Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15

Յիսուսի հրաշքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Յիսուսի հրաշքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

«Պտըտեցաւ բարիք ընելով ու. . . բժշկելով» (ԳՈՐԾՔ 10։38

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Նկարագրէ թէ ի՛նչ պայմաններու տակ Յիսուս իր առաջին հրաշքը ըրաւ։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՆՔ այս տեսարանը։ Ք.Ե. 29 թուականն է։ Յիսուս իր ծառայութիւնը նոր կը սկսի։ Ինք, իր մայրը՝ Մարիամ՝ եւ իր աշակերտներէն քանի մը հոգի հրաւիրուած են Կանայի մէջ տեղի ունեցող հարսանիքի մը։ Կանան Յիսուսի ծննդավայրին՝ Նազարէթի՝ հիւսիսը գտնուող գիւղ մըն է։ Մարիամ այս ընտանիքին մէկ բարեկամն է եւ այնպէս կ’երեւի թէ իրենց կ’օգնէ որ հիւրերուն հոգ տանին։ Բայց հարսանիքին ընթացքին խնդիր մը մէջտեղ կ’ելլէ, որ նեղ կացութեան կը մատնէ թէ՛ ընտանիքը եւ թէ զոյգը. գինին կը վերջանայ b։ Թերեւս ակնկալուածէն աւելի հիւրեր կան։ Մարիամ անմիջապէս Յիսուսին քովը կ’երթայ եւ կ’ըսէ. «Գինի չունին» (Յովհ. 2։1-3)։ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։ Տարօրինակ բան մը. ան ջուրը ‘աղէկ գինիի’ կը վերածէ (Յովհ. 2։9, 10

2-3. ա) Յիսուս ի՞նչ հրաշքներ ըրաւ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ՝ Յիսուսի հրաշքները նկատի առնելով։

2 Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին շատ մը ուրիշ հրաշքներ ալ ըրաւ c։ Ան իր հրաշալի զօրութիւնը գործածեց տասնեակ հազարաւոր մարդոց օգնելու համար։ Օրինակի համար, միայն իր երկու հրաշքներով, առաջինը՝ 5000 տղամարդ կերակրելով, իսկ երկրորդը՝ 4000 տղամարդ, ան օգնեց ընդամէնը աւելի քան 27,000 հոգիի, եթէ հոն գտնուող կիներն ու պզտիկներն ալ պիտի հաշուենք (Մատ. 14։15-21. 15։32-38)։ Այս երկու առիթներուն, Յիսուս նաեւ շատ մը հիւանդներ բժշկեց (Մատ. 14։14. 15։30, 31)։ Երեւակայէ որ ժողովուրդը որքա՜ն հիացաւ, երբ Յիսուս հրաշալիօրէն բուժեց եւ կերակրեց զանոնք։

3 Յիսուսի հրաշքները մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունին։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս հրաշքներէն կարգ մը հաւատք զօրացնող դասեր։ Ետքը նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսի խոնարհութիւնը եւ կարեկցութիւնը, մինչ ան հրաշքներ կ’ընէր։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԵՐ

4. Յիսուսին հրաշքները որո՞ւն մասին հաւատք զօրացնող դասեր կը սորվեցնեն։

4 Յիսուսի հրաշքները մեզի կը սորվեցնեն հաւատք զօրացնող դասեր, ո՛չ միայն իր մասին, այլ նաեւ իր Հօր մասին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ հրաշքներուն բուն Աղբիւրը Եհովան է։ Գործք 10։38–ը կ’ըսէ. «Աստուած օծեց [Յիսուսը] Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով, որ պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր»։ Նաեւ յիշէ որ Յիսուս իր ըսածներով եւ ըրածներով, մէջը ըլլալով իր հրաշքներով, ցոյց տուաւ որ ճիշդ իր Հօր պէս կը մտածէ եւ կը զգայ (Յովհ. 14։9)։ Տեսնենք երեք դասեր, որոնք կրնանք սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն։

