Հարցումներ ընթերցողներէն
Եթէ քրիստոնեայ մը իր կնոջմէն ամուսնալուծուի՝ առանց սուրբգրային հիմի, եւ ետքը ուրիշի մը հետ ամուսնանայ, ժողովքը ինչպէ՞ս կը նկատէ նախկին ամուսնութիւնը եւ նոր ամուսնութիւնը
Այս պարագային, ժողովքը պիտի սեպէ որ նախկին ամուսնութիւնը վերջ գտաւ, երբ տղամարդը նորէն ամուսնացաւ, եւ պիտի սեպէ որ նոր ամուսնութիւնը վաւերական է։ Այս պատասխանին պատճառները հասկնալու համար, նկատի առնենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու մասին։
Մատթէոս 19։9–ին մէջ, Յիսուս բացատրեց թէ ի՛նչն է միակ սուրբգրային հիմը, որ ամուսնութեան վերջ կը դնէ։ Ան ըսաւ. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ Յիսուսի խօսքէն կը հասկնանք, 1) թէ սեռային անբարոյութիւնը միակ սուրբգրային պատճառն է, որ ամուսնութեան վերջ կը դնէ ամուսնալուծումով, եւ 2) թէ տղամարդ մը, որ առանց սուրբգրային պատճառի իր կնոջմէն կ’ամուսնալուծուի եւ ուրիշի մը հետ կ’ամուսնանայ, շնութիւն կ’ընէ *։
Արդեօք Յիսուսի խօսքը կը նշանակէ՞, որ այն մարդը որ սեռային անբարոյութիւնը կ’ընէ եւ իր կնոջմէն կ’ամուսնալուծուի, Աստուածաշունչին համաձայն ազատ է վերամուսնանալու։ Պայման չէ։ Երբ շնութիւն տեղի կ’ունենայ, անմեղ կողակիցը կ’որոշէ թէ իր ամուսինին պիտի ներէ կամ ոչ։ Եթէ իրեն չներէ եւ օրինապէս ամուսնալուծուին, երկուքն ալ ազատ կ’ըլլան վերամուսնանալու։
Միւս կողմէ, թերեւս անմեղ կողակիցը անկեղծօրէն ուզէ ամուսնութիւնը պահել եւ կ’ըսէ իր ամուսինին, որ պատրաստ է իրեն ներելու։ Եթէ ամուսինը մերժէ իր կնոջ ըսածը, եւ իրմէ օրինապէս ամուսնալուծուի, ըստ Աստուածաշունչին՝ ազատ չ’ըլլար նորէն ամուսնանալու, քանի որ իր կինը պատրաստ էր իրեն ներելու։ Եթէ ան չվտարուի, բայց ժամանակի ընթացքին ուրիշի մը հետ ամուսնանայ, դարձեալ շնութիւն կ’ընէ, ինչ որ կը պահանջէ որ դատական յանձնախումբ մը կազմուի (Ա. Կոր. 5։1, 2. 6։9, 10)։
Երբ տղամարդ մը, որ ըստ Աստուածաշունչին ազատ չէ նորէն ամուսնանալու, կ’ամուսնանայ, ժողովքը ինչպէ՞ս կը նկատէ առաջին ամուսնութիւնը եւ նոր ամուսնութիւնը։ Աստուածաշունչը կը սեպէ՞, որ առաջին ամուսնութիւնը տակաւին վաւերական է։ Անմեղ կողակիցը տակաւին կրնա՞յ որոշել, թէ իր նախկին ամուսինին պիտի ներէ կամ ոչ։ Նոր ամուսնացողները պիտի սեպուի՞ն որ շնութիւն կ’ընեն։
Անցեալին, ժողովքը կը սեպէր, որ նոր ամուսնացողները շնացողներ են այնքան ատեն որ անմեղ կողակիցը ողջ է, չէ ամուսնացած եւ սեռային անբարոյութիւն չէ ըրած։ Սակայն, երբ Յիսուս ամուսնալուծման եւ վերամուսնութեան մասին խօսեցաւ, անմեղ կողակիցին նիւթը չըրաւ. հապա բացատրեց թէ տղամարդ մը, որ առանց սուրբգրային պատճառի կ’ամուսնալուծուի
եւ ուրիշի մը հետ կ’ամուսնանայ, շնութիւն կ’ընէ։ Այս պարագային, ամուսնալուծումը եւ վերամուսնութիւնը,– որ Յիսուս շնութիւն սեպեց,– վերջ կը դնէ առաջին ամուսնութեան։«Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատ. 19։9)
