ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16
«Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»
«Յիսուս ըսաւ [Մարթային]. ‘Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ’» (ՅՈՎՀ. 11։23)։
ԵՐԳ 111 Պիտի կանչէ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Պզտիկ տղայ մը յարութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։
ՄէԹԻՈՒ անունով տղայ մը, առողջապահական լուրջ պարագայ մը ունի, որու պատճառաւ շատ մը գործողութիւններ ըրած է։ Երբ եօթը տարեկան էր, ան եւ իր ընտանիքը JW Broadcasting® կայանին վրայ ամսական յայտագիրը կը դիտէին։ Յայտագրին վերջաւորութեան, տեսան երաժշտական վիտէօ մը, որ յարութիւն առնողները դիմաւորելու մասին էր b։ Յայտագիրէն ետք, Մէթիուն իր ծնողներուն մօտեցաւ, անոնց ձեռքերէն բռնեց եւ ըսաւ. «Տեսա՞ր մամա, տեսա՞ր պապա, նոյնիսկ եթէ մեռնիմ, յարութեան ատեն պիտի արթննա՛մ։ Ինծի կրնաք սպասել, հոգ մի՛ ընէք»։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ անոր ծնողքը ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ տեսաւ որ յարութեան յոյսը որքա՜ն իրական էր իրենց տղուն համար։
2-3. Ինչո՞ւ լաւ կ’ըլլայ, որ յարութեան խոստումին մասին խոկանք։
2 Ատեն–ատեն լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք ապագային ըլլալիք Աստուածաշունչի յարութեան խոստումներուն մասին (Յովհ. 5։28, 29)։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ե՛րբ լուրջ հիւանդութեան մը կը հանդիպինք կամ ալ յանկարծ սիրելի մը կը կորսնցնենք մահով (Ժող. 9։11. Յակ. 4։13, 14)։ Յարութեան յոյսը կրնայ մեզի օգնել այսպիսի պարագաներու տոկալու (Ա. Թես. 4։13)։ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, թէ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ լաւ գիտէ եւ շատ կը սիրէ (Ղուկ. 12։7)։ Երեւակայէ. Եհովա Աստուած այնքա՛ն մեզ լաւ կը ճանչնայ, որ պիտի կարենայ մեզ նորէն ստեղծել մեր անձնաւորութեամբ եւ յիշատակներով։ Եւ ան մեզ որքա՜ն կը սիրէ, որ յաւիտեան ապրելու առիթը պիտի տայ մեզի։ Նոյնիսկ եթէ մեռնինք, մեզի յարութիւն պիտի տայ։
3 Այս յօդուածին մէջ, նախ պիտի քննարկենք թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք յարութեան յոյսին։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք հաւատք զօրացնող աստուածաշնչական դէպք մը, որմէ առնուած է մեր յօդուածին գլխաւոր համարը. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։23)։ Վերջը, պիտի սորվինք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որ յարութեան յոյսը աւելի իրական դառնայ մեզի համար։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՐՆԱՆՔ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼ
4. Խոստումի մը հաւատալու համար, ի՞նչ բանի պէտք է համոզուած ըլլանք. օրինակ մը տուր։
