Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան մեզի «բարիք ըրաւ»

Եհովան մեզի «բարիք ըրաւ»

ԿԻՆՍ՝ Տանիէլա, եւ ես հազիւ պանդոկին պահանջած թուղթերը ամբողջացուցինք, ընդունարարը ինծի ըսաւ. «Պարո՛ն, հաճեցէք հեռաձայնել սահմանապահ ոստիկանութեան»։ Քանի մը ժամ եղած էր որ Կապոն ժամանած էինք, որ ափրիկեան երկիր մըն է, ուր 1970–ականներուն մեր գործը արգիլումի տակ էր։

Անմիջապէս անդրադառնալով որ ինչ կ’ըլլայ, Տանիէլա ականջիս փսփսաց. «Պէտք չունիս հեռաձայնելու, արդէն հո՛ս են»։ Ճիշդ մեր ետեւը, ինքնաշարժ մը պանդոկին առջեւ կեցաւ։ Քանի մը վայրկեան ետք, զինուորները մեզ ձերբակալեցին։ Բայց Տանիէլային զգուշացումին շնորհիւ, ժամանակ ունեցայ կարգ մը կարեւոր փաստաթուղթեր յանձնելու մեզի հետ եղող եղբօր մը։

Մինչ մեզ ոստիկանատուն կը տանէին, կը խորհէի թէ որքա՜ն օրհնուած եմ որ ունիմ այսպիսի համարձակ կին, որ կը մտածէ Եհովային եւ Իր կազմակերպութեան մասին։ Ասիկա այն բազմաթիւ դէպքերէն էր, երբ ես եւ Տանիէլան համագործակցեցանք։ Ձեզի պատմեմ թէ ինչպէ՛ս առիթ ունեցանք այցելելու երկիրներ, ուր մեր քարոզչական գործը սահմանափակուած էր։

ԵՀՈՎԱՆ ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԱՉՔԵՐՍ ԲԱՑԱՒ

Ես ծնայ 1930–ին մոլեռանդ կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ, եւ կ’ապրէինք Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող Գրուա գիւղաքաղաքին մէջ։ Ընտանիքս ամէն շաբաթ պատարագի կ’երթար, իսկ հայրս եկեղեցիին մէջ պատասխանատուութիւններ ունէր։ Բայց երբ գրեթէ 14 տարեկան էի, դէպք մը աչքերս բացաւ եւ տեսայ եկեղեցիին կեղծաւորութիւնը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, գերմանական բանակը Ֆրանսան գրաւեց։ Մեր քահանան իր քարոզներուն մէջ միշտ կը քաջալերէր, որ թիկունք կանգնինք Վիշի վարչակարգին, որ նացիներուն կողմը դիրք բռնած էր։ Իր քարոզները մեզ ապշահար կը ձգէին։ Պի.Պի.Սի. ռատիօկայանը Դաշնակիցներուն մասին լուրեր կը սփռէր, եւ Ֆրանսայի մէջ շատերու նման՝ գաղտնաբար ատոնք մտիկ կ’ընէինք։ Բայց անսպասելիօրէն, քահանան 180 աստիճան փոխուելով՝ շնորհակալութեան արարողութիւն կազմակերպեց, տօնելու համար Դաշնակիցներուն յառաջդիմութիւնը 1944–ի սեպտեմբերին։ Ասիկա զիս ցնցեց եւ կղերականներուն հանդէպ վստահութիւնս տկարացաւ։

Պատերազմը վերջանալէն շատ չանցած, հայրս մահացաւ։ Մեծ քոյրս արդէն ամուսնացած էր եւ Պելճիքա կ’ապրէր, եւ այս պատճառով զգացի թէ մօրս հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը իմ վրաս է։ Լաւ գործ մը գտայ։ Վարպետս եւ իր տղաները մոլեռանդ կաթողիկէներ էին։ Այդ գործը փայլուն ապագայ կը խոստանար ինծի։

