Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 49

Գործի եւ հանգիստի «ատենը կայ»

Գործի եւ հանգիստի «ատենը կայ»

«Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (ՄԱՐ. 6։31

ԵՐԳ 128 Այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Շատեր գործի նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունին։

ԱՊՐԱԾ շրջանիդ մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս գործը կը նկատէ։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ երթալէն աւելի կ’աշխատին։ Անոնք յաճախ չեն կրնար հանգիստ ընել, իրենց ընտանիքներուն հետ ժամանակ անցընել կամ իրենց հոգեւոր պէտքին գոհացում տալ (Ժող. 2։23)։ Միւս կողմէ, ոմանք բնա՛ւ չեն սիրեր աշխատիլ եւ պատճառաբանութիւններ կ’ընեն, որպէսզի չաշխատին (Առ. 26։13, 14

2-3. Եհովան եւ Յիսուսը գործի նկատմամբ ի՞նչ օրինակ ձգած են մեզի։

2 Կը տեսնենք թէ աշխարհի մէջ բազմաթիւ մարդիկ կա՛մ շատ կ’աշխատին, կամ ալ չեն սիրեր աշխատիլ։ Բայց մտածէ թէ Եհովան եւ Յիսուսը գործի նկատմամբ ի՛նչ տեսակէտ ունին։ Մենք գիտենք թէ Եհովան կը սիրէ աշխատիլ։ Յիսուս ատիկա յստակ դարձուց՝ ըսելով. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յովհ. 5։17)։ Մտածէ այն ամբողջ աշխատանքին մասին, որ Աստուած տարաւ, երբ անհամար հոգեղէն արարածներ եւ հսկայ տիեզերքը ստեղծեց։ Նաեւ կը տեսնենք այն բոլոր գեղեցիկ բաները, որոնք Աստուած երկրի վրայ ստեղծեց։ Սաղմոսերգուն տեղին ըլլալով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ» (Սաղ. 104։24

3 Յիսուս իր Հայրը ընդօրինակեց։ Ան օգնեց, երբ Եհովան «երկինքները կը պատրաստէր»։ Ան Եհովային քով «ճարտարապետ» էր (Առ. 8։27-31)։ Յետագային, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, հոյակապ գործ մը կատարեց։ Այդ գործը իրեն համար կերակուրի պէս էր եւ զայն կատարելով փաստեց, թէ Աստուած զինք ղրկած էր (Յովհ. 4։34. 5։36. 14։10

4. Հանգիստի նկատմամբ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովայէն եւ Յիսուսէն։

4 Նկատի առնելով Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակները որպէս ծանր աշխատողներ, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ անհրաժեշտ չէ որ հանգստանանք։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ երկինքն ու երկիրը ստեղծելէ ետք, Եհովան «դադարեցաւ ու հանգստացաւ» (Ել. 31։17)։ Քանի որ Եհովան բնա՛ւ չի յոգնիր եւ հետեւաբար հանգստանալու պէտք չունի, այս խօսքերը ըստ երեւոյթին կը նշանակեն որ ան ստեղծելէ կանգ առաւ եւ իր ստեղծած բաներէն հաճոյք առաւ։ Իսկ Յիսուս թէեւ երկրի վրայ եղած ատեն ծանր աշխատեցաւ, բայց ժամանակ տրամադրեց հանգստանալու եւ իր բարեկամներուն հետ ճաշելու (Մատ. 14։13. Ղուկ. 7։34

5. Աստուծոյ ծառաներէն շատեր դժուարութիւն կ’ունենան ի՞նչ ընելու։

5 Աստուածաշունչը Աստուծոյ ծառաները կը քաջալերէ, որ աշխատին։ Անոնք պէտք է աշխատասէր ըլլան, եւ ոչ թէ ծոյլ (Առ. 15։19)։ Թերեւս աշխարհիկ գործ կ’ընես ընտանիքիդ հոգ տանելու համար։ Եւ Քրիստոսի աշակերտները ըլլալով, բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցելու։ Բայց, հանգիստի ալ պէտք ունիս։ Երբեմն դժուարութիւն կ’ունենա՞ս որ հաւասարակշռես այն ժամանակը, որ կը տրամադրես աշխարհիկ գործին, ծառայութեան եւ հանգիստին։ Ինչպէ՞ս կը գիտնանք որքա՛ն աշխատիլ եւ որքա՛ն հանգստանալ։

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ ԳՈՐԾՆ ՈՒ ՀԱՆԳԻՍՏԸ

6. Մարկոս 6։30-34–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Յիսուս գործի եւ հանգիստի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։

