Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել նոր աշխարհի խոստումին հանդէպ

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել նոր աշխարհի խոստումին հանդէպ

«[Եհովան] ըսաւ ու պիտի չընէ՞» (ԹՒ. 23։19

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Մինչ նոր աշխարհին կը սպասենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

 ՄԵՆՔ կ’արժեւորենք Եհովային խոստումը, որ արդար նոր աշխարհ մը պիտի բերէ (Բ. Պետ. 3։13)։ Ճիշդ է որ չենք գիտէր թէ ասիկա ճիշդ ե՛րբ պիտի ըլլայ, բայց ինչ որ աշխարհին մէջ հիմա կ’ըլլայ կը ցուցնէ որ շատ պիտի չսպասենք (Մատ. 24։32-34, 36. Գործք 1։7

2 Մինչ այդ, նոյնիսկ եթէ երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, բոլորս պէտք է այդ խոստումին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ նոյնիսկ զօրաւոր հաւատքը կրնայ տկարանալ։ Եւ իրականութեան մէջ, Պօղոս առաքեալ տկար հաւատքը կոչեց՝ «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» (Եբ. 12։1)։ Որպէսզի մեր հաւատքը չտկարանայ, պէտք է որ միշտ աչքէ անցընենք այն փաստերը, որոնք ցոյց կու տան որ նոր աշխարհը շուտով պիտի գայ (Եբ. 11։1

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ո՛ր պարագաներուն պէտք է մեր հաւատքը զօրաւոր ըլլայ Եհովային այս խոստումին հանդէպ։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք երեք կերպեր, որոնք մեզի կ’օգնեն որ այդ հաւատքը զօրացնենք. 1) Փրկանքին վրայ խոկալով, 2) Եհովային զօրութեան մասին մտածելով եւ 3) հոգեւոր բաներով զբաղելով։ Վերջը պիտի տեսնենք որ Եհովային ըսածը Ամբակումին ինչպէ՛ս մեր հաւատքը կը զօրացնէ։

Ո՞Ր ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ

4. Ո՞ր որոշումները զօրաւոր հաւատք կ’ուզեն։

4 Ամէն օր որոշումներ կ’առնենք, որոնք զօրաւոր հաւատք կ’ուզեն։ Օրինակ, որոշումներ կ’առնենք ընկերներ ընտրելու, ժամանցի, ուսումի, ամուսնութեան, զաւակ բերելու եւ գործի մասին։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Որոշումներս ցոյց կու տա՞ն, որ համոզուած եմ որ այս աշխարհը ժամանակաւոր է եւ նոր աշխարհը շատ մօտ է։ Թէ ոչ կ’ապրիմ այնպէս մը, որ այսօր կանք, վաղը չկանք’ (Մատ. 6։19, 20. Ղուկ. 12։16-21)։ Եթէ մեր հաւատքը զօրացնենք որ նոր աշխարհը շատ մօտ է, լաւագոյն որոշումները պիտի առնենք։

5-6. Նեղութեան ատեն ինչո՞ւ զօրաւոր հաւատքի պէտք ունինք. օրինակով մը բացատրէ։

5 Ասկէ զատ, կ’անցնինք դժուարութիւններէ, որոնք զօրաւոր հաւատք կ’ուզեն։ Թերեւս կը հալածուինք, կամ լուրջ հիւանդութիւն ունինք կամ ուրիշ նեղութիւններէ կ’անցնինք, որոնք մեզ կը յուսահատեցնեն։ Սկիզբը, թերեւս զգանք որ կրնանք խնդիրին դիմանալ։ Բայց երբ երկարի, ինչ որ շատ անգամ կ’ըլլայ, զօրաւոր հաւատքի պէտք կ’ունենանք, որպէսզի տոկանք եւ շարունակենք ուրախութեամբ Եհովային ծառայել (Հռով. 12։12. Ա. Պետ. 1։6, 7

6 Երբ դժուարութենէ մը կ’անցնինք, թերեւս զգանք որ Եհովային նոր աշխարհը բնաւ պիտի չգայ։ Ասիկա ըսե՞լ է որ մեր հաւատքը տկար է։ Պայման չէ։ Այս օրինակը նկատի առ. ձմրան կիսուն թերեւս զգանք որ ամառը բնաւ պիտի չգայ, բայց ամառը կու գայ։ Նոյնպէս, երբ շատ յուսահատ ենք, թերեւս զգանք որ նոր աշխարհը բնաւ պիտի չգայ։ Բայց եթէ մեր հաւատքը զօրաւոր է, մենք գիտենք որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին (Սաղ. 94։3, 14, 15. Եբ. 6։17-19)։ Եւ ասիկա կը ձգէ որ շարունակենք հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնել։

