Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ պատանիներ, «անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»

Ո՛վ պատանիներ, «անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»

«Ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք. . . ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք» (ՓԼՊ. 2։12

ԵՐԳԵՐ. 41, 89

1. Մկրտութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր քայլ մըն է (տե՛ս բացման նկարը)։

ԱՄԷՆ տարի, հազարաւոր Աստուածաշունչի աշակերտներ կը մկրտուին։ Անոնցմէ շատեր պատանիներ են կամ նոյնիսկ աւելի պզտիկ։ Անոնք թերեւս ճշմարտութեան մէջ մեծցած են։ Եթէ դուն ալ անոնցմէ ես, գովելի ես։ Ամէն քրիստոնեայ պէ՛տք է մկրտուի։ Մկրտութիւնը կարեւոր է, որպէսզի մէկը կարենայ փրկուիլ եւ յաւիտեան ապրիլ (Մատ. 28։19, 20. Ա. Պետ. 3։21

2. Ինչո՞ւ պէտք չէ վախնաս Եհովային նուիրուելու։

2 Թէեւ մկրտութիւնը շատ մը օրհնութիւններու դուռ կը բանայ, բայց պատասխանատուութիւն ալ կը բերէ իրեն հետ։ Ինչպէ՞ս։ Մկրտութեանդ օրը, «ա՛յո» ըսիր հետեւեալ հարցումին. «Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութեան հիման վրայ, մեղքերէդ զղջացած եւ անձդ Եհովային նուիրա՞ծ ես՝ իր կամքը կատարելու համար»։ Խոստացար Եհովան սիրել եւ իր կամքը ամէն բանէ առաջ դնել։ Ասիկա լուրջ խոստում մըն է, բայց պէ՞տք է զղջաս ատոր համար։ Անշուշտ ո՛չ։ Քու անձդ Եհովային ձեռքերուն մէջ դնելը բնա՛ւ սխալ քայլ մը չէ։ Հակառակը նկատի առ։ Անոնք որոնք Եհովան չեն գիտեր՝ Սատանային իշխանութեան տակ են։ Սատանան չէ հետաքրքրուած քու փրկութիւնովդ։ Ընդհակառակը, ան ուրախ կ’ըլլայ եթէ յաւիտեան ապրելու յոյսդ կորսնցնես, իր կողմը դիրք բռնելով եւ Եհովային հակառակ կենալով։

3. Եհովային նուիրուիլը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

3 Անդին, մտածէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս օրհնած է քեզ, քանի որ իրեն նուիրուեցար եւ մկրտուեցար։ Հիմա որ կեանքդ տուած ես Եհովային, որեւէ ժամանակէ աւելի վստահութեամբ կրնաս ըսել. «Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սաղ. 118։6)։ Չկայ ասկէ աւելի մեծ առանձնաշնորհում մը, որ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնես եւ գիտնաս որ քեզմով հպարտ է։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

4, 5. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ նուիրումը անձնական պատասխանատուութիւն է։ բ) Ո՞ր դժուարութիւնները ամէն քրիստոնեայի առջեւ կրնան ըլլալ։

4 Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ չի նմանիր բանի մը, որ ծնողքէդ կրնաս ժառանգել։ Ընդհակառակը, փրկուիլդ քո՛ւ պատասխանատուութիւնդ է, նոյնիսկ եթէ տակաւին ծնողքիդ առաստաղին տակ կ’ապրիս։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ասիկա յիշես։ Քանի որ չես կրնար գիտնալ, որ ճիշդ ի՛նչ դժուարութիւններու առջեւ կրնաս ըլլալ ապագային։ Օրինակ՝ եթէ առաջ որ պատանի ըլլաս մկրտուեցար եւ հիմա պատանի ես, շատ հաւանաբար նոր զգացումներ եւ խնդիրներ ունենաս։ Պատանուհի մը ըսաւ. «Ընդհանրապէս, պզտիկ մը Եհովայի վկայ ըլլալուն չի զղջար պարզապէս քանի որ տարեդարձի կարկանդակ չկերաւ դպրոցը։ Բայց երբ քանի մը տարի անցնին եւ սեռային յարաբերութիւն ունենալու ցանկութիւնը զօրանայ, ան պէտք է լման համոզուած ըլլայ, թէ միշտ ճիշդ ընտրութիւնն է, որ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդի»։