Քոյրս՝ Սիմոն, որ Եհովայի վկայ դարձած էր, 1953–ին մեզի այցելեց։ Ան Սուրբ Գիրքէն հմտօրէն ցուցուց կրակոտ դժոխքի, Երրորդութեան եւ հոգիին անմահութեան վարդապետութիւններուն սուտ ըլլալը։ Սկիզբը, հակաճառեցի՝ ըսելով թէ կաթողիկէ Աստուածաշունչը չէր գործածեր։ Բայց ետքը համոզուեցայ որ իր ըսածները ճիշդ են։ Յետագային, ան ինծի բերաւ Դիտարան–ի հին թիւեր, որոնք գիշերը ախորժակով կարդացի անկողինիս մէջ։ Անմիջապէս անդրադարձայ որ ասիկա է ճշմարտութիւնը, բայց տակաւին կը վախնայի որ Եհովային կողմը դիրք բռնելով գործս կորսնցնէի։

Քանի մը ամիսներու ընթացքին, առանձին սերտեցի Աստուածաշունչը եւ Դիտարան–ի յօդուածները։ Ի վերջոյ, որոշեցի Թագաւորութեան սրահ երթալ։ Ժողովքին սիրալիր մթնոլորտը իրապէս սիրտիս դպաւ։ Փորձառու եղբօր մը հետ Աստուածաշունչը վեց ամիս սերտելէ ետք, 1954–ի սեպտեմբերին մկրտուեցայ։ Շատ ուրախացայ երբ կարճ ժամանակ մը ետք, մայրս եւ պզտիկ քոյրս նոյնպէս Վկայ դարձան։

ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԻԼ

Ցաւօք սրտի, 1958–ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովէն քանի մը շաբաթ առաջ մայրս մահացաւ։ Այդ համաժողովին ներկայ գտնուելու առանձնաշնորհումը ունեցայ։ Երբ վերադարձայ, այլեւս ընտանեկան պատասխանատուութիւններ չունէի։ Ասոր համար, գործս ձգեցի եւ ռահվիրայութեան սկսայ։ Ժամանակի ընթացքին, նշանուեցայ նախանձախնդիր ռահվիրայ քրոջ մը հետ՝ Տանիէլա Տելի, եւ 1959–ի մայիսին ամուսնացանք։

Տանիէլան իր ապրած տեղէն հեռու գտնուող Պրիթընի գիւղական շրջանը փոխադրուելով՝ լիաժամ ծառայութեան սկսած էր։ Քաջութեան պէտք ունէր, որպէսզի քարոզէր այդ կաթողիկէ շրջանին մէջ եւ հեծիկով երթար գիւղական թաղամասերը։ Ինծի պէս, զինք կը մղէր հոգեւոր արթնութիւնը. երկուքս ալ կը զգայինք թէ վերջը շատ մօտ է (Մատ. 25։13)։ Իր անձնազոհ ոգին օգնեց որ յարատեւենք լիաժամ ծառայութեան մէջ։

Մեր ամուսնութենէն քանի մը օր ետք, մեզ նշանակեցին շրջանային գործին։ Վարժուեցանք բաւական պարզ պայմաններու մէջ ապրիլ։ Մեր այցելած առաջին ժողովքը կազմուած էր 14 հրատարակիչներէ եւ եղբայրները կարողութիւն չունէին մեզ իրենց տուներուն մէջ հիւրընկալելու։ Ատոր համար պառկեցանք Թագաւորութեան սրահին բեմին վրայ։ Հանգստաւէտ չէր, բայց ողնայարին համար շա՜տ հոյակապ էր։

Մեր պզտիկ ինքնաշարժով ժողովքներուն կ’այցելէինք

Տանիէլան աղուոր կերպով յարմարեցաւ մեր խճողուած յայտագիրին՝ շրջագայական գործին մէջ։ Շատ անգամ, ստիպուած կ’ըլլար մեր պզտիկ ինքնաշարժին մէջ ինծի սպասելու, մինչ չծրագրուած երէցներու ժողով մը տեղի կ’ունենար։ Բայց ան բնա՛ւ չէր գանգատեր։ Միայն երկու տարի անցուցինք շրջանային գործին մէջ, որոնց ընթացքին սորվեցանք թէ որչա՜փ կարեւոր է որ ամուսնացած զոյգ մը իրարու հետ համագործակցին եւ անկեղծօրէն հաղորդակցին (Ժող. 4։9