7. Որո՞նց պէս պէտք չէ մտածենք։

7 Երրորդ պարագան որ զօրաւոր հաւատք կ’ուզէ՝ քարոզչութիւնն է։ Շատեր որոնց կը քարոզենք, կը զգան որ նոր աշխարհին մասին բարի լուրը խելքէ–միտքէ դուրս է (Մատ. 24։14. Եզեկ. 33։32)։ Չենք ուզեր անոնցմէ ազդուիլ։ Ասոր համար, պէտք է միշտ մեր հաւատքը զօրացնենք։ Տեսնենք ասիկա ընելու երեք կերպեր։

ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛

8-9. Փրկանքին վրայ խոկալը ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ։

8 Մեր հաւատքը զօրացնելու առաջին կերպն է՝ փրկանքին վրայ խոկալ։ Փրկանքը մեզ կը վստահեցնէ որ Աստուծոյ խոստումները պիտի իրականանան։ Երբ որ մտածենք որ Յիսուս ինչո՛ւ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ եւ Եհովան որքա՛ն մեծ զոհողութիւն ըրաւ, մեր հաւատքը կը զօրանայ որ դրախտ բերելու Իր խոստումը պիտի կատարուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։

9 Մէկ հատ մտածէ. Եհովան որքա՞ն սուղ գին վճարեց, երբ իրեն ամէնէն մօտիկ անձը՝ իր անդրանիկ Որդին երկիր ղրկեց։ Յիսուս երկրի վրայ տեսակ–տեսակ նեղութիւններէ անցաւ, ետքն ալ չարչարուելով մեռաւ։ Արդեօք Աստուած այսքա՛ն սուղ գին պիտի վճարէ՞ր, որ մենք միայն քանի մը տարի լաւ կեանք ապրինք (Յովհ. 3։16. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Վստահ ո՛չ։ Ուրեմն Եհովան անպայման մեզի յաւիտենական կեանք պիտի տայ նոր աշխարհին մէջ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԷ

10. Եփեսացիս 3։20–ին համաձայն, Եհովան ի՞նչ կրնայ ընել։

10 Մեր հաւատքը զօրացնելու երկրորդ կերպն է՝ Եհովային զօրութեան մասին մտածել։ Եհովան զօրութիւնը ունի իր բոլոր խոստումները կատարելու։ Մարդուն տեսանկիւնէն դիտուած՝ յաւիտենական կեանքը կրնայ անկարելի երեւիլ։ Բայց ասիկա առաջին անգամը չէ որ Եհովան սովորական չեղող խոստում մը կու տայ։ Կ’ակնկալենք որ ինք Ամենակալ Աստուածը ըլլալով՝ անկարելի երեւցող խոստումներ տայ (Յոբ 42։2. Մար. 10։27. կարդա՛ Եփեսացիս 3։20

11. Աստուծոյ սովորական չեղող խոստումներէն օրինակ մը տուր (տե՛ս « Սովորական չեղող խոստումներ կը կատարուին» շրջանակը)։

11 Անցեալին, Եհովան իր ժողովուրդին կարգ մը խոստումներ տուաւ, որոնք մարդու անկիւնէն դիտուած անկարելի էին։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։ Ան Աբրահամին եւ Սառային խոստացաւ որ պիտի ունենան զաւակ մը, հակառակ անոր որ ծեր էին (Ծն. 17։15-17)։ Ասկէ զատ, ան Աբրահամին ըսաւ որ իր սերունդը պիտի ժառանգէր Քանանի երկիրը։ Բայց Աբրահամին սերունդը՝ իսրայէլացիները՝ յետագային Եգիպտոսի մէջ ստրուկներ էին։ Ուրեմն այս խոստումը իրենց համար անկարելի կ’երեւէր։ Բայց ատիկա իրականացաւ։ Դարեր ետք, Եհովան Եղիսաբէթին խոստացաւ որ զաւակ պիտի ունենար, հակառակ անոր որ ան ալ տարեց էր։ Ան Մարիամին ալ ըսաւ որ տղայ զաւակ մը պիտի ունենար, հակառակ անոր որ կոյս էր։ Իրականութեան մէջ, այս տղայ զաւակը Իր Որդին էր, որուն գալուն մասին ան դարեր առաջ խոստացած էր Եդեմի պարտէզին մէջ (Ծն. 3։15