6 Կարեւոր է որ գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլանք։ Սողոմոն թագաւոր ներշնչման ներքեւ գրեց. ‘Ամէն գործի ժամանակը կայ’։ Ան նշեց տնկելը, շինելը, լալը, ծիծաղիլը եւ այլ գործունէութիւններ (Ժող. 3։1-8)։ Յստակ է որ կեանքի երկու հիմնական մարզերն են՝ գործն ու հանգիստը։ Յիսուս անոնց նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ Առիթով մը, առաքեալները քարոզչական շրջագայութենէ մը վերադարձան։ Անոնք այնքան զբաղած էին, որ «հաց ուտելու ալ ժամանակ» չունէին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (կարդա՛ Մարկոս 6։30-34)։ Թէեւ Յիսուս եւ իր աշակերտները միշտ չկրցան իրենց ուզած հանգիստը վայելել, բայց Յիսուս գիտէր որ բոլորն ալ հանգիստի պէտք ունէին։

7. Շաբաթի օրէնքը քննարկելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

7 Երբեմն, իրապէս պէտք ունինք հանգիստի կամ մեր առօրեայ ռութինէն դուրս ելլելու։ Այս մէկը կը տեսնենք կարգադրութենէ մը, որ Աստուած անցեալին իր ժողովուրդին համար ըրաւ. շաբաթական Շաբաթը։ Թէեւ Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, բայց կրնանք օգտուիլ, քննարկելով Շաբաթի կարգադրութիւնը։ Մեր սորվածը կրնայ մեզի օգնել, որ գործի եւ հանգիստի նկատմամբ մեր տեսակէտը քննենք։

ՇԱԲԱԹԸ ՀԱՆԳԻՍՏԻ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԷՐ

8. Ելից 31։12-15–ի համաձայն, Շաբաթը ի՞նչ բանի օր էր։

8 Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ Եհովան վեց «օր» ստեղծելէ ետք, երկրի վրայ ստեղծագործութիւն ընելէ կանգ առաւ (Ծն. 2։2)։ Սակայն ան աշխատիլը կը սիրէ, եւ «մինչեւ հիմա կը գործէ» ուրիշ կերպերով (Յովհ. 5։17)։ Ան վեց «օր» աշխատեցաւ եւ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ, եւ իսրայէլացիներուն ալ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր եօթներորդ օր հանգչին։ Ան ըսաւ որ Շաբաթը նշան էր իր եւ իսրայէլ ազգին միջեւ։ Անիկա ‘հանգստութեան շաբաթ էր եւ սուրբ էր Տէրոջը’ (կարդա՛ Ելից 31։12-15)։ Այդ օրը, չէր արտօնուած որ մէ՛կը աշխատէր, մէջը ըլլալով պզտիկները, ստրուկները եւ նոյնիսկ ընտանի անասունները (Ել. 20։10)։ Շաբաթը առիթ տուաւ որ մարդիկ աւելի ուշադրութիւն ընծայեն հոգեւոր բաներու։

9. Յիսուսի օրերուն, Շաբաթի նկատմամբ ի՞նչ անհաւասարակշիռ տեսակէտ կար։

9 Շաբաթը օգտակար կարգադրութիւն էր Աստուծոյ ժողովուրդին համար, սակայն Յիսուսի ժամանակ կրօնական առաջնորդներէն շատեր անոր նկատմամբ ծայրայեղ եւ խիստ տեսակէտ որդեգրած էին։ Անոնք ըսին, թէ Շաբաթ օրը օրինազանցութիւն է նոյնիսկ քիչ մը ցորեն փրցնելը կամ հիւանդ մը բժշկելը (Մար. 2։23-27. 3։2-5)։ Բայց Աստուած այդպէս չէր մտածեր, եւ Յիսուս ասիկա յստակ դարձուց իրեն մտիկ ընողներուն։

Յիսուսի ընտանիքը Շաբաթը գործածեց հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալու համար (տե՛ս պարբերութիւն 10) *

10. Մատթէոս 12։9-12–էն ի՞նչ կրնանք սորվիլ Շաբաթի նկատմամբ Յիսուսի տեսակէտին մասին։

10 Յիսուս եւ իր հրեայ հետեւորդները Շաբաթը պահեցին, քանի որ Օրէնքին ներքեւ էին *։ Բայց Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով ցոյց տուաւ, որ Շաբաթ օրով ուրիշներուն համար օգտակար բաներ ընելը սխալ չէ։ Ան յստակօրէն ըսաւ. «Շաբաթ օրը բարի գործել արժան է» (կարդա՛ Մատթէոս 12։9-12)։ Ան Շաբաթ օրով ազնիւ արարքներ կատարելը օրինազանցութիւն չնկատեց։ Յիսուսին ըրածները ցոյց տուին թէ ան կը հասկնար Շաբաթի կարգադրութեան կարեւոր մէկ պատճառը։ Որովհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը այդ օրը իրենց առօրեայ գործերէն հանգիստ կ’ընէին, կրնային հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալ։ Յիսուս մեծցաւ ընտանիքի մը մէջ, որ Շաբաթը կ’օգտագործէր Աստուծոյ մօտենալու համար։ Ասիկա գիտենք այն համարէն որ կ’ըսէ, թէ Յիսուս Նազարէթի մէջ «իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ» (Ղուկ. 4։15-19

ԳՈՐԾԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿԷՏ ՈՒՆԻՍ

11. Գործի նկատմամբ ո՞վ լաւ օրինակ եղած էր Յիսուսին։

11 Յովսէփ Յիսուսին սորվեցուց ատաղձագործութիւնը, ինչպէս նաեւ գործի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը (Մատ. 13։55, 56)։ Եւ Յիսուս տեսած ըլլալու էր, թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս ամէն օր ծանր կ’աշխատէր իր մեծ ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար։ Հետաքրքրական է որ Յիսուս յետագային իր աշակերտներուն ըսաւ. «Մշակը իր վարձքին արժանի է» (Ղուկ. 10։7)։ Յստակ է որ Յիսուս գիտէր ինչպէ՛ս ծանր աշխատիլ։

12. Ի՞նչ համարներ ցոյց կու տան ծանր աշխատանքի շուրջ Աստուածաշունչին տեսակէտը։

12 Նոյնն էր Պօղոս առաքեալին պարագան։ Իր գլխաւոր գործն էր՝ ուրիշներուն խօսիլ Յիսուսին եւ անոր պատգամին մասին։ Սակայն Պօղոս նաեւ աշխատեցաւ, որպէսզի իր ծախսերը ծածկէ։ Թեսաղոնիկեցիները տեսան անոր ‘ջանքը եւ աշխատանքը’ եւ ‘գիշեր ու ցորեկ գործելը’, որպէսզի մէկո՛ւ մը ‘նեղութիւն չտար’ (Բ. Թես. 3։8. Գործք 20։34, 35)։ Պօղոս թերեւս կ’ակնարկէր իր աշխատանքին որպէս վրանագործ։ Կորնթոսի մէջ, ան Ակիւղասի ու Պրիսկիղայի քով մնաց եւ անոնց հետ «կը գործէր, վասնզի արհեստով վրանագործ էին»։ Պօղոսի «գիշեր ու ցորեկ» աշխատիլը չի նշանակեր, թէ անդադար աշխատեցաւ։ Վրանագործութենէն դադար կ’առնէր, օրինակ՝ Շաբաթ օրը։ Այդ օրը իրեն առիթ կու տար, որ վկայէ հրեաներուն, որոնք նաեւ Շաբաթ օրով չէին աշխատեր (Գործք 13։14-16, 42-44. 16։13. 18։1-4

13. Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

13 Պօղոս առաքեալ լաւ օրինակ ձգեց։ Ան աշխարհիկ գործ ունէր, բայց միեւնոյն ատեն վստահ եղաւ որ ‘Աստուծոյ աւետարանը մատակարարէ’ (Հռով. 15։16. Բ. Կոր. 11։23)։ Ուրիշներն ալ քաջալերեց, որ կանոնաւորաբար քարոզեն։ Այսպէս, Ակիւղասն ու Պրիսկիղան ‘Քրիստոս Յիսուսով իր գործակիցներն’ էին (Հռով. 12։11. 16։3)։ Պօղոս կորնթացիները յորդորեց, որ ‘Տէրոջը գործին մէջ աւելնան’ (Ա. Կոր. 15։58. Բ. Կոր. 9։8)։ Եհովան նոյնիսկ զինք ներշնչեց, որ գրէ. «Ան որ չ’ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ» (Բ. Թես. 3։10

14. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց Յովհաննէս 14։12–ի մէջ նշուած իր խօսքով։

14 Այս «վերջին օրեր»ուն մէջ քարոզելն ու աշակերտելը ամէնէն կարեւոր գործն են։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս մարգարէացաւ թէ իր աշակերտները իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընէին (կարդա՛ Յովհաննէս 14։12)։ Ան ըսել չուզեց որ մենք իրեն պէս հրաշքներ պիտի ընէինք։ Փոխարէնը, իր հետեւորդները պիտի քարոզէին ու սորվեցնէին՝ աւելի շատ վայրերու մէջ, աւելի շատ մարդոց եւ աւելի երկար ժամանակ։

15. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք, եւ ինչո՞ւ։

15 Եթէ աշխարհիկ գործ ունիս, դուն քեզի հարցուր. ‘Գործատեղիս ճանչցուա՞ծ եմ որպէս ծանր աշխատող։ Գործս կ’ամբողջացնե՞մ ճիշդ ժամանակին եւ լաւագոյնս տալով’։ Եթէ պատասխանդ այո՛ է, շատ հաւանաբար գործատիրոջդ վստահութիւնը պիտի շահիս։ Նաեւ աշխատակիցներդ աւելի յօժար պիտի ըլլան բարի լուրը մտիկ ընելու։ Իսկ քարոզելու եւ աշակերտելու գործին նկատմամբ, դուն քեզի հարցուր. ‘Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս ծանր աշխատող ծառայութեան մէջ։ Կանխաւ կը մտածե՞մ թէ առաջին հանդիպումին ի՛նչ պիտի ըսեմ։ Անմիջապէս կը վերայցելե՞մ հետաքրքրուած մարդոց։ Ծառայութեան զանազան երեսակներուն կանոնաւորաբար կը մասնակցի՞մ’։ Եթէ պատասխանդ այո՛ է, գործիդ մէջ ուրախութիւն պիտի գտնես։

ՀԱՆԳԻՍՏԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿԷՏ ՈՒՆԻՍ

16. Յիսուս եւ իր առաքեալները հանգիստին նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունէին, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կը տարբերի շատերու տեսակէտէն այսօր։

16 Յիսուս գիտէր, որ ինքն ու իր աշակերտները երբեմն հանգիստի պէտք ունէին։ Սակայն շատերը,– այն ատեն եւ ներկայիս,– կարելի է նմանցնել Յիսուսի առակին մէջի հարուստ մարդուն։ Ան ինքզինք համոզեց. «Հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր» (Ղուկ. 12։19. Բ. Տիմ. 3։4)։ Ան խորհեցաւ, որ հանգիստն ու հաճոյքը կեանքի մէջ ամէնէն կարեւոր բաներն էին։ Անոր հակառակը, Յիսուս եւ իր առաքեալները իրենց կեանքը չկեդրոնացուցին ինքզինքնին հաճեցնելու վրայ։

Գործի եւ հանգիստի նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլալը թոյլ պիտի տայ, որ թարմացուցիչ բարի գործեր ընելու վրայ կեդրոնանանք (տե՛ս պարբերութիւն 17) *

17. Աշխարհիկ գործէն դուրս, մեր ազատ ժամանակը ինչպէ՞ս կը գործածենք։

17 Ներկայիս, կը ջանանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ գործէն դուրս մեր ժամանակը գործածելով ոչ միայն հանգստանալու, հապա նաեւ բարիք ընելու՝ ուրիշներուն վկայելով եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Մեզի համար աշակերտելն ու ժողովներու ներկայ գտնուիլը այնքան կարեւոր են, որ ամէն ջանք կը թափենք այդ սուրբ գործունէութիւններուն կանոնաւորաբար մասնակցելու համար (Եբ. 10։24, 25)։ Նոյնիսկ երբ արձակուրդի մէջ ըլլանք, ժողովներու երթալու մեր հոգեւոր ռութինը կը պահենք ո՛ւր որ ալ ըլլանք եւ առիթներ կը փնտռենք, որ խօսակցութիւններ ունենանք անոնց հետ, որոնց կը հանդիպինք (Բ. Տիմ. 4։2

18. Մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։

18 Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, մեզմէ չ’ակնկալեր որ մեր կարողութենէն աւելին ընենք, եւ մեզի կ’օգնէ որ գործի եւ հանգիստի շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք (Եբ. 4։15)։ Ան կ’ուզէ որ պէտք եղածին չափ հանգիստ ընենք։ Նաեւ կ’ուզէ որ ծանր աշխատինք մեր ֆիզիքական պէտքերը հոգալու համար եւ մասնակցինք աշակերտելու թարմացուցիչ գործին։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըրած է, որպէսզի դաժան ստրկութենէ մը մեզ ազատէ։

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

^ պարբ. 5 Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս գործի եւ հանգիստի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ։ Իսրայէլացիներուն տրուած շաբաթական Շաբաթը որպէս օրինակ գործածելով, յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ գործի եւ հանգիստի նկատմամբ մեր տեսակէտը քննենք։

^ պարբ. 10 Աշակերտները մեծապէս կը յարգէին Շաբաթը, այնպէս որ Յիսուսի թաղման համար յաւելեալ պատրաստութիւններ տեսնելէ կանգ առին, մինչեւ որ Շաբաթ օրը անցաւ (Ղուկ. 23։55, 56

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յովսէփ Շաբաթ օրը իր ընտանիքը ժողովարան կը տանի։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հայր մը, որ իր ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար կ’աշխատի, իր ազատ ժամանակը կը գործածէ հոգեւոր գործունէութիւններու համար, նոյնիսկ երբ իր ընտանիքին հետ արձակուրդի մէջ է։