4 Խոստումի մը հաւատալու համար, պէտք է համոզուած ըլլանք, որ խոստումը տուողը ատիկա կատարելու թէ՛ փափաքը եւ թէ զօրութիւնը, կամ կարողութիւնը, ունի։ Օրինակ տանք. երեւակայէ, որ փոթորիկ մը տունդ կը քանդէ։ Բարեկամ մը քովդ կու գայ եւ քեզի կը խոստանայ. ‘Քեզի պիտի օգնեմ, որ տունդ ետ շինես’։ Ան անկեղծ է եւ դուն համոզուած ես, որ կը փափաքի քեզի օգնել։ Եթէ ան վարպետ շինարար մըն ալ է եւ պէտք եղած գործիքներն ալ ունի, գիտես որ նաեւ կարողութիւնը ունի՛ իր խօսքին տէրը ելլելու։ Ատոր համար, կը հաւատաս իր խոստումին։ Լաւ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ յարութիւն տալու Աստուծոյ խոստումին մասին։ Արդեօք ան փափաք եւ կարողութիւն ունի՞ ատիկա իրականացնելու։
5-6. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան կը փափաքի մեռելներուն յարութիւն տալ։
5 Եհովան մեռելներուն յարութիւն տալու փափաքը ունի՞։ Անկասկած։ Ան կարգ մը Աստուածաշունչի գրողներ ներշնչեց, որ գրեն ապագայ յարութեան մը նկատմամբ իր խոստումին մասին (Եսա. 26։19. Ով. 13։14. Յայտ. 20։11-13)։ Եւ երբ Եհովան խոստում մը կու տայ, անիկա մի՛շտ կը կատարէ (Յես. 23։14)։ Իրականութեան մէջ, Եհովան մե՛ծ փափաքով կը սպասէ, որ մեռելներուն յարութիւն տայ։ Ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։
6 Նկատի առ Յոբ նահապետին խօսքերը։ Ան վստահ էր, որ նոյնիսկ եթէ մեռնէր, Եհովան կ’ուզէր զինք ետ կեանքի բերել (Յոբ 14։14, 15, ՆԱ)։ Եհովան նոյն փափաքը ունի իր բոլոր ծառաներուն նկատմամբ, որոնք մեռած են։ Ան շատ կ’ուզէ, որ անոնք նորէն ապրին եւ առողջ եւ ուրախ ըլլան։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մահացած միլիոնաւորներու մասին, որոնք Եհովային մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու առիթը չունեցան։ Մեր սիրալիր Աստուածը կ’ուզէ անո՛նց ալ յարութիւն տալ (Գործք 24։15)։ Ան կ’ուզէ որ անոնք առիթը ունենան իր բարեկամները ըլլալու եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու (Յովհ. 3։16)։ Յստակ է որ Եհովան կը փափաքի մեռելներուն յարութիւն տալ։
7-8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեռելներուն յարութիւն տալու զօրութիւնը ունի։
7 Եհովան մեռելներուն յարութիւն տալու զօրութիւնը ունի՞։ Անշո՛ւշտ։ Ան «Ամենակալ»ն է (Յայտ. 1։8)։ Ուրեմն, ան բաւարար զօրութիւնը ունի ոեւէ թշնամիի յաղթելու,– նո՛յնիսկ՝ մահուան (Ա. Կոր. 15։26)։ Ասիկա գիտնալը մեզ կը զօրացնէ եւ կը մխիթարէ։ Նկատի առ քոյր Էմմա Առնոլտին փորձառութիւնը։ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, իր եւ իր ընտանիքին հաւատքը շատ գէշ կերպով փորձուեցաւ։ Նացի համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, իրենց սիրելիներուն մահուան նկատմամբ իր աղջիկը մխիթարելու համար, Էմման ըսաւ. «Եթէ անոնք՝ որոնք մեռան նորէն պիտի չապրին, ասիկա կը նշանակէ որ մեր թշնամին մահը Աստուծմէ աւելի՛ զօրաւոր է։ Բայց ասիկա չի կրնար ճիշդ ըլլալ»։ Վստահաբար, Եհովայէն զօրաւոր մէկը չկայ։ Ամենակարող Աստուածը, որ կեանքը ստեղծեց, կարող է մեռելները նորէն կեանքի բերել։
