Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

Եհովան քեզի պիտի օգնէ երբ անակնկալ պարագաներ ունենաս

Եհովան քեզի պիտի օգնէ երբ անակնկալ պարագաներ ունենաս

«Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա» (ՍԱՂ. 34։19

ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ի՞նչ բանի համոզուած ենք։

 ՄԵՆՔ Եհովային ժողովուրդն ենք, եւ գիտենք որ ինք մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ լաւագոյն կեանքը ունենանք (Հռով. 8։35-39)։ Ասկէ զատ, մենք համոզուած ենք որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները միշտ մեր օգտին համար են, եթէ ատոնք գործադրենք (Եսա. 48։17, 18)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ունենանք անակնկալ դժուարութիւններ։

2. Ի՞նչ խնդիրներ կրնանք ունենալ, եւ ատոնց պատճառով թերեւս մեր միտքէն ի՞նչ հարցումներ անցնին։

2 Եհովային բոլոր ծառաները խնդիրներ կ’ունենան։ Օրինակ, թերեւս մեր ընտանիքէն մէկը մեզ յուսախաբ ընէ։ Թերեւս առողջապահական լուրջ խնդիրի մը պատճառով, չկրնանք առաջուան չափ ծառայել Եհովային։ Կրնայ ըլլալ որ բնական աղէտ մը մեծ վնասներ հասցնէ մեզի, կամ ալ մեր հաւատալիքներուն պատճառով հալածուինք։ Երբ այսպիսի դժուարութիւններ ունենանք, թերեւս մտածենք. ‘Ասիկա ինչո՞ւ ինծի կը պատահի։ Արդեօք սխալ բա՞ն մը ըրած եմ։ Արդեօք Եհովային օրհնութիւնը չունի՞մ’։ Օր մը օրանց այսպէս զգացա՞ծ ես։ Եթէ այո, մի՛ յուսահատիր։ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն շատեր այսպիսի զգացումներ ունեցած են (Սաղ. 22։1, 2. Ամբ. 1։2, 3

3. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սաղմոս 34։19–էն։

3 Կարդա՛ Սաղմոս 34։19։ Այս Սաղմոսին մէջ, նկատի առ երկու կարեւոր կէտեր. 1) արդարները նեղութիւններ պիտի ունենան։ 2) Եհովան մեր նեղութիւններէն մեզ կ’ազատէ։ Ինչպէ՞ս։ Օրինակ, ան մեզի կ’օգնէ որ կեանքը դիտենք ինչպէս որ է։ Ճիշդ է որ Եհովան կը խոստանայ, որ իրեն ծառայելով պիտի ուրախանանք, բայց չ’ըսեր որ մտահոգութիւններ պիտի չունենանք (Եսա. 66։14)։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ կեդրոնանանք ապագային վրայ, երբ կեանքը պիտի վայելենք յաւիտեան՝ ճիշդ ինչպէ՛ս որ ինք կ’ուզէ (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Մինչ այդ, ան մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք ամէն օր իրեն ծառայել (Ող. 3։22-24

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Տեսնե՛նք որ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն, որոնք ապրած են անցեալին եւ մեր օրերուն։ Պիտի նկատենք, որ թերեւս մենք ալ անակնկալ խնդիրներ ունենանք։ Բայց երբ որ Եհովային վստահինք, ան մեզի միշտ հոգ պիտի տանի (Սաղ. 55։22)։ Այս օրինակները նկատի առած ժամանակ, դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ ես այս պարագան ունենայի, ի՞նչ կ’ընէի։ Այս օրինակներէն ինչպէ՞ս կը սորվիմ Եհովային աւելի վստահիլ։ Ի՞նչ դասեր սորվեցայ, որոնք կրնամ գործադրել կեանքիս մէջ’։

ԱՆՑԵԱԼԻՆ

Եհովան 20 տարի Յակոբը օրհնեց, երբ ան ծանր կ’աշխատէր խաբեբայ Լաբանին քով (տե՛ս պարբ. 5)

5. Յակոբ Լաբանին երեսէն ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ (տե՛ս կողքին նկարը)։

