Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Քրիստոսին հետեւելու համար՝ ետեւս ձգած եմ շատ մը բաներ

Քրիստոսին հետեւելու համար՝ ետեւս ձգած եմ շատ մը բաներ

«Եթէ քարոզելու ելլես, տուն մի՛ վերադառնար։ Եթէ վերադառնաս, ոտքերդ կը կոտրեմ»։ Որոշեցի ձգել–քալել, մինչ հօրս խօսքերը ականջիս մէջ կը հնչէին։ Ասիկա առաջին անգամն էր, որ Քրիստոսին հետեւելու համար ետեւս կը ձգեմ բան մը։ Այդ ժամանակ միայն 16 տարեկան էի։

ԻՆՉՊԷ՞Ս հասայ այդ կէտին։ Բացատրեմ։ Ծնած եմ 29 յուլիս 1929–ին եւ մեծցած եմ Ֆիլիփիններու Պուլաքան նահանգին մէկ գիւղին մէջ։ Գիւղական կեանքը պարզ էր, քանի որ տնտեսական նեղութիւն կար։ Երբ պատանի էի, պատերազմ սկսաւ։ Ճափոնական բանակը յարձակեցաւ Ֆիլիփիններուն վրայ, բայց մեր գիւղը բաւական հեռու շրջանի մէջ ըլլալով՝ կռիւ չտեսաւ։ Չունէինք ռատիօ, հեռատեսիլ ու լրագիրներ, եւ այս պատճառով՝ միայն բերնէ բերան կ’առնէինք պատերազմին լուրերը։

Մենք ութ զաւակ էինք, եւ ես երկրորդն էի։ Երբ ութ տարեկան էի, սկսայ ապրիլ մեծ հօրս ու մեծ մօրս քով։ Թէեւ կաթողիկէ էինք, բայց մեծ հայրս կրօնքի կողմանէ «քառակուսի գլուխ» չէր, եւ իր բարեկամներուն տուած կրօնական հրատարակութիւնները կ’առնէր։ Կը յիշեմ թէ ինծի ցուցուց Սուրբ Գիրքը եւ Ապահովութիւն, Պաշտպանութիւն ու Քօղազերծուած գրքոյկները թակալերէն լեզուով *։ Շատ կը սիրէին Սուրբ Գիրքը կարդալ, մանաւանդ՝ չորս Աւետարանները։ Ասիկա ձգեց որ ուզեմ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ (Յովհ. 10։27

ՍՈՐՎԵՑԱՅ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼ

1945–ին, ճափոնական բանակը քաշուեցաւ Ֆիլիփիններէն։ Այդ ժամանակ, ծնողքս ուզեց որ տուն վերադառնամ։ Մեծ հայրս զիս քաջալերեց որ երթամ, ես ալ գացի։

Շատ չանցած՝ դեկտեմբեր 1945–ին, Անկադ գիւղաքաղաքէն խումբ մը Եհովայի վկաներ եկան քարոզելու մեր գիւղին մէջ։ Տարեց Վկայ մը մեր տունը եկաւ եւ բացատրեց, թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ «վերջին օրեր»ուն մասին (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Ան մեզ հրաւիրեց որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ներկայ գտնուինք մօտակայ գիւղի մը մէջ։ Ծնողքս չգացին, բայց ես գացի։ Հոն շուրջ 20 հոգի կային եւ ոմանք Սուրբ Գիրքէն հարցումներ կը հարցնէին։

Չէի հասկնար ամէն բան որ կը խօսէին հոն, եւ հազիւ որ որոշեցի ձգել–երթալ՝ սկսան Թագաւորութեան երգ մը երգել։ Շատ տպաւորուեցայ երգով եւ որոշեցի մնալ։ Երգէն եւ աղօթքէն ետք, բոլորը հրաւիրուեցան ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենար յաջորդ կիրակի, Անկադի մէջ։