8 Մենք գիտենք որ Եհովան կարո՛ղ է մեռելներուն յարութիւն տալու ուրիշ պատճառի մըն ալ համար. ան անսահման յիշողութիւն ունի։ Ան ամէն մէկ աստղ իր անունովը կը կանչէ (Եսա. 40։26)։ Ան մեռելներն ալ կը յիշէ (Յոբ 14։13. Ղուկ. 20։37, 38)։ Իրեն համար, դիւրին է յիշել ամենապզտիկ մանրամասնութիւնները անոնց՝ որոնց յարութիւն պիտի տայ, մէջը ըլլալով անոնց դուրսի երեւոյթը, անձնաւորութիւնը, փորձառութիւնները եւ յիշատակները։
9. Ինչո՞ւ կը հաւատաս ապագայ յարութեան մը նկատմամբ Եհովայի խոստումին։
9 Յստակ է ուրեմն, որ կրնանք ապագայ յարութեան մը մասին Եհովայի խոստումին հաւատալ, քանի որ գիտենք որ ատիկա ընելու թէ՛ փափաքը եւ թէ զօրութիւնը ունի։ Հիմա նկատի առնենք Աստուծոյ խոստումին հաւատալու ուրիշ պատճառ մը. Եհովան արդէն իսկ մարդիկ յարուցանած է։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ան քանի մը հաւատարիմ մարդոց, մէջը ըլլալով Յիսուսին, կարողութիւն տուաւ որ մեռելները յարուցանեն։ Նկատի առնենք Յիսուսին կատարած յարութիւններէն մէկը, որ գրուած է Յովհաննէս գրքին 11–րդ գլուխին մէջ։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄՕՏԻԿ ՄԷԿ ԸՆԿԵՐԸ ԿԸ ՄԵՌՆԻ
10. Մինչ Յիսուս Յորդանանին միւս կողմը կը քարոզէ, ի՞նչ կը պատահի եւ ան ի՞նչ կ’ընէ (Յովհաննէս 11։1-3)։
10 Կարդա՛ Յովհաննէս 11։1-3։ Երեւակայէ ի՛նչ պատահեցաւ Բեթանիայի մէջ Ք.Ե. 32–ի վերջաւորութեան։ Յիսուս այս գիւղին մէջ մօտիկ բարեկամներ ունի. Ղազարոսը եւ իր երկու քոյրերը, Մարիամը եւ Մարթան (Ղուկ. 10։38-42)։ Բայց Ղազարոս կը հիւանդանայ եւ իր քոյրերը կը մտահոգուին ու Յիսուսին լուր կը ղրկեն։ Այդ ատեն Յիսուս կը գտնուէր Յորդանանին միւս կողմը, որ Բեթանիայէն շուրջ երկու օրուան ճամբայ էր (Յովհ. 10։40)։ Երբ այս գէշ լուրը բերող անհատը Յիսուսին քով կը հասնի, Ղազարոսը կը մահանայ։ Հակառակ անոր որ իր բարեկամը նոր մեռաւ, Յիսուս իր եղած տեղը երկու օր ալ կը մնայ եւ ետքը Բեթանիա կ’երթայ։ Երբ կը հասնի, Ղազարոս արդէն չորս օրէ ի վեր մեռած էր։ Յիսուս միտքը կը դնէ ընել բան մը, որ իր բարեկամներուն օգտակար դառնայ եւ Աստուծոյ փառք բերէ (Յովհ. 11։4, 6, 11, 17)։
11. Այս դէպքէն ի՞նչ դաս կը սորվինք բարեկամութեան մասին։
11 Այս դէպքէն բարեկամութեան մասին դաս մը կը սորվինք։ Երբ Մարթան եւ Մարիամը Յիսուսին լուր ղրկեցին, իրեն չըսին որ Բեթանիա գայ. անոնք պարզապէս լուր ըրին որ իր սիրելի ընկերը հիւանդ է (Յովհ. 11։3)։ Երբ Ղազարոս մեռաւ, Յիսուս կրնար հեռուէն իրեն յարութիւն տալ։ Բայց եւ այնպէս, ան նախընտրեց Բեթանիա երթալ եւ իր բարեկամներուն Մարիամին ու Մարթային հետ ըլլալ։ Դուն ալ ունի՞ս ընկեր մը, որ առանց իրմէ խնդրելու քու օգնութեանդ կը հասնի։ Ուրեմն, գիտես որ նեղ օրերուն կրնա՛ս իր օգնութեան վստահիլ (Առ. 17։17)։ Յիսուսին պէս, թող որ մենք ալ այսպիսի բարեկամ ըլլանք ուրիշներուն։ Հիմա վերադառնանք դէպքին եւ տեսնենք ի՛նչ պատահեցաւ։
