Հարցումներ ընթերցողներէն
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ երդում ընելու մասին
Երդումը շատ լուրջ պաշտօնական յայտարարութիւն կամ խոստում մըն է բան մը ընելու, յաճախ Աստուած բերելով որպէս վկայ։ Անիկա կրնայ բերանացի կամ գրաւոր ըլլալ։
Ոմանք կը խորհին թէ սխալ է երդում ընել, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ամենեւին երդում մի՛ ընէք. . . հապա ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ» (Մատ. 5։33-37)։ Անշուշտ, Յիսուս գիտէր թէ Մովսիսական օրէնքը պահանջեց որոշ երդումներ ընել, եւ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք երդումներ ըրին (Ծն. 14։22, 23. Ել. 22։10, 11)։ Ան նաեւ գիտէր, թէ Եհովան ալ երդում ըրած էր (Եբ. 6։13-17)։ Ուստի, Յիսուս ըսել չուզեց որ բնա՛ւ չենք կրնար երդում ընել։ Ան կը զգուշացնէր անտեղի կամ անիմաստ երդումներ ընելէ։ Մենք միշտ պէտք է մեր խօսքը պահենք, քանի որ այս մէկը Եհովան կ’ուզէ որ ընենք։
Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է ընես, երբ քեզմէ խնդրուի երդում ընել։ Նա՛խ վստահ եղիր թէ պիտի կարենաս կատարել այն ինչ որ երդումով կ’ըսես։ Եթէ վստահ չես, աւելի լաւ է որ երդում չընես։ Աստուծոյ Խօսքը կը զգուշացնէ. «Աղէկ է որ ուխտ չընես, քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես» (Ժող. 5։5)։ Ետքը, նկատի առ երդումին հետ կապ ունեցող սուրբգրային սկզբունքները։ Անկէ ետք, մարզուած խիղճիդ համաձայն որոշում առ։ Այս սուրբգրային սկզբունքներէն ոմանք ի՞նչ են։
Կարգ մը երդումներ Աստուծոյ կամքին համաձայն են։ Օրինակ, Եհովայի վկայ զոյգ մը երբ կ’ամուսնանայ, իրարու ուխտ կ’ընեն։ Այս ուխտը երդումի տեսակ է։ Հարսն ու փեսան Աստուծոյ եւ ականատեսներու առջեւ իրարու կը խոստանան, որ իրար պիտի սիրեն, յարգեն ու հոգ տանին այնքան ատեն որ ողջ են (ուրիշ զոյգեր թերեւս ճիշդ նոյն բառերով ուխտ չընեն, բայց տակաւին Աստուծոյ առջեւ ուխտ մը կ’ընեն)։ Այդպիսով անոնք ամուսին ու կին կը յայտարարուին, եւ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին պէտք է ամուսնացած մնան (Ծն. 2։24. Ա. Կոր. 7։39)։ Այս ամուսնական ուխտը տեղին է եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն է։
Կարգ մը երդումներ Աստուծոյ կամքին հակառակ են։ Ճշմարիտ քրիստոնեան չ’ըներ կարգ մը երդումներ, ինչպէս՝ զէնք վերցնելով երկիրը պաշտպանել կամ իր հաւատքը ուրանալ։ Այդպէս ընելը Աստուծոյ պատուէրները կը կտրէ։ Քրիստոնեաները պէտք չէ աշխարհին մէկ մասը ըլլան, անոր համար մենք հեռու կը կենանք անոր հարցերէն ու կռիւներէն (Յովհ. 15։19. Եսա. 2։4. Յակ. 1։27)։
Կարգ մը երդումներ խիղճի հարց են։ Ատեններ, որոշելէ առաջ թէ երդում մը պիտի ընե՛նք կամ ոչ, պէտք է ուշադրութեամբ մտածենք Յիսուսի Ղուկ. 20։25)։
այս խրատին մասին. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Օրինակ, սեպենք թէ քրիստոնեայ մը հպատակութիւն կամ անցագիր ստանալու դիմումնագիր ներկայացուցած է եւ կ’իմանայ որ իրմէ խնդրուած է հաւատարմութեան երդում տալ։ Եթէ այդ երդումը կը նշանակէ, որ քրիստոնեան պիտի վարուի կերպով մը, որ յստակօրէն Աստուծոյ օրէնքին հակառակ է, Աստուածաշունչով մարզուած իր խիղճը թոյլ պիտի չտայ որ այդ երդումը ընէ։ Սակայն, կառավարութիւնը թերեւս թոյլ տայ որ քրիստոնեան երդումին խօսքերը այնպէս մը փոխէ, որ իր խիղճը զայն ընդունի։
Հաւատարմութեան երդում տալը, որուն բառերը փոխուած են, կրնայ համաձայն ըլլալ Հռովմայեցիս 13։1–ի սկզբունքին. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ Ուստի, քրիստոնեան թերեւս որոշէ որ սխալ չէ երդում ընել կատարելու բան մը, որ Աստուած արդէն քրիստոնեայէն կը պահանջէ։
Կարեւոր է որ Աստուածաշունչի հիման վրայ մարզուած խիղճիդ ականջ տաս, եթէ քեզմէ խնդրուի որ երդում ընելու ատեն առարկայ մը գործածես կամ շարժում մը ընես։ Հռոմայեցիները եւ սկիւթացիները իրենց սուրով երդում կ’ընէին, վկայ բերելով պատերազմի աստուածը, հասկցնելու համար թէ իրենք վստահելի էին։ Իսկ յոյները երդում ընելու ատեն իրենց ձեռքը կը բարձրացնէին։ Այդպիսով անոնք ցոյց կու տային, թէ երկնային ոյժ մը կայ, որ կը դիտէ թէ ի՛նչ կ’ըսուի եւ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ եւ որուն մարդիկ հաշիւ պիտի տան։
Անշուշտ, Եհովայի ծառան երդում պիտի չընէ գործածելով որեւէ ազգային խորհրդանիշ, որ կապ ունի սուտ պաշտամունքի հետ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ դատարանին մէջ քեզմէ խնդրուի, որ ձեռքդ Աստուածաշունչի մը վրայ դնես եւ երդում ընես, որ ճշմարտութիւնը պիտի խօսիս։ Կրնաս ընդունիլ այդ մէկը ընել, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք հաւատարիմ անհատներ, որոնք ձեռքի շարժումով երդում ըրին (Ծն. 24։2, 3, 9. 47։29-31)։ Եթէ այդպիսի երդում մը ընես, կարեւոր է որ յիշես թէ դուն Աստուծոյ առջեւ երդում կ’ընես, որ ճշմարտութիւնը պիտի խօսիս։ Ուստի, նախապէս պատրաստուէ շիտակ պատասխաններ տալու որեւէ հարցումի, որ քեզի թերեւս հարցուի։
Մենք Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը շատ կ’արժեւորենք, անոր համար պէտք է աղօթքով նկատի առնենք որեւէ երդում, որ մեզմէ կը խնդրուի ընել, վստահ ըլլալով որ անիկա մեր խիղճը հանգիստ պիտի ձգէ կամ սուրբգրային սկզբունքները պիտի յարգէ։ Եթէ որոշես երդում մը ընել, պէտք է վստահ ըլլաս, որ ըսածդ պիտի կատարես (Ա. Պետ. 2։12)։