ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Դեկտեմբեր 2019
Այս թիւը կը բովանդակէ 2020–ի փետրուար 3–մարտ 1 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։
Գործի եւ հանգիստի «ատենը կայ»
Իսրայէլացիներուն տրուած շաբաթական Շաբաթը որպէս օրինակ գործածելով, այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ գործի եւ հանգիստի նկատմամբ մեր տեսակէտը քննենք։
Եհովայի կարգադրութիւնը, որպէսզի ազատութիւն վայելես
Հին Յոբելեանը մեզի կը յիշեցնէ ազատութեան կարգադրութիւն մը, որ Եհովան մեզի համար ըրած է։
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Օրէնքին համաձայն, եթէ «դաշտի մէջ» տղամարդ մը նշանուած աղջիկ մը բռնաբարէր եւ ան պոռար, շնութենէն անմեղ կը նկատուէր, իսկ տղամարդը՝ ոչ։ Ինչո՞ւ։
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Երբ Սատանան Եւային ըսաւ որ բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն ուտելով պիտի չմեռնէր, արդեօք իրեն կը ներկայացնէ՞ր հոգիին անմահութեան գաղափարը, որ ներկայիս հանրածանօթ է։
Եհովան որքա՞ն լաւ կը ճանչնաս
Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան ճանչնալ, եւ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն զարգացնելու մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մովսէսէն եւ Դաւիթ թագաւորէն։
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մարզեցէք որ Եհովան սիրեն
Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները մարզել որ Եհովան սիրեն եւ իրեն ծառայեն։
«Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք»
Շատ մը պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ երախտագիտութիւն զարգացնելը մեզի օգտակար է։
Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը կարդացա՞ծ ես։ Տես թէ ի՛նչ կը յիշես։
Նիւթերու ցանկ. 2019–ի Դիտարան եւ Զարթի՛ր
Տե՛ս 2019–ի Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ լոյս տեսած նիւթերուն ցանկը։