Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»

«Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»

«Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (ՂՈՒԿ. 23։43

ԵՐԳԵՐ. 19, 134

1, 2. Ի՞նչ տարբեր կարծիքներ կան դրախտին մասին։

ՇԱՏ զգացական պահ մըն էր։ Քորէայի Սէուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովէն ետք, մինչ օտար պատուիրակները մարզադաշտէն կ’ելլէին, տեղացի Վկաները անոնց շուրջ հաւաքուեցան։ Շատեր ձեռք ընելով կ’ըսէին. «Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»։ Քու կարծիքովդ, անոնք ի՞նչ դրախտի կ’ակնարկէին։

2 Մարդիկ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին դրախտին մասին։ Ոմանք կ’ըսեն որ դրախտը երեւակայական բան մըն է։ Ուրիշներ կ’ըսեն որ ո՛ւր որ ուրախ կ’ըլլան՝ դրախտ է։ Շատ անօթի մարդ մը կրնայ զգալ որ դրախտի մէջ է, երբ ճաշերով լեցուն սեղանի մը առջեւ ըլլայ։ Երբ մէկը գեղեցիկ տեսարան մը տեսնէ, ինչպէս՝ ծաղիկներով ծածկուած դաշտ մը, թերեւս բացագանչէ. «Ասիկա դրախտ է»։ Ըստ քեզի, Դրախտը ի՞նչ է։ Կը յուսա՞ս զայն տեսնել։

3. Աստուածաշունչին մէջ, առաջին անգամ ո՞ւր նշուած է Դրախտին մասին։

3 Սուրբ Գիրքը կը խօսի թէ՛ դրախտի մը մասին որ անցեալին կար, եւ թէ դրախտի մը մասին, որ ապագային պիտի ըլլայ։ Դրախտին մասին առաջին անգամ կը խօսուի Աստուածաշունչի առաջին գիրքին մէջ՝ Ծննդոց 2։8–ին մէջ։ Եբրայերէն բնագիրը կ’ըսէ՝ Եդեմի պարտէզը։ Եդեմ կը նշանակէ՝ «Հաճոյք», եւ ատիկա իրապէս ալ հաճելի վայր մըն էր։ Վերջին ծայր գեղեցիկ էր, լեփլեցուն ուտելիք կար եւ մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն կը տիրէր (Ծն. 1։29-31

4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եդեմի պարտէզը դրախտ էր։

4 Երբ եբրայերէն բնագիրը թարգմանուեցաւ յունարէնի, «պարտէզ» բառը թարգմանուեցաւ փա·րատէյ·սոս, որ կը նշանակէ «դրախտ»։ Մգլինթոքի ու Սթրոնկի Cyclopaedia համայնագիտարանը կ’ըսէ, թէ երբ յոյն մը փա·րատէյ·սոս բառը լսէր, իր մտքին մէջ կ’երեւակայէր գեղեցիկ եւ ընդարձակ պարտէզ մը, բոլոր վնասակար բաներէն պաշտպանուած, զանազան տպաւորիչ պտղատու ծառերով, մաքուր գետակներով, որոնց խոտաւէտ գետափներուն վրայ կ’արածին եղջերուներ եւ ոչխարներ։ Այս նկարագրութիւնը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ Եդեմի պարտէզը իրապէս դրախտ էր (համեմատէ՛ Ծննդոց 2։15, 16

5, 6. Ադամն ու Եւան ինչո՞ւ Դրախտին մէջ ապրելու առանձնաշնորհումը կորսնցուցին, եւ ոմանք թերեւս ի՞նչ հարցնեն։

5 Աստուած Ադամն ու Եւան դրաւ այդպիսի պարտէզի մը մէջ։ Բայց քանի որ անոնք իրեն անհնազանդ գտնուեցան, Դրախտին մէջ ապրելու առանձնաշնորհումը կորսնցուցին թէ՛ իրենց համար եւ թէ իրենց սերունդին համար (Ծն. 3։23, 24)։ Այնպէս կ’երեւի թէ այդ անբնակ պարտէզը մնաց մինչեւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղը։

6 Ոմանք թերեւս հարցնեն. ‘Օր մը օրանց դարձեալ Դրախտ պիտի ըլլա՞յ երկրի վրայ’։ Իրողութիւնները ի՞նչ կը ցուցնեն։ Լաւ պատճառներ ունի՞ս որ յուսաս, թէ սիրելիներուդ հետ Դրախտին մէջ պիտի ապրիս։ Կրնա՞ս բացատրել թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագային Դրախտ պիտի ըլլայ։

