Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 51

Եհովան որքա՞ն լաւ կը ճանչնաս

Եհովան որքա՞ն լաւ կը ճանչնաս

«Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր» (ՍԱՂ. 9։10

ԵՐԳ 64 Ճշմարտութիւնը իւրացուր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ինչպէս որ Անկհելիթոյին փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է ընենք։

ԾՆՈՂՆԵՐԴ Եհովայի վկանե՞ր են։ Եթէ այո, յիշէ որ Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւնը իրենցմէ չես ժառանգեր։ Մեր ծնողները ըլլա՛ն Եհովայի ծառայողներ կամ ոչ, իւրաքանչիւրս Եհովայի հետ մեր անձնական բարեկամութիւնը պէտք է կերտենք։

2 Նկատի առ եղբայր Անկհելիթոյի փորձառութիւնը։ Անոր ամբողջ ընտանիքը Եհովայի վկաներ էին։ Բայց երբ պատանի էր, Աստուծոյ մօտիկ չէր զգար։ Ան կը խոստովանի. «Եհովայի կը ծառայէի, պարզապէս քանի որ կ’ուզէի ընել ինչ որ ընտանիքս կ’ընէր»։ Սակայն, ան որոշեց աւելի ժամանակ տրամադրել Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու, եւ սկսաւ աւելի յաճախ Եհովայի աղօթել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Սորվեցայ որ սիրելի Հօրս՝ Եհովային մօտենալու համար, պէտք է անձամբ զինք ճանչնամ»։ Անկհելիթոյին փորձառութենէն կարեւոր հարցումներ կը ծագին. ի՞նչ է տարբերութիւնը Եհովայի ծանօթանալուն եւ զինք լաւ ճանչնալուն միջեւ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք լաւ ճանչնալ։

3. Ի՞նչ է տարբերութիւնը Եհովային ծանօթանալուն եւ զինք լաւ ճանչնալուն միջեւ։

3 Կրնանք ըսել որ անհատ մը Եհովային ծանօթացած է, եթէ գիտէ իր անունը, կարգ մը ըսածներն ու ըրածները։ Բայց Եհովան լաւ ճանչնալը աւելի՛ն կը պարփակէ։ Պէտք է ժամանակ տրամադրենք իրեն եւ իր սքանչելի յատկութիւններուն մասին սորվելու։ Միայն այն ատեն կը սկսինք հասկնալ թէ ի՛նչ բան զինք կը մղէ խօսելու եւ գործելու։ Ատիկա մեզի պիտի օգնէ գիտնալու, թէ մեր գաղափարներուն, որոշումներուն եւ արարքներուն կը հաճի՛ կամ ոչ։ Մէյ մը որ գիտնանք թէ ի՛նչ է Եհովայի կամքը մեզի համար, հարկ է որ անոր համաձայն գործենք։

4. Աստուածաշունչէն օրինակներ նկատի առնելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։

4 Ոմանք թերեւս մեզ ծաղրեն, քանի որ կ’ուզենք Եհովային ծառայել, եւ թերեւս նոյնիսկ ա՛լ աւելի մեզի հակառակին, երբ սկսինք Եհովայի ժողովուրդին ընկերակցիլ։ Բայց եթէ Եհովային վստահինք, ան բնա՛ւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ։ Իրեն հետ բարեկամութիւն մը պիտի մշակենք, որ յաւիտեան պիտի տեւէ։ Իրապէս կրնա՞նք Եհովան ա՛յդքան լաւ ճանչնալ։ Այո՛։ Անկատար տղամարդոց օրինակները, ինչպէս՝ Մովսէս եւ Դաւիթ թագաւոր, ցոյց կու տան թէ ատիկա կարելի է։ Մինչ իրենց արարքները նկատի կ’առնենք, երկու հարցումներու պիտի պատասխանենք. ինչպէ՞ս Եհովան ճանչցան, եւ իրենց օրինակներէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

ՄՈՎՍԷՍ ‘ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻՆ ՏԵՍԱՒ’