12. Յեսու 23։14–ը եւ Եսայի 55։10, 11–ը ի՞նչ ցոյց կու տան Եհովային զօրութեան մասին։

12 Երբ որ մտածենք որ Եհովան ի՛նչ խոստումներ տուած է եւ ատոնք ինչպէ՛ս կատարած է, իր զօրութիւնը կը տեսնենք եւ աւելի կը համոզուինք որ ինքը նոր աշխարհը պիտի բերէ (կարդա՛ Յեսու 23։14. Եսայի 55։10, 11)։ Եւ երբ մենք համոզուած ըլլանք, կրնանք ուրիշներուն ալ օգնել որ հաւատան թէ այս խոստումը իրական է, երազ չէ։ Պարապ տեղ չէ որ մենք յաւիտենական կեանքի խոստումին կը հաւատանք, քանի որ Եհովան ինք ըսաւ. «Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են» (Յայտ. 21։1, 5

ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՎ ԶԲԱՂԱԾ ՄՆԱ՛

ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Ասիկա ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ (տե՛ս պարբ. 13)

13. Ժողովները ինչպէ՞ս մեր հաւատքը կը զօրացնեն. բացատրէ։

13 Մեր հաւատքը զօրացնելու երրորդ կերպն է՝ հոգեւոր բաներով զբաղիլ։ Օրինակ, ասիկա կրնանք ընել՝ ժողովներուն ներկայ ըլլալով։ Աննան b, որ տարիներէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է, կ’ըսէ. «Ժողովները կ’օգնեն որ հաւատքս զօրաւոր մնայ։ Նոյնիսկ եթէ դասախօսը սորվեցնելու ձիրք չունի կամ նոր բան մը չ’ըսեր, ժողովին ընթացքին անպայման կը լսեմ բան մը, որ կը ձգէ որ Սուրբ Գիրքը աւելի լաւ հասկնամ»։ Անշուշտ, եղբայրներուն ու քոյրերուն տուած պատասխաններն ալ մեր հաւատքը կը զօրացնեն (Հռով. 1։11, 12. 10։17

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ասիկա ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ (տե՛ս պարբ. 14)

14. Ծառայութիւնը ինչպէ՞ս մեր հաւատքը կը զօրացնէ։

14 Մենք նաեւ հաւատքնիս կը զօրացնենք երբ ծառայութեան կ’ելլենք (Եբ. 10։23)։ Պարպրան, որ աւելի քան 70 տարիէ Եհովային կը ծառայէ, ըսաւ. «Քարոզչութիւնը միշտ հաւատքս կը զօրացնէ, քանի որ ո՛րքան աւելի Եհովային խոստումներուն մասին խօսիմ ուրիշներուն, ա՛յնքան աւելի ատոնցմով կը համոզուիմ»։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ասիկա ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ (տե՛ս պարբ. 15)

15. Անձնական սերտողութիւնը ինչպէ՞ս մեր հաւատքը կը զօրացնէ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

15 Անձնական սերտողութիւնն ալ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Սուզանը սերտելու կանոնաւոր յայտագիր ունենալը օգտակար կը գտնէ։ Ան կ’ըսէ. «Կիրակի օրը՝ յաջորդ շաբթուան Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստեմ։ Երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը՝ միջշաբաթային ժողովը կը պատրաստեմ։ Իսկ միւս օրերուն՝ ուրիշ նիւթեր կը սերտեմ»։ Այրինը, որ տարիներով կեդրոնատեղիին մէջ ծառայած է, օգտակար գտած է Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները սերտել։ Ան կ’ըսէ. «Ինծի համար հոյակապ բան մըն է տեսնել, որ Եհովային տուած մարգարէութիւնները մանրամասնութեամբ կը կատարուին» c։

«ԱՆՇՈՒՇՏ ՊԻՏԻ ԳԱՅ»

16. Ամբակումին տուած Եհովային խոստումը ի՞նչ իմաստ ունի մեզի համար (Եբրայեցիս 10։36, 37