5. Ի՞նչը Յիսուսը մղեց որ հրաշքներ ընէ (Մատթէոս 20։30-34

5 Առաջին՝ Յիսուս եւ իր Հայրը մեզ շատ կը սիրեն։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, մարդոց հանդէպ իր խոր սէրը ցոյց տուաւ, երբ իր հրաշալի զօրութիւնով անոնց չարչարանքին վերջ դրաւ։ Առիթով մը երկու կոյրեր իրմէ օգնութիւն ուզեցին (կարդա՛ Մատթէոս 20։30-34)։ Նկատի առ որ Յիսուս ‘խղճաց’ եւ ետքը բժշկեց զանոնք։ Հոս, ‘խղճաց’ թարգմանուած յունարէն բայը կը նշանակէ ուրիշին հանդէպ խոր կերպով կարեկցիլ։ Այսպիսի կարեկցութիւն, որ սիրոյ արտայայտութիւն է, Յիսուսը մղեց որ անօթիները կերակրէ եւ բորոտ մը բժշկէ (Մատ. 15։32. Մար. 1։41)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան՝ «գթած» Աստուածը՝ եւ իր Որդին խոր սէր ունին մեզի հանդէպ եւ թէ երբ նեղութիւն քաշենք, մեզի հետ կը զգան (Ղուկ. 1։78. Ա. Պետ. 5։7)։ Անոնք շա՛տ կը փափաքին մարդոց նեղացնող բոլոր խնդիրները լուծել։

6. Աստուած Յիսուսին ի՞նչ զօրութիւն տուած է։

6 Երկրորդ՝ Աստուած Յիսուսին տուած է մարդոց բոլոր խնդիրները լուծելու զօրութիւնը։ Իր հրաշքներով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ զօրութիւնը ունի լուծելու այն խնդիրները, որոնց հետ անձամբ գլուխ չենք կրնար ելլել։ Օրինակի համար, ան զօրութիւնը ունի մեզ ազատելու՝ մարդոց խնդիրներուն պատճառները լուծելով, որ են՝ ժառանգուած մեղքն ու անոր հետեւանքները, մէջը ըլլալով՝ հիւանդութիւնն ու մահը (Մատ. 9։1-6. Հռով. 5։12, 18, 19)։ Յիսուսի հրաշքները ցոյց տուին, որ ան կրնայ «ամէն կերպ» հիւանդութիւն բժշկել եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տալ (Մատ. 4։23. Յովհ. 11։43, 44)։ Ան նաեւ զօրութիւնը ունի կործանիչ փոթորիկներ կեցնելու եւ մարդիկը չար ոգիներէն ազատելու (Մար. 4։37-39. Ղուկ. 8։2)։ Որքա՜ն կը հանգստանանք գիտնալով որ Եհովան Յիսուսին ա՛յսքան զօրութիւն տուած է։

7-8. ա) Յիսուսի հրաշքները մեզ ի՞նչ կը վստահեցնեն։ բ) Նոր աշխարհին մէջ ո՞ր հրաշքներուն անհամբեր կը սպասես։

7 Երրորդ՝ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք ապագայ օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Յիսուսի ըրած հրաշքները երբ երկրի վրայ էր, մեզի կը սորվեցնեն թէ ան, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան երկնային Թագաւոր, ինչ պիտի ընէ ամբո՛ղջ երկրի վրայ։ Նկատի առ թէ շուտով Քրիստոսի իշխանութեան տակ ինչե՜ր պիտի վայելենք։ Պիտի վայելենք կատարեալ առողջութիւն, քանի որ ան մարդիկը չարչարող բոլոր հիւանդութիւնները եւ անկարողութիւնները պիտի վերցնէ (Եսա. 33։24. 35։5, 6. Յայտ. 21։3, 4)։ Բնա՛ւ պիտի չանօթենանք, ոչ ալ բնական աղէտներ մեր գլխուն պիտի գան (Եսա. 25։6. Մար. 4։41)։ Շա՛տ պիտի ուրախանանք դիմաւորելով մեր սիրելիները, որոնք «գերեզմաններ»էն դուրս պիտի գան (Յովհ. 5։28, 29)։ Գալիք նոր աշխարհին մէջ, յատկապէս ո՞ր հրաշքներուն անհամբեր կը սպասես։

8 Հրաշքներ ըրած ատեն, Յիսուս շատ խոնարհ եւ կարեկից էր։ Պէտք է որ այս յատկութիւնները ընդօրինակենք։ Նկատի առնենք երկու օրինակներ, եւ սկսինք Կանայի հարսանիքի հրաշքէն։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՄԸ

9. Յիսուս հարսանիքին ի՞նչ ըրաւ (Յովհաննէս 2։6-10

9 Կարդա՛ Յովհաննէս 2։6-10։ Երբ հարսանիքի ժամանակ գինին վերջացաւ, Յիսուս ստիպուա՞ծ էր բան մը ընել։ Ո՛չ։ Մարգարէութիւն մը չկար, որ կ’ըսէր թէ Մեսիան հրաշքով մը ջուրը գինիի պիտի վերածէր։ Եթէ քու հարսանիքդ ըլլար եւ խմիչքը վերջանար, ի՞նչ կը զգայիր։ Հաւանաբար Յիսուս այս ընտանիքին հետ զգաց, մանաւանդ հարսին ու փեսային հետ, եւ ուզեց որ անոնք ամօթով չելլեն։ Անոր համար, ինչպէս որ յօդուածին սկիզբը յիշուեցաւ, ան հրաշքով մօտ 390 լիդր ջուր վերածեց լաւ գինիի։ Լաւ ինչո՞ւ այսքան շատ գինի։ Թերեւս ան ուզեց որ քիչ մըն ալ ետքը գործածուի կամ ալ ծախուի, որ նոր զոյգը այդ դրամէն օգտուի։ Հարսն ու փեսան վստահաբար շատ գնահատեցին ասիկա։

Յիսուսը ընդօրինակէ՝ անձնական իրագործումներովդ չհպարտանալով (տե՛ս պարբ. 10-11) e

10. Ի՞նչ կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններ կան Յովհաննէս գրքին երկրորդ գլուխին մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Նկատի առ կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք յիշուած են Յովհաննէս գրքին 2–րդ գլուխին մէջ։ Նկատեցի՞ր որ Յիսուս չէր որ կարասները ջուրով լեցուց։ Հապա, փոխանակ մարդոց ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելու, ան սպասաւորներէ՛ն խնդրեց որ կարասները լեցնեն (համարներ 6–7)։ Եւ ջուրը գինիի վերածելէ ետք, Յիսուս անձամբ չգնաց սեղանապետին քով, որպէսզի գինին տայ անոր. հապա՝ սպասաւորներէ՛ն ատիկա խնդրեց ընել (համար 8)։ Ոչ ալ Յիսուս գաւաթ մը գինի բոլոր հիւրերուն առջեւ հպարտօրէն բարձրացնելով՝ ըսաւ. ‘Հիմա պատրաստած այս գինիիս համին նայեցէք’։

11. Յիսուսի հրաշքէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

11 Ջուրը գինիի վերածելու Յիսուսի հրաշքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Խոնարհութիւն։ Յիսուս իր ըրած հրաշքով չհպարտացաւ։ Իրականութեան մէջ, ան բնաւ չհպարտացաւ իր ըրածներով։ Ընդհակառակը, ան խոնարհութեամբ եւ կրկին անգամ ամէն փառք ու պատիւ իր Հօրը տուաւ (Յովհ. 5։19, 30. 8։28)։ Եթէ Յիսուսին պէս խոնարհ ըլլանք, մեր ըրածներով պիտի չհպարտանանք։ Ուրեմն Եհովայի ծառայութեան մէջ ինչ որ ալ ընենք, չի՛ հպարտանանք, հապա՝ հպարտանանք որ պատիւը ունինք մեր հոյակապ Աստուծոյն ծառայելու (Եր. 9։23, 24)։ Ուրեմն, իրեն տանք այն պատիւը որու արժանի է։ Վերջ ի վերջոյ, առանց Եհովային օգնութեամբ մենք ի՞նչ կրնանք ընել (Ա. Կոր. 1։26-31

12. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք Յիսուսին խոնարհութիւնը ընդօրինակել. բացատրէ՛։

12 Նկատի առ ուրիշ կերպ մը, որով կրնանք Յիսուսի խոնարհութիւնը ընդօրինակել։ Երեւակայէ այս պարագան. երէց մը ժամեր կը տրամադրէ, որ օգնական ծառայի մը օգնէ իր առաջին հանրային դասախօսութիւնը պատրաստելու։ Օգնական ծառան կու գայ սրահ եւ քաջալերական դասախօսութիւն մը կու տայ, որմէ ժողովքը կ’ախորժի։ Ժողովէն ետքը, մէկը կու գայ երէցին քով եւ կ’ըսէ. ‘Եղբայր այսինչին դասախօսութիւնը հոյակապ էր, չէ՞’։ Հոս երէցը պէ՞տք է ըսէ. ‘Այո՛, բայց ես ժամե՜ր տրամադրեցի անոր օգնելու համար’։ Թէ ոչ, պէտք է խոնարհաբար ըսէ. ‘Այո՛, հոյակապ էր. իրմով հպարտ եմ’։ Եթէ խոնարհ ենք, չենք ուզեր որ մեզի պատիւ տրուի, երբ ուրիշներու լաւ բաներ կ’ընենք։ Պիտի գոհանանք գիտնալով, որ Եհովան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ մեր ըրածը (համեմատէ՛ Մատթէոս 6։2-4. Եբ. 13։16)։ Վստահաբար, Եհովան պիտի ուրախանայ, երբ Յիսուսին պէս խոնարհ ըլլանք (Ա. Պետ. 5։6