5 Անցեալին Եհովային ծառաները անակնկալ դժուարութիւններ ունեցան։ Նկատի առ Յակոբը։ Իր հայրը իրեն ըսաւ որ երթայ Լաբանին քով, որ Եհովան կը պաշտէր, եւ անոր աղջիկներէն մէկուն հետ ամուսնանայ։ Ան Յակոբը վստահեցուց, որ ասանկով Եհովային օրհնութիւնները պիտի վայելէ (Ծն. 28։1-4)։ Յակոբ այդպէս ալ ըրաւ։ Լաբան երկու աղջիկ ունէր. Լիան եւ Ռաքէլը։ Յակոբ սիրահարուեցաւ Լաբանին պզտիկ աղջկան՝ Ռաքէլին, եւ ընդունեց որ իրեն համար եօթը տարի աշխատի իր հօր քով (Ծն. 29։18)։ Բայց իր յուսացածին պէս չեղաւ։ Լաբան Յակոբը խաբեց եւ Ռաքէլին տեղ Լիան տուաւ իրեն։ Բայց ետքը Լաբան Յակոբին հետ համաձայնեցաւ, որ եթէ իրեն քով եօթը տարի ալ աշխատէր, մէկ շաբաթ վերջ իրեն Ռաքէլը պիտի տար (Ծն. 29։25-27)։ Ասիկա չի բաւեր, Լաբան գործին մէջ ալ խարդախութեամբ վարուեցաւ Յակոբին հետ։ Մէկ խօսքով, Լաբան 20 տարի շահագործեց Յակոբը (Ծն. 31։41, 42

6. Յակոբ ուրիշ ի՞նչ խնդիրներ ունեցաւ։

6 Յակոբ ուրիշ խնդիրներ ալ ունեցաւ։ Ան մեծ ընտանիք ունէր, բայց իր տղաքը միշտ իրարու հետ չէին համաձայներ։ Անոնք նոյնիսկ իրենց եղբայրը՝ Յովսէփը որպէս ստրուկ ծախեցին։ Յակոբի տղաները՝ Շմաւոնը եւ Ղեւին, իրենց ընտանիքը ամօթով ձգեցին եւ Եհովային անունը անարգեցին։ Ասկէ զատ, Յակոբի սիրելի կինը՝ Ռաքէլը՝ մեռաւ, երբ իր երկրորդ զաւակը կը ծննդաբերէր։ Ետքը, խիստ սովի պատճառով, Յակոբ իր ծերութեան ատեն ստիպուեցաւ Եգիպտոս փոխադրուիլ (Ծն. 34։30. 35։16-19. 37։28. 45։9-11, 28

7. Եհովան ինչպէ՞ս Յակոբին ցոյց տուաւ որ իրմով ուրախ էր։

7 Հակառակ իր այս բոլոր խնդիրներուն, Յակոբ իր հաւատքը չկորսնցուց Եհովային եւ Անոր խոստումներուն հանդէպ։ Եհովան ալ Յակոբին ցոյց տուաւ որ իրմով ուրախ էր։ Օրինակ, թէեւ Լաբան Յակոբին հետ անարդարութեամբ վարուեցաւ, Եհովան Յակոբը օրհնեց իր ունեցածը շատցնելով։ Ասկէ զատ, Յակոբ վստահաբար շատ շնորհակալ էր Եհովայէն, երբ միացաւ Յովսէփին՝ իր տղուն, որ կը կարծէր որ շատոնց մեռած էր։ Քանի՛ որ Յակոբ Եհովային հետ մտերիմ էր, կրցաւ իր դժուարութիւններուն տոկալ (Ծն. 30։43. 32։9, 10. 46։28-30)։ Մենք ալ երբ որ Եհովային հետ մտերիմ ըլլանք, կրնանք մեր անակնկալ դժուարութիւններուն տոկալ։

