Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16

ԵՐԳ 44 Ուրախութեամբ մասնակցինք հունձքի գործին

Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ուրախութեամբ ծառայել

Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ուրախութեամբ ծառայել

«Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ» (ՍԱՂ. 100։2

ՆԻՒԹ

Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ քայլեր, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը աւելցնել։

1. Ոմանք օտարներու քարոզելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգան (տե՛ս նաեւ նկարը)։

 ՄԵՆՔ Եհովային ծառաներն ենք եւ ուրիշներուն կը քարոզենք, քանի որ մեր երկնաւոր Հայրը կը սիրենք եւ կ’ուզենք մարդոց օգնել զինք ճանչնալու։ Շատ մը հրատարակիչներու համար, քարոզելը շատ հաճելի է։ Բայց ուրիշներու համար, ատիկա այդքան ալ հաճելի չէ։ Ինչո՞ւ։ Ոմանք շատ ամչկոտ են եւ ինքնավստահութիւն չունին։ Ուրիշներ չեն սիրեր առանց հրաւէրի մարդոց տունը երթալ։ Ոմանք կը վախնան, որ մարդիկ իրենցմէ նեղանան։ Իսկ ուրիշներ ալ համոզուած են որ պէտք է վիճաբանութիւններէ հեռու կենան։ Ճիշդ է որ այս եղբայրներն ու քոյրերը Եհովան շատ կը սիրեն, բայց անոնց համար շատ դժուար է բարի լուրը քարոզել օտարներուն։ Բայց եւ այնպէս, անոնք գիտեն որ այս գործունէութիւնը շատ կարեւոր է եւ ատոր համար կանոնաւորաբար կը քարոզեն։ Ասիկա որքա՜ն կ’ուրախացնէ Եհովային սիրտը։

Քարոզելէն հաճոյք կ’առնե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 1)


2. Եթէ երբեմն ծառայութեան մէջ ուրախ չըլլաս, ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատիս։

2 Արդեօք դո՞ւն ալ այսպիսի պատճառներով ծառայութեան մէջ ուրախութիւն չես գտներ։ Եթէ այս է պարագադ, մի՛ յուսահատիր։ Ինքնավստահութեան պակասը ցոյց կու տայ, որ խոնարհ ես եւ չես ուզեր ուշադրութիւնը վրադ հրաւիրել, ոչ ալ կ’ուզես վիճաբանութիւններու մէջ մտնել։ Եւ անշուշտ ոեւէ մէկը չ’ուզեր որ ուրիշը իրմէ նեղանայ, մանաւանդ եթէ կը փորձէ անոր օգտակար դառնալ։ Երկնաւոր Հայրդ շատ լաւ գիտէ այս դժուարութիւնները եւ կ’ուզէ քեզի օգնել, երբ իրեն պէտք ունենաս (Եսա. 41։13)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք հինգ թելադրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այսպիսի զգացումներու հետ գլուխ ելլել եւ ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալ։

ՁԳԷ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՔԵԶ ԶՕՐԱՑՆԷ

3. Ի՞նչը Երեմիա մարգարէին օգնեց որ քարոզէ։

3 Նոյնիսկ անցեալին, Աստուծոյ Խօսքը զօրացուցած է իր ծառաները, երբ անոնք դժուար նշանակում մը ունեցած են։ Օրինակ, նկատի առ Երեմիա մարգարէն։ Երբ Եհովան իրեն քարոզելու նշանակումը տուաւ, ան ջղագրգիռ զգաց, եւ ըսաւ. «Ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ» (Եր. 1։6)։ Լաւ, ի՞նչը իրեն օգնեց որ ինքնավստահութեամբ քարոզէ։ Աստուծոյ Խօսքը զինք զօրացուց։ Ան ըսաւ թէ Աստուծոյ Խօսքը ‘իր սրտին մէջ կրակ մը կը վառէ եւ իր ոսկորներուն մէջ կը բորբոքի’ (Եր. 20։8, 9)։ Թէեւ Երեմիային թաղամասը դժուար էր, բայց իր քարոզած պատգամը իրեն զօրութիւն տուաւ որ քարոզէ։

4. Երբ Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք, ի՞նչ կը պատահի (Կողոսացիս 1։9, 10

4 Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ կը զօրանան։ Երբ Պօղոս առաքեալ Կողոսայի ժողովքին կը գրէր, ան ըսաւ որ Եհովային կամքին մասին աւելի գիտնալը եղբայրներուն պիտի օգնէր, որ շարունակեն ‘բարի գործերով պտղաբերիլ’, եւ այսպէս պիտի կարենային ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալել’ (կարդա՛ Կողոսացիս 1։9, 10)։ Այդ բարի գործերուն մէջ կայ՝ բարի լուրը քարոզելը։ Ուրեմն, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք եւ ատոր վրայ կը խոկանք, Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու կարեւորութիւնը յստակ կը դառնայ մեզի։

5. Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքը կարդալէն եւ սերտելէն աւելի օգտուիլ։

5 Որպէսզի Աստուծոյ Խօսքէն աւելի օգտուինք, պէտք չէ աճապարանօք կարդանք, սերտենք կամ խոկանք, հապա մեր ժամանակը առնենք։ Եթէ կարդաս համար մը որ շատ չես հասկնար, անոր վրայէն մի՛ անցնիր։ Փոխարէն՝ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ը (արաբ.) կամ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութիւնները գործածէ, որ այդ համարին բացատրութիւնը գիտնաս։ Երբ բաւարար ժամանակ տրամադրես սերտելու, աւելի համոզուած պիտի ըլլաս, որ Աստուծոյ Խօսքը վստահելի է (Ա. Թես. 5։21)։ Որքա՛ն աւելի համոզուած ըլլաս, այնքա՛ն աւելի հաճոյքով ուրիշներուն պիտի պատմես սորվածներուդ մասին։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼԱ՛Ւ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ

6. Ինչո՞ւ համար պէտք է լաւ պատրաստուինք ծառայութեան համար։

6 Եթէ ծառայութեան համար լաւ պատրաստուիս, հաւանաբար աւելի հանգիստ պիտի զգաս մարդոց հետ խօսելու։ Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց, որ ծառայութեան երթալէ առաջ պատրաստուին (Ղուկ. 10։1-11)։ Եւ քանի որ անոնք Յիսուսին ըսածները գործադրեցին, շատ աղուոր բաներ կրցան իրագործել, եւ ասիկա զիրենք շատ ուրախացուց (Ղուկ. 10։17

7. Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան համար պատրաստուիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան համար պատրաստուիլ։ Պէտք է սկիզբէն մտածենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք մեր բառերով ճշմարտութեան մասին խօսիլ։ Ասկէ զատ, լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք թէ մարդիկ ի՛նչ երկու կամ երեք կերպերով կրնան մեր խօսածներուն նկատմամբ առարկել, եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց պատասխանել։ Իսկ երբ մարդոց հետ կը խօսինք, փորձենք հանդարտ մնալ, ժպտիլ եւ ընկերային ըլլալ։

Ծառայութեան համար լաւ պատրաստուէ (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով հողէ ամաններու պէս են։

8 Պօղոս առաքեալ քարոզչութեան մէջ մեր դերը բացատրելով ըսաւ. «Մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք» (Բ. Կոր. 4։7)։ Ի՞նչ է այս գանձը։ Ատիկա Թագաւորութեան պատգամին մասին կեանք փրկող քարոզչութիւնն է (Բ. Կոր. 4։1)։ Իսկ ի՞նչ են հողէ ամանները։ Անոնք Աստուծոյ ծառաները կը ներկայացնեն, որոնք բարի լուրը ուրիշներուն կը տանին։ Պօղոսի օրերուն, վաճառականները հողէ ամաններ կը գործածէին, որպէսզի փոխադրեն արժէքաւոր բաներ, օրինակ՝ ուտելիք, գինի եւ դրամ։ Նմանապէս այսօր, Եհովան մեզի վստահած է բարի լուրի արժէքաւոր պատգամը, եւ իր օգնութեամբ մենք կրնանք շարունակել այս պատգամը ուրիշներուն տանիլ։

ԱՂՕԹՔՈՎ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ

9. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մարդոցմէ կը վախնանք, կամ թէ կը վախնանք որ մեզի մտիկ չընեն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Ատեններ թերեւս մարդոցմէ վախնանք, կամ թէ վախնանք որ անոնք մեզի մտիկ չընեն։ Այս պարագային ի՞նչ կրնանք ընել։ Նկատի առ որ առաքեալները աղօթքով ի՛նչ ըսին, երբ իրենց պատուիրեցին որ չքարոզեն։ Փոխանակ վախնալու, անոնք Եհովայէն խնդրեցին որ իրենց օգնէ, որպէսզի ‘բոլոր համարձակութիւնով իր խօսքը խօսին’։ Եհովան շուտով պատասխանեց անոնց աղօթքին (Գործք 4։18, 29, 31)։ Եթէ երբեմն քարոզելու ատեն մարդոցմէ վախնաս, դուն ալ Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, որ փոխանակ մարդոցմէ վախնալու՝ մարդիկը սիրես։

Քաջութեան համար աղօթէ (տե՛ս պարբերութիւն 9)


10. Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ իր մասին վկայենք (Եսայի 43։10-12

10 Եհովան մեզ նշանակած է իր Վկաները ըլլալու, եւ ան խոստացած է որ մեզի պիտի օգնէ քաջ ըլլալու (կարդա՛ Եսայի 43։10-12)։ Ան ի՞նչ չորս կերպերով ասիկա կ’ընէ։ Առաջին, երբ բարի լուրը քարոզենք, Յիսուս մեզի հետ է (Մատ. 28։18-20)։ Երկրորդ, Եհովան հրեշտակներ նշանակած է, որ մեզի օգնեն (Յայտ. 14։6)։ Երրորդ, Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի կ’օգնէ, որպէսզի մեր միտքը բերէ այն բաները որ սորված ենք (Յովհ. 14։25, 26)։ Չորրորդ, Եհովան մեզի տուած է եղբայրներ ու քոյրեր, որ մեր հետը ծառայեն։ Եհովային եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեամբ կրնա՛նք շարունակել քաջութեամբ քարոզել։

ՃԿՈՒՆ ԵՂԻ՛Ր ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ՄՆԱ՛

11. Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ աւելի մարդիկ գտնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Երբ շատ քիչեր տունը գտնես, արդեօք կը յուսահատի՞ս։ Եթէ այո, ուրեմն դուն քեզի հարցուր. ‘Թաղամասի մարդիկը հիմա ո՞ւր կ’ըլլան’ (Գործք 16։13)։ ‘Գործի՞ կ’ըլլան, թէ ոչ՝ շուկան’։ Եթէ այս է պարագան, կարելի՞ է որ փողո՛ցը աւելի մարդ գտնես։ Ճոշուա անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Քարոզելու առիթներ գտած եմ շուկաներու եւ ուրիշ հանրային վայրերու մէջ»։ Ասկէ զատ, ան եւ իր կինը Պրիճըդը, մարդիկը տունը գտած են, երբ անոնց դռները զարկած են երեկոյեան կանուխ ժամերուն եւ կիրակի կէսօրէ ետքերը (Եփ. 5։15, 16

Յայտագրիդ մէջ ճկուն եղիր (տե՛ս պարբերութիւն 11)


12. Ինպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ մարդիկ ինչի՛ կը հաւատան կամ ինչո՛վ հետաքրքրուած են։

12 Եթէ մարդիկ շատ չհետաքրքրուին բարի լուրով, փորձէ գիտնալ որ անոնք ինչի՛ կը հաւատան, կամ ինչո՛վ հետաքրքրուած են։ Ճոշուան եւ Պրիճըդը թերթիկներուն առաջին էջին վրայ գտնուող հարցումը կը գործածեն իրենց բացումին մէջ։ Օրինակ, անոնք կը գործածեն Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին թերթիկը, եւ կ’ըսեն. «Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան որ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ է։ Իսկ ուրիշներ, չեն հաւատար։ Ձե՛ր կարծիքը ի՞նչ է»։ Ասանկով, անոնք շատ անգամ մարդոց հետ խօսակցութիւններ կը սկսին։

13. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մեր նպատակին հասած կ’ըլլանք, նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզի մտիկ չընեն (Առակաց 27։11

13 Նոյնիսկ եթէ մարդիկ մեր պատգամին մտիկ չընեն, տակաւին մեր նպատակին հասած կ’ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովային եւ իր Որդիին ուզածը ըրած կ’ըլլանք, որ է՝ վկայութիւն տալ (Գործք 10։42)։ Նոյնիսկ եթէ մէկու մը հետ խօսելու առիթ չունենանք, կամ մարդիկ մերժեն մեր պատգամը, տակաւին կրնանք ուրախ ըլլալ, որովհետեւ գիտենք որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ուրախացնենք (կարդա՛ Առակաց 27։11

14. Ինչո՞ւ մե՛նք ալ կրնանք ուրախանալ, երբ ուրիշ հրատարակիչ մը հետաքրքրուած մէկը գտնէ թաղամասին մէջ։

14 Երբ ուրիշ հրատարակիչ մը թաղամասին մէջ հետաքրքրուած մէկը գտնէ, մենք ալ կ’ուրախանանք։ Դիտարան–ը մեր քարոզչութիւնը նմանցուցած է կորսուած պզտիկ մը փնտռելու ջանքերուն։ Շատե՜ր փնտռտուքին կը մասնակցին, եւ երբ պզտիկը գտնուի, ոչ միայն պզտիկը գտնողը կ’ուրախանայ, հապա՝ բոլորը կ’ուրախանան։ Նոյնպէս, աշակերտելու գործն ալ խմբային աշխատանք է։ Ժողովքին բոլոր հրատարակիչներուն պէտքը կայ, որ թաղամասը ծածկուի։ Եւ երբ հետաքրքրուած անձ մը ժողովի գայ, բոլորս կ’ուրախանանք։