Մեզմէ շատեր շուրջ 8 քմ. քալեցին, որպէսզի Քրուս ընտանիքին տան մէջ տեղի ունենալիք ժողովին ներկայ ըլլան։ Տպաւորուեցայ որ ներկայ եղող 50 անհատներուն մէջ կային պզտիկներ, որոնք խորունկ սուրբգրային նիւթերու մասին պատասխան կու տային։ Քանի մը անգամ ժողովի երթալէս ետք, եղբայր Տամիան Սանթօս, որ տարեց ռահվիրայ մըն էր եւ նախապէս քաղաքապետ էր, ինծի առաջարկեց որ իրիկունը հոն մնամ։ Այդ գիշերը անցուցինք Սուրբ Գիրքին մասին խօսելով։

Այդ օրերուն, շատեր շուտով կ’ընդառաջէին երբ Սուրբ Գիրքին հիմնական ճշմարտութիւնները սորվէին։ Միայն քանի մը ժողովի ներկայ ըլլալէս ետք, եղբայրները ինծի եւ ուրիշներուն հարցուցին. «Կ’ուզե՞ս մկրտուիլ»։ Պատասխանս «այո» էր։ Գիտէի որ կ’ուզէի ‘Տէր Քրիստոսին ծառայել’ (Կող. 3։24)։ Մօտակայ գետ մը գացինք եւ ես ու ուրիշ մը մկրտուեցանք 15 փետրուար 1946–ին։

Հասկցած էի որ որպէս մկրտուած քրիստոնեաներ, պէտք էր կանոնաւորաբար քարոզէինք Յիսուսին պէս։ Բայց հայրս ասկէ ուրախ չմնաց, եւ ըսաւ. «Շատ պզտիկ ես որ քարոզես։ Իսկ գետին մէջ թաթխուելով քարոզիչ չես ըլլար»։ Իրեն բացատրեցի որ Աստուծոյ կամքն է, որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք (Մատ. 24։14)։ Նաեւ ըսի. «Պէտք է Աստուծոյ ըրած ուխտս կատարեմ»։ Այդ վայրկեանին, հայրս սկիզբը նշուած խօսքը ըսաւ։ Ան իր միտքը դրած էր որ զիս արգիլէ քարոզելէ։ Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով ետեւս ձգեմ բան մը, որպէսզի հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեմ։

Քրուս ընտանիքը զիս հրաւիրեց որ իրենց հետ ապրիմ Անկադի մէջ։ Անոնք նաեւ զիս եւ իրենց աղջիկը՝ Նորան քաջալերեցին, որ ռահվիրայ ըլլանք։ Երկուքս ռահվիրայութեան սկսանք 1 նոյեմբեր 1947–ին։ Նորան ուրիշ գիւղաքաղաքի մը մէջ կը քարոզէր, մինչ ես շարունակեցի քարոզել Անկադի մէջ։

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԵՏԵՒՍ ԿԸ ՁԳԵՄ ՈՐՈՇ ԲԱՆԵՐ

Ռահվիրայութեանս երրորդ տարին, մասնաճիւղէն եղբայր մը՝ Ըրլ Սթիուըրդ, դասախօսութիւն մը տուաւ աւելի քան 500 հոգիի առջեւ, Անկադի հրապարակին մէջ։ Ան անգլերէն խօսեցաւ, իսկ ես թակալերէնով տուի դասախօսութեան ամփոփումը։ Թէեւ միայն եօթը տարի ուսում առած էի, բայց քանի որ ուսուցիչներս շատ անգամներ անգլերէն կը խօսէին, անգլերէնս զօրացած էր։ Ուրիշ բան մըն ալ ինծի օգնած էր ասոր մէջ, այդ ալ՝ թակալերէնով շատ քիչ հրատարակութիւններ ունենալն էր։ Այս պատճառով, շատ մը հրատարակութիւններ կը կարդայի անգլերէնով։ Անգլերէնս բաւական զօրացած էր, որ կրցայ թարգմանել այդ դասախօսութիւնը եւ ատոր պէս ուրիշներ այլ առիթներով։

