«Յոյս ունիմ առ Աստուած»
‘Վերջին Ադամը կենդանարար հոգի եղաւ’ (Ա. ԿՈՐ. 15։45)։
1-3. ա) Մեր գլխաւոր հաւատալիքներուն մէջ ի՞նչ պէտք է նշենք։ բ) Յարութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է (տե՛ս բացման նկարը)։
ԵԹԷ քեզի հարցուէր թէ ի՛նչ են հաւատքիդ գլխաւոր ուսուցումները, ի՞նչ պիտի պատասխանէիր։ Անշուշտ պիտի ըսէիր որ Եհովան Ստեղծիչն է ու կեանք Տուողը։ Հաւանաբար նաեւ նշէիր որ կը հաւատաս Յիսուս Քրիստոսին, որ մեռաւ որպէս փրկանք։ Վստահաբար ուրախութեամբ պիտի ըսէիր, որ ապագային երկրի վրայ Դրախտ պիտի ըլլայ, ուր Աստուծոյ ժողովուրդը յաւիտեան պիտի ապրի։ Բայց մինչ ամէնէն սիրած հաւատալիքներդ կը թուես, արդեօք պիտի նշէի՞ր յարութիւնը։
2 Լաւ պատճառներ ունինք որ մեր գլխաւոր հաւատալիքներուն մէջ նշենք յարութիւնը, նոյնիսկ եթէ անձնապէս յոյս ունինք որ մեծ նեղութենէն ողջ անցնինք եւ յաւիտեան ապրինք երկրի վրայ։ Պօղոս առաքեալ ցուցուց թէ յարութիւնը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է։ Ան ըսաւ. «Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ»։ Եթէ Յիսուս յարութիւն առած չըլլար, չէր կրնար երկինքին մէջ իշխել որպէս Թագաւոր եւ մեր քարոզչութիւնը պարապի պիտի ըլլար (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։12-19)։ Բայց գիտենք որ Յիսուս յարութիւն առաւ։ Այս համոզումը ունենալով՝ տարբեր ենք հրեայ սադուկեցիներէն, որոնք կը պնդէին թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ։ Նոյնիսկ երբ ուրիշներ ծաղրեն մեզ, յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը զօրաւոր կը պահենք (Մար. 12։18. Գործք 4։2, 3. 17։32. 23։6-8)։
3 Պօղոս ըսաւ որ «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքներ»ուն մէջ կայ «մեռելներուն յարութիւնը» (Եբ. 6։1, 2)։ Ան նաեւ շեշտեց որ կը հաւատար յարութեան (Գործք 24։10, 15, 24, 25)։ Թէեւ յարութիւնը նախնական հաւատալիք մըն է, այսինքն՝ հիմնական բաներէն մէկը որ Աստուծոյ Խօսքէն կը սորվինք, բայց տակաւին պէտք է ուշադրութեամբ սերտենք ատոր մասին (Եբ. 5։12)։ Ինչո՞ւ։
4. Թերեւս ի՞նչ հարցումներ հարցուին յարութեան մասին։
4 Երբ մարդիկ կը սկսին սերտել Սուրբ Գիրքը, ընդհանրապէս կը կարդան անցեալին պատահած յարութիւններուն մասին, ինչպէս՝ Ղազարոսին յարութիւնը։ Անոնք նաեւ կը սորվին որ Աբրահամ, Յոբ եւ Դանիէլ վստահ էին, որ ապագային մեռելները դարձեալ պիտի ապրին։ Բայց ի՞նչ կը պատասխանես, եթէ մէկը քեզի հարցնէ թէ ի՛նչ փաստ կայ, որ կրնանք վստահիլ յարութեան խոստումներուն, որոնք հարիւրաւոր տարիներ առաջ տրուած են։ Իսկ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՞ որ յարութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի զօրացնեն մեր հաւատքը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԱՐԵՐ ԵՏՔ
5. Նախ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