8. Դաւիթ թագաւոր ի՞նչ կ’ուզէր ընել։

8 Դաւիթ թագաւոր իր ամէն ուզածը չկրցաւ ընել Եհովային ծառայութեան մէջ։ Օրինակ, Դաւիթ շատ կը փափաքէր տաճար մը շինել Եհովային։ Եւ այդ փափաքին մասին խօսեցաւ Նաթան մարգարէին։ Նաթան ալ ըսաւ. «Բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է» (Ա. Մն. 17։1, 2)։ Երեւակայէ որ այս խօսքը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Դաւիթը։ Թերեւս ան նոյնիսկ սկսաւ տաճարին շինարարութեան համար ծրագիրներ դնել։

9. Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ, երբ տխուր լուրը լսեց։

9 Բայց շատ չանցած, Եհովային մարգարէն նորէն եկաւ Դաւիթին քով, այս անգամ տխուր լուրով մը։ Ինչո՞ւ։ «Գիշերը» Եհովան Նաթանին ըսած էր որ Դաւիթը չէր որ տաճարը պիտի շինէր, հապա իր զաւակներէն մէկը (Ա. Մն. 17։3, 4, 11, 12)։ Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ, երբ այս լուրը լսեց։ Ան իր նպատակակէտը փոխեց։ Ան ապահովեց դրամ եւ շինարարական ապրանքներ, որոնց Սողոմոն պէտք պիտի ունենար շինարարութեան մէջ (Ա. Մն. 29։1-5

10. Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց Դաւիթը։

10 Այս լուրը Դաւիթին տալէն անմիջապէս ետք, Եհովան իրեն հետ ուխտ մը ըրաւ, եւ իրեն խոստացաւ որ իր սերունդէն մէկը յաւիտեան պիտի թագաւորէր (Բ. Թագ. 7։16)։ Երեւակայէ որ նոր աշխարհին մէջ, Դաւիթ որքա՜ն պիտի ուրախանայ, երբ գիտնայ որ Հազարամեայ իշխանութեան Թագաւորը՝ Յիսուսը, իր սերունդէն եկած է։ Այս պատմութիւնը մեզի կ’օգնէ որ տեսնենք, թէ նոյնիսկ եթէ մեր յուսացածին չափ չենք կրնար տալ Եհովային, կրնայ ըլլալ որ Եհովան այնպիսի օրհնութիւններ պահած է մեզի, որոնք բնա՛ւ մեր մտքին ծայրէն չէին անցներ։

11. Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց առաջին դարու քրիստոնեաները, հակառակ անոր որ Թագաւորութիւնը իրենց ակնկալած ատեն չեկաւ (Գործք 6։7

11 Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ անակնկալ դժուարութիւններ ունեցան։ Օրինակ, անոնք անհամբեր կը սպասէին որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, բայց չէին գիտեր ատիկա ե՛րբ պիտի գայ (Գործք 1։6, 7)։ Լաւ ի՞նչ ըրին։ Քարոզելով զբաղեցան։ Մինչ երթալով աւելի շրջաններու մէջ կը քարոզէին, անոնք իրենց մորթին վրայ զգացին, որ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օրհնէ իրենց ջանքերը (կարդա՛ Գործք 6։7

12. Երբ սով եղաւ, առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ ըրին։

12 Անգամ մը մեծ սով մը եղաւ «բոլոր աշխարհ»ի մէջ (Գործք 11։28)։ Կրնա՞ս երեւակայել որ առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ազդուեցան։ Անշուշտ ընտանիքի գլուխները մտահոգուեցան որ իրենց ընտանիքին պէտքերը ինչպէ՞ս պիտի հոգային։ Իսկ այն երիտասարդները, որոնք կը ծրագրէին իրենց ծառայութիւնը աւելցնել, ի՞նչ ըրին։ Թերեւս զգացին որ պէտք է իրենց այդ ծրագիրը յետաձգել։ Ամէն պարագայի, քրիստոնեաները իրենց նոր պայմաններուն յարմարեցան։ Անոնք շարունակեցին քարոզել որեւէ կերպով որ կրնային եւ ուրախութեամբ իրենց ունեցածով օգնեցին Հրէաստանի մէջ եղող իրենց հաւատակիցներուն (Գործք 11։29, 30