Այդ օրը որ եղբայր Սթիուըրդին դասախօսութիւնը թարգմանեցի, ան տեղական ժողովքին ըսաւ, որ մասնաճիւղը կ’ուզէր մէկ–երկու եղբայր հրաւիրել, որ Բեթէլին մէջ ծառայեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի տեղը գոցեն այն միսիոնարներուն, որոնք ԱՄՆ–ի Նիւ Եորք նահանգը պիտի երթային, որպէսզի ներկայ ըլլան 1950–ի «Աստուածպետութեան յաւելում» բնաբանով համաժողովին։ Ես ալ հրաւիրուեցայ։ Անգամ մը եւս, ետեւս ձգեցի իմ գիտցած եղբայրներ–քոյրերս եւ միջավայրս, որպէսզի այս անգամ ծառայեմ Բեթէլին մէջ։

19 յունիս 1950–ին եկայ Բեթէլ եւ սկսայ նոր նշանակումս։ 1 հեկտար տարածութեամբ հողի մը վրայ գտնուող Բեթէլը՝ մեծ եւ հին տուն մըն էր եւ մեծ ծառերով շրջապատուած էր։ Շուրջ 12 ամուրի եղբայրներ կը ծառայէին հոն։ Առտու կանուխ կը ծառայէի խոհանոցին մէջ։ Ետքը, շուրջ ժամը իննին՝ լուացքատան մէջ հագուստ կ’արդուկէի։ Կէսօրէ ետք, գրեթէ նոյն բաները կ’ընէի։ Շարունակեցի Բեթէլին մէջ ծառայել նոյնիսկ երբ միսիոնարները վերադարձան միջազգային համաժողովէն։ Պարբերաթերթերը կը փաթթէի՝ փոստով ուղարկելու համար, բաժանորդագրութիւններուն հոգ կը տանէի եւ որպէս ընդունարար կը ծառայէի։ Ի՛նչ որ ինձմէ խնդրուէր՝ կ’ընէի։

ՖԻԼԻՓԻՆՆԵՐԸ ՁԳԵԼՈՎ ԳԱՑԻ ԳԱՂԱԱԴԻ ԴՊՐՈՑԸ

1952–ին, շատ ուրախացայ երբ ես եւ Ֆիլիփիններու մէջ ուրիշ վեց եղբայրներ հրաւիրուեցանք Գաղաադի դպրոցին 20–րդ դասարանին։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեսանք շատ մը բաներ, որոնք մեզի համար նոր եւ տարօրինակ էին։ Ատոնք իրապէս տարբեր էին այդ բաներէն, որոնց վարժուած էի մեր պզտիկ գիւղին մէջ։

Գաղաադի դասընկերներուս հետ

Օրինակ, պէտք էր սորվէինք մեզի ծանօթ չեղող գործիքներ գործածել։ Եւ անշուշտ օդն ալ տարբեր էր։ Առտու մը, դուրս ելայ եւ ճեփ–ճերմակ աշխարհ մը տեսայ։ Առաջին անգամն էր որ ձիւն կը տեսնէի։ Ետքը, անդրադարձայ որ ձիւնը պաղ էր,– շատ պաղ էր։

Բայց այդ տարբերութիւնները աչքիս չերեւցան, մինչ կը վայելէի Գաղաադի մէջ ստացած մարզումս։ Ուսուցիչները սորվեցնելու ազդու մեթոտներ կը գործածէին։ Սորվեցանք իմաստալից կերպով պրպտում ընել եւ սերտել։ Գաղաադին մէջ ստացած մարզումս շատ օգնեց ինծի որ հոգեւորութիւնս զարգացնեմ։

Երբ աւարտեցի, ժամանակաւորապէս նշանակուեցայ մասնաւոր ռահվիրայ՝ Նիւ Եորք Սիթիի Պրանքս շրջանին մէջ։ Այսպիսով, յուլիս 1953–ին՝ կրցայ ներկայ ըլլալ «Նոր աշխարհի ընկերութիւն» բնաբանով համաժողովին, որ նոյն շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ։ Համաժողովէն ետք, նշանակում ստացայ Ֆիլիփիններուն մէջ։

