Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16

Շարունակէ փրկանքը գնահատել

Շարունակէ փրկանքը գնահատել

«Որդին մարդոյ [եկաւ]. . . իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու» (ՄԱՐ. 10։45

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Փրկանքը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ ատոր պէտք ունինք։

ԵՐԲ կատարեալ Ադամ մեղք գործեց, յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցուց թէ՛ իրեն համար եւ թէ իր սերունդին համար։ Բա՛ն մը չ’արդարացներ անոր ըրածը։ Ան դիտմամբ մեղք գործեց։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել իր սերունդին մասին։ Անոնք դեռ ծնած չէին երբ Ադամ մեղանչեց (Հռով. 5։12, 14)։ Արդեօք Եհովան կրնա՞ր բան մը ընել, որ զիրենք ազատէր մահուան դատապարտութենէն, որուն Ադամ արժանացաւ։ Այո՛։ Եհովան աստիճանաբար յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Ադամի սերունդէն եղող միլիոնաւորներ պիտի փրկէր մեղքին եւ մահուան անէծքէն (Ծն. 3։15)։ Իր նշանակած ժամանակին, երկինքէն իր Որդին պիտի ղրկէր, որպէսզի ան ‘իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տար’ (Մար. 10։45. Յովհ. 6։51, 52

2 Ի՞նչ է փրկանքը։ Երբ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը խօսին փրկանքին մասին, կ’ակնարկեն այն գինին, որ Յիսուս վճարեց Ադամի կորսնցուցածը ետ գնելու համար (Ա. Կոր. 15։22)։ Ինչո՞ւ փրկանքին պէտք ունինք։ Քանի որ Եհովայի արդարութեան չափանիշին համաձայն, կեանքի տեղ կեանք պէտք էր տրուէր, ինչպէս որ Մովսիսական օրէնքը կ’ըսէ (Ել. 21։23, 24)։ Ադամ իր կատարեալ մարդկային կեանքը կորսնցուց։ Այդ չափանիշին համաձայն, Յիսուս իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհեց (Հռով. 5։17)։ Այսպիսով, ան «Յաւերժական Հայր» կ’ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն (Եսա. 9։6, ՆԱ. Հռով. 3։23, 24

3. Յովհաննէս 14։31 եւ 15։13–ի համաձայն, Յիսուս ինչո՞ւ յօժար էր իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհելու։

3 Յիսուս յօժար էր իր կեանքը զոհելու, քանի որ մեծ սէր ունի իր երկնաւոր Հօր եւ մեզի հանդէպ (կարդա՛ Յովհաննէս 14։31. 15։13)։ Այդ սէրը զինք մղեց որ մինչեւ վերջ ուղղամիտ մնայ եւ իր Հօր կամքը կատարէ։ Առ ի արդիւնք, մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ Եհովայի բուն նպատակը պիտի կատարուի։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ինչո՛ւ ձգեց որ Յիսուս մեռնելէ առաջ ա՛յսքան չարչարուի։ Նաեւ, կարճ կերպով նկատի պիտի առնենք Յովհաննէս առաքեալի օրինակը, որ խորապէս գնահատեց փրկանքը։ Եւ ետքը պիտի քննենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ցոյց տալ որ փրկանքին համար շնորհակալ ենք, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ զոհին հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ ԷՐ ՉԱՐՉԱՐՈՒԷՐ

Մտածէ այն ամբողջ տանջանքին մասին որ Յիսուս կրեց, որպէսզի մեզի համար փրկանքը տայ (տե՛ս պարբ. 4)

4. Նկարագրէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս մեռաւ։

4 Երեւակայէ թէ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին օրը ի՛նչ եղաւ։ Թէեւ ան կրնայ խնդրել որ հրեշտակներու գունդեր զինք պաշտպանեն, բայց այդպէս չ’ըներ, հապա թոյլ կու տայ որ հռոմայեցի զինուորներ զինք ձերբակալեն ու դաժանօրէն ծեծեն (Մատ. 26։52-54. Յովհ. 18։3. 19։1)։ Անոնք կը գործածեն մտրակ մը, որ իր մարմինը կը պատռտէ։ Ետքը, ծանր ցից կը դնեն իր վիրաւորուած կռնակին։ Յիսուս կը փորձէ զայն կրել դէպի այն վայրը, ուր զինք պիտի մեռցնեն, բայց շատ չանցած՝ հռոմայեցի զինուորները մարդու մը կը հրամայեն որ ինք կրէ ցիցը (Մատ. 27։32)։ Հոն հասնելէ ետք, զինուորները Յիսուսի ձեռքերն ու ոտքերը ցիցին կը գամեն։ Երբ ցիցը շիտակ կը կեցնեն, գամերուն պատճառած վէրքերը աւելի կը պատռտուին Յիսուսի մարմնի ծանրութենէն։ Իր բարեկամները տխուր են եւ մայրը կու լայ, իսկ հրեայ առաջնորդները զինք կը ծաղրեն (Ղուկ. 23։32-38. Յովհ. 19։25)։ Ան կը չարչարուի քանի մը ժամ։ Կախուած ըլլալուն պատճառաւ, իր սիրտն ու թոքերը դժուարաւ կը գործեն։ Եւ ան հանգիստ կերպով շունչ չ’առներ։ Յիսուս գիտնալով որ մինչեւ վերջ հաւատարիմ եղած է, վերջին անգամ ըլլալով կ’աղօթէ։ Ապա իր գլուխը ծռելով կը մեռնի (Մար. 15։37. Ղուկ. 23։46. Յովհ. 10։17, 18. 19։30)։ Ի՜նչ դանդաղ, ցաւալի եւ նուաստացուցիչ մահ։

5. Յիսուսի համար ի՞նչ բան աւելի գէշ էր քան՝ մահապատիժի ենթարկուելու կերպը։

5 Մահապատիժի ենթարկուելու կերպը Յիսուսի չարչարանքին ամենագէշ մասը չէր։ Ան աւելի տառապեցաւ այն ամբաստանութեան պատճառաւ, որուն հիման վրայ մահուան դատապարտուեցաւ։ Զինք հայհոյիչ կոչեցին՝ մէկը, որ Աստուծոյ կամ Աստուծոյ անուան հանդէպ յարգանք չունի (Մատ. 26։64-66)։ Այդ ամբաստանութիւնը զինք այնքա՛ն տանջեց, որ յուսաց որ իր Հայրը այս նախատինքը իրմէ հեռացնէ (Մատ. 26։38, 39, 42)։ Եհովան ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ իր սիրելի Որդին չարչարուի ու մեռնի։ Նկատի առնենք երեք պատճառներ։

6. Ինչո՞ւ պէտք էր որ Յիսուս տանջանքի ցիցի մը վրայ կախուէր։

6 Առաջին, Յիսուս պէտք էր ցիցէն կախուէր, որպէսզի հրեաները մասնայատուկ անէծքէ մը ազատէր (Գաղ. 3։10, 13)։ Անոնք համաձայնած էին, որ Աստուծոյ Օրէնքը պիտի պահէին, բայց չպահեցին։ Առ ի արդիւնք, մեղաւոր Ադամի սերունդը ըլլալէն զատ, անոնք այս անէծքը իրենց վրայ բերին (Հռով. 5։12)։ Մովսիսական օրէնքը ըսաւ, որ ան որ մահուան արժանի մեղք մը կը գործէ, պէտք է մեռցուի։ Անկէ ետք, կարգ մը պարագաներու, անոր դիակը ցիցէն կը կախուէր *։ Օրէնքը նաեւ ըսաւ որ ցիցէն կախուողը Աստուծոյ կողմէ անիծեալ է (Բ. Օր. 21։22, 23. 27։26)։ Ուստի ցիցէն կախուելով, Յիսուս հրեաներուն վրայ եղած անէծքը իր վրայ առաւ, որպէսզի հրեաները ատկէ ազատէին եւ իր զոհը իրենց օգնէր, թէեւ զինք մերժեցին։