5 Թերեւս դիւրին է երեւակայել որ մէկը իր մահէն շատ չանցած յարութիւն կ’առնէ (Յովհ. 11։11. Գործք 20։9, 10)։ Բայց կրնա՞նք վստահիլ այն խոստումին, թէ անձ մը յարութիւն պիտի առնէ տարիներ ետք, կամ նոյնիսկ հարիւրաւոր տարիներ ետք։ Կրնա՞նք ատոր հաւատալ, չնայած թէ անձը նոր մեռած է կամ՝ երկար ժամանակ առաջ։ Իրականութեան մէջ, դուն արդէն իսկ կը հաւատաս որոշ յարութեան մը, որ տեղի ունենալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ խոստացուած էր։ Ատիկա ո՞ր մէկն է եւ ի՞նչ կապ ունի այն յոյսիդ հետ, թէ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ։
6. Սաղմոս 118–ին կատարման մէջ Յիսուս ի՞նչ դեր ունէր։
6 118–րդ սաղմոսը գործածելով, որ թերեւս Դաւիթ գրած է, քննարկենք յարութիւն մը, որ տարինե՜ր առաջ մարգարէացուած էր։ Սաղմոսը կը պարունակէ այս խօսքը. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. . . Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։ Մարդիկ Մեսիային մասին այս մարգարէութիւնը մէջբերեցին, երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ նիսան 9–ին, իր մահէն քանի մը օր առաջ (Սաղ. 118։25, 26. Մատ. 21։7-9)։ Բայց Սաղմոս 118–ը ինչպէ՞ս կ’ակնարկէ յարութեան մը, որ երկա՜ր տարիներ ետք տեղի պիտի ունենար։ Նկատէ թէ այս սաղմոսը ուրիշ ի՛նչ ըսաւ. «Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անկիւնին գլուխը եղաւ» (Սաղ. 118։22)։
7. Հրեաները ո՞ր աստիճան մերժեցին Յիսուսը։
7 Այն «շինողները» որ Մեսիան անարգեցին՝ հրեայ առաջնորդներն էին։ Անոնք ոչ միայն իրենց կռնակը դարձուցին Յիսուսին կամ զինք չընդունեցին որպէս Քրիստոսը, հապա՝ այն աստիճան մերժեցին զինք, որ պահանջեցին որ մեռցուի (Ղուկ. 23։18-23)։ Անոնք պատասխանատու էին Յիսուսին մահուան։
8. Յիսուս ինչպէ՞ս կրնար «անկիւնին գլուխը» ըլլալ։
8 Եթէ Յիսուս մերժուէր ու սպաննուէր, ինչպէ՞ս կրնար «անկիւնին գլուխը» ըլլալ։ Միայն եթէ յարութիւն առնէր։ Յիսուս ասիկա յստակ դարձուց, երբ առակ մը պատմեց հողատիրոջ մը մասին, որ ծառաներ ղրկեց իր քով աշխատող մշակներուն։ Մշակները գէշ կերպով վարուեցան անոնց հետ։ Ի վերջոյ, հողատէրը իր զաւակը ղրկեց, յուսալով որ մշակները անոր մտիկ ընեն։ Բայց անոնք մեռցուցին զաւակը։ Յիսուս այս առակը պատմելէն ետք, մէջբերեց Սաղմոս 118։22–ի մարգարէութիւնը (Ղուկ. 20։9-17)։ Պետրոս առաքեալ նոյն համարը մէջբերեց, երբ կը խօսէր ‘Երուսաղէմի մէջ մէկտեղ հաւաքուած իշխաններուն եւ ծերերուն ու դպիրներուն’։ Ան նշեց. «Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսը. . . որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց»։ Ետքը, ան ըսաւ. «Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ» (Գործք 3։15. 4։5-11. Ա. Պետ. 2։5-7)։
9. Սաղմոս 118։22–ին մէջ ի՞նչ մարգարէացուած էր։
9 Յստակ է թէ Սաղմոս 118։22–ը հարիւրաւոր տարիներ առաջուընէ մարգարէացաւ, որ յարութիւն մը պիտի ըլլար։ Մեսիան պիտի մերժուէր ու մեռնէր, բայց յարութիւն առնելով անկիւնին գլուխը պիտի դառնար։ Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս եղաւ միակ անձը, որուն անունը «մարդոց մէջ տրուած [է], որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12. Եփ. 1։20)։