12. Յիսուս ի՞նչ կը խոստանայ Մարթային, եւ ինչո՞ւ անիկա պարապ խոստում մը չէ (Յովհաննէս 11։23-26)։
12 Կարդա՛ Յովհաննէս 11։23-26։ Մարթան կը լսէ որ Յիսուս Բեթանիայի մօտ է։ Ան արագօրէն Յիսուսին քով կ’երթայ եւ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ» (Յովհ. 11։21)։ Ճիշդ է որ Յիսուս կրնար Ղազարոսը բժշկել, բայց իր մտքին մէջ կար աւելի հետաքրքրական բան մը ընել։ Ան կը խոստանայ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Ան նաեւ Մարթային կու տայ պատճառ մը, որ այս խոստումին հաւատայ՝ ըսելով. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը»։ Այո՛, Աստուած Յիսուսին տուած է մեռելներուն յարութիւն տալու զօրութիւնը։ Նախապէս, ան պզտիկ աղջկայ մը յարութիւն տուած էր՝ անոր մահէն քիչ ետք, ինչպէս նաեւ յարութիւն տուած էր տղու մը՝ անոր մեռած օրը (Ղուկ. 7։11-15. 8։49-55)։ Բայց արդեօք ան կրնա՞ր յարութիւն տալ մէկու մը, որ չորս օրէ ի վեր մեռած էր եւ որու դիակը սկսած էր փտիլ։
«ՂԱ՛ԶԱՐՈՍ, ԴՈՒՐՍ ԵԿՈՒՐ»
13. Յովհաննէս 11։32-35–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ կը զգայ, երբ կը տեսնէ Մարիամին եւ իրեն հետ եղողներուն լացը (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Կարդա՛ Յովհաննէս 11։32-35։ Երեւակայենք պատահածը։ Ղազարոսին միւս քոյրը, Մարիամը կ’երթայ Յիսուսը դիմաւորելու։ Ան կը կրկնէ ինչ որ իր քոյրը ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Մարիամ եւ իրեն հետ եղողները չափէ դուրս նեղուած են։ Երբ Յիսուս կը տեսնէ եւ կը լսէ անոնց լալը, ինքն ալ շատ կը նեղուի։ Իր բարեկամներուն հետը զգալով, ան կը սկսի լալ։ Յիսուս գիտէ, որ սիրելիի մը մահը որքան ցաւ կը պատճառէ։ Վստահաբար ան շատ կ’ուզէ, որ անոնց ցաւին վերջ դնէ։
14. Յիսուսին ազդուելէն եւ լալէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովային մասին։
14 Յիսուսին ազդուիլը եւ լալը մեզի կը սորվեցնեն, որ Եհովան կարեկից Աստուած է եւ մեզի հետ կը զգայ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Ինչպէս որ տեսանք անցեալ յօդուածին մէջ, Յիսուս ճիշդ իր Հօր պէս կը մտածէ եւ կը զգայ (Յովհ. 12։45)։ Անոր համար երբ կարդանք, որ Յիսուս սուգի մէջ եղող իր ընկերներուն հետ զգաց եւ լացաւ, կրնանք եզրակացնել, որ Եհովա՛ն ալ կ’ազդուի, երբ տեսնէ որ կը ցաւինք (Սաղ. 56։8)։ Չե՞ս փափաքիր մեր կարեկից Աստուծոյն աւելի՛ մօտենալ։
15. Յովհաննէս 11։41-44–ի համաձայն, ի՞նչ կը պատահի Ղազարոսին գերեզմանին հոն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