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆՔ

1962–ին, հրաւիրուեցանք Գաղաադի դպրոցին 37–րդ դասարանին, Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք, որուն դասընթացքը 10 ամիս պիտի տեւէր։ 100 աշակերտներուն մէջ միայն 13 զոյգեր կային, ուստի մեզի համար առանձնաշնորհում էր՝ դպրոցին մասնակցիլ որպէս զոյգ։ Տակաւին սիրտս կը ջերմացնեն այն յիշատակները, որ ունեցանք հաւատքի սիւներու հետ, ինչպէս՝ Եուլիսիզ Կլաս, Ալեքսանդր Հ. Մէգմիլըն եւ Ֆրետերիք Ֆրանզ։

Շա՜տ ուրախ էինք որ միասին գացինք Գաղաադի դպրոցը

Մեր մարզումին ընթացքին, մեզ քաջալերեցին որ շրջահայեաց ըլլալու կարողութիւնը զարգացնենք։ Ատեններ, շաբաթ օրուան դասերէն ետք մեր մարզումը կը պարփակէր Նիւ Եորք Սիթիին տեսարժան վայրերը այցելել։ Գիտէինք որ երկուշաբթի օրը գրաւոր վերաքաղ պիտի ընէինք մեր տեսածներուն մասին։ Յաճախ շաբաթ իրիկունը ուժասպառ կը վերադառնայինք տուն, բայց մեր շրջագայութեան առաջնորդը, որ բեթէլական կ’ըլլար, հարցումներով կ’օգնէր որ յիշէինք գլխաւոր կէտեր գրաւոր քննութեան համար։ Շաբաթ օրով մը՝ ամբողջ կէսօրէ ետքը քաղաքին մէջ պտոյտ ըրինք։ Այցելեցինք աստղադիտարան մը, ուր սորվեցանք ասուպներուն եւ երկնաքարերուն մասին։ Բնական պատմութեան ամերիկեան թանգարանին մէջ սորվեցանք ալլիգատորին եւ կոկորդիլոսին միջեւ եղած տարբերութեան մասին։ Բեթէլ վերադառնալէ ետք, եղբայրը մեզի հարցուց. «Ուրեմն, ասուպին եւ երկնաքարին միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ»։ Տանիէլան յոգնած ըլլալով եւ տեղեկութիւնները իրարու խառնելով, պատասխանեց. «Երկնաքարը աւելի երկար ակռաներ կ’ունենայ»։

Ափրիկէի մէջ մեր հաւատարիմ եղբայրներուն եւ քոյրերուն այցելելը հաճելի էր

Շատ զարմացանք, երբ նշանակուեցանք Ֆրանսայի մասնաճիւղը։ Հոն միասին ծառայեցինք աւելի քան 53 տարի։ 1976–ին, նշանակուեցայ Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգող, ինչպէս նաեւ նշանակուեցայ, որ այցելեմ կարգ մը երկիրներ Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլումի տակ էր կամ սահմանափակուած էր։ Այս նշանակումը մեզ բերաւ Կապոն, ուր ունեցանք սկիզբը նշուած փորձառութիւնը։ Խօսքին բացը, ատեններ ատակ չէի զգար այս անակնկալ պատասխանատուութիւնները շալկելու։ Բայց Տանիէլայի աջակցութիւնը զիս կը մղէր որեւէ նշանակում ստանձնելու։

1988–ին, Փարիզի մէջ, «Աստուածային արդարութիւն» բնաբանով համաժողովին ընթացքին, եղբայր Թէոտոր Ճէրըսին դասախօսութիւնը կը թարգմանեմ

