ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18
Ժողովներուն իրար քաջալերենք
«Իրարու հոգ տանինք. . . մէկզմէկ յորդորենք» (ԵԲ. 10։24, 25)։
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Ինչո՞ւ ժողովներուն պատասխան կու տանք։
ՄԵՆՔ ինչո՞ւ ժողովներու կ’երթանք։ Առաջին, որ Եհովան փառաբանենք (Սաղ. 26։12. 111։1)։ Երկրորդ, որ իրար քաջալերենք այս դժուար օրերուն (Ա. Թես. 5։11)։ Այս երկու պատճառներուն համար, ձեռքերնիս կը բարձրացնենք եւ պատասխան կու տանք։
2. Ժողովներուն, ո՞ր բաժիններուն ժամանակ կրնանք պատասխանել։
2 Ամէն շաբաթ, առիթ ունինք մեր ժողովներուն պատասխանելու։ Օրինակ, միջշաբաթային ժողովին կրնանք պատասխանել Հոգեւոր գոհարներուն, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան եւ ուրիշ հարց–պատասխան բաժիններու ժամանակ։ Իսկ շաբաթավերջի ժողովին՝ Դիտարան–ը սերտելու ժամանակ։
3. Թերեւս ի՞նչ դժուարութիւններ ունենանք, եւ Եբրայեցիս 10։24, 25–ը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի։
3 Բոլորս կ’ուզենք Եհովան փառաբանել եւ իրար քաջալերել։ Բայց կրնայ ըլլալ որ դժուարութիւններու առջեւ ըլլանք։ Թերեւս մեր ջիղերուն վրայ ըլլանք, երբ պատասխանելու մասին մտածենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ կ’ուզենք պատասխանել, բայց մեր ուզածին չափ առիթ չի տրուիր մեզի։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Պօղոս առաքեալ պատասխանը կու տայ եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ։ Երբ կը խօսէր ժողովներուն կարեւորութեան մասին, ըսաւ որ պէտք է կեդրոնանանք ‘մէկզմէկ յորդորելու’ կամ քաջալերելու վրայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Երբ ըմբռնենք որ նոյնիսկ պզտիկ պատասխանը կրնայ քաջալերել եղբայրները, թերեւս աւելի դիւրին ըլլայ որ մեր ձեռքը բարձրացնենք։ Իսկ եթէ մեզի շատ առիթ չտրուի, կրնանք ուրախանալ, քանի որ ուրիշներուն առիթ տրուեցաւ որ պատասխանեն (Ա. Պետ. 3։8)։
4. Այս յօդուածին մէջ, ի՞նչ երեք կէտեր նկատի պիտի առնենք։
4 Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրար քաջալերել պզտիկ ժողովքի մը մէջ, ուր քիչեր կը պատասխանեն։ Ետքը, պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրար քաջալերել մեծ ժողովքի մը մէջ, ուր շատեր ձեռքերնին կը բարձրացնեն։ Վերջը, նկատի պիտի առնենք թէ ինչ որ կ’ըսենք մեր պատասխանին մէջ, ինչպէ՛ս կրնայ ուրիշները քաջալերել։
ԻՐԱՐ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ ՊԶՏԻԿ ԺՈՂՈՎՔԻ ՄԷՋ
5. Ինչպէ՞ս կրնանք իրար քաջալերել պզտիկ ժողովքի կամ խումբի մէջ։
5 Պզտիկ ժողովքի կամ խումբի մը մէջ, քիչեր կը պատասխանեն։ Եւ ատեններ բաժին մը վարողը կը ստիպուի երկար սպասել մինչեւ որ մէկը իր ձեռքը բարձրացնէ։ Անոր համար, այնպէս մը կ’երեւի որ ժամանակը չ’անցնիր եւ ասիկա կրնայ յուսահատեցնել։ Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել։ Պատրաստ եղիր աւելի անգամներ ձեռքդ բարձրացնելու, ինչ որ պիտի օգնէ որ ուրիշներ քաջալերուին որ աւելի պատասխանեն։
6-7. Ի՞նչ կրնանք ընել, որ պատասխանելու նկատմամբ աւելի հանգիստ զգանք։
6 Արդեօք պատասխանելու գաղափարը քեզ ջիղերու վրայ կը ձգէ՞։ Գիտե՞ս որ շատեր այդպէս կը զգան։ Լաւ, տեսնենք կերպեր, որոնք քեզի կ’օգնեն, որ աւելի հանգիստ զգաս պատասխանելու նկատմամբ։
