Սերտելու համար առաջարկ
Արդեօք կ’օգտագործե՞ս Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութեան մէջի Սուրբ Գիրքի համարներու բացատրութիւնները
Բացատրութիւնները քեզի կ’օգնեն, որ Սուրբ Գիրքը աւելի լաւ հասկնաս։ Ատոնք համարի մը մասին պատմական տեղեկութիւններ կու տան, կ’ըսեն թէ ինչո՛ւ գրուեցաւ կամ ալ որոշ բառերու իմաստը կու տան։
Երբ Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ին եւ JW Library® էփին մէջ համար մը բանաս, ատկէ ուղղակի կրնաս բանալ Փնտռտուքի ուղեցոյց–ին աղբիւրները, որոնք սերտելու սիւնակին մէջ կ’երեւին։
Երբ այս աղբիւրները կը գործածես, ուշադրութիւն ըրէ թուականներուն։ Աղբիւրները դրուած են ամէնէն նորէն՝ ամէնէն հին թուականներու շարքով։ Աւելի հին աղբիւրներուն մէջ թերեւս հին հասկացողութիւն կայ, որ հիմա փոխուած է։
Փնտռտուքի ուղեցոյց–ին մէջի համարներուն աղբիւրները ինքնաբերաբար կ’երեւին Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ին մէջ։
JW Library–ին մէջի համարներուն աղբիւրները գտնելու համար, որեւէ գլուխի սերտելու սիւնակը բաց եւ «Download» կոճակը սեղմէ։ Միշտ Փնտռտուքի ուղեցոյց–ը այժմէականացուր (update)։