15 Կարդա՛ Յովհաննէս 11։41-44։ Յիսուս Ղազարոսին գերեզմանը կը հասնի եւ կը խնդրէ որ քարը մէկդի ընեն։ Մարթան կ’առարկէ ըսելով, որ դիակը արդէն հոտած ըլլալու է։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յովհ. 11։39, 40)։ Ետքը Յիսուս իր աչքերը վեր վերցնելով՝ բոլորին առջեւ կ’աղօթէ։ Ան կ’ուզէ որ ինչ որ պիտի ընէ Եհովային փառք ու պատիւ բերէ։ Յետոյ, բարձրաձայն կ’ըսէ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Եւ Ղազարոս գերեզմանէն դուրս կ’ելլէ։ Յիսուսին ըրածը ոմանց համար անկարելի բան մըն էր (տե՛ս Դիտարան–ի 1 փետրուար 2008 թիւը, էջ 3)։
16. Յովհաննէս 11–րդ գլուխին մէջ անցած պատմութիւնը ինչպէ՞ս մեր հաւատքը կը զօրացնէ յարութեան յոյսին նկատմամբ։
16 Յովհաննէս 11–րդ գլուխին մէջ անցած պատմութիւնը մեր հաւատքը կը զօրացնէ յարութեան յոյսին նկատմամբ։ Ինչպէ՞ս։ Յիշէ Յիսուս ի՛նչ խոստում տուաւ Մարթային. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։23)։ Իր Հօր պէս, Յիսուս թէ՛ փափաքը եւ թէ զօրութիւնը ունի այդ խոստումը կատարելու։ Իր արցունքները ցոյց կու տան, որ ան սրտանց կը փափաքի մէջտեղէն վերցնել մահը եւ անոր պատճառած ցաւն ու նեղութիւնը։ Երբ որ Ղազարոս գերեզմանէն դուրս եկաւ, Յիսուս նորէ՛ն փաստեց, որ ան զօրութիւնը ունի մեռելներուն յարութիւն տալու։ Մտածէ նաեւ Մարթային ըսած Յիսուսին խօսքերուն մասին. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յովհ. 11։40)։ Այո՛, մենք կարեւոր պատճառներ ունինք հաւատալու, որ Աստուած իր խոստումը պիտի կատարէ եւ մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, որ այս յոյսը մեզի համար աւելի՛ իրական դառնայ։
Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆՔ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՒԵԼԻ ԻՐԱԿԱՆ ԴԱՐՁՆԵԼ
17. Երբ Աստուածաշունչին մէջ անցած յարութիւնները կը կարդանք, ի՞նչ բան մեր մտքին մէջ պէտք է ունենանք։
17 Կարդա՛ եւ խոկա՛ անցեալի յարութիւններուն վրայ։ Աստուածաշունչը կը խօսի ութ անհատներու մասին, որոնք երկրի վրայ յարութիւն առին c։ Այս յարութիւններէն ամէն մէկը ուշադրութեամբ ուսումնասիրէ՛։ Մինչ ասիկա կ’ընես, մի՛ մոռնար որ ասոնք իրական տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ էին։ Տես թէ ի՛նչ դասեր կրնաս սորվիլ անոնցմէ։ Մտածէ թէ ամէն մէկ յարութիւն ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ, որ Աստուած թէ՛ կը փափաքի եւ թէ զօրութիւնը ունի մեռելներուն յարութիւն տալու։ Ասկէ զատ, խոկա ամէնէն կարեւոր յարութեան վրայ. Յիսուսի՛ն յարութեան վրայ։ Յիշէ որ հարիւրաւոր անհատներ տեսան Յիսուսին յարութիւնը. եւ ասիկա մեր հաւատքին համար զօրաւոր հիմ մըն է (Ա. Կոր. 15։3-6, 20-22)։
18. Յարութեան յոյսը նկարագրող երգերէն ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
