Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Պօղոս առաքեալ ի՞նչ իմաստով «յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը» եւ «դրախտ յափշտակուեցաւ» (Բ. Կոր. 12։2, 4

Բ. Կորնթացիս 12։2, 3–ին մէջ Պօղոս առաքեալ կը խօսի որոշ մարդու մը մասին, որ «յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը»։ Ան ո՞վ էր։ Կորնթոսի ժողովքին ուղղած իր այս նամակին մէջ Պօղոս շեշտեց, որ Աստուած զինք առաքեալ նշանակած էր (Բ. Կոր. 11։5, 23)։ Ետքը, ան նշեց ‘Տէրոջը տեսիլքներն ու յայտնութիւնները’։ Այդ նիւթին մէջ ուրիշ եղբայրներ չնշեց։ Ուրեմն, տրամաբանօրէն՝ ան իր մասին կը խօսէր որպէս այն մարդը, որ տեսիլքներ եւ յայտնութիւններ ստացած էր (Բ. Կոր. 12։1, 5

Այսպիսով, ‘մինչեւ երրորդ երկինքը յափշտակուած’ եւ ‘դրախտ յափշտակուած’ մարդը ի՛նք Պօղոսն էր (Բ. Կոր. 12։2-4)։ Ան գործածեց «յայտնութիւններ» բառը, ինչ որ կը ցուցնէ թէ իրեն ըսուեցաւ, որ ապագային ի՛նչ բան գոյութիւն պիտի ունենայ։

Պօղոսին տեսած «երրորդ երկինքը» ի՞նչ էր։

Սուրբ Գիրքին մէջ «երկինք» բառը կրնայ ակնարկել բառացի երկինքին (Ծն. 11։4. 27։28. Մատ. 6։26)։ Բայց ատիկա ուրիշ իմաստներով ալ գործածուած է։ Ատեններ ատիկա կը վերաբերի մարդկային իշխանութեան (Դան. 4։20-22)։ Կամ կրնայ ակնարկել Աստուծոյ իշխանութեան, ինչպէս՝ իր Թագաւորութեան միջոցաւ (Յայտ. 21։1

Պօղոս «երրորդ երկինքը» տեսաւ։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ատեններ, Սուրբ Գիրքին մէջ բան մը երեք անգամ կը կրկնուի՝ շեշտելու համար (Եսա. 6։3. Եզեկ. 21։27. Յայտ. 4։8)։ Այնպէս կը թուի թէ խօսելով «երրորդ երկինք»ին մասին, Պօղոս կը շեշտէր բարձրագոյն տեսակի իշխանութիւն մը, այսինքն՝ մեսիական Թագաւորութիւնը, Յիսուս Քրիստոսին եւ իր 144,000 իշխանակիցներուն միջոցաւ։ Այս մեսիական Թագաւորութեան ակնարկեց Պետրոս առաքեալ, երբ գրեց թէ Աստուծոյ խոստումին համեմատ, «նոր երկնքին» կը սպասենք (Բ. Պետ. 3։13

Իսկ Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց «դրախտ» բառով։

«Դրախտ» բառը նոյնպէս կրնայ տարբեր բաներ նշանակել՝ 1) Ի մտի ունենալով որ սկիզբը մարդ արարածը երկրային դրախտի մէջ էր, «դրախտ»ը կրնայ տրամաբանօրէն ակնարկել գալիք բառացի երկրային Դրախտին. 2) Նաեւ, կրնայ ակնարկել այն հոգեւոր վիճակին, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի վայելէ նոր աշխարհին մէջ. 3) Ասկէ զատ, կրնայ ակնարկել երկինքին մէջ տիրող հոյակապ պայմաններուն, այսինքն՝ Յայտնութիւն 2։7–ին մէջ նշուած «Աստուծոյ դրախտ»ին (տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2015 թիւը, էջ 8, պարբ. 8

Հաւանական է որ Պօղոս այս երեք իմաստներուն ալ ակնարկեց Բ. Կորնթացիս 12։4–ին մէջ, երբ իրեն պատահածին մասին կը պատմէր։

Ամփոփենք.

Բ. Կորնթացիս 12։2–ին մէջ նշուած «երրորդ երկինքը» շատ հաւանաբար մեսիական Թագաւորութիւնն է՝ Յիսուս Քրիստոսին եւ 144,000–ին միջոցաւ, այսինքն՝ «նոր երկինքը» (Բ. Պետ. 3։13

Թագաւորութիւնը «երրորդ երկինք» կը կոչուի, քանի որ բարձրագոյն տեսակի իշխանութիւն մըն է։

«Դրախտ»ը, ուր Պօղոս տեսիլքին մէջ «յափշտակուեցաւ», շատ հաւանաբար կ’ակնարկէ՝ 1) գալիք բառացի երկրային Դրախտին. 2) հոգեւոր դրախտին որ այդ ժամանակ գոյութիւն պիտի ունենայ եւ հիմակուան հոգեւոր դրախտէն աւելի ճոխ պիտի ըլլայ. 3) երկինքի մէջ «Աստուծոյ դրախտ»ին, որ միեւնոյն ատեն գոյութիւն պիտի ունենայ նոր աշխարհին մէջ։

Հետեւաբար, նոր երկինքը եւ նոր երկիրը միասնաբար պիտի կազմեն նոր աշխարհը։ Ատիկա պիտի ըլլայ նոր կարգադրութիւն մը, որ կը պարփակէ թէ՛ երկնային Թագաւորութիւնը եւ թէ դրախտային երկրի վրայ Եհովային ծառայող մարդկութիւնը։