13. Սովի ժամանակ, քրիստոնեաները ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեցին։

13 Սովի ժամանակ, քրիստոնեաները ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեցին։ Անոնք որոնք օգնութիւն ստացան, անձամբ տեսան որ Եհովան իրենց հետ էր (Մատ. 6։31-33)։ Վստահաբար, անոնք աւելի մօտ զգացին իրենց հաւատակիցներուն, որոնք իրենց օգնեցին։ Իսկ անոնք՝ որոնք նուիրատուութիւններ ըրին կամ ուրիշ ձեւերով օգնեցին, տալու ուրախութիւնը վայելեցին (Գործք 20։35)։ Եհովան բոլորը օրհնեց, քանի որ իրենց նոր պայմաններուն յարմարեցան։

14. Բառնաբասին եւ Պօղոս առաքեալին հետ ի՞նչ եղաւ, եւ ի՞նչ արդիւնքով (Գործք 14։20, 21

14 Առաջին դարու քրիստոնեաները շատ անգամ հալածուեցան, նոյնիսկ երբ ատիկա չէին ակնկալեր։ Նկատի առ ի՛նչ եղաւ Բառնաբասին եւ Պօղոս առաքեալին հետ, մինչ անոնք Լիւստրայի մէջ կը քարոզէին։ Սկիզբը իրենց մտիկ ընողները լաւ վարուեցան իրենց հետ։ Բայց ետքը, հակառակորդները «ժողովուրդը համոզեցին». անոնցմէ ոմանք ալ Պօղոսը մեռնելու աստիճան քարկոծեցին (Գործք 14։18)։ Բայց Բառնաբասը եւ Պօղոսը շարունակեցին ուրիշ տեղ քարոզել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անոնք ‘շատերը աշակերտ ըրին’ եւ իրենց խօսքով եւ օրինակով իրենց հաւատակիցները զօրացուցին (կարդա՛ Գործք 14։20, 21)։ Շատեր օգտուեցան, քանի որ Բառնաբասը եւ Պօղոսը անակնկալ հալածանքի տեղի չտուին։ Մենք ալ, այնքան ատեն որ չենք յանձնուիր Եհովային ծառայութեան մէջ, պիտի օրհնուինք։

ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ

15. Եղբայր Մէգմիլընի օրինակէն ի՞նչ կը սորվիս։

15 1914–էն առաջ, Եհովային ժողովուրդը մեծ ակնկալութիւններ ունէր։ Օրինակ, նկատի առ եղբայր Մէգմիլընի օրինակը։ Ան շատերու պէս, կարծեց որ մօտ օրէն երկինք պիտի ելլէր։ Սեպտեմբեր 1914–ին, իր տուած մէկ դասախօսութեան մէջ, ան ըսաւ. «Հաւանաբար ասիկա իմ տուած վերջին հանրային դասախօսութիւնս է»։ Անշուշտ, ատիկա վերջինը չէր։ Եղբայր Մէգմիլըն ետքը գրեց. «Թերեւս մեզմէ ոմանք աճապարեցին մտածելով որ անմիջապէս երկինք պիտի ելլեն»։ Ան աւելցուց. «Մեզի կ’իյնար շարունակել զբաղած մնալ Տէրոջ ծառայութեան մէջ»։ Ան այդպէս ալ ըրաւ։ Ծառայութեան մէջ շատ նախանձախնդիր էր։ Ատկէ զատ, ան քաջալերեց չէզոքութեան համար բանտարկուած շատ մը եղբայրներ։ Եւ ան հաւատարմօրէն ժողովներու ներկայ եղաւ, նոյնիսկ երբ ծերացաւ։ Լաւ այս բոլորը ընելով ինչպէ՞ս օգտուեցաւ, մինչ կը սպասէր որ երկինք ելլէր։ 1966–ին, իր մեռնելէն քիչ առաջ, ան գրեց. «Հաւատքս մինչեւ հիմա զօրաւոր է»։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ իր օրինակին հետեւինք, մանաւանդ եթէ մեր յուսացածէն աւելի երկար ժամանակէ ի վեր դժուարութիւններու կը տոկանք (Եբ. 13։7