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՄԸ

13. Յիսուս Նային քաղաքին մօտ ի՞նչ կը տեսնէ, եւ ի՞նչ կ’ընէ (Ղուկաս 7։11-15

13 Կարդա՛ Ղուկաս 7։11-15։ Երեւակայէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Յիսուսի ծառայութեան կիսուն։ Ան գացած էր Գալիլիոյ մէկ քաղաքը՝ Նային, որ շատ հեռու չէր Սունամէն, ուր Եղիսէ մարգարէն շուրջ 900 տարի առաջ կնոջ մը տղուն յարութիւն տուած էր (Դ. Թագ. 4։32-37)։ Երբ Յիսուս քաղաքին դրան կը մօտենայ, թաղումի գացող բազմութիւն մը կը տեսնէ։ Տեսարանը յուզիչ է, քանի որ մեռնողը որբեւայրիի մը միակ զաւակն է։ Բայց լացող մայրը առանձին չէ. շատեր կ’ընկերակցին իրեն։ Յիսուս դագաղին կը մօտենայ եւ անոր տղուն յարութիւն կու տայ։ Ասիկա Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած Յիսուսի ըրած երեք յարութիւններէն առաջինն է։

Յիսուսը ընդօրինակէ՝ սուգի մէջ եղողներուն կարեկցելով (տե՛ս պարբ. 14-16)

14. Ի՞նչ կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններ կան Ղուկաս գրքին 7–րդ գլուխին մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Նկատի առ Ղուկաս գրքին 7–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններ։ Նկատեցի՞ր որ Յիսուս լացող մայրը ‘տեսնելէն’ ետքն էր որ «խղճաց անոր վրայ» (համար 13)։ Ուրեմն, թերեւս երբ Յիսուս տեսաւ որ մայրը իր որդիին դիակին առջեւէն լալով կը քալէ, իր հետը զգաց։ Յիսուս ո՛չ միայն խղճաց անոր վրայ, հապա նաեւ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ։ Անկասկած, Յիսուս անոր հետ վստահեցուցիչ ոճով մը խօսելով ըսաւ. «Մի՛ լար»։ Ետքը ան բան մը ըրաւ անոր օգնելու համար։ Ան կնոջ զաւակը ետ կեանքի բերաւ եւ «տուաւ զանիկա իր մօրը» (համարներ 14, 15

15. Յիսուսի հրաշքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

15 Յիսուսի այս հրաշքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Կը սորվինք որ պէտք է սուգի մէջ եղողներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տանք։ Անշուշտ չենք կրնար Յիսուսին պէս մեռելներուն յարութիւն տալ, բայց կրնանք, իրեն պէս, սուգի մէջ եղողներուն կարեկցիլ՝ անոնց պարագան նկատելով։ Օրինակ, կրնանք կարեկցիլ՝ խօսելով եւ ընելով բաներ, որոնք իրենց կ’օգնեն եւ կը մխիթարեն (Առ. 17։17. Բ. Կոր. 1։3, 4. Ա. Պետ. 3։8) d։ Նոյնիսկ քանի մը անուշ խօսքեր ըսելը եւ ազնիւ բաներ ընելը կրնայ զիրենք շատ մխիթարել։

16. Ինչպէս որ նկարը կը նկարագրէ, վերջերս իր աղջիկը կորսնցուցած մօր մը փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