7. Ի՞նչ երկրորդ պատճառով մը Աստուած թոյլ տուաւ, որ իր Որդին չարչարուի։

7 Նկատի առ երկրորդ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ Աստուած թոյլ տուաւ որ իր Որդին չարչարուի։ Զինք կը մարզէր իր ապագայ դերին համար, որպէս մեր Քահանայապետը։ Յիսուս համտեսեց, թէ որքա՜ն դժուար է որ մէկը Աստուծոյ ծառայէ, երբ ծայրայեղ փորձութեան մէջ է։ Ան այնքա՛ն մեծ ճնշումի տակ էր, որ «արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց»։ Անցնելով այդպիսի ջախջախիչ ապրումներէ, Յիսուս վստահաբար կը հասկնայ մեր պէտքերը եւ կրնայ մեզի՝ փորձուողներուս, օգնական ըլլալ։ Շա՜տ երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեր վրայ նշանակած է ողորմած Քահանայապետ մը, որ կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» (Եբ. 2։17, 18. 4։14-16. 5։7-10

8. Ի՞նչ երրորդ պատճառով մը Եհովան թոյլ տուաւ, որ Յիսուս խիստ փորձութեան ենթարկուի։

8 Երրորդ, Եհովան թոյլ տուաւ որ Յիսուս դաժանօրէն չարչարուի, որպէսզի ինք կարեւոր հարցումի մը պատասխանէ. Արդեօք մարդիկ կրնա՞ն Եհովային հաւատարիմ մնալ նոյնիսկ խիստ փորձութեան տակ։ Ըստ Սատանային՝ ո՛չ։ Ան կ’ըսէ, որ մարդիկ անձնասէր պատճառներով Աստուծոյ կը ծառայեն։ Ան կը խորհի, թէ անոնք Եհովան չեն սիրեր, իրենց նախահօր՝ Ադամին պէս (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5)։ Վստահ ըլլալով որ իր Որդին հաւատարիմ պիտի մնար, Եհովան թոյլ տուաւ, որ Յիսուս ծայր աստիճան փորձուի։ Յիսուս իր ուղղամտութիւնը պահեց, եւ փաստեց որ Սատանան ստախօս է։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՌԱՔԵԱԼ ՄԵԾԱՊԷՍ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՓՐԿԱՆՔԸ

9. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ օրինակ ձգեց մեզի։

9 Փրկանքի ուսուցումը շատ մը քրիստոնեաներու հաւատքը զօրացուցած է։ Անոնք հակառակութեան դիմաց շարունակած են քարոզել եւ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին, ամէն տեսակ փորձութեան դիմացած են։ Նկատի առ Յովհաննէս առաքեալի օրինակը։ Ան հաւանաբար աւելի քան 60 տարի հաւատարմաբար քարոզեց ճշմարտութիւնը՝ Քրիստոսի եւ փրկանքին մասին։ Երբ գրեթէ 100 տարեկան էր, Հռոմէական կայսրութիւնը զինք այնքա՛ն վտանգաւոր նկատեց, որ Պատմոս կղզի աքսորեց։ Ի՞նչ էր իր ոճիրը։ Խօսիլ Աստուծոյ մասին եւ վկայել Յիսուսի մասին (Յայտ. 1։9)։ Յովհաննէս հաւատքի եւ տոկունութեան ի՜նչ լաւ օրինակ էր։

10. Յովհաննէսի գրութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ փրկանքը կը գնահատէր։