5. Մովսէս ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ։

5 Մովսէս իր գիտցածին հիման վրայ գործեց։ Երբ Մովսէս շուրջ 40 տարեկան էր, ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին՝ եբրայեցիներուն ընկերակցիլ, փոխանակ ճանչցուելու որպէս «Փարաւոնին աղջկան որդին» (Եբ. 11։24)։ Ան երեւելի դիրքէ մը հրաժարեցաւ։ Երբ ստրկացած եբրայեցիներուն կողմը դիրք բռնեց, գիտէր թէ փարաւոնը պիտի բարկանար։ Հաւատքի ի՜նչ հոյակապ արարք, քանի որ փարաւոնը շատ զօրաւոր կառավարիչ մըն էր եւ եգիպտացիները զինք աստուած կը նկատէին։ Մովսէս Եհովային վստահեցաւ, եւ այսպիսի վստահութիւն մնայուն բարեկամութեան հիմնաքարն է (Առ. 3։5

6. Մովսէսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

6 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Մովսէսին պէս, բոլորս պէտք է որոշում մը առնենք. պիտի ընտրե՞նք Աստուծոյ ծառայել եւ իր ժողովուրդին ընկերակցիլ։ Թերեւս Աստուծոյ ծառայելու համար ստիպուինք զոհողութիւններ ընել, եւ թերեւս հակառակութիւն դիմագրաւենք անոնց կողմէ՝ որոնք Եհովան չեն ճանչնար։ Բայց եթէ մեր երկնաւոր Հօր վստահինք, ան մեզի թիկունք պիտի կանգնի։

7-8. Մովսէս ի՞նչ բան շարունակեց սորվիլ։

7 Մովսէս շարունակեց Եհովայի յատկութիւններուն մասին սորվիլ եւ իր կամքը կատարել։ Օրինակ, երբ Մովսէսէն խնդրուեցաւ, որ իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս հանէ, ան ինքնավստահութիւն չունէր եւ կրկին անգամ Եհովային արտայայտեց որ անատակ կը զգայ։ Եհովան իսկական կարեկցութիւն ցոյց տուաւ, Մովսէսին օգնելով (Ել. 4։10-16)։ Առ ի արդիւնք, Մովսէս կրցաւ դատաստանական զօրաւոր պատգամներ փարաւոնին հաղորդել։ Նաեւ, ան տեսաւ թէ Եհովան ինչպէս իր զօրութիւնը գործածեց, երբ իսրայէլացիները ազատեց, իսկ փարաւոնը եւ անոր զօրքերը բնաջնջեց Կարմիր ծովուն մէջ (Ել. 14։26-31. Սաղ. 136։15

8 Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, իսրայէլացիները շարունակ գանգատեցան։ Մովսէս տեսաւ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեծ համբերութեամբ իր ժողովուրդին հետ վարուեցաւ (Սաղ. 78։40-43)։ Ան նաեւ շօշափեց Եհովայի ուշագրաւ խոնարհութիւնը, երբ իր խնդրանքին համաձայն Իր միտքը փոխեց (Ել. 32։9-14

9. Եբրայեցիս 11։27–ի համաձայն, Մովսէս Եհովայի հետ ինչպիսի՞ փոխյարաբերութիւն ունէր։

9 Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, Մովսէս Եհովայի հետ այնքա՛ն մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունեցաւ, որ կարծես իր երկնաւոր Հայրը կը տեսնէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։27)։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի» (Ել. 33։11

10. Եհովան լաւ ճանչնալու համար, ի՞նչ բան պէտք է ընենք։

10 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եհովան լաւ ճանչնալու համար, ոչ միայն պէտք է իր յատկութիւններուն մասին գիտնանք, հապա նաեւ պէտք է իր կամքը ընենք։ Ներկայիս Եհովայի կամքն է, որ «մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Աստուծոյ կամքը ընելու մէկ կերպը այն է, որ ուրիշներուն սորվեցնենք իր մասին։