5 Անշուշտ, միայն պատանիները չեն որ նոր դժուարութիւններ պիտի ունենան։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք չափահաս տարիքին կը մկրտուին, իրենց չակնկալած կերպերով կը փորձուին։ Անոնք թերեւս ամուսնական, առողջապահական կամ գործի վերաբերեալ խնդիրներ ունենան։ Ինչ ալ ըլլայ մեր տարիքը, մեր ամէն մէկը պիտի գտնուի պարագաներու մէջ, ուր պէտք է հաւատարիմ մնայ (Յակ. 1։12-14

6. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ որ Եհովային ըրած նուիրումդ պայմաններ չունի։ բ) Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Փիլիպպեցիս 4։11-13–էն։

6 Որպէսզի կարենաս որեւէ պարագայի մէջ հաւատարիմ մնալ, բնաւ մի՛ մոռնար որ Եհովային տուած խոստումդ պայմաններ չունի։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ տիեզերքի Գերիշխանին ըսած ես որ պիտի շարունակես իրեն ծառայել, նոյնիսկ եթէ ընկերներդ կամ ծնողքդ այլեւս չծառայեն իրեն (Սաղ. 27։10)։ Ամէն պարագայի, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իրեն տուած խոստումիդ տէրը ելլելու (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։11-13

7. Ի՞նչ կը նշանակէ «ահով ու դողով» գործել անձիդ փրկութիւնը։

7 Եհովան կ’ուզէ՛ որ իր բարեկամը ըլլաս։ Բայց ջանք պէտք է թափես, որ այս բարեկամութիւնը զօրաւոր պահես եւ կարենաս փրկուիլ։ Փիլիպպեցիս 2։12–ը նոյնիսկ կ’ըսէ. «Ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»։ Ուրեմն, պէտք է լաւ մտածես, թէ ինչպէ՛ս Եհովային մօտիկ եւ հաւատարիմ պիտի մնաս, ինչ ալ ըլլայ պարագան։ Չես կրնար չափէ դուրս ինքնավստահ ըլլալ։ Միտքդ պահէ թէ երկար տարիներ Աստուծոյ ծառայողներէն ոմանք հաւատարիմ չեն մնացած։ Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնաս անձիդ փրկութիւնը գործել։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՍԵՐՏԵԼԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

8. Անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։

8 Եհովային բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է թէ՛ մտիկ ընենք իրեն եւ թէ խօսինք։ Սուրբ Գիրքը սերտելը գլխաւոր կերպն է, որ Եհովային մտիկ ընենք։ Ուրեմն պէտք է կարդանք ու խոկանք՝ Աստուծոյ Խօսքին եւ սուրբգրային հրատարակութիւններուն վրայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը սերտելը՝ դպրոցական քննութեան յաջողելու համար տեղեկութիւններ գոց սորվելուն չի նմանիր։ Հապա՝ ատիկա կը նմանի հետաքրքրական ճամբորդութեան մը, ուր Եհովային անձնաւորութեան մասին նոր–նոր կէտեր մէջտեղ կը հանես։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ մօտենաս, եւ ետքը ան ալ քեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8

Որքա՞ն լաւ կը հաղորդակցիս Եհովային հետ (տե՛ս պարբերութիւն 8-11)