10 Յովհաննէս իր ներշնչեալ գրութիւններուն մէջ կ’արտայայտէ իր խոր սէրը Յիսուսին հանդէպ եւ իր գնահատանքը փրկանքին հանդէպ։ Այդ գրութիւններուն մէջ, աւելի քան 100 անգամ յիշուած է փրկանքը կամ ատոր կարելի դարձուցած օգուտները։ Օրինակ, ան գրեց. «Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը» (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Անոր գրութիւնները նաեւ կը շեշտեն ‘Յիսուսի մասին վկայելուն’ կարեւորութիւնը (Յայտ. 19։10, ՆԹ)։ Յստակ է որ Յովհաննէս խորապէս գնահատեց փրկանքը։ Մենք ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ զայն կը գնահատենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ՈՐ ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՍ

Եթէ փրկանքը իրապէս կ’արժեւորենք, մեղք գործելու փորձութեան դէմ պիտի դնենք (տե՛ս պարբ. 11) *

11. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ փորձութեան դէմ դնենք։

11 Մեղք գործելու փորձութեան դէմ դիր։ Եթէ փրկանքը իրապէս կը գնահատենք, պիտի չմտածենք. ‘Պէտք չունիմ շատ ջանք թափելու որ մեղք չգործեմ, երբ կը փորձուիմ։ Հոգ չէ եթէ մեղք գործեմ. կրնամ ետքը Եհովայէն ներում խնդրել’։ Փոխարէնը, երբ կը փորձուինք սխալ բան մը ընել, պիտի ըսենք. ‘Ո՛չ, ինչպէ՞ս կրնամ ատանկ բան մը ընել, ինծի համար Եհովային եւ Յիսուսին բոլոր ըրածներէն ետք’։ Այդ մտածումին համաձայն, Եհովայէն կրնանք զօրութիւն խնդրել՝ աղաչելով. ‘Թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան տեղի տամ’ (Մատ. 6։13

12. Ինչպէ՞ս կրնանք Ա. Յովհաննէս 3։16-18–ի խրատը գործադրել։

12 Եղբայրներդ ու քոյրերդ սիրէ։ Երբ զանոնք սիրենք, ցոյց կու տանք որ փրկանքը կը գնահատենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս իր կեանքը տուաւ ոչ միայն մեզի համար, հապա նաեւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Եթէ պատրաստ էր իրենց համար մեռնելու, ուրեմն իր աչքին շատ մեծ արժէք ունին (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։16-18)։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, անոնց հետ մեր վարուելու կերպով (Եփ. 4։29, 31–5։2)։ Օրինակ, անոնց կ’օգնենք երբ հիւանդ են կամ երբ դժուար փորձութիւններէ կ’անցնին, ինչպէս՝ բնական աղէտներ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ հաւատակից մը ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեզ կը վիրաւորէ։

13. Ինչո՞ւ պէտք է ներող ըլլանք։

13 Արդեօք երբեմն դժուար կ’ըլլա՞յ որ հաւատակիցի մը ներես (Ղեւ. 19։18)։ Եթէ այո, գործադրէ այս խրատը. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կող. 3։13, ՆԹ)։ Ամէն անգամ որ մեր եղբօր կամ քրոջ ներենք, մեր երկնաւոր Հօր կը փաստենք որ իրապէս կ’արժեւորենք փրկանքը։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ այս նուէրին հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԴ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

14. Ի՞նչ կերպով կրնանք փրկանքին հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել։

14 Փրկանքին համար Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ։ Հնդկաստանի մէջ ապրող 83 տարեկան Ճոաննա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Կը խորհիմ թէ կարեւոր է որ ամէն օր աղօթքներուս մէջ յիշեմ փրկանքը եւ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր համար»։ Անձնական աղօթքներուդ մէջ մտածէ մասնայատուկ սխալներու մասին, որ օրուան ընթացքին ըրիր եւ Եհովայէն ներում խնդրէ։ Անշուշտ եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, երէցներու օգնութեան ալ պէտք ունիս։ Անոնք քեզի մտիկ պիտի ընեն եւ Աստուածաշունչէն սիրալիր խրատներ պիտի տան։ Անոնք քեզի հետ պիտի աղօթեն, Եհովայէն խնդրելով որ շարունակէ Յիսուսի զոհին արժէքը քեզի կիրարկել, որպէսզի հոգեւորապէս բժշկուիս (Յակ. 5։14-16