ՓԱՍՏԵՐ ՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԴՐԱԽՏ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

7, 8. ա) Աստուած Աբրահամին ի՞նչ խոստում տուաւ։ բ) Աստուծոյ խոստումը ստանալէ ետք, Աբրահամ ինչի՞ մասին մտածած ըլլալու էր։

7 Տրամաբանական է որ Դրախտին վերաբերող հարցումներուն պատասխանները գտնենք Սուրբ Գիրքին մէջ, քանի որ Եհովայէն է՝ բուն Դրախտը Ստեղծողէն։ Նկատի առ թէ Աստուած ի՛նչ ըսաւ իր բարեկամին՝ Աբրահամին։ Ըսաւ որ անոր սերունդը պիտի շատցնէր «ծովեզերքը եղող աւազին պէս»։ Ետքը, Աբրահամին շատ կարեւոր խոստում մը տուաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծն. 22։17, 18)։ Յետագային, Աստուած նոյն խոստումը կրկնեց Աբրահամի տղուն եւ թոռնիկին (կարդա՛ Ծննդոց 26։4. 28։14

8 Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ բան ցոյց կու տայ, թէ Աբրահամ մտածեց որ մարդոց վերջնական վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ երկնային դրախտի մը մէջ։ Ուրեմն, երբ Աստուած խոստացաւ որ «երկրի բոլոր ազգերը» պիտի օրհնուին, Աբրահամ մտածած ըլլալու էր որ այդ օրհնութիւնները երկրի վրայ պիտի ըլլային։ Բայց արդեօք ասկէ զատ ուրիշ փաստեր կա՞ն, որ երկրի վրայ դրախտ պիտի ըլլայ։

9, 10. Ո՞ր յաւելեալ խոստումները մեզի պատճառներ կու տան, որ ակնկալենք թէ ապագային դրախտ պիտի ըլլայ։

9 Աստուած Աբրահամի սերունդէն եղող Դաւիթը մղեց, որ խօսի ապագայի մը մասին, երբ «չարերը» եւ «անօրէնութիւն գործողները» պիտի կորսուին (Սաղ. 37։1, 2, 10)։ Անդին, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Դաւիթ նաեւ ըսաւ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։11, 29. Բ. Թագ. 23։2)։ Քու կարծիքովդ, այս խոստումները ինչպէ՞ս ազդեցին այն անհատներուն, որոնք կ’ուզէին Աստուծոյ կամքը ընել։ Անոնք կրնային ակնկալել որ օր մը միայն արդար մարդիկը պիտի ապրին երկրի վրայ, եւ թէ երկիրը դարձեալ դրախտի պիտի վերածուի՝ Եդեմի պարտէզին պէս։

10 Ժամանակի ընթացքին, իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը, որ կը դաւանէր Եհովային ծառայել, իրենց կռնակը դարձուցին իրեն եւ ճշմարիտ պաշտամունքին։ Այս պատճառով, Աստուած ձգեց որ բաբելոնացիները իր ժողովուրդին յաղթեն, անոնց երկիրը քանդեն եւ շատեր գերութեան տանին (Բ. Մն. 36։15-21. Եր. 4։22-27)։ Բայց Աստուծոյ մարգարէները մարգարէացան, որ 70 տարի ետք իր ժողովուրդը իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնային։ Այդ մարգարէութիւնները իրապէս ալ կատարուեցան։ Սակայն ատոնք մեզի համար ալ նշանակութիւն մը ունին։ Մինչ ատոնցմէ ոմանք կը քննարկենք, նկատէ թէ մեզի ի՛նչ պատճառներ կու տան, որ ակնկալենք թէ ապագային երկրի վրայ դրախտ պիտի ըլլայ։

11. Եսայի 11։6-9–ն ինչպէ՞ս կատարուեցաւ, բայց տակաւին ո՞ր հարցումին պատասխանը պէտք է առնենք։

