Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Երբ Սատանան Եւային ըսաւ որ բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն ուտելով պիտի չմեռնէր, արդեօք իրեն կը ներկայացնէ՞ր հոգիին անմահութեան գաղափարը, որ ներկայիս հանրածանօթ է։
Ըստ երեւոյթին՝ ո՛չ։ Բանսարկուն Եւային չըսաւ որ, եթէ Աստուծոյ կողմէ արգիլուած պտուղէն ուտէր, իր մարմինը պիտի մեռնէր, բայց հոգին պիտի շարունակէր ապրիլ ուրիշ տեղ մը։ Օձին միջոցաւ խօսելով, Սատանան ըսաւ թէ, եթէ Եւան այդ ծառին պտուղէն ուտէր, բնա՛ւ պիտի չմեռնէր։ Ըսել ուզեց որ Եւան պիտի շարունակէր ապրիլ, երկրի վրայ աւելի լաւ կեանք վայելելով եւ Աստուծմէ անկախ ըլլալով (Ծն. 2։17. 3։3-5)։
Եթէ հոգիին անմահութեան սուտ ուսուցումը Եդեմի պարտէզին մէջ ծագում չէ առած, հապա ե՞րբ յառաջ եկաւ։ Չենք կրնար վստահութեամբ ըսել։ Բայց գիտենք որ Նոյի ժամանակուան Ջրհեղեղով, սուտ կրօնքի ամէն սխալ գաղափար երկրի երեսէն բնաջնջուեցաւ, քանի որ միայն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները՝ Նոյ եւ իր ընտանիքը, Ջրհեղեղէն վերապրեցան։
Ուստի, մարդկային հոգիին անմահութեան գաղափարը Ջրհեղեղէն ետք մէջտեղ եկած ըլլալու է։ Երբ Աստուած Բաբելոնին մէջ լեզուները խառնակեց եւ մարդիկը «երկրի երեսը ցրուեց», անոնք անկասկած իրենց հետ տարին այն գաղափարը, որ մարդը անմահ հոգի ունի (Ծն. 11։8, 9)։ Առանց նկատի առնելու թէ այս սուտ գաղափարը ե՛րբ ծագում առաւ, կրնանք վստահ ըլլալ որ ատոր ետին Սատանան է՝ «սուտին հայրը», եւ ան ուրախ է տեսնելով թէ որչա՜փ տարածուած է (Յովհ. 8։44, ԱԾ)։