16. Եղբայր Հերպերթ Ճէնինկզը եւ իր կինը ի՞նչ անակնկալ դժուարութիւն մը ունեցան (Յակոբոս 4։14

16 Եհովայի ծառաներէն շատեր անակնկալ առողջապահական խնդիրներ կ’ունենան։ Օրինակ, եղբայր Հերպերթ Ճէնինկզ b իր կենսագրութեան մէջ պատմեց, որ ինչպէ՛ս ինքը եւ իր կինը ուրախութեամբ որպէս միսիոնար ծառայած էին Կանայի մէջ։ Բայց ժամանակ մը ետք, ինք լուրջ մտային հիւանդութիւն մը ունեցաւ։ Եղբայր Ճէնինկզը՝ մէջբերելով Յակոբոս 4։14–էն, իրենց այս նոր պարագան կոչեց «մեր չակնկալած ‘վաղ’ն» (կարդա՛)։ Ան գրեց. «Իրականութիւնը դիմագրաւելով, Կանան եւ մեր բազմաթիւ սերտ բարեկամները ձգեցինք եւ Քանատա վերադարձանք [բժշկուելու համար]»։ Եհովան օգնեց եղբայր Ճէնինկզին եւ իր կնոջ որ շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել, հակառակ իրենց դժուարութեան։

17. Եղբայր Ճէնինկզին օրինակը ինչպէ՞ս օգտակար եղաւ հաւատակիցներու։

17 Եղբայր Ճէնինկզին անկեղծ խօսքերը մեծ ազդեցութիւն ունեցան ուրիշներուն վրայ։ Օրինակ, քոյր մը գրեց. «Չեմ յիշեր որ ուրիշ յօդուած մը ինծի այսքա՛ն ազդած է։. . . Երբ կարդացի որ եղբայր Ճէնինկզ ստիպուեցաւ իր նշանակումը ձգել, որպէսզի իր առողջութեան հոգ տանի, կրցայ իմ պարագաս հաւասարակշռուած կերպով դիտել»։ Նոյնպէս, եղբայր մը գրեց. «Ժողովքի մը մէջ 10 տարի որպէս երէց ծառայելէ ետք, պէտք էր որ երէց ըլլալէ կենայի, մտային հիւանդութեան մը պատճառաւ։ Այնքա՛ն ձախող զգացի, որ շատ անգամ տրամադրութիւն չէի ունենար կենսագրութիւնները կարդալու։ Բայց եղբայր Ճէնինկզին տոկալը ինծի համար շատ քաջալերական էր»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ երբ անակնկալ խնդիրներու տոկանք, կրնանք ուրիշները քաջալերել։ Եւ նոյնիսկ եթէ կեանքը մեր յուսացածին պէս չըլլայ, տակաւին մեր հաւատքը եւ համբերութիւնը կրնայ ուրիշներուն ազդել (Ա. Պետ. 5։9

Երբ որ Եհովային վստահինք, անակնկալ խնդիրները կրնան մեզ իրեն աւելի մօտեցնել (տե՛ս պարբ. 18)

18. Ինչպէս որ նկարները կը նկարագրեն, ի՞նչ կը սորվինք Նիկերիայի այրի կնոջ օրինակէն։

18 ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պէս աղէտներ Եհովայի ժողովուրդէն շատերու ազդած են։ Օրինակ, Նիկերիայէն այրի կին մը շատ քիչ դրամ եւ ուտելիք ունէր։ Առտու մը, իր աղջիկը իրեն հարցուց որ ի՛նչ պիտի ուտեն իրենց վերջին պնակ մը բրինձը ուտելէն ետք։ Քոյրը իր աղջկան ըսաւ որ իրենք այլեւս դրամ կամ ուտելիք չունին, բայց պէտք է Սարեփթայի որբեւայրին ընդօրինակեն. իրենց վերջին ճաշը պատրաստեն եւ Եհովային լման վստահին (Գ. Թագ. 17։8-16)։ Այդ օրը, առաջ որ նոյնիսկ մտածեն թէ կէսօրին ի՛նչ պիտի ճաշեն, օգնութեան աշխատանքին մասնակցող եղբայրները իրենց սնտուկ մը բերին, որուն մէջ կար առնուազն երկու շաբթուան ուտելիք։ Քոյրը ըսաւ որ չէր երեւակայեր թէ Եհովան որքա՛ն ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէր իրենց խօսակցութիւնը։ Ուրեմն, երբ որ Եհովային վստահինք, անակնկալ խնդիրները կրնան մեզ իրեն աւելի մօտեցնել (Ա. Պետ. 5։6, 7