11 Կարդա՛ Եսայի 11։6-9։ Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ, որ Իր ժողովուրդը իրենց հայրենիքը վերադառնալէ ետք, խաղաղութեան մէջ պիտի ապրէին։ Ո՛չ մէկը պիտի վախնար որ անասուններու կամ մարդոց կողմէ յարձակումի ենթարկուէր։ Թէ՛ երեխաները եւ թէ ծերերը ապահով պիտի ըլլային։ Ասիկա քեզի չի՞ յիշեցներ Եդեմի պարտէզին մէջ եղած խաղաղ վիճակը (Եսա. 51։3)։ Եսային նաեւ մարգարէացաւ որ երկիրը,– այսինքն՝ ամբողջ երկիրը, ոչ միայն Իսրայէլը,– «Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Ասիկա ե՞րբ պիտի պատահի։

12. ա) Բաբելոնէն վերադարձողները ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեցին։ բ) Ի՞նչը կը ցուցնէ որ Եսայի 35։5-10–ը ուրիշ կատարում ալ ունի։

12 Կարդա՛ Եսայի 35։5-10։ Նկատէ թէ Եսային նորէն մարգարէացաւ, որ Բաբելոնէն վերադարձողները անասուններու եւ մարդոց կողմէ յարձակումի պիտի չենթարկուէին։ Անոնց երկիրը առատ ուտելիք պիտի տար, քանի որ առատ ջուր պիտի ըլլար, ճիշդ Եդեմի պարտէզին պէս (Ծն. 2։10-14. Եր. 31։12)։ Այս մարգարէութիւնը միայն ա՞յդ կատարումը պիտի ունենար։ Նկատէ թէ մարգարէութիւնը նաեւ ըսաւ որ կոյրերը, կաղերը եւ խուլերը պիտի բժշկուէին։ Բայց ասիկա չպատահեցաւ վերադարձող իսրայէլացիներուն։ Ուրեմն, Աստուած կը ցուցնէր որ ապագային բառացի բուժում պիտի ըլլայ։

13, 14. Եսայի 65։21-23–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ, երբ իսրայէլացիները Բաբելոնէն վերադարձան, բայց այս մարգարէութեան ո՞ր մասը տակաւին չէ կատարուած (տե՛ս բացման նկարը)։

13 Կարդա՛ Եսայի 65։21-23։ Երբ հրեաները իրենց հայրենիքը վերադարձան, ո՛չ հանգստաւէտ տուներ գտան, ոչ ալ՝ մշակուած արտեր եւ այգիներ։ Բայց ժամանակի ընթացքին վիճակները փոխուեցան, քանի որ Աստուած օրհնեց զանոնք։ Երեւակայէ թէ անոնք ի՜նչ ուրախ էին, երբ տուներ շինեցին ու ատոնց մէջ բնակեցան, եւ երբ ցանեցին եւ իրենց քաղած համով ուտելիքները վայելեցին։

14 Նկատէ թէ ըստ այս մարգարէութեան, մեր օրերը «ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։ Կարգ մը ծառեր հազարաւոր տարիներ կ’ապրին։ Ա՛յդքան երկար ապրելու համար, մարդիկ պէտք է շատ առողջ ըլլան։ Եւ եթէ անոնք ապրին այն խաղաղ եւ գեղեցիկ վիճակին մէջ, որ Եսային մարգարէացաւ, դրախտը ի՛րապէս եկած կ’ըլլայ։

Դրախտին մասին Յիսուսի տուած խոստումը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի (տե՛ս պարբերութիւն 15, 16)

15. Եսայի գիրքին մէջ նշուած կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։

15 Մտածէ թէ մինչեւ հիմա մեր նկատի առած խոստումները ինչպէ՛ս կը ցուցնեն, որ ապագային դրախտ պիտի ըլլայ։ Ամբողջ երկրին մէջ մարդիկ Աստուծոյ օրհնութիւնները պիտի վայելեն։ Ո՛չ մէկը պիտի վախնայ որ անասուններու կամ վայրագ մարդոց կողմէ յարձակումի ենթարկուի։ Կոյրերը, խուլերը եւ կաղերը պիտի բուժուին։ Մարդիկ իրենց տուները պիտի շինեն եւ ցանել–հնձելէն հաճոյք պիտի առնեն։ Ծառերէն երկար պիտի ապրին։ Սուրբ Գիրքը ի՛րապէս կը ցուցնէ որ մեր առջեւ այսպիսի ապագայ մը կայ։ Բայց ոմանք թերեւս ըսեն որ այս մարգարէութիւնները չեն ցուցներ, թէ երկրի վրայ իսկապէս դրախտ պիտի ըլլայ։ Անոնց ի՞նչ կրնաս ըսել։ Ի՞նչ վաւերական պատճառ ունիս որ հաւատաս, թէ իրական դրախտ պիտի ըլլայ երկրի վրայ։ Պատմութեան մէջ մեծագոյն մարդը՝ Յիսուս, մեզի վաւերական պատճառ մը տուաւ։

