Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’

«Մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու» (Բ. ՏԻՄ. 3։15

ԵՐԳԵՐ. 130, 88

1, 2. Կարգ մը ծնողներ ինչո՞ւ կը մտահոգուին, երբ իրենց զաւակը ուզէ նուիրուիլ ու մկրտուիլ։

ԱՄԷՆ տարի, հազարաւոր Աստուածաշունչի աշակերտներ Եհովային կը նուիրուին ու կը մկրտուին։ Անոնցմէ շատեր պատանիներ են, որոնք ճշմարտութեան մէջ մեծցած են եւ լաւագոյն ապրելակերպը ընտրած են (Սաղ. 1։1-3)։ Եթէ ծնող մըն ես, անկասկած անհամբեր կը սպասես այն օրուան, երբ տղադ կամ աղջիկդ պիտի մկրտուի (համեմատէ՛ Գ. Յովհաննէս 4

2 Բայց թերեւս կը մտահոգուիս։ Կրնայ ըլլալ որ տեսած ես թէ կարգ մը պատանիներ կը մկրտուին, բայց յետոյ կը սկսին կասկածիլ, որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլը իրապէս լաւ է իրենց համար։ Ոմանք նոյնիսկ ձգած են ճշմարտութիւնը։ Ուրեմն, թերեւս մտահոգուիս որ զաւակդ սկսի Եհովային ծառայել, բայց յետոյ իր սէրը պաղի ճշմարտութեան հանդէպ։ Ան թերեւս դառնայ Եփեսոսի կարգ մը քրիստոնեաներուն պէս, որոնց նկատմամբ Յիսուս ըսաւ. «Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր» (Յայտ. 2։4)։ Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ օգնել, որ իր սէրը զօրաւոր պահէ եւ ‘մեծնայ մինչեւ փրկութիւն’ (Ա. Պետ. 2։2)։ Կրնանք Տիմոթէոսին օրինակէն սորվիլ։

«ՍՈՒՐԲ ԳՐՔԵՐԸ ԳԻՏԵՍ»

3. ա) Տիմոթէոս ինչպէ՞ս քրիստոնեայ եղաւ, եւ իր սորվածներուն նկատմամբ ի՞նչ ըրաւ։ բ) Պօղոս ո՞ր երեք կէտերը Տիմոթէոսին ուշադրութեան յանձնեց։

3 Պօղոս առաքեալ առաջին անգամ Ք.Ե. 47–ին այցելեց Լիւստրան, երբ Տիմոթէոս թերեւս պատանի էր։ Տիմոթէոս հաւանաբար այդ ատենն էր որ սորվեցաւ Յիսուսի ուսուցումներուն մասին։ Ան իր սորվածը գործադրեց եւ երկու տարի ետք սկսաւ Պօղոսին հետ ճամբորդել։ Ատկէ շուրջ 16 տարի ետք, Պօղոս Տիմոթէոսին գրեց. «Դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր [«հաստատ համոզուեցար», ՆԱ], վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը [Եբրայերէն Գրութիւնները] գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը» (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Նկատէ թէ Պօղոս կը նշէ՝ 1) սուրբ գրքերը գիտնալ, 2) սորվածներուն հաստատ համոզուիլ եւ 3) իմաստուն ըլլալ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։

4. Ի՞նչ գործածած ես, որպէսզի պզտիկներուդ սորվեցնես (տե՛ս բացման նկարը)։

4 Որպէս քրիստոնեայ ծնողք, կ’ուզես որ զաւակդ գիտնայ «սուրբ գրքերը», որոնք ներկայիս ոչ միայն Եբրայերէն Գրութիւններն են, այլ նաեւ՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները։ Նոյնիսկ մանուկները կրնան Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած մարդոց եւ տեղերուն մասին սորվիլ։ Որպէսզի ծնողները իրենց զաւակներուն օգնեն, կրնան գործածել Եհովայի կազմակերպութեան տուած շատ մը գիրքերը, գրքոյկները եւ վիտէօները։ Ատոնցմէ ի՞նչ ունիս քու լեզուովդ։ Միտքդ պահէ թէ զաւակդ պէտք է Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն առնէ, որպէսզի կարենայ Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենալ։

