Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Ամուսնացած քրիստոնեաները կրնա՞ն ներարգանդային պարոյրը գործածել որպէս հակաբեղմնաւորիչ։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ զոյգ պէտք է ուշադրութեամբ նկատի առնէ, թէ ներարգանդային պարոյրը (IUD) ինչպէ՛ս կը գործէ եւ Սուրբ Գիրքին ո՛ր սկզբունքները կը կիրարկուին այս նիւթին շուրջ։ Ետքը, անոնք որոշում մը պէտք է առնեն, որ իրենց խիղճը հանգիստ կը պահէ Եհովային առջեւ։

Եհովան հետեւեալ պատուէրը տուաւ Ադամին ու Եւային, եւ յետագային՝ Նոյին ու իր ընտանիքին. «Աճեցէք ու շատցէք» (Ծն. 1։28. 9։1)։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ այս պատուէրը քրիստոնեաներուն ալ կը կիրարկուի։ Ուրեմն, ամէն մէկ զոյգ ի՛նք կ’որոշէ, թէ որոշ հակաբեղմնաւորիչ (birth control կամ contraceptive) պիտի գործածէ՛ կամ ոչ, որպէսզի իրենց ընտանիքի անդամներուն թիւը սահմանափակեն, կամ որպէսզի իրե՛նց ուզած ժամանակին պզտիկ բերեն։ Անոնք ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնեն։

Քրիստոնեաները պէտք է Սուրբ Գիրքին սկզբունքները նկատի առնելով որոշեն, թէ ո՛ր հակաբեղմնաւորիչ կերպը կ’ուզեն գործածել։ Այս պատճառով է որ վիժումը չեն նկատեր հակաբեղմնաւորիչ կերպ։ Դիտումնաւոր վիժումը վերջ կը դնէ յղութեան մը, որ եթէ շարունակուէր, բնականաբար մարդ արարած մը մէջտեղ կը բերէր։ Վիժումը կը հակառակի Սուրբ Գիրքին ըսածին, որ պէտք է յարգենք մարդկային կեանքը (Ել. 20։13. 21։22, 23. Սաղ. 139։16. Եր. 1։5)։ Ի՞նչ կրնանք ըսել ներարգանդային պարոյր գործածելուն մասին։

Այս նիւթը խօսուած է Դիտարան–ի 15 մայիս 1979 թիւին մէջ, էջ 30-31 (անգլերէն)։ Այդ ժամանակ շատ գործածուող ներարգանդային պարոյրներուն մեծամասնութիւնը փլասթիք առարկաներ էին, որոնք կը դրուէին արգանդին մէջ, որպէսզի արգիլեն յղութիւնը։ Յօդուածը ըսաւ որ լման չէ գիտցուած, թէ ատոնք ճիշդ ինչպէ՛ս կը գործեն։ Շատ մը մասնագէտներ ըսին, որ ատոնք չեն ձգեր որ սերմնաբջիջը հասնի ձուիկին եւ զայն բեղմնաւորէ։ Եթէ բեղմնաւորում չպատահի, նոր կեանք մը չի սկսիր։

Բայց որոշ փաստեր ցուցուցին, թէ ատեն–ատեն կրնայ պատահիլ որ ձուիկը բեղմնաւորուի։ Բեղմնաւորուած ձուիկը կրնար Ֆալլոփեան փողին մէջ աճիլ (արտարգանդային յղութիւն [ectopic pregnancy]), կամ ալ կրնար արգանդ երթալ։ Եթէ արգանդ հասնէր, ներարգանդային պարոյրը կրնար արգելք ըլլալ, որ արգանդին պատին մէջ մխրճուէր, եւ այսպիսով յղութիւնը վերջ պիտի գտնէր։ Ասիկա վիժումի պէս պիտի ըլլար։ Յօդուածը վերջաւորութեան ըսաւ. «Այն անկեղծ քրիստոնեան, որ կը մտածէ ներարգանդային պարոյր գործածել, պէտք է լրջօրէն այս տեղեկութիւնները նկատի առնէ՝ հիմնուելով Սուրբ Գիրքին ըսածին վրայ, թէ կեանքը սուրբ է» (Սաղ. 36։9

Բայց արդեօք գիտական կամ բժշկական մեծ զարգացումներ եղա՞ծ են 1979–էն ի վեր, երբ այդ յօդուածը հրատարակուեցաւ։

Մեր օրերուն մատչելի են ուրիշ երկու տեսակ ներարգանդային պարոյրներ ալ։ Մէկը իր մէջը ունի պղինձ, եւ 1988–ին արդէն շատ կը գործածուէր Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Միւսը հորմոն մը կ’արձակէ, եւ 2001–ին սկսաւ ծախուիլ։ Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունինք, թէ այս երկու տեսակները ինչպէ՛ս կը գործեն։