16 Եհովային կարգ մը ծառաները երկար տարիներէ ի վեր նոր աշխարհին կը սպասեն։ Եթէ մարդկային անկիւնէ դիտենք, կրնանք զգալ որ Եհովային խոստումը կ’ուշանայ։ Ամբակում ճիշդ ասանկ զգաց եւ Եհովան իրեն ըսաւ. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ» (Ամբ. 2։3)։ Արդեօք Եհովան այս խոստումը միայն Ամբակումի՞ն տուաւ, թէ ոչ ատիկա մեզի համար ալ իմաստ ունի։ Պօղոս ասոր պատասխանը տուաւ, երբ որ քրիստոնեաներուն ըսաւ որ նոր աշխարհին սպասեն (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։36, 37)։ Ուրեմն երբ որ զգանք որ նոր աշխարհը կ’ուշանայ, յիշենք որ ատիկա «անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։

17. Քոյր մը ինչպէ՞ս գործադրեց այն խրատը որ Եհովան Ամբակումին տուաւ։

17 Եհովային ծառաներէն շատեր իր խրատին հետեւած են եւ երկար տարիներէ ի վեր նոր աշխարհին կը սպասեն։ Օրինակ, Լուիսը 1939–ին սկսաւ Եհովային ծառայել։ Ան կ’ըսէ. «Այն ատեն կը կարծէի որ Արմագեդոնը պիտի գար՝ դպրոցս վերջացնելէն առաջ։ Բայց ատանկ չեղաւ։ Տարիներու ընթացքին, օգտակար գտած եմ կարդալ՝ Նոյին, Աբրահամին, Յովսէփին եւ ուրիշներու պատմութիւնները, որոնք պէտք էր երկար ժամանակ սպասէին, առաջ որ Եհովային խոստումներուն կատարուիլը տեսնէին։ Նոր աշխարհը միշտ մտքիս մէջ պահելը ինծի օգնած է, որ համոզուած մնամ թէ անիկա շուտով պիտի գայ»։

18. Ստեղծագործութիւնը ինչպէ՞ս մեր հաւատքը կը զօրացնէ նոր աշխարհին հանդէպ։

18 Ճիշդ է որ նոր աշխարհը դեռ չէ եկած, բայց ինչպէ՞ս գիտենք որ ատիկա իրական պիտի ըլլայ։ Օրինակ մը նկատի առնենք։ Մէկը չկայ որ կը կասկածի որ աստղերը, ծառերը, անասունները եւ մարդիկը իրական չեն, հակառակ անոր որ ատեն մը անոնք գոյութիւն չունէին։ Բայց գոյութիւն ունեցան, քանի Եհովա՛ն ատոնք ստեղծեց (Ծն. 1։1, 26, 27)։ Նոյնպէս, Եհովան խոստացած է որ նոր աշխարհը պիտի բերէ, ուր մարդիկ յաւիտեան կատարեալ եւ առողջ պիտի ըլլան։ Եհովան յարմար ժամանակին այս խոստումը պիտի կատարէ։ Նոր աշխարհը մեզի համար ա՛յնքան իրական պիտի ըլլայ, ո՛րքան այն բաները որ մեր շուրջը կը տեսնենք (Եսա. 65։17. Յայտ. 21։3, 4

19. Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել։

19 Մինչեւ այդ օրը գայ, ամէն ջանք ըրէ որ հաւատքդ զօրացնես։ Փրկանքին վրայ խոկա՛, Եհովային զօրութեան մասին մտածէ՛ եւ հոգեւոր բաներով զբաղած մնա՛։ Ասանկով, դո՛ւն ալ ‘հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները պիտի ժառանգես’ (Եբ. 6։11, 12. Հռով. 5։5

ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

a Ներկայիս շատեր չեն հաւատար նոր աշխարհի մը մասին Աստուածաշունչի խոստումին։ Անոնք կը կարծեն որ անիկա պարզապէս երազ մըն է։ Բայց մենք վստահ ենք, որ Եհովային բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։ Հակառակ ասոր, պէտք է շարունակենք մեր հաւատքը զօրաւոր պահել։ Ինչպէ՞ս։ Այս յօդուածը պիտի բացատրէ։

b Կարգ մը անուններ փոխուած են։

c Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւններուն մասին շատ մը նիւթեր կրնաս գտնել Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին մէջ՝ «Մարգարէութիւն» նիւթին տակ։ Օրինակ, տե՛ս «Վստահէ՛ Եհովային՝ ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 1 մայիս 2012 թիւին մէջ։