Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք»

«Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք»

ԴՈՒՆ քեզ երախտագէտ անհատ կը նկատե՞ս։ Այս կէտին շուրջ լաւ կ’ըլլայ, որ իւրաքանչիւրս մտածենք։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ մեր օրերուն շատեր «ապերախտ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։2)։ Հաւանաբար հանդիպած ես անհատներու, որոնք կը զգան թէ ուրիշները պէ՛տք է իրենց համար լաւ բաներ ընեն, եւ պէտք չունին իրենց ստացածին համար շնորհակալութիւն յայտնելու։ Կը համաձայնի՞ս, որ այդպիսի մարդոց հետ ընկերակցիլը հաճելի չէ։

Միւս կողմէ, Եհովայի ծառաներուն կ’ըսուի. «Շնորհակա՛լ եղէք»։ Եւ պէտք է ‘ամէն բանի մէջ շնորհակալ ըլլանք’ (Կող. 3։15, ԱԾ. Ա. Թես. 5։18, ԱԾ)։ Շնորհակալ ըլլալը մեզի օգտակար է։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առնենք կարգ մը պատճառներ։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼԸ ԵՒ ԻՆՔՆԱՀԱՄԱՐՈՒՄԴ

Շնորհակալութեան ոգի զարգացնելու կարեւոր պատճառ մը այն է, որ ատիկա կ’օգնէ մեր անձին նայելու դրական աչքով։ Անհատը ընդհանրապէս լաւ կը զգայ, երբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, եւ դիմացինն ալ լաւ կը զգայ։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակը. երբ մէկը ժամանակ կը տրամադրէ, որպէսզի քեզի համար բան մը ընէ, ուրեմն իրեն համար արժէք ունիս։ Քեզմով հետաքրքրուած է։ Երբ ատիկա կը շօշափես, ինքնահամարումդ կ’աւելնայ։ Կրնանք երեւակայել որ նման բան մը եղաւ Հռութին պարագային։ Երբ Բոոզ Հռութին հանդէպ առատաձեռն գտնուեցաւ, անկասկած Հռութ ուրախացաւ, տեսնելով որ մէկը զինք կը հոգայ (Հթ. 2։10-13

Անշուշտ, մանաւանդ Աստուծմէ շնորհակալ պէտք է ըլլալ։ Անկասկած, ատեններ մտածած ես այն բազմաթիւ ֆիզիքական եւ հոգեւոր նուէրներուն մասին, որոնք տուած է եւ կը շարունակէ տալ (Բ. Օր. 8։17, 18. Գործք 14։16)։ Բայց կ’արժէ ժամանակ տրամադրել խոկալու բոլոր այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք առատօրէն կը տեղացնէ քու վրադ եւ սիրելիներուդ վրայ։ Այսպիսով, զինք աւելի պիտի արժեւորես եւ ա՛լ աւելի վստահ պիտի ըլլաս, որ քեզ կը սիրէ եւ կը գնահատէ (Ա. Յովհ. 4։9

Բայց Աստուծոյ առատաձեռնութեան եւ օրհնութիւններուն մասին խոկալէն զատ, պէտք է իր բարութեան համար իրմէ գոհանանք, կամ շնորհակալ ըլլանք (Սաղ. 100։4, 5)։ Ըսուած է թէ «շնորհակալութիւն յայտնելը մեծապէս կը նպաստէ մարդկային երջանկութեան»։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼԸ ՄԱՐԴԻԿԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ

Ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ լաւ է որ շնորհակալ ըլլանք, այն է՝ թէ շնորհակալ ըլլալը բարեկամութիւնները կը զօրացնէ։ Բոլորս գնահատուած զգալու պէտքը ունինք։ Երբ անհատի մը անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնես ազնիւ արարքի մը համար, իրարու աւելի մօտիկ կը զգաք (Հռով. 16։3, 4)։ Աւելին, երախտագէտ անհատները աւելի կը սիրեն ուրիշներուն օգտակար դառնալ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք կը նկատեն իրենց հանդէպ ուրիշներուն ազնուութիւնը եւ կը մղուին փոխադարձելու։ Այո, ուրիշներուն օգնելը երջանկութեան կ’առաջնորդէ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35

Քալիֆորնիայի Համալսարանի մէջ, երախտագիտութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարուեցաւ։ Անոր վարիչներէն մէկը՝ Ռապըրթ Էմմընս, նշեց որ երախտագէտ ըլլալու համար անհրաժեշտ է ըմբռնել, թէ մենք իրարմէ կախեալ ենք. ատեններ կու տանք, իսկ ատեններ կ’առնենք։ Արդարեւ, գոյատեւելու համար, շատ մը կերպերով ուրիշներէ կախեալ ենք։ Օրինակ՝ մեզի կերակուր կը հայթայթեն կամ բժշկական խնամք կու տան (Ա. Կոր. 12։21)։ Երախտագէտ անհատը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ կը գնահատէ ուրիշներուն ըրածը իրեն համար։ Արդեօք սովորութիւն ըրա՞ծ ես, որ երախտագիտութիւնդ արտայայտես ուրիշներուն։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԴ

Երախտագիտութիւն զարգացնելու ուրիշ պատճառ մը այն է, թէ կ’օգնէ դրական բաներու վրայ կեդրոնանալու։ Առումով մը, միտքը մաղի մը պէս է, որ կը զտէ։ Մեր միտքը կրնայ կեդրոնանալ մեր շուրջը եղող որոշ բաներու վրայ, մինչ մնացածը շուքի մէջ կը ձգէ։ Ուստի, կրնաս դրական բաները տեսնել եւ աւելի քիչ ուշադրութիւն դարձնել խնդիրներուն։ Որքան աւելի շնորհակալ ըլլաս, այնքան աւելի լաւ բաներ պիտի տեսնես, ինչ որ իր կարգին քեզ աւելի երախտագէտ պիտի դարձնէ։ Կեանքի նկատմամբ դրական հայեցակէտ ունենալը պիտի օգնէ քեզի, որ Պօղոս առաքեալին ըսածը կատարես. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն» (Փլպ. 4։4

Պիտի տեսնես որ երախտագէտ ըլլալը ժխտական մտածելակերպին արգելք կը հանդիսանայ։ Շատ դժուար է որ երախտագիտութեան զգացումով լեցուած ըլլաս, եւ միեւնոյն ատեն նախանձիս, տխրիս կամ բարկանաս։ Երախտագէտ մարդիկը նաեւ աւելի քիչ հակում ունին նիւթական բաներու ետեւէ ըլլալու, քանի որ իրենց ունեցածը կը գնահատեն եւ չեն փորձեր միշտ աւելին ձեռք ձգել (Փլպ. 4։12

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ՀԱՄՐԷ՛

Քրիստոնեայ ըլլալով, կը գիտակցիս որ Սատանան կ’ուզէ, որ այս վերջին օրերուն մէջ դիմագրաւած նեղութիւններդ քեզ վհատեցնեն եւ ընկճեն։ Ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ ժխտական ըլլաս եւ ամէն բանի համար գանգատիս։ Եթէ այդպիսի մէկը ըլլաս, մարդոց համար դժուար պիտի ըլլայ քեզի մտիկ ընել, երբ բարի լուրը կը քարոզես։ Իրականութեան մէջ, երախտագիտութիւնը սերտ կապ ունի Աստուծոյ հոգիին պտուղին հետ։ Օրինակ, մենք կ’ուրախանանք, քանի որ կը տեսնենք Աստուծոյ մեզի տուած լաւ բաները, եւ ապագային նկատմամբ իր խոստումներուն կը հաւատանք (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ

Եհովայի ծառայ մը ըլլալով, հաւանաբար կը համաձայնիս այս յօդուածին բոլոր ըսածներուն։ Սակայն կը գիտակցիս, որ դիւրին չէ միշտ երախտագէտ եւ լաւատես ըլլալ։ Մի՛ վհատիր։ Կրնա՛ս երախտագէտ հայեցակէտ զարգացնել ու պահպանել։ Ինչպէ՞ս։ Ամէն օր ժամանակ տրամադրէ, որ կեանքիդ կարգ մը երեսակներուն մասին մտածես, որոնց համար կրնաս շնորհակալ ըլլալ։ Որքան աւելի յաճախ այս մէկը ընես, այդքան աւելի հակում պիտի ունենաս երախտագէտ ըլլալու։ Եւ այդպէս, շա՜տ աւելի ուրախ պիտի ըլլաս, քան անոնք, որոնք կեանքի դժուարութիւններուն վրայ կը կեդրոնանան։ Շարունակ մտածէ Աստուծոյ եւ ուրիշներու ըրած բոլոր լաւ բաներուն մասին, որոնք քեզ կը քաջալերեն ու կ’ուրախացնեն։ Կրնաս նոյնիսկ սկսիլ յուշատետր մը գործածել։ Ատոր մէջ ամէն օր գրի առ երկու–երեք բան, որոնց համար այդ օրը շնորհակալ ես։

Գիտնականները երեւան հանած են, որ երբ կանոնաւորաբար ուրիշներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք, մեր ուղեղին աշխատանքը կը բարելաւուի, այնպէս որ կեանքը աւելի դիւրաւ դրական աչքով կը դիտենք։ Երախտագէտ անհատը աւելի ուրախ կ’ըլլայ։ Ուստի օրհնութիւններդ համրէ, դրական փորձառութիւններդ վայելէ եւ միշտ շնորհակալ եղիր։ Փոխանակ լաւ բաները թեթեւի առնելու, ‘գոհացի՛ր Տէրոջմէն, վասն զի բարի է’, եւ ‘ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղիր’ (Ա. Մն. 16։34. Ա. Թես. 5։18, ԱԾ