15. Ինչո՞ւ պէտք է ժամանակ տանք փրկանքին մասին կարդալու եւ խոկալու։

15 Փրկանքին շուրջ խոկա՛։ Ռաճամանի անունով 73 տարեկան քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուսի տառապանքին մասին կը կարդամ, աչքերս արցունքով կը լեցուին»։ Թերեւս դուն ալ շատ կը ցաւիս, երբ կը մտածես թէ Աստուծոյ Որդին որքա՜ն չարչարուեցաւ, բայց Յիսուսի փրկանքին մասին ո՛րքան աւելի խոկաս, ա՛յնքան աւելի խոր սէր պիտի ունենաս իրեն եւ իր Հօր հանդէպ։ Փրկանքին մասին խոկալու համար, կրնաս անձնական սերտողութեան յայտագիր մը սկսիլ այդ նիւթին շուրջ։

Պարզ ընթրիքի մը միջոցաւ, Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ, թէ իր զոհը յիշելու համար ի՛նչ պէտք է ընեն (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք փրկանքին մասին (տե՛ս կողքին նկարը)։

16 Փրկանքին մասին ուրիշներուն սորվեցուր։ Ամէն անգամ որ փրկանքին մասին ուրիշներուն կը պատմենք, ատոր նկատմամբ մեր գնահատանքը կ’աւելնայ։ Հոյակապ գործիքներ ունինք, որոնցմով կրնանք սորվեցնել, թէ Յիսուս ինչո՛ւ մեռաւ մեզի համար։ Օրինակ, կրնանք գործածել Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին 4–րդ դասը։ Այդ դասին խորագիրն է՝ «Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս»։ Կամ կրնանք ցոյց տալ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքին 5–րդ դասը։ Այդ դասին խորագիրն է՝ «Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը»։ Եւ ամէն տարի փրկանքին հանդէպ մեր գնահատանքը կ’աւելցնենք, ներկայ ըլլալով Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին եւ ուրիշները հրաւիրելով այդ առիթին։ Եհովան ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում տուած է մեզի, որ իր Որդիին մասին սորվեցնենք ուրիշներուն։

17. Փրկանքը ինչո՞ւ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրն է մարդկութեան։

17 Իրապէս շա՛տ կարեւոր է որ փրկանքին հանդէպ գնահատանք զարգացնենք ու պահպանենք։ Փրկանքին շնորհիւ, Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն կրնանք ունենալ, թէեւ անկատար ենք։ Փրկանքին շնորհիւ, Սատանային գործերը ամբողջովին պիտի քանդուին (Ա. Յովհ. 3։8)։ Եւ փրկանքին շնորհիւ, երկրի նկատմամբ Եհովայի բուն նպատակը պիտի իրագործուի։ Ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։ Բոլոր մարդիկը Եհովան պիտի սիրեն եւ իրեն պիտի ծառայեն։ Ուստի ամէն օր կերպեր փնտռենք, մեր գնահատութիւնը յայտնելու փրկանքին հանդէպ, որ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրն է մարդկութեան։

ԵՐԳ 148 Քու անգին Որդիդ տուիր

^ պարբ. 5 Յիսուս ինչո՞ւ չարչարուելով մեռաւ։ Յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։ Նաեւ մեզի պիտի օգնէ, որ փրկանքին հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնենք։

^ պարբ. 6 Հռոմայեցիներուն սովորութիւնն էր, որ դատապարտեալները ցիցի մը վրայ գամէին կամ կապէին մինչ ողջ էին, եւ Եհովան թոյլ տուաւ որ իր Որդին այդ կերպով մահուան մատնուէր։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երեք եղբայրներ փորձութիւններու դէմ կը դնեն. մէկը կը մերժէ անպատշաճ նկարներ դիտել, միւսը՝ ծխել, իսկ երրորդը՝ կաշառք առնել։