7 Դիտարան–ի հին թիւերու մէջ անցած առաջարկներ կրնան քեզի օգնել b։ Օրինակ, լաւ պատրաստուէ (Առ. 21։5)։ Ո՛րքան նիւթը քեզի աւելի ծանօթ ըլլայ, ա՛յնքան աւելի հանգիստ պիտի զգաս ձեռքդ բարձրացնելու եւ պատասխանելու։ Ասկէ զատ, պատասխաններդ կարճ պահէ (Առ. 15։23. 17։27)։ Եթէ կարճ պատասխան տաս, քիչ կը մտահոգուիս եւ եղբայրներն ու քոյրերը նիւթը աւելի կը հասկնան, քան երկար պատասխան տալը, որուն մէջ շատ գաղափարներ կան։ Երբ որ քու բառերովդ կարճ պատասխան տաս, յայտնի կ’ըլլայ որ նիւթը լաւ պատրաստած ես եւ հասկցած ես։
8. Եհովան ջանքերդ ի՞նչ աչքով կը դիտէ։
8 Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ այս առաջարկներէն ոմանք գործադրես, բայց դեռ տակնուվրայ կը զգաս մէկ–երկու պատասխանէն աւելի տալու։ Վստահ եղիր որ Եհովան կը գնահատէ քու ջանքերդ որ լաւագոյնդ ընես (Ղուկ. 21։1-4)։ Բայց լաւագոյնդ ընել ըսել չէ դուն քեզ չափէ դուրս նեղի դնել (Փլպ. 4։5)։ Անոր համար, տե՛ս թէ ի՛նչ կրնաս ընել, նպատակ դիր ատիկա ընելու եւ աղօթէ որ հանդարտ մնաս։ Կրնայ ըլլալ որ նպատակդ ըլլայ մէկ կարճ պատասխան տալ։
ԻՐԱՐ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՔԻ ՄԷՋ
9. Մեծ ժողովքի մը մէջ պատասխան տալը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։
9 Եթէ ժողովքիդ մէջ շատ հրատարակիչներ կան, կրնաս ուրիշ դժուարութիւն ունենալ։ Թերեւս այնքա՛ն շատ եղբայրներ ու քոյրեր ձեռքերնին կը բարձրացնեն, որ քեզի շատ առիթ չի տրուիր։ Օրինակ, Տէնյըլը շատ կը սիրէ ժողովներուն պատասխան տալ c։ Ան կը զգայ որ պատասխանելով, Եհովան կը պաշտէ, ուրիշները կը քաջալերէ եւ իր հաւատքը կը զօրացնէ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւններուն հանդէպ։ Բայց երբ մեծ ժողովք փոխադրուեցաւ, իրեն քիչ առիթ կը տրուէր պատասխանելու, երբեմն ալ բնա՛ւ չէր տրուեր։ Ան ըսաւ. «Շատ կը նեղանայի։ Կը զգայի, որ առանձնաշնորհում մը կորսնցուցած եմ։ Եւ երբ ասանկ բան մը շատ անգամ պատահի, կը զգաս որ եղբայրը մասնաւոր կ’ընէ»։
10. Ի՞նչ կրնաս ընել, որ աւելի առիթ ունենաս պատասխանելու։
10 Արդեօք Տէնյըլին պէս կը զգա՞ս։ Եթէ այո, թերեւս որոշես ժողովներուն միայն նստիլ եւ մտիկ ընել։ Բայց մի՛ յանձնուիր։ Շարունակէ ջանք ընել, որ պատասխանես։ Ինչպէ՞ս։ Կրնաս քանի մը պատասխան պատրաստել։ Ասանկով եթէ ժողովին սկիզբը քեզի առիթ չտրուի պատասխանելու, թերեւս ետքը տրուի։ Երբ որ Դիտարան–ը կը պատրաստես, մտածէ որ ամէն մէկ պարբերութիւն ինչպէ՛ս գլխաւոր նիւթին հետ կապուած է։ Վստահաբար բան մը պիտի գտնես պատասխանելու։ Ասկէ զատ, կրնաս պատասխաններ պատրաստել պարբերութիւններու վրայ, որոնք խոր նիւթերու մասին են (Ա. Կոր. 2։10)։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս քանի որ քիչեր պատասխանեն այդ պարբերութիւններուն։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ այս բոլորը ընելէ ետք, քանի մը ժողով անցաւ եւ դուն դեռ չես պատասխանած։ Կրնաս ժողովէն առաջ վարիչին մօտենալ եւ իրեն ըսել թէ ո՛ր հարցումին կ’ուզես պատասխանել։
11. Փիլիպպեցիս 2։4–ը ի՞նչ կը քաջալերէ որ ընենք։