ՄԻԱՍԻՆ ԾԱՆՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԱՆՑԱՆՔ

Սկիզբէն իսկ Բեթէլի կեանքը սիրեցինք։ Թէեւ Տանիէլան Գաղաադի դպրոցը երթալէն առաջ միայն հինգ ամսուան մէջ անգլերէն սորված էր, ան հմուտ թարգմանիչ դարձաւ։ Մեծ գոհունակութիւն գտանք Բեթէլի մեր ծառայութեան մէջ, սակայն ժողովքին գործունէութիւններուն մասնակցիլը աւելցուց մեր ուրախութիւնը։ Ջերմութեամբ կը յիշեմ ինչպէս ես եւ Տանիէլան ուշ գիշերով մը վերադարձանք Փարիզի մեթրոյով, յոգնած էինք բայց շա՜տ ուրախ՝ որ յառաջդիմող աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւններ վարեցինք։ Ցաւօք սրտի, Տանիէլային առողջութիւնը յանկարծ վատթարացաւ, եւ այլեւս չէր կրնար առաջուան չափ գործունեայ ըլլալ։

1993–ին, բժիշկները ըսին որ Տանիէլան կուրծքի քաղցկեղ ունի։ Դարմանումը շատ ծանր ընթացք ունեցաւ, մէջը ըլլալով վիրահատութիւն եւ զօրաւոր քիմիաբուժում։ Տասնհինգ տարի ետք, մէջտեղ ելաւ որ նորէն քաղցկեղ ունի, արագ տարածուող տեսակը։ Սակայն Տանիէլան իր թարգմանչական գործը այնքա՛ն կ’արժեւորէր, որ գործի կը վերադառնար հազիւ որ իր վիճակը թոյլ տար։

Հակառակ Տանիէլային դաժան հիւանդութեան, նոյնիսկ մեր միտքին ծայրէն չանցաւ Բեթէլի ծառայութիւնը ձգել։ Բայց Բեթէլին մէջ հիւանդ ըլլալը իր յատուկ մարտահրաւէրները ունի, մանաւանդ եթէ ուրիշներ չեն անդրադառնար թէ որքա՛ն լուրջ է վիճակդ (Առ. 14։13)։ Նոյնիսկ երբ Տանիէլան իր 70–ական տարիքին մէջ էր, իր ժպտուն երեսը եւ վայելչութիւնը յայտնի չէին ըներ իր վիճակը։ Ան չէր կեդրոնանար իր անձին վրայ, հապա կը ջանար ուրիշներուն օգնել՝ անոնց մտիկ ընելով (Առ. 17։17)։ Առանց ինքզինք խրատատու սեպելու, իր փորձառութեամբ օգնեց շատ մը քոյրերու որ քաղցկեղէն չվախնան։

Սկսանք նոր դժուարութիւններ ունենալ։ Օրինակ, Տանիէլան այլեւս չէր կրնար լիաժամ աշխատիլ։ Ուստի ջանաց ա՛լ աւելի ինծի աջակցիլ։ Ան շատ մը կերպերով կեանքս կը դիւրացնէր, ինչ որ ձգեց որ շարունակեմ 37 տարի ծառայել որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգող։ Օրինակ, ան ամէն բան կը պատրաստէր, որպէսզի ամէն օր կէսօրին մեր սենեակը միասին ճաշենք եւ քիչ մը հանգչինք (Առ. 18։22

ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳ ՉԷԻՆՔ ԸՆԵՐ

Տանիէլան միշտ շատ լաւատես էր եւ ապրելու մեծ փափաք ունէր։ Բայց քաղցկեղը երրորդ անգամ վերադարձաւ։ Այլեւս ուժասպառ էինք։ Քիմիաբուժումը եւ շողաբուժութիւնը այնքա՛ն խլեցին իր ուժը, որ ատեններ գրեթէ չէր կրնար քալել։ Սիրտս կտոր–կտոր կ’ըլլար, երբ սիրելի կինս,– որ ատեն մը հմուտ թարգմանիչ էր,– արտայայտուելու դժուարութիւն կ’ունենար։

Թէեւ կորսուած կը զգայինք, բայց յարատեւ կ’աղօթէինք, վստահ ըլլալով որ Եհովան բնա՛ւ պիտի չձգէ որ մեր կարողութենէն աւելի տառապինք (Ա. Կոր. 10։13)։ Միշտ կը ջանայինք գնահատել այն օգնութիւնը, որ ան կու տար իր Խօսքին, Բեթէլի բժշկական անձնակազմին եւ մեր հոգեւոր ընտանիքին միջոցաւ։