ՔԱՂԱՔԻՆ ՀԱՆԳԻՍՏ ԿԵԱՆՔԸ ՁԳԵՑԻ

Մասնաճիւղի եղբայրները ըսին. «Հիմա շրջանային գործով պիտի զբաղիս»։ Ասիկա ուրիշ առիթ մըն էր, որ բառացիօրէն հետեւիմ Քրիստոսին քայլերուն, որ հեռաւոր գիւղեր ու քաղաքներ կը ճամբորդէր, որպէսզի Եհովայի ոչխարներուն օգնէր (Ա. Պետ. 2։21)։ Նշանակուեցայ շրջան մը, որ կը ծածկէր Ֆիլիփիններուն ամէնէն մեծ կղզիին՝ Լուզանին կեդրոնին մեծ մասը, որուն մէջ կային Պուլաքան, Նուեվա Եսիհա, Դարլագ եւ Զամպալես նահանգները։ Կարգ մը գիւղեր երթալու համար պէտք էր կտրէի խորտուբորտ Սիէռա Մադրէ լեռները։ Այդ տեղերը հասնելու համար հանրային փոխադրամիջոցներ չկային։ Այս պատճառով, բեռնակառք քշողներուն կը հարցնէի, թէ կրնայի՞ նստիլ այն գերաններուն վրայ, որ իրենց մեծ բեռնակառքերուն մէջ կը դիզէին։ Շատ անգամներ կը ձգէին որ նստիմ, բայց ատիկա շատ ալ հանգիստ փոխադրամիջոց մը չէր։

Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը պզտիկ ու նոր էր։ Այս պատճառով, եղբայրները կը գնահատէին, երբ իրենց օգնէի աւելի ազդուօրէն կազմակերպելու ժողովները եւ ծառայութիւնը։

Ետքը, նշանակուեցայ շրջան մը, որ կը ծածկէր ամբողջ Պիքոլ շրջանը։ Ատոր մեծամասնութիւնը հեռաւոր խումբեր էին, ուր մասնաւոր ռահվիրաները կը բանային չծառայուած թաղամասեր։ Տան մը մէջ, միակ արտաքնոցը որ կար՝ գետնին մէջ փոս մըն էր, որուն վրայ երկու տախտակներ դրուած էին։ Երբ տախտակներուն վրայ կոխեցի, փոսին մէջ ինկան եւ ես ալ ատոնց հետ ինկայ։ Ժամանակ առաւ որ ինքզինքս մաքրեմ եւ պատրաստուիմ նախաճաշի։

Այդ նշանակումին ընթացքին էր որ սկսայ մտածել Նորային մասին, որ սկսած էր ռահվիրայութիւն ընել Պուլաքանին մէջ։ Այդ ատեն, ան արդէն իսկ մասնաւոր ռահվիրայ էր Տումակէյթէ Սիթիին մէջ։ Գացի զինք տեսնելու եւ ատկէ ետք սկսանք իրարու նամակ գրել որոշ ժամանակ մը, եւ 1956–ին ամուսնացանք։ Մեր ամուսնութեան առաջին շաբաթը այցելեցինք Ռաբու Ռաբու կղզիին մէկ ժողովքին։ Հոն, ստիպուեցանք լեռները մագլցիլ եւ շատ քալել։ Բայց մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր, որ որպէս զոյգ ծառայենք հեռաւոր տեղեր գտնուող եղբայրներուն։

ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻՄ ԲԵԹԷԼԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ

Շրջագայական գործին մէջ գրեթէ չորս տարի անցընելէ ետք, հրաւիրուեցանք մասնաճիւղին մէջ ծառայելու։ Յունուար 1960–ին սկսանք Բեթէլի մեր ծառայութիւնը, որ երկար տարիներ պիտի տեւէր։ Ժամանակի ընթացքին շատ բաներ սորված եմ այն եղբայրներէն, որոնք ծանր պատասխանատուութիւններ կը շալկեն։ Իսկ Նորան տարբեր–տարբեր նշանակումներ ստացած է Բեթէլին մէջ։