10. ա) Սաղմոս 16։10–ը ի՞նչ մարգարէացաւ։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Սաղմոս 16։10–ը Դաւիթին չէր ակնարկեր։
10 Նկատի առնենք ուրիշ համար մը յարութեան մը մասին, որ կատարուեցաւ աւելի քան հազար տարի ետք։ Ասիկա պէտք է մեր վստահութիւնը աւելցնէ, թէ յարութիւն կրնայ տեղի ունենալ՝ մարգարէացուելէն երկա՜ր տարիներ ետք։ Սաղմոս 16–ին մէջ Դաւիթ կ’ըսէ. «Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս» (Սաղ. 16։10)։ Դաւիթ ինքն իր մասին չէր ըսեր որ բնա՛ւ պիտի չմեռնէր կամ գերեզմանին մէջ պիտի չըլլար։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ ան ծերացաւ ու մեռաւ եւ «իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ» (Գ. Թագ. 2։1, 10)։ Ուրեմն, այս համարը որո՞ւ կ’ակնարկէ։
11. Պետրոս ե՞րբ բացատրեց Սաղմոս 16։10–ը։
11 Դաւիթ այս սաղմոսը գրելէն աւելի քան հազար տարի ետք, Պետրոս բացատրեց որ Սաղմոս 16։10–ը որո՛ւն կ’ակնարկէր։ Յիսուսին մեռնելէն եւ յարութիւն առնելէն քանի մը շաբաթ ետք, Պետրոս խօսեցաւ հազարաւոր հրեաներու եւ նորահաւատներու (կարդա՛ Գործք 2։29-32)։ Ան ըսաւ որ Դաւիթ իրապէս մեռած ու թաղուած էր։ Մտիկ ընողները այս բանը գիտէին։ Նաեւ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ անոնցմէ մէկը չհամաձայնեցաւ, երբ Պետրոս ըսաւ որ Դաւիթ «կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար»։
12. Սաղմոս 16։10–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ, եւ ատիկա ի՞նչ կը վստահեցնէ յարութեան խոստումին մասին։
12 Պետրոս առաքեալ իր ըսածը հաստատեց, մէջբերելով Դաւիթին խօսքը Սաղմոս 110։1–ին մէջ (կարդա՛ Գործք 2։33-36)։ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ Պետրոսին տուած պատճառաբանութիւնը օգնեց, որ մեծ ամբոխը համոզուի որ Յիսուս թէ՛ «Տէր» է եւ թէ «Օծեալ»։ Անոնք ընդունեցին որ Սաղմոս 16։10–ը կատարուեցաւ, երբ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առաւ։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ նոյն փաստը գործածեց, երբ խօսեցաւ Պիսիդիայի Անտիոք քաղաքի հրեաներուն։ Այս փաստը տպաւորեց զիրենք եւ ուզեցին աւելին լսել (կարդա՛ Գործք 13։32-37, 42)։ Ատիկա մեզ ալ պէտք է համոզէ, թէ ապագայ յարութեան մասին Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները վստահելի էին, հակառակ որ հարիւրաւոր տարիներ ետք կատարուեցան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ե՞ՐԲ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
13. Թերեւս ի՞նչ հարցումներ հարցնենք յարութեան մասին։
13 Պէտք է քաջալերուինք գիտնալով որ յարութիւն կրնայ տեղի ունենալ՝ մարգարէացուելէն հարիւրաւոր տարիներ ետք։ Բայց թերեւս տակաւին մէկը հարցնէ. ‘Ուրեմն թերեւս պէտք ըլլայ որ երկա՞ր ժամանակ սպասեմ սիրելիի մը յարութեան։ Իմ յուսացած յարութիւնը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ’։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, որ կային բաներ որ չէին գիտեր, Գործք 1։6, 7. Յովհ. 16։12)։ Բայց ունինք կարգ մը տեղեկութիւններ, թէ յարութիւնը ե՛րբ պիտի ըլլայ։