11. Մինչ Եհովայի մասին ուրիշներուն կը սորվեցնենք, ինչպէ՞ս զինք աւելի լաւ կը ճանչնանք։

11 Երբ Եհովայի մասին ուրիշներուն կը սորվեցնենք, յաճախ անձամբ զինք աւելի լաւ կը ճանչնանք։ Օրինակ, Եհովայի կարեկցութիւնը կը տեսնենք, երբ մեզ կ’առաջնորդէ որ գտնենք բարեացակամ անհատները (Յովհ. 6։44)։ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը կը տեսնենք, մինչ մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտողները գէշ սովորութիւններէ կը ձերբազատուին եւ նոր անձնաւորութիւնը կը սկսին հագնիլ (Կող. 3։9, 10)։ Եւ կը տեսնենք Աստուծոյ համբերութիւնը, մինչ մեր թաղամասին մէջ շատերուն կրկին անգամ առիթ կու տայ, որ իր մասին սորվին եւ փրկուին (Հռով. 10։13-15

12. Ինչպէս որ Ելից 33։13–ը ցոյց կու տայ, Մովսէս ի՞նչ խնդրեց եւ ինչո՞ւ։

12 Մովսէս Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը թեթեւի չառաւ։ Նոյնիսկ Աստուծոյ անունով հրաշքներ կատարելէ ետք, Մովսէս յարգանքով խնդրեց որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնայ (կարդա՛ Ելից 33։13)։ Ան 80–ական տարիքի էր, երբ այդ խնդրանքը ներկայացուց, բայց գիտէր որ տակաւին շա՜տ բան ունէր սորվելիք իր սիրառատ երկնաւոր Հօր մասին։

13. Ի՞նչ է կերպ մը, որով ցոյց կու տանք, թէ Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։

13 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Որքա՛ն ալ երկար ծառայած ըլլանք Եհովային, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պէտք է բնա՛ւ թեթեւի չառնենք։ Աղօթելը զօրաւոր ապացոյց է, թէ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։

14. Ինչո՞ւ Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալու համար աղօթելը կարեւոր է։

14 Զօրաւոր բարեկամութիւն կերտելու գաղտնիքն է՝ լաւ հաղորդակցութիւն ունենալ։ Ուստի Աստուծոյ մօտեցիր յաճախ աղօթելով, եւ բնաւ մի՛ վախնար ամենաներքին զգացումներդ իրեն արտայայտելու (Եփ. 6։18)։ Քրիսթան, որ Թուրքիոյ մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Եհովայի հանդէպ սէրս ու վստահութիւնս կ’աւելնան ամէն անգամ որ աղօթքով մտածումներս իրեն յայտնեմ եւ ապա տեսնեմ ինչպէս ինծի կ’օգնէ։ Աղօթքներուս պատասխանելը ինծի օգնած է, որ Եհովան Հայրս ու Բարեկամս նկատեմ»։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՍՐՏԻՆ ՀԱՄԵՄԱՏ ՄԱՐԴ ՄԸ

15. Եհովան Դաւիթ թագաւորը ինչպէ՞ս նկարագրեց։

15 Դաւիթ թագաւոր ծնաւ ազգի մը մէջ, որ Եհովա Աստուծոյ նուիրուած էր։ Բայց ան պարզապէս իր ընտանիքին կրօնական սովորութիւններուն չհետեւեցաւ։ Ան Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւն կերտեց, իսկ Եհովան իրեն հանդէպ մասնաւոր գուրգուրանք ունէր։ Եհովան անձամբ Դաւիթը նկարագրեց որպէս ‘իր սրտին համեմատ մարդ մը’ (Գործք 13։22)։ Դաւիթ ինչպէ՞ս Եհովային այսքան մօտիկ եղաւ։