ԴՈՒՆ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՍ

16, 17. Յիսուս ե՞րբ խօսեցաւ Դրախտին մասին։

16 Թէեւ Յիսուս անմեղ էր, բայց մահուան դատապարտուեցաւ եւ ցիցի մը վրայ գամուեցաւ։ Իր իւրաքանչիւր կողմը հրեայ չարագործ մը կախուեցաւ։ Անոնցմէ մէկը անդրադառնալով որ Յիսուս թագաւոր է, իրմէ խնդրեց. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկ. 23։39-42)։ Ի՛նչ որ Յիսուս պատասխանեց կ’ազդէ ապագայիդ։ Ատիկա գրուած է Ղուկաս 23։43–ին մէջ։ Աստուածաշնչագէտներ տարբեր կարծիքներ ունին թէ Յիսուսի խօսքը ինչպէ՛ս պէտք է թարգմանուի։ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ ատիկա թարգմանուած է՝ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ՝ «այսօր»։

17 Բազմաթիւ արդի լեզուներու մէջ, կէտադրութիւն կը գործածուի կամ նախադասութեան կազմուածքը այնպէս մը կը դրուի, որ իմաստը յայտնի ըլլայ։ Բայց Աստուածաշունչի ամէնէն հին յունարէն ձեռագիրներուն մէջ, կէտադրութիւն շատ չէ գործածուած։ Թերեւս հարցնենք. Յիսուսին ըսածը ի՞նչ էր. «Քեզի կը խոստանամ որ այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս», կամ՝ «Այսօր քեզի կը խոստանամ, որ ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ Թարգմանիչները թերեւս նախադասութեան կազմուածքը փոխեն կամ կէտադրութիւն մտցնեն, ըստ իրենց ենթադրութեան թէ Յիսուս ի՛նչ ըսած ըլլալու էր։ Թարգմանութեան այս երկու կերպերն ալ գործածուած են Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններու մէջ։

18, 19. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ Յիսուսին ըսածը հասկնալու։

18 Սակայն յիշէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսած էր իր հետեւորդներուն. «Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր»։ Ան նաեւ ըսած էր. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մատ. 12։40. 16։21. 17։21, 22. Մար. 10։34)։ Պետրոս առաքեալ կը տեղեկացնէ, թէ ասիկա իրապէս պատահեցաւ (Գործք 10։39, 40)։ Ուրեմն, Յիսուս Դրախտ չգնաց այն նոյն օրը, որ ինք ու այդ չարագործը մահացան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Յիսուս «գերեզման»ին մէջ մնաց, մինչեւ որ Աստուած իրեն յարութիւն տուաւ (Գործք 2։31, 32) *։

19 Ուրեմն, առաջ որ Յիսուս չարագործին իր խոստումը տայ, ըսաւ՝ ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր’։ Ասիկա խօսելու սովորական կերպ մըն էր նոյնիսկ Մովսէսի ժամանակներուն։ Մովսէս անգամ մը ըսաւ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան» (Բ. Օր. 6։6. 7։11. 8։1, 19. 30։15

20. Ուրիշ ի՞նչ բան կը հաստատէ, թէ Յիսուս կը խօսէր ապագայ դրախտի մասին։

20 Միջին Արեւելքէն եղող Աստուածաշունչի թարգմանիչ մը ըսաւ. «Այս նախադասութեան մէջ ‘այսօր’ բառը շեշտուած է, եւ գրութիւնը պէտք է ըլլայ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, դուն ինծի հետ Դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’։ Խոստումը այդ օ՛րը տրուեցաւ, բայց յետագային պիտի կատարուէր»։ Թարգմանիչը նաեւ ըսաւ որ այդ շրջանին բնակիչները այդպէս կը խօսին, եւ այդ խօսքը կը նշանակէ, թէ «խոստումը որոշ օր մը տրուեցաւ եւ անպայման պիտի կատարուի»։ Հինգերորդ դարու պատկանող ասորերէն թարգմանութիւն մը, Յիսուսին խօսքը հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «Ամէն, ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր թէ դուն ինծի հետ Եդեմի պարտէզին մէջ պիտի ըլլաս»։ Բոլո՛րս պէտք է այս խոստումով քաջալերուինք։

