Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ հարց մը հաստատուելու համար առնուազն երկու վկաներ պէտք է ըլլան (Թւ. 35։30. Բ. Օր. 17։6. 19։15. Մատ. 18։16. Ա. Տիմ. 5։19)։ Բայց Օրէնքին համաձայն, եթէ «դաշտի մէջ» տղամարդ մը նշանուած աղջիկ մը բռնաբարէր, աղջիկը եթէ պոռար, շնութենէն անմեղ կը նկատուէր, իսկ տղամարդը՝ ոչ։ Հակառակ անոր որ վկաներ չկային, ինչո՞ւ աղջիկը անմեղ էր, մինչ տղամարդը՝ յանցաւոր։

Բ. Օրինաց 22։25-27–ի արձանագրութեան գլխաւոր նպատակը չէ հաստատել տղամարդուն յանցանքը. անոր յանցաւորութիւնը արդէն նշուած էր։ Այս օրէնքը կը կեդրոնանար աղջկան անմեղութիւնը հաստատելուն վրայ։ Նկատի առնենք շուրջի համարները։

Բ. Օրինաց 22։23, 24–ը կը խօսի տղամարդու մը մասին, որ «քաղաքին մէջ» սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ նշանուած աղջկայ մը հետ։ Այդպէս ընելով ան շնութիւն գործած կ’ըլլար, քանի որ նշանուած աղջիկը ամուսնացած կը սեպուէր։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել աղջկան մասին։ Ան «քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչվռտեց»։ Եթէ կանչվռտէր, մարդիկ վստահաբար պիտի լսէին զինք եւ օգնութեան պիտի հասնէին։ Բայց ան չպոռաց։ Այդպիսով, ան շնութեան մասնակից կ’ըլլար, ուստի երկուքն ալ յանցաւոր էին։

Յաջորդող համարներուն մէջ, Օրէնքը տարբեր պարագայ մը նկատի կ’առնէ. «Բայց եթէ մարդ մը նշանուած աղջիկ մը դաշտի մէջ գտնէ ու զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը միայն մեռցուի։ Աղջկան բան մը մի՛ ըներ. աղջիկը մահու արժանի յանցանք մը չունի. վասն զի ինչպէս մէկը իր դրացիին վրայ կը յարձակի ու զանիկա կը մեռցնէ, այս դիպուածն ալ այնպէս է։ Քանզի դաշտ էր ու թէեւ նշանուած աղջիկը կանչվռտեց, բայց զինք ազատող մը չեղաւ» (Բ. Օր. 22։25-27

Այս պարագային, դատաւորները կ’ենթադրէին որ աղջիկը «կանչվռտեց, բայց զինք ազատող մը չեղաւ»։ Ուստի, ան շնութիւն չգործեց։ Սակայն տղամարդը յանցաւոր էր բռնաբարութիւն եւ շնութիւն գործելով, քանի որ նշանուած աղջկան հետ ‘բռնադատելով պառկեցաւ’։

Այսպիսով, քանի որ այս օրէնքը կը կեդրոնանայ աղջիկին անմեղութեան վրայ, արձանագրութիւնը պարզապէս կը նշէ, որ տղամարդը յանցաւոր է բռնաբարութիւն եւ շնութիւն գործելով։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ դատաւորները հարցը ‘աղէկ մը քննութիւն կ’ընէին’ եւ որոշում կ’առնէին՝ Աստուծոյ կողմէ յստակօրէն եւ բազմիցս նշուած սկզբունքներուն համաձայն (Բ. Օր. 13։14. 17։4. Ել. 20։14