս 12։41–ին մէջ։

16 Պատմութիւնը վառ դարձուր (կարդա՛ Մարկոս 12։41Պատահածը երեւակայէ։ Ք.Ե. 33–ի նիսան 11–ն է. Յիսուս քանի մը օր ետք պիտի մեռնի։ Ան օրուան մեծ մասը անցուցած է տաճարին մէջ սորվեցնելով։ Բայց կրօնական առաջնորդները իրեն հակառակ կեցած էին։ Ոմանք իր հեղինակութիւնը հարցականի տակ դրին։ Ուրիշներ փորձեցին զինք ծուղակը ձգել, դժուար հարցումներ հարցնելով (Մար. 11։27-33. 12։13-34)։ Այժմ Յիսուս կը գտնուի թերեւս տաճարին այն մասը, որ կը կոչուի՝ Կիներու գաւիթ։ Ան կրնայ տեսնել պատերուն քով դրուած գանձանակները։ Ան նստած կը նայի, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս գանձանակներուն մէջ իրենց նուիրատուութիւնները կը դնեն։ Ան կը տեսնէ հարուստներ, որոնք շատ դրամ կը դնեն։ Հաւանաբար կը լսէ դրամներուն ձայնը, մինչ գանձանակներուն մէջ կը ձգուին։

17. Մարկոս 12։42–ին մէջ նշուած աղքատ այրին ի՞նչ ըրաւ։

17 Կարդա՛ Մարկոս 12։42։ Ժամանակ մը ետք, կին մը Յիսուսին ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Ան աղքատ ու «տնանկ որբեւայրի մըն» է (Ղուկ. 21։2)։ Կեանքը շատ դժուար է իրեն համար։ Ան հաւանաբար բաւարար դրամ չունի կեանքի անհրաժեշտ բաները ապահովելու։ Բայց եւ այնպէս, ան գանձանակներէն մէկուն կը մօտենայ եւ ատոր մէջ զգուշութեամբ դրամ կը նետէ, որ պզտիկ ըլլալուն պատճառով ձայն չի հաներ։ Յիսուս գիտէ անոր դրածը՝ երկու լումայ, որ գործածուելիք ամենապզտիկ դրամն է։ Ատիկա նոյնիսկ չի բաւեր մէկ ճնճղուկ գնելու, որ ամէնէն աժան թռչուններէն մէկն է։

18. Մարկոս 12։43, 44–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ այրիին նուիրատուութեան նկատմամբ։

18 Կարդա՛ Մարկոս 12։43, 44։ Յիսուս այս այրիով շատ կը տպաւորուի։ Ան աշակերտները իր քով կը կանչէ, այրին անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ եւ կ’ըսէ. «Այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Եւ կը բացատրէ. «Ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին. բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։ Երբ այս հաւատարիմ այրին իր ունեցած դրամը տուաւ, ան իր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրաւ, որ իրեն հոգ տանի (Սաղ. 26։3

Յիսուսին պէս, գովէ անոնք, որոնք Եհովային իրենց լաւագոյնը կու տան (տե՛ս պարբ. 19-20) *

19. Ի՞նչ կարեւոր դաս կրնանք սորվիլ աղքատ այրիին մասին ըսած Յիսուսի խօսքերէն։

19 Պատմութենէն սորվածդ կեանքիդ մէջ գործադրէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ դաս կրնամ սորվիլ աղքատ այրիին մասին ըսած Յիսուսի խօսքերէն’։ Պահ մը մտածէ։ Վստահաբար, ան կ’ուզէր աւելին Եհովային տալ։ Սակայն Եհովային տուաւ այն ինչ որ կրնար՝ իր լաւագոյնը։ Եւ Յիսուս գիտէր, որ անոր նուիրատուութիւնը իր Հօր աչքին շա՜տ թանկագին էր։ Ուստի կարեւոր դաս մը կը սորվինք. Եհովան կը հաճի երբ իրեն մեր լաւագոյնը կու տանք, այսինքն՝ իրեն կը ծառայենք մեր ամբողջ սրտով եւ ամբողջ անձով (Մատ. 22։37. Կող. 3։23)։ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ կ’ընենք ամէն ինչ որ կրնանք։ Այդ սկզբունքը կը կիրարկուի զինք պաշտելու տրամադրած մեր ժամանակին եւ ուժին, օրինակ՝ ծառայութեան եւ ժողովներուն վերաբերեալ։

20. Այրիին պատմութենէն քաղուած դասը ինչպէ՞ս կրնաս գործադրել. օրինակ մը տուր։

20 Այրիին պատմութենէն քաղուած դասը ինչպէ՞ս կրնաս գործադրել։ Փորձէ մտածել անհատներու մասին, որոնք պիտի քաջալերուին, եթէ իրենց յիշեցնես թէ իրենց ջանքերը Եհովան կը հաճեցնեն։ Օրինակ, գիտե՞ս տարեց քոյր մը, որ թերեւս յանցաւոր կամ անպէտ կը զգայ, քանի որ վատառողջութեան կամ քիչ ոյժ ունենալուն պատճառաւ այլեւս առաջուան պէս չի ծառայեր։ Կամ թերեւս միտքդ բերես եղբայր մը, որ երկարատեւ եւ դժուար հիւանդութեան մը պատճառաւ կը վհատի, քանի որ չի կրնար ամէն ժողովի ներկայ ըլլալ։ Այդպիսիներուն օգնէ, խօսելով անոնց «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար» (Եփ. 4։29)։ Անոնց ըսէ այն քաջալերական դասը, որ սորվեցանք աղքատ այրիին պատմութենէն։ Մխիթարիչ խօսքերդ զիրենք կրնան վստահեցնել, որ Եհովան կ’ուրախանայ երբ իրեն մեր լաւագոյնը կու տանք (Առ. 15։23. Ա. Թես. 5։11)։ Երբ ուրիշները կը գովես, քանի որ Եհովային իրենց լաւագոյնը կու տան,– որքա՛ն ալ ատիկա չնչին թուի,– Յիսուսին սերտօրէն հետեւած կ’ըլլաս։

21. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

21 Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ Աւետարանները Յիսուսի կեանքին մասին շատ մանրամասնութիւններ կու տան, մեզ կարող դարձնելով որ զինք ընդօրինակենք, այսինքն՝ իր հետքերուն սերտօրէն հետեւինք։ Կրնաս Աւետարաններուն շուրջ անձնական ուսումնասիրութեան կամ ընտանեկան պաշտամունքի յայտագիր սկսիլ։ Մեր միտքը պահենք, որ այդպիսի ուսումնասիրութենէ լաւագոյն կերպով օգտուելու համար, պէտք է պատմութիւնները վառ դարձնենք եւ անոնցմէ քաղուած դասերը մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ Յիսուսի ըրածները ընդօրինակելէն զատ, պէտք է իր ըսածները մտիկ ընել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի ըսած վերջին խօսքերէն։

ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

^ պարբ. 5 Մենք՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներս, պէտք է ‘Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւինք’։ Յիսուս ի՞նչ «հետքեր» ձգեց, որ անոնց հետեւինք։ Այս յօդուածը պիտի պատասխանէ այդ հարցումին։ Նաեւ նկատի պիտի առնէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է իր հետքերուն սերտօրէն հետեւինք եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատիկա ընել։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Աղքատ այրիին մասին Յիսուսի ըսած խօսքերուն շուրջ խոկալէ ետք, քոյր մը կը գովէ տարեց քոյր մը, որ ամբողջ սրտով կը ծառայէ։