16 Նկատի առ փորձառութիւն մը։ Քանի մը տարի առաջ, մինչ քոյր մը ժողովի ժամանակ կ’երգէր, քիչ մը անդին նկատեց մայր մը, որ կու լար։ Երգը յարութեան յոյսին մասին էր, եւ այս մայրը վերջերս կորսնցուցած էր իր պզտիկ աղջիկը։ Ասկէ տեղեակ ըլլալով, քոյրը անմիջապէս քովը գնաց, իրեն փաթթուկ ըրաւ եւ երգին մնացեալ մասը միասին երգեցին։ Ետքը այս մայրը ըսաւ. «Եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ շատ մեծ սէր զգացի»։ Ան շատ երախտապարտ էր, որ այդ ժողովին գացած էր։ Ան ըսաւ. «Թագաւորութեան սրահին մէջն է որ մենք օգնութիւն կը ստանանք»։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը նկատէ եւ կ’արժեւորէ նոյնիսկ պզտիկ բաները, որոնք կ’ընենք կարեկցելու համար սուգի մէջ եղողներուն՝ որոնք «հոգիով խոնարհած» են, այսինքն՝ ընկճուած են (Սաղ. 34։18

ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ՝ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ ՍԵՐՏԵԼՈՎ

17. Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցանք։

17 Յիսուսի հրաշքները հաւատք զօրացնող սերտողութեան նիւթ մը կրնանք դարձնել։ Շատ կը քաջալերուինք, եթէ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Յիսուսի հրաշքները սերտենք։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, թէ Եհովան եւ Յիսուսը մեզ խորապէս կը սիրեն, թէ Յիսուսը զօրութիւնը ունի մարդոց բոլոր խնդիրները լուծելու, եւ թէ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Թագաւորութեան խոստացած օրհնութիւնները շատ մօտ են։ Մինչ այս հրաշքները կը սերտենք, կրնանք խոկալ թէ ի՛նչ կերպով կրնանք Յիսուսի յատկութիւնները ընդօրինակել։ Ի՞նչ կ’ըսես եթէ անձամբ կամ ընտանեօք սերտողութեան յայտագիր մը դնէք եւ Յիսուսի միւս հրաշքները սերտէք։ Տես թէ ի՛նչ դասեր կրնաս քաղել եւ ետքը այդ դասերը ուրիշներուն պատմել։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն քաջալերական խօսակցութիւններու դռներ պիտի բացուին առջեւդ (Հռով. 1։11, 12

18. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

18 Իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած իր երրորդ հրաշքը կատարեց։ Բայց ասիկա տարբեր էր միւսներէն, քանի որ ան սիրելի բարեկամի մը յարութիւն տուաւ անսովոր պայմաններու տակ։ Այս հրաշքէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ եւ ինչպէ՞ս կրնանք յարութեան յոյսին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնել։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

ԵՐԳ 148 Քու անգին Որդիդ տուիր

a Յիսուսի հրաշքներուն մասին կարդալը շատ հետաքրքրական է։ Օրինակի համար, ան զօրաւոր փոթորիկ մը հանդարտեցուց, հիւանդները բժշկեց, եւ մեռելներուն յարութիւն տուաւ։ Ասոնք արձանագրուած են Սուրբ Գիրքին մէջ ոչ թէ որ մենք զուարճանալու համար պատմութիւն կարդանք, հապա՝ որ դասեր սորվինք։ Մինչ անոնք աչքէ կ’անցընենք, Եհովային եւ Յիսուսին մասին հաւատք զօրացնող դասեր կը սորվինք։ Ինչպէս նաեւ կը տեսնենք յատկութիւններ, որոնք պէտք է ունենանք։

b Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը բացատրէ. «Արեւելքի մէջ մարդիկ կը զգային որ իրենց պատասխանատուութիւնն է հիւրասէր ըլլալ։ Իսկ լաւ տանտէր մը վստահ կ’ըլլար որ իր հիւրերը պէտք եղածէն աւելի ուտելիք եւ խմելիք ունին, մանաւանդ եթէ հարսանիքի հրաւիրուած են»։

c Աւետարաններուն մէջ կը գտնենք Յիսուսի աւելի քան 30 հրաշքները։ Ատկէ զատ, երբեմն Յիսուս քանի մը հրաշք նոյն ատեն ըրաւ։ Առիթով մը «բոլոր քաղաքը» իր քով եկաւ եւ ան ‘շատ հիւանդներ բժշկեց’ (Մար. 1։32-34

d Գիտնալու համար թէ սուգի մէջ եղողներուն ինչ կրնաս ըսել եւ ընել, տե՛ս «Սգաւորները մխիթարէ՛, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2010 թիւին մէջ։

e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս հեռուն կեցած է, մինչ հարսն ու փեսան եւ հիւրերը լաւ գինին կը վայելեն։