11 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։4։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ուրիշներուն շահն ալ նկատի առնեն։ Իսկ մենք ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել ժողովներուն մէջ։ Երբ յիշենք, թէ ուրիշներն ալ մեզի պէս կ’ուզեն պատասխանել։
12. Ի՞նչ կերպով կրնանք ուրիշները քաջալերել ժողովներուն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
12 Մէկ հատ ասանկ մտածէ։ Երբ քու ընկերներուդ հետ ես, լման ժամանակը դո՞ւն կը խօսիս, թէ ոչ իրենց ալ առիթ կու տաս։ Վստահաբար կ’ուզես որ իրենք ալ մասնակցին խօսակցութեան։ Նոյնպէս, ժողովներուն կ’ուզենք որ շատեր մասնակցին։ Եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերած կ’ըլլանք, երբ որ իրենց ալ առիթ տանք որ իրենց հաւատքին մասին խօսին (Ա. Կոր. 10։24)։ Տեսնենք ինչպէ՛ս։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք առիթ տալ որ աւելի անհատներ պատասխան տան։
13 Օրինակ, կրնանք մեր պատասխանները կարճ պահել, ասանկով առիթ կը տրուի որ աւելի անձեր պատասխանեն։ Ասոր մէջ երէցները եւ ուրիշ փորձառու հրատարակիչներ կրնան օրինակ ըլլալ։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ եթէ պատասխանդ կարճ կը պահես, շատ կէտերու մասին մի՛ խօսիր։ Քանի որ եթէ այդպէս ընես, ուրիշներուն բան մը պիտի չձգես։ Օրինակ, այս պարբերութեան մէջ երկու առաջարկներ տրուած են. պատասխանները կարճ պահել եւ շատ կէտերու մասին չխօսիլ։ Եթէ նա՛խ քեզի առիթը տրուի որ այս պարբերութեան պատասխանես, ի՞նչ կ’ըսես եթէ այս երկու կէտերէն միայն մէկը յիշես։
14. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ որոշենք քանի՛ անգամ ձեռքերնիս պիտի բարձրացնենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։
14 Լաւ մտածէ երբ կ’որոշես քանի՛ անգամ պիտի պատասխանես։ Եթէ միշտ մեր ձեռքը բարձրացնենք, վարիչը կրնայ ստիպուած զգալ որ ամէն անգամ առիթը մեզի տայ, հակառակ որ ուրիշներ դեռ առիթը չեն ունեցած պատասխանելու։ Անոր համար, անոնք թերեւս յուսահատին եւ այլեւս ձեռքերնին չբարձրացնեն (Ժող. 3։7)։
15. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մեզի պատասխանելու առիթ չտրուի։ բ) Վարիչները ինչպէ՞ս կրնան բոլոր ներկաներուն հաշիւը ընել (տե՛ս « Եթէ դուն ես վարիչը» շրջանակը)։
15 Երբ որ քննարկութեան ժամանակ շատեր ձեռքերնին բարձրացնեն, թերեւս քու ուզածիդ չափ քեզի առիթ չտրուի պատասխանելու։ Երբեմն ալ բնա՛ւ չտրուի։ Ասիկա կրնայ քեզ յուսահատեցնել։ Բայց մի՛ կարծեր թէ վարիչը քեզի դէմ բան մը ունի (Ժող. 7։9)։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք պատասխան տուողները քաջալերել։
16 Եթէ յուսացածիդ չափ առիթ չունենաս պատասխանելու, կրնաս ուրիշներուն ուշի–ուշով մտիկ ընել եւ գովել։ Գովասանքի խօսքերդ կրնան պատասխաններուդ չափ քաջալերել եղբայրներն ու քոյրերը (Առ. 10։21)։ Ուրեմն, գովելով ալ կրնանք իրար քաջալերել։
ԻՐԱՐ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ՈՒՐԻՇ ԿԵՐՊԵՐ
17. ա) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն օգնել, որ իրենց տարիքին յարմար պատասխաններ պատրաստեն։ բ) Վիտէոյին համաձայն, պատասխաններ պատրաստելու ի՞նչ չորս կերպեր կան (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