16. Ստեղծագործութիւնը դիտելով, Դաւիթ Եհովայի մասին ի՞նչ սորվեցաւ։

16 Դաւիթ ստեղծագործութենէն սորվեցաւ Եհովայի մասին։ Երբ Դաւիթ պատանի էր, տունէն դուրս ժամեր կ’անցընէր՝ իր հօր ոչխարներուն հոգ տանելով։ Թերեւս այն ատեն է որ սկսաւ Եհովայի ստեղծած բաներուն վրայ խոկալ։ Օրինակ, գիշերը աստղազարդ երկինքին նայելով, ան աստղերը Ստեղծողին յատկութիւնները կ’ըմբռնէր։ Ասիկա զինք մղեց գրելու. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (Սաղ. 19։1, 2)։ Իսկ խոկալով թէ մարդ արարածը ի՜նչ հոյակապ կերպով ստեղծուած է, ան կը տեսնէր Եհովայի խոր իմաստութիւնը (Սաղ. 139։14)։ Եհովայի գործերուն մասին խոկալը զինք խոնարհեցուց (Սաղ. 139։6

17. Եթէ ստեղծագործութեան վրայ խոկանք, ի՞նչ պիտի սորվինք։

17 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Ստեղծագործութեամբ հետաքրքրուէ։ Եհովայի ստեղծած այս գեղեցիկ աշխարհին մէջ պարզապէս մի՛ ապրիր, հապա անով սքանչացիր։ Առօրեայ կեանքիդ մէջ, խոկա՛ թէ շուրջդ գտնուող ստեղծագործութիւնը,– բոյսերը, անասունները եւ մարդիկը,– քեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։ Այդպէս ընելով, իւրաքանչիւր օր լեցուն բաներ պիտի սորվիս սիրելի Հօրդ մասին (Հռով. 1։20)։ Եւ օրէ օր պիտի նկատես թէ իրեն հանդէպ ա՛լ աւելի խոր սէր կը զարգացնես։

18. Ինչպէս որ Սաղմոս 18–ը ցոյց կու տայ, Դաւիթ ի՞նչ բանի գիտակցեցաւ։

18 Դաւիթ գիտակցեցաւ թէ Եհովան իրեն կ’օգնէր։ Օրինակ, երբ Դաւիթ իր հօր ոչխարները առիւծէ մը եւ արջէ մը պաշտպանեց, ընդունեց թէ Եհովայի օգնութեամբ էր որ այդ վայրի անասունները մեռցուց։ Եւ երբ հսկայ Գողիաթին յաղթեց, յստակօրէն տեսաւ որ Եհովան էր զինք առաջնորդողը (Ա. Թագ. 17։37)։ Իսկ երբ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորէն փախաւ, գիտակցեցաւ որ Եհովան էր զինք ազատողը (Սաղ. 18, մակագրութիւն *)։ Հպարտ անհատ մը այս իրագործումները իր անձին պիտի վերագրէր։ Բայց Դաւիթ խոնարհ ըլլալով՝ անդրադարձաւ որ Եհովայի ձեռքը կար իր կեանքին մէջ (Սաղ. 138։6

19. Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

19 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եհովայէն օգնութիւն խնդրելէն զատ, պէտք է ուշադրութիւն ընենք թէ ան ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ։ Եթէ խոնարհաբար ընդունինք մեր սահմանափակումները, յստակօրէն պիտի տեսնենք թէ Եհովան կ’օգնէ որ ընենք ինչ որ առանց իրեն չենք կրնար ընել։ Եւ ամէն անգամ որ Եհովայի օգնութիւնը շօշափենք, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը աւելի պիտի զօրանայ։ Այսաքը՝ Ֆիճիի մէջ եղբայր մը, որ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայէ, փորձառաբար այս մէկը տեսաւ։ Ան կ’ըսէ. «Յետադարձ ակնարկ նետելով կեանքիս վրայ, կը տեսնեմ թէ Եհովան ինծի օգնած է այն ատենէն որ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել, եւ մինչեւ օրս։ Անոր համար, ան շատ իրական է ինծի համար»։

20. Աստուծոյ հետ Դաւիթի փոխյարաբերութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