19. Եղբայր Ալեքսէյ Երշովը ինչպիսի՞ հալածանքի տոկաց։

19 Վերջերս մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր անակնկալ հալածանքի առջեւ եղած են։ Նկատի առ եղբայր Ալեքսէյ Երշովին պարագան, որ Ռուսիոյ մէջ կ’ապրի։ Երբ եղբայրը մկրտուեցաւ 1994–ին, Ռուսիոյ մէջ Եհովային ժողովուրդը որոշ չափով ազատութիւն ունէր։ Բայց վերջին տարիներուն պարագան փոխուեցաւ։ 2020–ին, ոստիկանները յարձակեցան եւ փնտռտեցին եղբայր Երշովին տունը, եւ շատ մը բաներ գրաւեցին։ Քանի մը ամիս վերջ, իրեն դէմ ամբաստանութիւններ ներկայացուեցան դատարանին մէջ։ Ատոնք հիմնուած էին վիտէօներու վրայ, որոնք նկարուած էին անհատի մը կողմէ, որ աւելի քան մէկ տարի ձեւացուցած էր որ հետաքրքրուած էր Սուրբ Գիրքը սերտելով։ Եղբայրը որքա՜ն դաւաճանուած զգաց։

20. Եղբայր Երշովը ինչպէ՞ս Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը զօրացուցած է։

20 Եղբայր Երշովին հալածանքը լաւ արդիւնք տուա՞ծ է։ Այո՛։ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը աւելի զօրացած է։ «Ես ու կինս սկսած ենք աւելի աղօթել», կ’ըսէ ան։ «Գիտեմ որ պիտի չկարենայի պարագայիս տոկալ առանց Եհովային օգնութեան»։ Եւ կ’աւելցնէ. «Անձնական սերտողութիւնը ինծի կ’օգնէ, որ յուսահատութեանս դէմ դնեմ։ Կը մտածեմ անցեալի հաւատարիմ ծառաներուն մասին։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ որքա՜ն կարեւոր է հանդարտ մնալ եւ Եհովային վստահիլ»։

21. Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցանք։

21 Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցանք։ Կրնայ ըլլալ որ երբեմն անակնկալ խնդիրներ ունենանք։ Բայց Եհովան միշտ իր ծառաներուն կ’օգնէ, երբ անոնք իրեն վստահին։ Ինչպէս որ այս յօդուածին գլխաւոր համարը կ’ըսէ, «արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա» (Սաղ. 34։19)։ Ուրեմն, փոխանակ կեդրոնանալու մեր խնդիրներուն վրայ, մեր միտքը պահենք որ Եհովան զօրութիւնը ունի մեզի օգնելու։ Ասանկով Պօղոս առաքեալին պէս կրնանք ըսել. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

a Ճիշդ է որ չենք գիտեր, թէ այս աշխարհին մէջ կեանքը մեզի ի՛նչ դժուարութիւններ պիտի բերէ, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն պիտի օգնէ։ Ան ինչպէ՞ս իր ծառաներուն օգնած է անցեալին։ Եւ ինչպէ՞ս ներկայիս մեզի կ’օգնէ։ Աստուածաշունչէն օրինակներ եւ մեր օրերէն օրինակներ նկատի առնելով, աւելի պիտի համոզուինք որ եթէ Եհովային վստահինք, ան մեզի ալ պիտի օգնէ։