Պղինձ. Ինչպէս որ նշեցինք, ներարգանդային պարոյրը չի ձգեր որ սերմնաբջիջը դիւրութեամբ ողջ անցնի արգանդէն եւ հասնի ձուիկին։ Ասկէ զատ, պղինձ պարունակող ներարգանդային պարոյրներուն պարագային, այնպէս կ’երեւի թէ պղինձը թունաւոր է սերմնաբջիջին համար եւ զայն կը սպաննէ *։ Նաեւ, կ’ըսուի թէ այս տեսակի ներարգանդային պարոյրները կը պատճառեն որոշ փոփոխութիւններ արգանդին պատին մէջ։

Հորմոն. Տեսակաւոր ներարգանդային պարոյրներ կան, որոնք ունին նոյն հորմոնը, որ կը գտնուի հակաբեղմնաւորիչ դեղահատերուն մէջ։ Այս պարոյրները կը գործեն հին պարոյրներուն պէս, բայց նաեւ հորմոնը կ’արձակեն արգանդին մէջ։ Կարգ մը կիներու պարագային, ասիկա չի ձգեր որ ձուազատում (ovulation) տեղի ունենայ։ Անշուշտ, եթէ ձուիկը չարձակուի, չի կրնար բեղմնաւորուիլ։ Այս պարոյրներուն պարունակած հորմոնը նաեւ արգանդին պատը կը բարակցնէ *։ Ասկէ զատ, ատիկա վզիկին (cervix) լորձնահիւթը (mucus) կը հաստցնէ, ինչ որ արգելք կ’ըլլայ սերմնաբջիջին որ իգափողէն (vagina) արգանդ անցնի։

Ինչպէս որ նշեցինք, այնպէս կ’երեւի թէ ներարգանդային պարոյրներուն երկու տեսակներն ալ որոշ փոփոխութիւններ կը պատճառեն արգանդին պատին մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ որ եթէ կնոջ մը ձուիկը արձակուի եւ բեղմնաւորուի, կրնայ արգանդ մտնել բայց պիտի չկարենայ պատին մէջ մխրճուիլ, եւ այսպէս յղութիւնը կանուխէն վերջ կը գտնէ։ Սակայն գիտնականները կ’ըսեն, որ ասիկա շատ քիչ կը պատահի, եւ նոյն բանը երբեմն կրնայ պատահիլ հակաբեղմնաւորիչ դեղահատերուն պարագային։

Ուրեմն, ո՛չ մէկը կրնայ ամենայն վստահութեամբ ըսել, որ պղինձ կամ հորմոն պարունակող պարոյրները բնա՛ւ չեն ձգեր, որ ձուիկը բեղմնաւորուի։ Բայց գիտական փաստերը կը ցուցնեն, թէ քանի որ այս պարոյրները վերը նշուած կերպերով կը գործեն, շատ քիչ կը պատահի որ կինը յղի մնայ։

Այն քրիստոնեայ զոյգը որ կ’ուզէ ներարգանդային պարոյր գործածել, կրնան իրենց բժիշկին հետ ասիկա քննարկել։ Ան կրնայ իրենց ըսել, թէ ո՛ր պարոյրները մատչելի են իրենց շրջանին մէջ, եւ թէ ատոնք ի՛նչ օգուտներ եւ վնասներ կրնան ունենալ կնոջ համար։ Զոյգը պէտք չէ ձգէ որ երրորդ անձ մը,– ո՛չ ալ բժիշկը,– որոշէ թէ ի՛նչ պիտի ընեն (Հռով. 14։12. Գաղ. 6։4, 5)։ Ասիկա անձնական որոշում մըն է, որ որպէս զոյգ պէտք է կայացնեն։ Անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ Աստուած հաճեցնել եւ մաքուր խղճմտանք ունենալ իր առջեւ (համեմատէ՛ Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19. Բ. Տիմոթէոս 1։3

^ պարբ. 4 Անգլիոյ National Health Service–էն հրատարակուած ուղեցոյց մը կը նշէ. «Աւելի պղինձ ունեցող ներարգանդային պարոյրները ազդու են աւելի քան 99 առ հարիւր։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ամէն տարի, ներարգանդային պարոյր գործածող կիներուն նուազ քան 1 առ հարիւրը յղի կը մնայ։ Աւելի քիչ պղինձ ունեցող ներարգանդային պարոյրները աւելի քիչ ազդու են»։

^ պարբ. 5 Քանի որ հորմոն պարունակող ներարգանդային պարոյրները կը բարակցնեն արգանդին պատը, ատեններ բժիշկները կը թելադրեն որ զօրաւոր դաշտան ունեցող կիները կամ չամուսնացած աղջիկները զանոնք գործածեն։