9. Ո՞ր գործիքները քեզի օգնած են անձնական ուսումնասիրութեանդ մէջ։

9 Եհովայի կազմակերպութիւնը շատ մը գործիքներ կու տայ, որոնք կրնան քեզի օգնել սերտելու։ Օրինակ, jw.org կայքի Teenagers բաժինին մէջ կայ Bible Study Activities, որ կրնայ քեզի օգնել գործադրելու ինչ որ կը սորվիս Սուրբ Գիրքի դէպքերէն։ jw.org կայքին մէջ նաեւ կայ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին Study Guides, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ հաւատալիքներուդ աւելի համոզուիս եւ զանոնք ուրիշներուն բացատրես։ Անձնական ուսումնասիրութեանդ համար ուրիշ գաղափարներ կրնաս գտնել «Պատանիները կը հարցնեն՝ Աստուածաշունչը կարդալը ինչպէ՞ս կրնամ աւելի հաճելի դարձնել» յօդուածին մէջ, Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2009 թիւին մէջ (անգլերէն)։ Սերտելն ու խոկալը շատ կարեւոր են, որ անձիդ փրկութիւնը գործես (կարդա՛ Սաղմոս 119։105

ԱՂՕԹՔԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

10. Մկրտուած քրիստոնեան ինչո՞ւ պէտք է աղօթէ։

10 Անձնական ուսումնասիրութիւնը կերպ մըն է, որ Եհովային մտիկ ընենք, իսկ աղօթքը կերպ մըն է, որ Եհովային խօսինք։ Պէտք չէ սեպենք որ աղօթքը պարզապէս սովորութիւն մըն է, կամ ալ՝ բախտ բերող բան մը։ Աղօթքը իսկական հաղորդակցութիւն է մեր Ստեղծիչին հետ։ Եհովան կ’ուզէ լսել ըսելիքներդ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ինչ հոգ ալ ունենաս՝ «հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛» (Սաղ. 55։22)։ Իրապէս կը հաւատա՞ս ասոր։ Միլիոնաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր ամենայն վստահութեամբ կրնան ըսել, որ այս խրատը օգնած է իրենց։ Ատիկա քեզի՛ ալ կրնայ օգնել։

11. Ինչո՞ւ պէտք է միշտ շնորհակալութիւն յայտնենք Եհովային։

11 Բայց միայն օգնութիւն խնդրելու համար չէ որ պէտք է աղօթենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՝ «գոհացէք», կամ ուրիշ խօսքով՝ շնորհակալ եղէք (Կող. 3։15)։ Ատեններ այնքա՛ն տարուած կ’ըլլանք մեր խնդիրներով, որ չենք տեսներ մեր վայելած օրհնութիւնները։ Ուրեմն ասիկա փորձէ. ամէն օր մտածէ առնուազն երեք բաներու մասին, որոնց համար շնորհակալ ես, եւ ետքը Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ ատոնց համար։ Էպիկէյլ անունով պատանուհի մը, որ 12 տարեկանին մկրտուած է, կ’ըսէ. «Կը կարծեմ որ Եհովան տիեզերքին մէջ ոեւէ մէկէ աւելի արժանի է մեր գնահատանքին։ Պէտք է ամէն առիթով իրմէ շնորհակալ ըլլանք այն պարգեւներուն համար, որ մեզի տուած է։ Անգամ մը այս հիանալի խօսքը լսեցի. ‘Եթէ կորսնցնէինք ամէն բան, որուն համար Եհովային շնորհակալութիւն չենք յայտնած, մեր կեանքին մէջ ի՞նչ պիտի մնար’» *։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

12, 13. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մտածես թէ անձնապէս ինչպէս համտեսած ես Եհովային բարութիւնը։

12 Եհովան Դաւիթ թագաւորին օգնեց, որ շատ մը դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլէ։ Ան երգի մը մէջ ըսաւ այս խօսքը. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ» (Սաղ. 34։8)։ Այս համարը յստակօրէն կը ցուցնէ, թէ կարեւոր է որ մեր անձնական փորձառութեամբ տեսնենք Եհովային բարութիւնը։ Երբ Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները կը կարդաս եւ երբ ժողովի կ’երթաս, քաջալերական փորձառութիւններու կը հանդիպիս, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնած է որ հաւատարիմ մնան։ Բայց մինչ հոգեւորապէս կը զօրանաս, կարեւոր է որ քո՛ւ կեանքիդ մէջ տեսնես Եհովային ձեռքը։ Անձնապէս ինչպէ՞ս տեսած ես թէ Եհովան բարի է։