18 Յարութեան յոյսը նկարագրող հոգեւոր երգերէ օգտուէ (Եփ. 5։19) d։ Այս երգերը յարութիւնը աւելի իրական կը դարձնեն մեզի համար եւ մեր հաւատքը կը զօրացնեն այդ յոյսին հանդէպ։ Անոնց մտիկ ըրէ՛, փորձ ըրէ՛ եւ ընտանեկան պաշտամունքի ժամանակ, նկատի առ այդ երգերուն բառերը եւ ատոնք գոց սորվէ՛։ Ետքը, երբ որ դժուարութիւններու առջեւ ըլլաս կամ սիրելի մը մահով կորսնցնես, Եհովային հոգին քեզի պիտի օգնէ, որ այս երգերը յիշես, մխիթարուիս եւ զօրանաս։
19. Յարութեան մասին ի՞նչ բաներ կրնանք երեւակայել (տե՛ս « Իրենց ի՞նչ պիտի հարցնես» շրջանակը)։
19 Երեւակայութիւնդ գործածէ՛։ Եհովան մեզի տուած է՝ մենք մեզ նոր աշխարհին մէջ երեւակայելու կարողութիւնը։ Քոյր մը կը բացատրէ. «Այնքա՛ն ժամանակ տրամադրած եմ որ ես ինծի նոր աշխարհին մէջ երեւակայեմ, որ կարծես կրնամ հոտոտալ Դրախտին մէջ ծաղկող վարդերը»։ Երեւակայէ որ կը հանդիպիս Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու։ Ո՞վ կ’ուզես տեսնել։ Իրեն ի՞նչ հարցումներ կ’ուզես հարցնել։ Երեւակայէ որ նորէն կը միանաս քու մահացած սիրելիներուդ։ Պատկերացուր այդ հանդիպումին մանրամասնութիւնները. օրինակ՝ առաջին խօսքերը, ջերմ փաթթուկները, ուրախութեան արցունքները։
20. Ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել։
20 Շատ շնորհակալ ենք Եհովային, որ մեզի կը խոստանայ թէ յարութիւն պիտի ըլլայ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան այդ խոստումը պիտի կատարէ, քանի որ թէ՛ փափաքը եւ թէ զօրութիւնը ունի ատիկա ընելու։ Ուրեմն, շարունակե՛նք մեր հաւատքը զօրացնել այս թանկարժէք խոստումին հանդէպ։ Ասանկով, ա՛լ աւելի պիտի մօտենանք Աստուծոյ, որ ամէն մէկուս կը խոստանայ. ‘Քու սիրելիներդ յարութիւն պիտի առնեն’։
ԵՐԳ 12 Խոստացուած յաւիտենական կեանքը
a Եթէ սիրելիներէդ մէկը մահացած է, անկասկած յարութեան խոստումը քեզ շա՜տ կը մխիթարէ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս ուրիշներուն բացատրել, թէ ինչո՛ւ կը հաւատաս այս խոստումին եւ ինչպէ՞ս կրնաս յարութեան յոյսին հանդէպ հաւատքդ զօրացնել։ Այս յօդուածին նպատակն է՝ բոլորիս օգնել որ յարութեան յոյսին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնենք։
b Այս երաժշտական վիտէոյին վերնագիրն է՝ Նոր աշխարհը շատ մօտ է։ Անիկա երեւցաւ նոյեմբեր 2016–ի ամսական յայտագիրին մէջ։
c Տե՛ս «Աստուածաշունչին մէջ նշուած ութ յարութիւններ» շրջանակը, Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2015 թիւին մէջ, էջ 4։
d Մտիկ ըրէ այս երգերը «Եհովայի գովերգենք» երգարանէն. «Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ» (երգ 134), «Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին» (երգ 24), «Պիտի կանչէ» (երգ 111)։ Ասկէ զատ, մտիկ ըրէ այս յատուկ երգերը jw.org կայքին վրայ. «Նոր աշխարհը շատ մօտ է», «Դրախտ երկրի վրայ» եւ «Պիտ’ տեսնես»։