Յաճախ Եհովայէն ուղղութիւն կը խնդրէինք, որ գիտնայինք թէ ի՛նչ դարմանում ընդունինք։ Եկաւ ժամանակ մը, երբ որեւէ դարմանում չկար։ Այն բժիշկը, որ 23 տարի Տանիէլային օգնած էր, չկրցաւ բացատրել թէ ինչո՛ւ Տանիէլան կը մարէր ամէն անգամ որ քիմիաբուժումի կ’ենթարկուէր։ Բժիշկը ո՛չ մէկ լուծում ունէր։ Զգացինք որ առանձին ենք այս պայքարին մէջ եւ մտահոգ էինք թէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Շատ չանցած, քաղցկեղի մասնագէտ ուրիշ բժիշկ մը ընդունեց Տանիէլային հոգ տանիլ։ Կարծես Եհովան ելք մը տուաւ, որ մեզի օգնէ մեր մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։

Սորվեցանք օրը օրին ապրելով շատ չմտահոգուիլ։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Հերիք է օրուան իր նեղութիւնը» (Մատ. 6։34)։ Դրական ըլլալը եւ զուարթամտութիւնը նոյնպէս օգնեցին։ Օրինակ, անգամ մը երբ Տանիէլան անդրադարձաւ որ երկու ամիսէ ի վեր քիմիաբուժումի չէ ենթարկուած, չարաճճի ժպիտով մը ինծի ըսաւ. «Ես բնաւ ա՛յսքան լաւ չեմ զգացած» (Առ. 17։22)։ Հակառակ իր տառապանքին, կը սիրէր բարձր ձայնով եւ ինքնավստահութեամբ փորձ ընել Թագաւորութեան նոր երգերը։

Տանիէլային դրական կեցուածքը ինծի ալ օգնեց սահմանափակումներուս հետ գլուխ ելլելու։ Խօսքին բացը, մեր ամուսնական կեանքին 57 տարիներուն ընթացքին, ան զանազան կարիքներս հոգաց։ Նոյնիսկ չէր ուզեր ինծի հաւկիթ տապկել սորվեցնել։ Իսկ երբ ան այլեւս անկարող էր բան մը ընել, ստիպուեցայ սորվիլ պարզ ճաշեր պատրաստել, լուացք ընել եւ պնակ լուալ։ Ճիշդ է որ քանի մը գաւաթ կոտրեցի, բայց մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար բաներ ընելը *։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ԵՀՈՎԱՅԷՆ ԻՐ ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ, կը տեսնեմ որ օգտակար դասեր սորված եմ մեր սահմանափակումներէն, որոնք եկան առողջապահական խնդիրներուն եւ յառաջացած տարիքին հետ։ Առաջին, պէտք չէ այնքա՛ն զբաղած ըլլանք որ ժամանակ չունենանք մեր սիրելի կողակիցին գուրգուրանք արտայայտելու։ Պէտք է մեր սիրելիներուն հոգ տանինք մանաւանդ մեր երիտասարդութեան ատեն, երբ դեռ կորովով լեցուն ենք (Ժող. 9։9)։ Երկրորդ, չափէ աւելի չմտահոգուինք պզտիկ հարցերու շուրջ, որպէսզի չանտեսենք այն օրհնութիւնները որ ամէն օր կը վայելենք (Առ. 15։15

Խոկալով լիաժամ ծառայութեան մէջ մեր անցուցած կեանքին վրայ, միշտ կը զգամ որ Եհովան մեր երեւակայածէն աւելի մեզ օրհնած է։ Նոյն զգացումը կ’ունենամ որ սաղմոսերգուն ունէր. ‘Տէրը ինծի բարիք ըրաւ’ (Սաղ. 116։7

^ պարբ. 32 Մինչ այս յօդուածը կը պատրաստուէր, քոյր Տանիէլա Պոքարթ մահացաւ 78 տարեկանին։