ԿԵԴՐՈՆԱՑԻ՛Ր ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՆԴԷՊ ՍԻՐՈՅԴ ՎՐԱՅ

15. Մատթէոս 22։37-39–ն մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ ծառայութեան մէջ աւելի խանդավառ ըլլանք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Երբ քարոզչութեան ատեն կեդրոնանանք Եհովային եւ մարդոց հանդէպ մեր սիրոյն վրայ, աւելի պիտի խանդավառուինք (կարդա՛ Մատթէոս 22։37-39)։ Պահ մը երեւակայէ, որ Եհովա՛ն որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ մենք կը քարոզենք, եւ մարդի՛կ որքա՜ն պիտի ուրախանան, երբ սկսին Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ասկէ զատ, միտքդ ունեցիր որ երբ մարդիկ բարի լուրը մտիկ ընեն եւ որոշեն Եհովային ծառայել, յաւիտեան պիտի ապրին (Յովհ. 6։40. Ա. Տիմ. 4։16

Երբ կեդրոնանաս Եհովային եւ ընկերիդ հանդէպ սիրոյդ վրայ, ասիկա ծառայութեան մէջ ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ (տե՛ս պարբերութիւն 15)


16. Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալ, երբ տունէն դուրս չենք կրնար ելլել. օրինակներ տուր։

16 Արդեօք որոշ պատճառով մը տունէն դուրս չե՞ս կրնար ելլել։ Եթէ այս է պարագադ, կեդրոնացիր թէ ի՛նչ կրնաս ընել, որ ցոյց տաս թէ կը սիրես Եհովան եւ ընկերդ։ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, Սամուէլը եւ Տանիան իրենց տունէն դուրս չէին կրնար ելլել։ Այդ դժուար ժամանակաշրջանին, անոնք կանոնաւորաբար վկայեցին հեռաձայնով, նամակներ գրեցին եւ zoom–ի վրայ Սուրբ Գիրքի դասեր վարեցին։ Սամուէլը վկայեց անոնց, որոնց կը հանդիպէր հիւանդանոցը, ուր կ’երթար քաղցկեղի համար դարման ստանալու համար։ Ան կ’ըսէ. «Նեղութիւնները մեզ մտային, ֆիզիքական եւ հոգեւոր գետնի վրայ ուժասպառ կը դարձնեն։ Անոր համար պէտք ունինք, որ Եհովային ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնենք»։ Ասիկա չի բաւեր, Տանիան ինկաւ եւ երեք ամիս անկողինէն վար չկրցաւ իջնել։ Ետքն ալ ստիպուեցաւ վեց ամիս հաշմանդամի կարգ գործածել։ Ան կ’ըսէ. «Պայմաններուս ներած չափով լաւագոյնս ըրի։ Կրցայ քարոզել հիւանդապահուհիի մը, որ ինծի այցելութիւն կու տար։ Նաեւ խօսեցայ անոնց, որոնք մինչեւ մեր դուռը ապրանք կը հասցնէին։ Առիթը ունեցայ նաեւ հեռաձայնի վրայ աղուոր խօսակցութիւններ ունենալու բժշկական հաստատութեան մը պատկանող ներկայացուցիչի մը հետ»։ Թէեւ Սամուէլին եւ Տանիային պարագաները դժուար էին, բայց անոնք քարոզելու մէջ իրենց ձեռքէն եկածը ըրին եւ ատոր մէջ ուրախութիւն գտան։

17. Ինչպէ՞ս կրնաս այս յօդուածին մէջ յիշուած առաջարկներէն լաւագոյն կերպով օգտուիլ։

17 Փորձէ այս յօդուածին մէջ յիշուած հինգ առաջարկները բոլո՛րը միասին գործադրել։ Ամէն մէկ առաջարկ ճաշի մը մէկ բաղադրութեան կը նմանի։ Երբ բոլոր բաղադրութիւնները միասին խառնես, համով ճաշ մը մէջտեղ կու գայ։ Այս յօդուածին բոլոր առաջարկները գործադրելով պիտի կարենանք ժխտական զգացումներուն դէմ դնել եւ ծառայութեան մէջ աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ ՔԵԶԻ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ, ՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱՍ

  • Լաւ պատրաստուելու համար ժամանակ տալ

  • Քաջութեան համար աղօթել

  • Եհովային եւ մարդոց հանդէպ քու սիրոյդ վրայ կեդրոնանալ

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’