20 Դաւիթ Եհովայի յատկութիւնները ընդօրինակեց։ Եհովան մեզ ստեղծեց իր յատկութիւնները ընդօրինակելու կարողութեամբ (Ծն. 1։26)։ Որքան աւելի Եհովայի յատկութիւններուն մասին սորվինք, այնքան աւելի պիտի կարենանք զինք ընդօրինակել։ Դաւիթ իր երկնաւոր Հայրը լաւ ճանչցաւ, ուստի կրցաւ զինք ընդօրինակել ուրիշներուն հետ իր վարուելու կերպին մէջ։ Միայն մէկ օրինակ նկատի առ։ Թէեւ ան Եհովայի դէմ մեղք գործեց, երբ Բերսաբէի հետ շնութիւն ըրաւ եւ ապա կարգադրեց անոր ամուսինին սպանութիւնը, բայց Եհովան որոշեց ողորմիլ իրեն (Բ. Թագ. 11։1-4, 15)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ուրիշներուն հետ ողորմած գտնուած էր։ Որովհետեւ Դաւիթ Եհովայի հետ այսքան լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր, Իսրայէլի ամէնէն սիրուած թագաւորներէն մէկը դարձաւ եւ Եհովան զինք որպէս օրինակ գործածեց Իսրայէլի միւս թագաւորներուն համար (Գ. Թագ. 15։11. Դ. Թագ. 14։1-3

21. Եփեսացիս 4։24 եւ 5։1–ի համաձայն, ‘Աստուծոյ նմանելով’ ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

21 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Պէտք է «Աստուծոյ նմանող» ըլլանք։ Այդպէս ընելով, ոչ միայն կ’օգտուինք, հապա նաեւ աւելի լաւ կը ճանչնանք զինք։ Երբ մեր անձնաւորութիւնը կը կաղապարենք իր անձնաւորութեան համեմատ, ցոյց կու տանք որ իր զաւակներն ենք (կարդա՛ Եփեսացիս 4։24. 5։1

ՋԱՆԱՆՔ ԵՀՈՎԱՆ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՃԱՆՉՆԱԼ

22-23. Եթէ Եհովայի մասին մեր սորվածը գործադրենք, ի՞նչ պիտի պատահի։

22 Ինչպէս տեսանք, Եհովան ինքզինք մեզի կը յայտնէ՝ ստեղծագործութեան եւ Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Աստուածաշունչը լեցուն է Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներու օրինակներով, որոնք կրնանք ընդօրինակել, ինչպէս՝ Մովսէս եւ Դաւիթ։ Եհովան իր դերը կատարած է։ Մեզի կ’իյնայ մեր աչքերը, ականջները եւ սիրտը իրեն բանալ։

23 Եհովայի մասին սորվելէ բնա՛ւ պիտի չդադրինք (Ժող. 3։11)։ Սակայն կարեւորը ո՛չ թէ այն է, թէ իր մասին ո՛րքան գիտենք, հապա թէ մեր գիտցածով ի՛նչ կ’ընենք։ Եթէ մեր սորվածը գործադրենք եւ ջանանք մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը ընդօրինակել, ան պիտի շարունակէ մեզի մօտենալ (Յակ. 4։8)։ Իր Խօսքին միջոցաւ, ան մեզ կը հաւաստիացնէ թէ զինք փնտռողները բնա՛ւ երեսէ պիտի չձգէ։

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’

^ պարբ. 5 Շատեր Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատան, բայց զինք չեն ճանչնար։ Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան ճանչնալ, եւ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն զարգացնելու մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մովսէսէն եւ Դաւիթ թագաւորէն։ Յօդուածը կը պատասխանէ։

^ պարբ. 18 Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով–ի մակագրութիւնը կը նշէ. «Գլխաւոր երաժիշտին՝ Տէրոջ ծառային՝ Դաւիթի սաղմոսը։ Ան ուղղեց Տէրոջ այս երգին խօսքերը այն օրը՝ երբ Տէրը ազատեց զինք իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն, եւ Սաւուղի ձեռքէն»։