13 Կայ ձեւ մը, որուն միջոցաւ ամէն քրիստոնեայ համտեսած է Եհովային բարութիւնը։ Եհովան մեր ամէն մէկը հրաւիրեց, որ իրեն եւ իր Որդիին մօտենանք։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհ. 6։44)։ Կը զգա՞ս թէ Եհովան քե՛զ քաշած է։ Պատանի մը թերեւս մտածէ. ‘Եհովան իմ ծնո՛ղքս քաշեց. ես պարզապէս իրենց հետեւեցայ’։ Բայց մի՛ մոռնար որ երբ անձդ նուիրեցիր Եհովային եւ մկրտուեցար, յատուկ փոխյարաբերութիւն ունեցար իրեն հետ։ Հիմա ան իրապէս կը ճանչնայ քեզ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ. «Եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է» (Ա. Կոր. 8։3)։ Միշտ ջանք թափէ որ արժեւորես Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ունեցած տեղդ։

14, 15. Ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել հաւատքդ զօրացնելու։

14 Եհովային բարութիւնը կը համտեսես նաեւ երբ քեզի կ’օգնէ հաւատքիդ մասին խօսելու ուրիշներուն, ըլլայ դաշտի ծառայութեան մէջ կամ դպրոցը։ Դասընկերներուդ քարոզելը կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ ո՛չ մէկ գաղափար ունիս թէ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն։ Վախնալիք կրնայ ըլլալ մանաւանդ մեծ խումբի մը խօսիլը, քան՝ մէկ հոգիի։ Ի՞նչը կրնայ օգնել քեզի։

15 Նախ մտածէ թէ դո՛ւն ինչու համոզուած ես հաւատալիքներուդ։ Եթէ գիտցած լեզուովդ ունիս jw.org կայքին մէջ Study Guides, զանոնք գործածէ։ Անոնք կրնան քեզի օգնել, որ մտածես հաւատալիքներուդ մասին, եւ տեսնես թէ ինչո՛ւ կը հաւատաս ատոնց եւ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք բացատրել ուրիշներուն։ Երբ իրապէս համոզուած եւ լաւ պատրաստուած ըլլաս, պիտի ուզե՛ս Եհովային մասին վկայել (Եր. 20։8, 9

16. Ի՞նչը կրնայ քաջութիւն տալ քեզի որ հաւատալիքներուդ մասին խօսիս։

16 Նոյնիսկ եթէ լաւ պատրաստուած ըլլաս, թերեւս քաշուիս հաւատալիքներուդ մասին խօսելու։ 18 տարեկան քոյր մը, որ 13 տարեկանին մկրտուած է, կը խոստովանի. «Գիտե՛մ ինչի կը հաւատամ, բայց ատեններ չեմ կրնար բառերով արտայայտել մտածումներս»։ Ան ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէ այս դժուարութեան հետ։ Ան կ’ըսէ. «Կը փորձեմ բնական ըլլալ։ Դասընկերներս ամենայն հանգստութեամբ կը խօսին իրենց ըրածներուն մասին։ Ես ալ պէտք է նոյնը ընեմ։ Ասոր համար, խօսքի մէջ կ’ըսեմ. ‘Անցեալ օրը, Սուրբ Գիրքին մասին կը սորվեցնէի մէկու մը, եւ . . . ’։ Ետքը, կը շարունակեմ պատմութիւնս։ Թէեւ բուն նիւթը Սուրբ Գիրքին մասին չէ, բայց շատ անգամներ ուրիշներ կը հետաքրքրուին, որ ի՛նչ կ’ընեմ երբ Սուրբ Գիրքին մասին կը սորվեցնեմ։ Ատեններ հարցումներ ալ կը հարցնեն։ Որքան աւելի գործածեմ այս կերպը, այնքան աւելի դիւրութեամբ կը խօսիմ։ Եւ միշտ շատ լաւ կը զգամ խօսելէս ետք»։

17. Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել ուրիշներուն հետ խօսելու հաւատքիդ մասին։

17 Երբ ուրիշները յարգես եւ իրենցմով հետաքրքրուիս, աւելի հաւանականութիւն կայ որ իրենք ալ նոյնպէս վարուին։ Օլիվիա անունով 17 տարեկան աղջիկ մը, որ պատանուհի չեղած մկրտուած է, կ’ըսէ. «Միշտ կը վախնայի որ եթէ Սուրբ Գիրքին մասին խօսիմ, մարդիկ պիտի կարծեն որ ծայրայեղ եմ»։ Ետքը, ան սկսաւ տարբեր կերպով մտածել։ Փոխանակ կեդրոնանալու իր վախերուն վրայ, ան մտածեց. «Շատ մը պատանիներ ո՛չ մէկ բան գիտեն Եհովայի վկաներուն մասին։ Մենք իրենց գիտցած միակ Վկաներն ենք։ Ուրեմն ինչ որ կ’ընենք կրնայ որոշել, թէ ինչպէս պիտի ընդառաջեն։ Ի՞նչ կը պատահի եթէ ամչկոտ ենք, կը վախնանք կամ դիւրին–դիւրին չենք կրնար խօսիլ մեր հաւատքին մասին, կամ եթէ գոյն կ’առնենք–գոյն կու տանք երբ կը խօսինք։ Այս պարագային, կրնայ ըլլալ որ կարծեն թէ հպարտ չենք որ Վկայ ենք։ Մեր ինքնավստահ չըլլալը նոյնիսկ կրնայ ձգել, որ անոնք անազնիւ կերպով վարուին մեզի հետ։ Բայց եթէ հանգստօրէն եւ վստահութեամբ խօսինք մեր հաւատալիքներուն մասին, եւ պարզ խօսակցութեան մէջ նշենք զանոնք, աւելի հաւանականութիւն կայ որ մեզ յարգեն»։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆՁԻԴ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԵԼ

18. Ի՞նչ պէտք է ընես, որպէսզի անձիդ փրկութիւնը գործես։

18 Ինչպէս որ տեսանք, անձիդ փրկութիւնը գործելը լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է։ Փրկուելու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը կարդաս եւ ատոր վրայ խոկաս, Եհովային աղօթես եւ մտածես այն օրհնութիւններուն մասին, որ անձնապէս քեզի տուած է։ Ասոնք քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի ինքնավստահ ըլլաս որ Եհովան Բարեկամդ է։ Իսկ ասիկա պիտի ձգէ որ հաւատալիքներուդ մասին խօսիս ուրիշներուն (կարդա՛ Սաղմոս 73։28

19. Ինչո՞ւ կ’արժէ որ ջանք թափես անձիդ փրկութիւնը գործելու։

19 Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (Մատ. 16։24)։ Յստակ է թէ քրիստոնեան պէտք է նուիրուի եւ մկրտուի, որպէսզի կարենայ Յիսուսին հետեւիլ։ Ասիկա միեւնոյն ատեն իրեն հետ մեծ թիւով օրհնութիւններ կը բերէ հիմա, ինչպէս նաեւ առիթ կու տայ, որ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիս։ Ուրեմն ամէն կարելիդ ըրէ, որ անձիդ փրկութիւնը գործես։

^ պարբ. 11 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, jw.org կայքին մէջ տե՛ս անգլերէնով՝ «Պատանիները կը հարցնեն. Ինչո՞ւ պէտք է աղօթեմ» յօդուածը եւ ատոր վարժութիւնը։