Համաժողովի մը ընթացքին դասախօսութիւն կու տամ եւ մէկը կը թարգմանէ սեպուաներէնի

Բեթէլին մէջ ըլլալուս շնորհիւ, առանձնաշնորհում ունեցած եմ, որ հոգեւոր մեծ աճումը տեսնեմ Ֆիլիփիններուն մէջ։ Երբ առաջին անգամ Բեթէլ եկայ որպէս երիտասարդ ամուրի եղբայր, շուրջ 10,000 հրատարակիչներ կային ամբողջ երկրին մէջ։ Հիմա, աւելի քան 200,000 հրատարակիչներ կան, եւ հարիւրաւոր բեթէլականներ թիկունք կը կանգնին քարոզչական գործունէութիւններուն։

Տարիներու ընթացքին գործը աւելցաւ, եւ Բեթէլը այլեւս պզտիկ էր՝ նայած գործին։ Ետքը, Կառավարիչ մարմինը մեզմէ խնդրեց որ փնտռենք հող մը, որուն վրայ կրնանք նոր եւ աւելի մեծ կառոյց մը շինել։ Տպարանին տեսուչը եւ ես գացինք մասնաճիւղին շուրջը գտնուող ամէն մէկ տուն, ուր շատ մը չինացիներ կ’ապրէին, եւ հարցուցինք թէ արդեօք կ’ուզէի՞ն իրենց ստացուածքը ծախել։ Ո՛չ մէկը կ’ուզէր։ Չինացի մը նոյնիսկ ըսաւ. «Չինացիները չեն ծախեր. կը գնե՛ն»։

Եղբայր Ալպերթ Շրոտըրին մէկ դասախօսութիւնը կը թարգմանեմ

Բայց օր մը, կալուածատէր մը անակնկալօրէն հարցուց որ կ’ուզէի՞նք իր հողը գնել, քանի որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փոխադրուէր։ Ետքը, ետեւ–ետեւի պատահեցան զարմանալի բաներ։ Ուրիշ դրացի մը որոշեց ծախել, եւ իր շուրջիններն ալ համոզեց որ ծախեն։ Նոյնիսկ կրցանք գնել այն մարդուն ստացուածքը, որ մեզի ըսած էր՝ «Չինացիները չեն ծախեր»։ Կարճ ժամանակուան մը մէջ, մասնաճիւղին ստացուածքը աւելի քան երեք անգամը եղած էր։ Համոզուած եմ որ Եհովա Աստուծոյ կամքն էր ասիկա։

1950–ին, Բեթէլի ընտանիքին ամէնէն պզտիկ անդամն էի։ Հիմա, ես ու կինս ամէնէն մեծ անդամներն ենք։ Չեմ զղջար որ Քրիստոսին հետեւած եմ ուր որ զիս առաջնորդած է։ Ճիշդ է որ ծնողքս զիս տունէն դուրս դրին, բայց Եհովան ինծի տուած է հաւատակիցներու մեծ ընտանիք մը։ Ո՛չ մէկ կասկած ունիմ, որ Եհովան մեզի կու տայ ամէն ինչ որ մեզի պէտք է, ի՛նչ նշանակում ալ ստանանք։ Նորան եւ ես շատ շնորհակալ ենք Եհովայէն իր տուած բոլոր բաներուն համար, եւ ուրիշները կը քաջալերենք որ Եհովան փորձեն (Մաղ. 3։10

Անգամ մը, Յիսուս Մատթէոս Ղեւի անունով մաքսաւոր մը հրաւիրեց, ըսելով. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ «Թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն» (Ղուկ. 5։27, 28)։ Ես ալ նոյնը ընելու առիթներ ունեցած եմ, եւ սրտանց կը քաջալերեմ ուրիշներ, որ նոյնը ընեն եւ շատ մը օրհնութիւններ վայելեն։

Ուրախ եմ որ տակաւին կ’օգնեմ հոգեւոր աճումին Ֆիլիփիններու մէջ

^ պարբ. 6 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, բայց այժմ սպառած են։