ոչ ալ կրնային գիտնալ։ Այն «ժամերը եւ ժամանակները. . . որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ», ունին մանրամասնութիւններ որ չենք գիտեր (14. Յիսուսին յարութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր էր նախկին յարութիւններէն։
14 Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած ամէնէն կարեւոր յարութիւնը՝ Յիսուսին յարութիւնն է։ Եթէ ան մեռելներէն յարութիւն չառնէր, մեզմէ ո՛չ մէկը յոյս պիտի ունենար, որ նորէն տեսնէ իր սիրելիները, որոնք մահացած են։ Անոնք որոնք Յիսուսէն առաջ յարութիւն առին, ինչպէս՝ Եղիային եւ Եղիսէին յարուցանած անձերը, յաւիտեան չապրեցան։ Անոնք դարձեալ մեռան եւ գերեզմանին մէջ հող դարձան։ Բայց Յիսուս «մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ նորէն չի՛ մեռնիր, ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն չունի»։ Ան երկինքին մէջ «յաւիտեանս յաւիտենից» կ’ապրի (Հռով. 6։9. Յայտ. 1։5, 18. Կող. 1։18. Ա. Պետ. 3։18)։
15. Յիսուս ինչո՞ւ կոչուած է «առաջին պտուղը»։
15 Յիսուս առաջին անհատն էր որ յարութիւն առնելով երկինք ելաւ որպէս հոգեղէն անձ։ Ասիկա ամէնէն կարեւոր յարութիւնն է (Գործք 26։23)։ Բայց ան միակը չէ որ յարութիւն առնելով երկինք կ’ելլէ։ Յիսուս խոստացաւ որ իր հաւատարիմ առաքեալները իրեն հետ թագաւորեն երկինքին մէջ (Ղուկ. 22։28-30)։ Բայց որպէսզի ասիկա իրականանար, անոնք նախ պէտք էր որ մեռնէին։ Ետքը, անոնք յարութիւն պիտի առնէին հոգեղէն մարմինով։ Պօղոս գրեց որ «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»։ Ան նշեց որ ուրիշներ ալ յարութիւն առնելով երկինք պիտի ելլէին։ Ետքը, ան ըսաւ. «Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու [«ներկայութեան», ՆԱ] ատենը» (Ա. Կոր. 15։20, 23)։
16. Ի՞նչ բան կը ցուցնէ թէ երկնային յարութիւնը ե՛րբ պիտի ըլլար։
16 Պօղոսին ըսածը մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ երկնային յարութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենար։ Ատիկա տեղի պիտի ունենար Քրիստոսին «ներկայութեան ատենը»։ Եհովայի վկաները երկար տարիներ առաջ Սուրբ Գիրքէն փաստած են, թէ Քրիստոսին «ներկայութիւնը» սկսաւ 1914–ին։ Տակաւին կ’ապրինք իր «ներկայութեան» ընթացքին, եւ այս չար աշխարհին վերջը շատ մօտ է։
17, 18. Կարգ մը օծեալներու ի՞նչ պիտի պատահի Քրիստոսին ներկայութեան ընթացքին։
17 Սուրբ Գիրքը նաեւ մանրամասնութիւններ կու տայ երկնային յարութեան մասին. «Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով. . . Ա. Թես. 4։12-16)։
եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ. . . եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ] ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով. . . երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք» (18 Երկնային յարութիւնը տեղի պիտի ունենար Քրիստոսին «ներկայութիւնը» սկսելէն ժամանակ մը ետք։ Այն օծեալները, որոնք մեծ նեղութեան ընթացքին երկրի վրայ են, ‘ամպերով պիտի յափշտակուին’։ ‘Յափշտակուողները’ պիտի չննջեն, այսինքն՝ երկար ժամանակ մահացած պիտի չմնան։ Անոնք ‘ամէնքն ալ պիտի փոխուին, յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը’ (Ա. Կոր. 15։51, 52. Մատ. 24։31)։