21. Չարագործին ի՞նչ առանձնաշնորհում չտրուեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

21 Երբ Յիսուս չարագործին խօսեցաւ Դրախտին մասին, ըսել չուզեց երկնային դրախտ մը։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ չարագործը նոյնիսկ չէր գիտեր, որ Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ ուխտ մը ըրած էր, որ իրեն հետ իշխեն երկինքին մէջ (Ղուկ. 22։29)։ Ասկէ զատ, չարագործը նոյնիսկ չէր մկրտուած (Յովհ. 3։3-6, 12)։ Ուրեմն, երբ Յիսուս այդ խոստումը չարագործին տուաւ, վստահաբար երկրային դրախտի մասին կը խօսէր։ Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ պատմեց տեսիլք մը մարդու մը մասին, որ «դրախտ յափշտակուեցաւ» (Բ. Կոր. 12։1-4)։ Թէեւ Պօղոս եւ միւս առաքեալները ընտրուած էին, որ երկինք երթան եւ Յիսուսին հետ իշխեն, բայց հոս ան կը խօսէր ապագայ դրախտի մը մասին *։ Այդ դրախտը երկրի՞ վրայ պիտի ըլլար։ Դուն կրնա՞ս հոն ըլլալ։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԱԿՆԿԱԼԵԼ

22, 23. Ի՞նչ յոյս կրնաս ունենալ։

22 Յիշէ թէ Դաւիթ խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղ. 37։29. Բ. Պետ. 3։13)։ Ան կ’ակնարկէր ժամանակի մը, երբ երկրի վրայ բոլոր մարդիկը Աստուծոյ արդար սկզբունքներով պիտի ապրին։ Եսայի 65։22–ի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան»։ Ասիկա կը նշանակէ որ մարդիկ հազարաւոր տարիներ պիտի ապրին։ Կրնա՞ս ասիկա ակնկալել։ Ա՛յո, քանի որ ըստ Յայտնութիւն 21։1-4–ին, Աստուած մարդկութիւնը պիտի օրհնէ, եւ այդ օրհնութիւններէն մէկն է՝ «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։

23 Յստակ է ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ Դրախտին մասին։ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու առանձնաշնորհումը, բայց երկիրը դարձեալ դրախտ պիտի ըլլայ։ Աստուած երկրի վրայ եղող մարդիկը պիտի օրհնէ, ինչպէս որ խոստացած է։ Դաւիթ ըսաւ որ հեզերը եւ արդարները երկիրը պիտի ժառանգեն ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։ Եսայիին մարգարէութիւնները պէտք է մեր ախորժակը բանան այն ժամանակուան հանդէպ, երբ ուրախ–զուարթ պիտի ապրինք գեղեցիկ երկրային Դրախտին մէջ։ Ասիկա ե՞րբ պիտի պատահի։ Երբ չարագործին տուած Յիսուսին խոստումը կատարուի։ Կրնա՛ս այդ Դրախտին մէջ ըլլալ։ Այդ ժամանակ, ի՛նչ որ Քորէայի մէջ եղբայրներն ու քոյրերը ըսին, պիտի իրականանայ. «Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»։

^ պարբ. 18 Փրոֆէսոր Ս. Մարվըն Բէյթ գրեց, թէ շատ մը ուսումնականներ կը կարծեն, որ երբ Յիսուս «այսօր» ըսաւ, ըսել կ’ուզէր որ այդ նոյն օրը պիտի մեռնէր եւ Դրախտ երթար, այսինքն՝ 24 ժամուան մէջ։ Փրոֆէսոր Բէյթ աւելցուց, որ այս գաղափարը համապատասխան չէ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած ուրիշ իրողութիւններու հետ։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Յիսուս իր մահուընէ ետք «գերեզմանը» մնաց, եւ թէ ատկէ ետքն էր որ երկինք ելաւ (Մատ. 12։40. Գործք 2։31. Հռով. 10։7

^ պարբ. 21 Տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը այս թիւին մէջ։