Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Աստուածաշունչը ի՞նչ կը յայտնէ մեզի հանդէպ Աստուծոյ կարեկցութեան մասին։

Անցեալին, երբ իսրայէլացիները ստրկութեան տակ էին Եգիպտոսի մէջ, Աստուած գիտէր թէ անոնք ինչերէ կ’անցնէին եւ անոնց ցաւը զգաց (Ել. 3։7. Եսա. 63։9)։ Մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք եւ կարեկցելու կարողութիւնը ունինք։ Ան մեզի կը կարեկցի նոյնիսկ երբ կը զգանք, որ արժանի չենք իր սիրոյն (դհ18.3, էջ 8-9

Յիսուսին ուսուցումները ինչպէ՞ս օգնեցին որ մարդիկ իրենց սրտէն նախապաշարումը արմատախիլ ընեն։

Յիսուսի ժամանակուան հրեաներէն շատեր նախապաշարումներ ունէին։ Քրիստոս շեշտեց խոնարհ ըլլալուն կարեւորութիւնը եւ դատապարտեց ազգով հպարտանալը։ Ան իր հետեւորդները յորդորեց որ եղբայր–քոյրի աչքով նային իրարու (դ18.06, էջ 9-10

Երբ նկատի առնենք թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ չտուաւ որ Մովսէս մտնէ Աւետեաց երկիրը, ի՞նչ դաս կը սորվինք։

Մովսէս մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունէր Եհովային հետ (Բ. Օր. 34։10)։ Անապատին մէջ իսրայէլացիներուն 40 տարուան ճամբորդութեան վերջաւորութեան, անոնք երկրորդ անգամ ըլլալով գանգատեցան բաւարար ջուր չունենալու մասին։ Աստուած Մովսէսին ըսաւ որ ժայռին խօսի։ Բայց Մովսէս զարկա՛ւ ժայռին։ Շատ հաւանաբար, Եհովան բարկացաւ քանի որ Մովսէս չհետեւեցաւ Իր ուղղութիւններուն կամ քանի որ Իրեն փառք չտուաւ հրաշքին համար (Թւ. 20։6-12)։ Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ որ շա՛տ կարեւոր է Եհովային հնազանդիլ եւ իրեն փառք բերել (դ18.07, էջ 13-14

Ինչպէ՞ս դիւրութեամբ կրնանք սխալիլ, եթէ երեւոյթով դատենք ուրիշները։

Կան երեք մարզեր, որոնց մէջ շատեր երեւոյթէն կ’ազդուին. ցեղը կամ ազգութիւնը, նիւթական վիճակը եւ տարիքը։ Կարեւոր է որ ջանանք Եհովային աչքով նայիլ ուրիշներուն եւ անաչառ ըլլալ (Գործք 10։34, 35. դ18.08, էջ 8-12

Տարիքոտ քրիստոնեաները ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնան ուրիշներուն օգտակար դառնալ։

Տարիքոտ քրիստոնեայ մը, որուն նշանակումը փոխուած է, կը շարունակէ Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր ըլլալ, եւ շատ մը բաներ կրնայ ընել ուրիշներուն համար։ Կրնայ բարեկամանալ քոյրերու ամուսիններուն հետ, որոնք Վկայ չեն, անգործունեաներուն օգնել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել եւ իր ծառայութիւնը աւելցնել (դ18.09, էջ 8-11

Քրիստոնեաները Ուսուցանելու գործիքներու տուփին մէջ ի՞նչ բաներ ունին։

Ուսուցանելու գործիքներու տուփին մէջ կան՝ կայքի քարտեր, հրաւիրագիրներ, ութ թերթիկներ, Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, գրքոյկներ, երկու գլխաւոր ուսումնասիրական գիրքեր եւ չորս վիտէօներ, ինչպէս՝ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել (դ18.10, էջ 16

Ինչպէ՞ս քրիստոնեայ մը կրնայ ճշմարտութիւնը ‘ծախու առնել’, ինչպէս որ Առակաց 23։23–ը կը քաջալերէ։

Մենք դրամ չենք վճարեր ճշմարտութեան համար։ Սակայն պէտք է ժամանակ տրամադրենք եւ ջանք ընենք, որ զայն ձեռք ձգենք (դ18.11, էջ 4

Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ Ովսէէին վարուած կերպէն իր կնոջ՝ Գոմերին հետ։

Հակառակ որ Գոմեր կրկին անգամ շնութիւն գործեց, Ովսէէն ներեց եւ իրեն հետ ամուսնացած մնաց։ Եթէ քրիստոնեայի մը կողակիցը սեռային անբարոյութիւն գործէ, անմեղ կողակիցը կրնայ իրեն ներել։ Երբ ան սկսի դարձեալ սեռային յարաբերութիւն ունենալ իր մեղաւոր կողակիցին հետ, այլեւս վաւերական պատճառ մը չ’ունենար որ ամուսնալուծուի (դ18.12, էջ 13