19. «Լաւագոյն յարութիւնը» ի՞նչ է։
19 Ներկայիս, հաւատարիմ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը օծեալ չէ եւ ընտրուած չէ Քրիստոսին հետ իշխելու երկինքին մէջ։ Անոնք «Տէրոջը օրուան» կը սպասեն, երբ Եհովան այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Ո՛չ մէկը գիտէ թէ վերջը ե՛րբ պիտի գայ, բայց յստակ է թէ ատիկա մօտ է (Ա. Թես. 5։1-3)։ Երբ Աստուծոյ նոր աշխարհը գայ, ուրիշ տեսակի յարութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։ Մարդիկ յարութիւն առնելով դրախտային երկրի վրայ պիտի ապրին, եւ յոյս պիտի ունենան որ կատարեալ ըլլան եւ անգամ մըն ալ չմեռնին։ Ատիկա վստահաբար «լաւագոյն յարութիւնը» պիտի ըլլայ, բաղդատելով այն անձերուն յարութեան հետ, որոնք անցեալին յարութիւն առին բայց ժամանակ մը ետք դարձեալ մահացան (Եբ. 11։35)։
20. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ յարութիւնը կազմակերպուած պիտի ըլլայ։
20 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ երկնային յարութիւն առնողները՝ «ամէն մէկը իր կարգովը» կը յարուցանուի (Ա. Կոր. 15։23)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ երկրային յարութիւնն ալ կազմակերպուած կերպով տեղի պիտի ունենայ։ Այս յոյսը մեր հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Արդեօք վերջերս մահացողները Քրիստոսին հազարամեայ իշխանութեան սկի՞զբը յարութիւն պիտի առնեն եւ իրենց ծանօթները զիրենք պիտի դիմաւորեն։ Արդեօք անցեալի հաւատարիմ մարդիկը, որոնք կարող առաջնորդներ էին, աւելի կանո՞ւխ յարութիւն պիտի առնեն, որպէսզի օգնեն Աստուծոյ ժողովուրդը կազմակերպելու նոր աշխարհին մէջ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն մարդոց, որոնք բնա՛ւ չծառայեցին Եհովային։ Անոնք ե՞րբ եւ ո՞ւր յարութիւն պիտի առնեն։ Թերեւս ասոնց պէս շատ մը հարցումներ մեր միտքէն անցնին։ Բայց խօսքին բացը, պէտք կա՞յ որ հի՛մա մեր միտքին մէջ առնենք–տանք այս բաներուն մասին։ Աւելի լաւ չ’ը՞լլար որ սպասենք ու տեսնենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ անձամբ տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի ընէ այս բաները։
21. Ի՞նչ յոյս ունիս։
21 Մինչ այդ, պէտք է մեր հաւատքը զօրացնենք Եհովային հանդէպ, որ Յիսուսին միջոցաւ մեզի խոստացաւ որ Իր յիշողութեան մէջ եղող մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Յովհ. 5։28, 29. 11։23)։ Յիսուս անգամ մը ըսաւ որ Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ «կենդանի են» Եհովային աչքին, եւ այսպիսով փաստեց թէ Եհովան կրնա՛յ մեռելները յարուցանել (Ղուկ. 20։37, 38)։ Յստակ է թէ շատ պատճառներ ունինք, որ Պօղոսին պէս ըսենք. «Յոյս ունիմ առ Աստուած. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15)։