Երբ ամուսնութիւնը վերջ կը գտնէ ամուսնալուծման եւ վերամուսնութեան միջոցաւ, այլեւս կարելի չէ որ անմեղ կողակիցը ներէ կամ չներէ։ Այսպէս, ան պատասխանատուութիւն չունի որոշելու, թէ իր նախկին ամուսինին պիտի ներէ կամ ոչ։ Ասկէ զատ, եթէ անմեղ կողակիցը մեռնի, նորէն ամուսնանայ կամ սեռային անբարոյութիւն գործէ, ասիկա նոր ամուսնութեան նկատմամբ ժողովքին տեսակէտը չի փոխեր *։
Վերը յիշուած օրինակին մէջ, ամուսինը շնութիւն ըրաւ, ինչ որ ամուսնալուծումի առաջնորդեց։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ամուսինը շնութիւն չըրաւ, բայց ամուսնալուծուեցաւ եւ ետքը նորէն ամուսնացաւ։ Կամ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ամուսինը ամուսնալուծուելէն առաջ սեռային անբարոյութիւն չըրաւ, բայց անկէ ետք ըրաւ եւ յետոյ նորէն ամուսնացաւ՝ հակառակ անոր որ կինը ուզեց իրեն ներել։ Այս բոլոր օրինակներուն մէջ, ամուսնալուծումը եւ վերամուսնութիւնը, որ շնութիւն է, վերջ կը դնէ առաջին ամուսնութեան։ Նոր ամուսնութիւնը օրէնքով հաստատուած յարաբերութիւն է եւ վաւերական է։ Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1979 թիւը, էջ 32 (անգլ.), ըսաւ. «Հիմա ան ուրիշ կնոջ մը հետ ամուսնացած է եւ չի կրնար պարզապէս այս ամուսնութեան վերջ դնել եւ առաջին կնոջ վերադառնալ. առաջին ամուսնութիւնը վերջ գտաւ ամուսնալուծումով, շնութեամբ եւ վերամուսնութեամբ»։
Այս ճշդուած տեսակէտը ո՛չ ամուսնութեան սրբութիւնը կը թեթեւցնէ, ոչ ալ շնութեան լրջութիւնը։ Եթէ տղամարդ մը իր կնոջմէն ամուսնալուծուի առանց սուրբգրային հիմի եւ ուրիշ կնոջ մը հետ ամուսնանայ, դատական յանձնախումբ կը կազմուի, քանի որ շնութիւն ըրաւ (եթէ նոր կողակիցը քրիստոնեայ է, իրեն համար ալ դատական յանձնախումբ կը կազմուի, քանի որ շնութիւն ըրաւ)։ Թէեւ այս նոր ամուսնութիւնը վաւերական է, ամուսինը պիտի չկարենայ ժողովքին մէջ ծառայութեան մասնաւոր առանձնաշնորհումներ ունենալ երկար տարիներ եւ մինչեւ որ իր ըրածը այլեւս մարդիկը չնեղացնէ կամ անոնք սկսին զինք յարգել։ Որեւէ ծառայութեան առանձնաշնորհում տալէ առաջ, երէցները պէտք է մտածեն առաջին կնոջ ներկայ պարագաներուն մասին, որ թերեւս դաւաճանուեցաւ, եւ անչափահաս զաւակներուն մասին, որոնք թերեւս լքուեցան (Մաղ. 2։14-16)։
Ոչ–սուրբգրային ամուսնալուծման եւ վերամուսնութեան լուրջ հետեւանքները նկատի առնելով, քրիստոնեաները իմաստութեամբ Եհովան կ’ընդօրինակեն՝ ամուսնութիւնը սուրբ նկատելով (Ժող. 5։4, 5. Եբ. 13։4)։
^ պարբ. 2 Յօդուածը պարզ պահելու համար, պիտի սեպենք որ շնութիւն ընող կողակիցը ամուսինն է, իսկ անմեղ կողակիցը կինն է։ Բայց Մարկոս 10։11, 12–ին մէջ, Յիսուս յստակ դարձուց, որ այս հարցին շուրջ իր խրատը կը կիրարկուի թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներուն։
^ պարբ. 1 Ասիկա կը փոխէ մեր նախկին հասկացողութիւնը, թէ նոր ամուսնացողները շնացողներ պիտի նկատուէին մինչեւ որ անմեղ կողակիցը մեռնէր, նորէն ամուսնանար կամ սեռային անբարոյութիւն ընէր։