Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Գաղթական ծնողքները ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնեն, թէ ի՛նչ լեզու գործածող ժողովքի պէտք է երթան, որպէսզի իրենց զաւակներուն հոգեւորապէս օգնեն։
Պզտիկները շատ հաւանաբար տեղական լեզուն սորվին դպրոցը եւ շրջանակին մէջ։ Մէկէ աւելի լեզու գիտնալը կրնայ զաւակին օգտակար ըլլալ։ Ծնողները պէտք է տեսնեն թէ իրենց պատանիները ո՛ր ժողովքին մէջ շատ լաւ պիտի հասկնան ճշմարտութիւնը եւ հոգեւորապէս յառաջդիմեն. տեղակա՞ն լեզուն գործածող ժողովք մը, թէ ոչ իրենց մայրենի լեզուն գործածող ժողովք մը։ Ծնողները իրենց զաւակներուն հոգեւոր շահերը աւելի առաջ կը դնեն քան՝ իրենց անձնական նախընտրութիւնները (դ17.05, էջ 9-11)։
Երբ Յիսուս Պետրոսին հարցուց՝ «զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս», «ատոնց»ը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր (Յովհ. 21։15)։
Այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուս կ’ակնարկէր ձուկերուն եւ/կամ ձկնորսութեան։ Յիսուսին մահէն ետք, Պետրոս իր առաջուան գործին՝ ձկնորսութեան դարձաւ։ Քրիստոնեաները պէտք է քննեն, թէ աշխարհիկ գործը ի՛նչ տեղ կը գրաւէ իրենց սիրտին մէջ (դ17.05, էջ 22-23)։
Աբրահամ ինչո՞ւ իր կնոջմէն խնդրեց որ ըսէ, թէ իր քոյրն է (Ծն. 12։10-13)։
Սառան իրապէս Աբրահամին խորթ քոյրն էր։ Եթէ Սառան ըսէր որ իր կինն է, կրնայ ըլլալ որ Աբրահամը սպաննէին, եւ այսպիսով չկարենար մէջտեղ բերել այն սերունդը, որ Աստուած իրեն խոստացած էր (դհ17.3, էջ 14-15)։
Էլիաս Հութեր ի՞նչ թեքնիք գործածեց, որպէսզի օգնէր անոնց, որոնք կ’ուզէին եբրայերէն սորվիլ։
Ան ուզեց աշակերտներուն օգնել որ կարենան զանազանել Սուրբ Գիրքին եբրայերէն բառերուն արմատներուն եւ նախամասնիկներուն կամ յետնամասնիկներուն միջեւ։ Ասոր համար, ան արմատները տպեց թաւ գիրերով, իսկ նախամասնիկները կամ յետնամասնիկները՝ ուրուագիծ գիրերով։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն՝ ծանօթագրութիւններով այսպիսի թեքնիք մը կը գործածէ ստորանիշներուն մէջ (դհ17.4, էջ 11-12)։
Քրիստոնեան ի՞նչ կէտերու հիման վրայ պէտք է որոշէ, թէ իր քով զէնք պահէ կամ ոչ, որպէսզի ինքզինք ուրիշ մարդոցմէ պաշտպանէ։
Կէտերէն ոմանք են. Աստուծոյ աչքին, կեանքը սուրբ է։ Յիսուս իր հետեւորդները չքաջալերեց, որ սուրեր առնեն պաշտպանուելու համար (Ղուկ. 22։36, 38)։ Մենք պէտք է մեր սուրերէն խոփեր շինենք։ Կեանքը աւելի արժէքաւոր է, քան՝ նիւթական բաները։ Մենք ուրիշներուն խիղճը կը յարգենք եւ կ’ուզենք օրինակելի ըլլալ (Բ. Կոր. 4։2. դ17.07, էջ 31-32)։
Ինչո՞ւ Յիսուսի մանկութեան մասին Մատթէոսի եւ Ղուկասի արձանագրութիւնները տարբեր են։
Մատթէոս կը կեդրոնանայ Յովսէփին վրայ, օրինակ՝ նշելով որ ան ինչպէ՛ս հակազդեց երբ Մարիամ յղի մնաց, եւ թէ Աստուած իրմէ խնդրեց որ Եգիպտոս երթայ եւ յետագային՝ վերադառնայ։ Ղուկաս աւելի կը կեդրոնանայ Մարիամին վրայ, օրինակ՝ նշելով որ Եղիսաբէթին այցելեց եւ ինչպէ՛ս հակազդեց, երբ Յիսուս տաճարը մնաց (դ17.08, էջ 32)։
Սուրբ Գիրքը ի՞նչ բաներու դիմացած է։
Ժամանակի ընթացքին, Սուրբ Գիրքին գործածած բառերուն եւ արտայայտութիւններուն իմաստները փոխուած են։ Քաղաքական անցուդարձերը ազդած են հասարակաց լեզուին։ Ինչպէս նաեւ Սուրբ Գիրքին թարգմանութեան հակառակութիւն եղած է (դ17.09, էջ 19-21)։
Պահապան հրեշտակ մը ունի՞նք։
Ո՛չ։ Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտներուն հրեշտակները կը տեսնեն Աստուծոյ երեսը (Մատ. 18։10)։ Այս խօսքով, ան ըսել ուզեց որ հրեշտակները հետաքրքրուած են իր աշակերտներով, եւ ոչ թէ հրեշտակները հրաշքներով կը պաշտպանեն անոնցմէ ամէն մէկը (դհ17.5, էջ 5)։
Սիրոյ մեծագոյն տեսակը ի՞նչ է։
Ա·կաբէն սիրոյ մեծագոյն տեսակն է, քանի որ ճիշդ սկզբունքներու վրայ հիմնուած է։ Այս սիրոյն մէջ կրնայ գուրգուրանք եւ ջերմութիւն ըլլալ, բայց ատիկա գլխաւորաբար կ’արտայայտուի՝ անձնազոհութեամբ բաներ ընելով ուրիշներուն օգտին համար (դ17.10, էջ 7)։