‘ՀԱՍՏԱՏ ՀԱՄՈԶՈՒԻԼ’

5. ա) ‘Հաստատ համոզուիլ’ ի՞նչ ըսել է։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Տիմոթէոս հաստատ համոզուեցաւ որ Յիսուս Մեսիան էր։

5 Չի բաւեր որ պզտիկներուդ սորվեցնես Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած անհատներուն եւ տեղերուն մասին։ Յիշէ թէ Տիմոթէոս նաեւ ‘հաստատ համոզուեցաւ’։ Բնագիրին մէջ, այդ արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «վստահ ըլլալ որ բան մը ճիշդ է»։ Տիմոթէոս իր մանկութենէն գիտէր Եբրայերէն Գրութիւնները։ Յետագային, ան համոզուեցաւ որ Յիսուս Մեսիան էր։ Անոր հաւատքը այնքա՛ն զօրաւոր էր, որ մկրտուեցաւ եւ Պօղոսին հետ միսիոնար եղաւ։

6. Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկներուդ օգնել, որ համոզուին Աստուծոյ Խօսքէն իրենց սորվածին։

6 Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկներուդ օգնել, որ Տիմոթէոսին պէս համոզուած ըլլան եւ զօրաւոր հաւատք ունենան։ Նախ, համբերող եղիր։ Համոզումը մէկ օրէն միւսը չի գար, ոչ ալ քեզմէ կը փոխանցուի զաւակներուդ, պարզապէս քանի որ դո՛ւն համոզուած ես։ Պզտիկը պէտք է «բարին ու չարը զանազանել»ու իր կարողութիւնը գործածէ, որպէսզի համոզուի Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։14)։ Որպէս ծնողք, դուն կարեւոր դեր մը կը խաղաս ասոր մէջ, մանաւանդ երբ պզտիկդ հարցումներ հարցնէ։ Նկատի առ օրինակ մը։

7, 8. ա) Հայր մը ինչպէ՞ս համբերութեամբ կը վարուի, երբ իր աղջիկին կը սորվեցնէ։ բ) Ե՞րբ պէտք ունեցած ես նոյնպէս համբերութեամբ վարուելու պզտիկիդ հետ։

7 11 տարեկան աղջիկի մը հայրը՝ Թոմաս կ’ըսէ. «Աղջիկս ատեններ կը հարցնէ. ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովան բարեշրջութիւնը գործածեց, որպէսզի երկրի վրայ կեանքը յառաջացնէ’, կամ՝ ‘Ինչո՞ւ ընկերային գործունէութիւններու չենք մասնակցիր, օրինակ՝ քուէ տալով, որպէսզի վիճակները լաւացնենք’։ Ատեններ լեզուս կը խածնեմ, որպէսզի ուղղակի չըսեմ թէ ինչի պէտք է հաւատայ։ Վերջ ի վերջոյ, անձ մը մէկ հատ մեծ ճշմարտութիւն գիտնալով չէ որ կը համոզուի, հապա՝ բազմաթիւ պզտիկ փաստերով»։

8 Թոմաս գիտէ թէ պէտք է համբերող ըլլայ, որպէսզի իր աղջիկին սորվեցնէ։ Իրականութեան մէջ, բոլո՛ր քրիստոնեաները պէտք է համբերող ըլլան (Կող. 3։12)։ Թոմաս հասկցած է որ թերեւս ժամանակ առնէ, որ իր աղջիկը համոզուի իր սորվածին, եւ պէտք ըլլայ որ քանի մը խօսակցութիւններ ունենան։ Ան պէտք է իրեն հետ տրամաբանէ Սուրբ Գիրքը գործածելով։ Թոմաս կ’ըսէ. «Ես ու կինս մանաւանդ կարեւոր կէտերուն մէջ կ’ուզենք գիտնալ, թէ մեր աղջիկը իրապէս կը հաւատայ իր սորվածին կամ ոչ, եւ թէ զայն տրամաբանական կը գտնէ կամ ոչ։ Շատ լաւ է եթէ հարցումներ հարցնէ։ Խօսքին բացը, կը մտահոգուիմ եթէ առանց հարցում հարցնելու բան մը ընդունի»։

9. Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկներուդ օգնել որ Աստուծոյ Խօսքին հաւատան։

9 Երբ ծնողները համբերութեամբ սորվեցնեն, ժամանակի ընթացքին՝ իրենց պզտիկները պիտի սկսին հասկնալ հաւատքին «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը» (Եփ. 3։18)։ Կրնանք անոնց սորվեցնել այնպիսի կերպով մը, որ իրենց տարիքին եւ կարողութեան յարմար է։ Անոնք որքան աւելի համոզուին իրենց սորվածին, այնքան աւելի պիտի կարենան իրենց հաւատալիքները պաշտպանել ուրիշներուն առջեւ, մէջը ըլլալով իրենց դասընկերները (Ա. Պետ. 3։15)։ Օրինակ, զաւակներդ կրնա՞ն Սուրբ Գիրքէն բացատրել, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մէկը մեռնի։ Ասոր մասին Սուրբ Գիրքին բացատրութիւնը տրամաբանական կը գտնե՞ն *։ Յիշէ թէ պէտք է համբերող ըլլաս, որպէսզի պզտիկիդ օգնես, որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենայ, բայց կ’արժէ թափել այս ջանքը (Բ. Օր. 6։6, 7

10. Ի՞նչը կարեւոր դեր կը խաղայ սորվեցնելու մէջ։

10 Անշուշտ, քու օրինակդ ալ կարեւոր է, որպէսզի պզտիկներդ համոզուին։ Երեք աղջիկ ունեցող մայր մը՝ Սթեֆանին, կ’ըսէ. «Զաւակներուս պզտիկութենէն ի վեր ես ինծի կը հարցնեմ. ‘Պզտիկներուս կ’ըսե՞մ թէ ես ինչո՛ւ համոզուած եմ, որ Եհովան գոյութիւն ունի, մեզ կը սիրէ եւ իր ճամբաները ճիշդ են։ Պզտիկներս յստակօրէն կը տեսնե՞ն թէ ես իրապէս կը սիրեմ Եհովան’։ Եթէ ես չեմ համոզուած, չեմ կրնար ակնկալել որ պզտիկներս համոզուին»։

‘ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԸԼԼԱԼ ՓՐԿՈՒԵԼՈՒ’

11, 12. Իմաստութիւնը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ կապ չունի անհատին տարիքին հետ։

11 Ինչպէս որ տեսանք, Տիմոթէոս՝ 1) գիտութիւն ունէր Սուրբ Գրութիւններէն եւ 2) համոզուած էր իր հաւատալիքներուն։ Բայց Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ, որ սուրբ գրքերը կրնային Տիմոթէոսը ‘իմաստուն ընել փրկուելու’։

12 Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., կը բացատրէ թէ Սուրբ Գիրքին մէջ իմաստութիւնը «այն կարողութիւնն է, որ մէկը գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը յաջողութեամբ գործածէ, որպէսզի խնդիրներ լուծէ, վտանգներէ հեռու մնայ, որոշ նպատակներու հասնի կամ ուրիշներուն օգնէ այս բաները ընելու։ Ատիկա յիմարութեան հակառակն է»։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ «մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է» (Առ. 22։15)։ Ուրեմն, քանի որ իմաստութիւնը յիմարութեան հակառակն է, ատիկա հասունութիւն կը ցուցնէ։ Գլխաւորաբար, մէկու մը տարիքը չէ որ զինք հոգեւորապէս հասուն կը դարձնէ, հապա՝ Եհովային հանդէպ իր վախը եւ փափաքը որ իրեն հնազանդի (կարդա՛ Սաղմոս 111։10

13. Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան ցուցնել որ իմաստուն են փրկուելու։

13 Այն պատանիները, որոնք որոշ չափով հոգեւորապէս հասուն են, ‘երերած ու ասդին անդին տարուբերուած’ չեն ըլլար, իրենց ցանկութիւններուն կամ ուրիշ պատանիներու ճնշումին պատճառով (Եփ. 4։14)։ Ընդհակառակը, անոնց «զգայարանքները» երթալով կը մարզուին, որ ‘բարին ու չարը զանազանեն’ (Եբ. 5։14)։ Անոնք իմաստուն որոշումներ կ’առնեն, նոյնիսկ երբ իրենց ծնողքին կամ ուրիշ չափահասներու աչքը իրենց վրայ չէ (Փլպ. 2։12)։ Այս իմաստութիւնը կարեւոր է, որպէսզի մէկը փրկուի (կարդա՛ Առակաց 24։14)։ Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ օգնել, որ այս իմաստութիւնը ունենան։ Նախ, պէտք է անոնց գիտցնես թէ ինչ են չափանիշներդ։ Խօսքով ու գործով ցուցուր անոնց, որ կը փորձես Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Հռով. 2։21-23

Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողքը շարունակէ ջանք թափել (տե՛ս պարբերութիւն 14-18)

14, 15. ա) Մկրտուիլ ուզող պատանին ի՞նչ լուրջ բաներու մասին պէտք է մտածէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ օգնել որ խոկայ այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք ձեռք կը ձգուին Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելով։

14 Բայց բաւարար չէ որ զաւակներուդ ըսես, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ինչը սխալ։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնց օգնես տրամաբանելու այսպիսի հարցումներու շուրջ. ‘Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ կ’արգիլէ բաներ, որ թերեւս հաճելի կ’երեւին։ Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքին չափանիշները մի՛շտ իմ բարիքիս համար են’ (Եսա. 48։17, 18

15 Եթէ զաւակդ կ’ուզէ մկրտուիլ, իրեն օգնէ որ լրջօրէն մտածէ մկրտութեան հետ եկող պատասխանատուութիւններուն մասին։ Զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ, օգուտները ի՞նչ են, դժուարութիւնները ի՞նչ են, օգուտները ինչո՞ւ շատ աւելի են քան՝ դժուարութիւնները (Մար. 10։29, 30)։ Շատ կարեւոր է որ ան այս բաներուն մասին լաւ մտածէ, առաջ որ մկրտուի։ Զաւակիդ օգնէ որ խոկայ, թէ հնազանդութիւնը ի՛նչ օրհնութիւններ կը բերէ, իսկ անհնազանդութիւնը՝ ի՛նչ հետեւանքներ։ Այսպիսով, աւելի հաւանական պիտի ըլլայ որ ան համոզուի, թէ Սուրբ Գիրքին չափանիշները միշտ իր օգտին համար են (Բ. Օր. 30։19, 20

ԵԹԷ ՄԿՐՏՈՒԱԾ ՊԱՏԱՆԻՆ ՊԱՅՔԱՐ ՈՒՆԻ

16. Ծնողները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ իրենց մկրտուած զաւակին հաւատքը սկսի տկարանալ։

16 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ զաւակդ մկրտութենէն ետք սկսի կասկածներ ունենալ ճշմարտութեան մասին։ Օրինակ, թերեւս զաւակդ սկսի հետաքրքրուիլ աշխարհային բաներով։ Կամ թերեւս սկսի կասկածիլ, թէ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հետեւիլը լաւագոյն ապրելակերպն է (Սաղ. 73։1-3, 12, 13)։ Քու հակազդած կերպդ կրնայ շատ ազդել, թէ ան պիտի շարունակէ Եհովային ծառայել կամ ոչ։ Փորձէ ասոր մասին կռիւ չընել զաւակիդ հետ, չնայած թէ տարիքով պզտիկ է կամ պատանի է։ Ընդհակառակը, վստահ եղիր որ ան գիտէ, թէ դուն զինք կը սիրես եւ կ’ուզես օգնել։