17 Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնանք ժողովներուն իրար քաջալերել։ Եթէ ծնող մըն ես, զաւակներուդ օգնէ որ իրենց տարիքին համեմատ պատասխաններ պատրաստեն (Մատ. 21։16)։ Թէեւ երբեմն նիւթը լուրջ կ’ըլլայ, ինչպէս ամուսնական խնդիրներու եւ բարոյական հարցերու մասին, բայց տակաւին թերեւս ըլլան մէկ կամ երկու պարբերութիւններ, որոնց վրայ պզտիկ մը կրնայ պատասխանել։ Ասկէ զատ, պզտիկներուդ օգնէ որ հասկնան, թէ ամէն անգամ որ ձեռքերնին բարձրացնեն, իրենց պատասխանելու առիթ պիտի չտրուի։ Ասիկա պիտի օգնէ որ յուսախաբ չըլլան, երբ իրենց տեղ ուրիշները պատասխանեն (Ա. Տիմ. 6։18) d։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք պատասխանելու ատեն ներկաներուն ուշադրութիւնը մեր վրայ չհրաւիրել (Առակաց 27։2)։
18 Բոլորս կրնանք Եհովան պատուող եւ մեր հաւատակիցները քաջալերող պատասխաններ պատրաստել (Առ. 25։11)։ Ճիշդ է որ ատեն–ատեն կրնանք կարճ կերպով մեր մասին խօսիլ, բայց պէտք չէ չափը անցընենք (կարդա՛ Առակաց 27։2. Բ. Կոր. 10։18)։ Հապա, պէտք է կեդրոնանաք Եհովային, իր Խօսքին եւ իր ժողովուրդին վրայ (Յայտ. 4։10բ)։ Անշուշտ, եթէ հարցումը մեզմէ կը խնդրէ որ մեր մասին խօսինք, կրնանք ատիկա ընել։ Ասոր մէկ օրինակը կը տեսնենք յաջորդ պարբերութեան մէջ։
19. ա) Երբ որ ներկաներուն հաշիւը ընենք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ (Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ բ) Դո՛ւն ի՞նչ կը զգաս ժողովներուն պատասխանելու նկատմամբ։
19 Ճիշդ է որ պատասխանելու նկատմամբ որոշ օրէնքներ չկան, բայց բոլորս կրնանք ջանք ընել որ իրար քաջալերենք։ Ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ մենք պզտիկ ժողովքի մէջ ենք, թերեւս շատ անգամներ պատասխանենք։ Իսկ եթէ մեծ ժողովքի կը պատկանինք, քիչ պատասխաններով բաւարարուինք եւ ուրախ ըլլանք որ ուրիշներ ալ առիթ ունին մասնակցելու։ Երբ որ ժողովներուն ուրիշներուն հաշիւը կ’ընենք, կրնանք բոլորս իրար քաջալերել (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։
ԵՐԳ 20 Օրհնէ մեր ժողովները
a Երբ ժողովներուն պատասխան կու տանք, իրար կը քաջալերենք։ Ոմանք իրենց ջիղերուն վրայ կ’ըլլան, երբ պատասխան պիտի տան։ Ուրիշներ ալ կը սիրեն պատասխանել, բայց կը զգան որ իրենց շատ առիթ չի տրուիր։ Ամէն պարագայի, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն հաշիւը ընել, որպէսզի բոլորս քաջալերուած զգանք։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք տալ այնպիսի պատասխաններ, որոնք եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնեն, որ սէր ցոյց տան եւ բարի գործեր ընեն։ Ասոնք պիտի բացատրուին այս յօդուածին մէջ։
b Ուրիշ առաջարկներ տեսնելու համար, աչքէ անցուր Դիտարան–ի յունուար 2019 թիւը, էջ 8-13, եւ 1 սեպտեմբեր 2003 թիւը, էջ 19-22 (արաբ.)։
c Անունը փոխուած է։
d Դիտէ Եհովային ընկերը եղիր. Պատասխանդ պատրաստէ վիտէոն, jw.org կայքին վրայ։
e Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը, էջ 32 եւ 1 սեպտեմբեր 2003 թիւը, էջ 21-22 (արաբ)։
f ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որ արդէն պատասխանած է, ուրիշներուն առիթ կու տայ որ պատասխանեն։