17, 18. Եթէ պատանի մը կասկածներ ունի, իր ծնողքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել իրեն։

17 Մկրտուած պատանին Եհովային լրջօրէն նուիրուած է։ Այս նուիրումը խոստում մըն է, թէ ան Եհովան պիտի սիրէ եւ Իր կամքը ամէն բանէ առաջ պիտի դնէ (կարդա՛ Մարկոս 12։30)։ Եհովան թեթեւի չ’առներ այս լուրջ խոստումը, ոչ ալ մենք պէտք է թեթեւի առնենք զայն (Ժող. 5։4, 5)։ Այս բանը յիշեցուր զաւակիդ։ Բայց նախ կարդա՛ եւ սերտէ՛ այն նիւթերը, որ Եհովային կազմակերպութիւնը պատրաստած է ծնողներուն համար։ Ետքը, յարմար ժամանակին եւ ազնուութեամբ շեշտէ զաւակիդ, թէ շատ լուրջ որոշում մը առած է՝ Եհովային նուիրուելով եւ մկրտուելով, բայց միեւնոյն ատեն ատիկա շատ օրհնութիւններ պիտի բերէ իրեն։

18 Օրինակ, լաւ խրատներ կրնաս գտնել Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ (հատոր Ա., անգլերէն) գիրքին՝ «Ծնողները կը հարցնեն» յաւելուածին մէջ։ Հոն կ’ըսէ. «Շուտով մի՛ եզրակացներ որ զաւակդ քու հաւատքդ մերժած է»։ Տե՛ս թէ բուն խնդիրը ի՛նչ է։ Թերեւս ուրիշ պատանիներ զինք կը ճնշեն։ Կամ ալ թերեւս միայնակ կը զգայ կամ կը կարծէ, թէ ուրիշ պատանիներ հոգեւորապէս աւելի լաւ են իրմէ։ Յաւելուածը նաեւ կը բացատրէ, թէ եթէ ան կասկածներ ունի, ասիկա ըսել չէ որ հաւատալիքներուդ անհամաձայն է։ Ան շատ հաւանաբար ուրիշ դժուարութենէ մը կ’անցնի։ Յաւելուածը առաջարկներ կու տայ, թէ ծնողք մը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել այն զաւակին, որ կասկածներ ունի ճշմարտութեան մասին։

19. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’։

19 Որպէս ծնողք, ունիս այն կարեւոր պատասխանատուութիւնը եւ առանձնաշնորհումը, որ զաւակներդ մեծցնես «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Ինչպէս որ տեսանք, ասիկա ընելու համար չի բաւեր միայն զաւակներուդ սորվեցնես Սուրբ Գիրքին ըսածները, հապա նաեւ պէտք է անոնց օգնես, որ համոզուին իրենց սորվածներուն։ Անոնք այնքա՛ն զօրաւոր համոզում պէտք է ունենան, որ մղուին Եհովային նուիրուելու եւ սրտանց իրեն ծառայելու։ Կը մաղթենք որ Եհովային Խօսքը, սուրբ հոգին եւ ջանքերդ օգնեն զաւակներուդ որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’։

^ պարբ. 9 Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին ուսումնասիրութեան ուղղութիւնները հոյակապ գործիքներ են, որոնք կ’օգնեն թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ չափահասներուն, որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները հասկնան եւ բացատրեն։ Ատոնք մատչելի են շատ մը լեզուներով jw.org կայքին մէջ։ Նայէ՛ անգլերէնով՝ BIBLE TEACHINGS > BIBLE STUDY TOOLS։