Կը յիշե՞ս
2019–ի Դիտարան–ին հիման վրայ, կրնա՞ս հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել։
Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ խոստումը. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։
Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած մեզ պիտի պաշտպանէ կործանիչ ուժերէ, ինչպէս՝ ‘անօրէն մարդոց կատաղութենէն’ (Եսա. 25։4, 5)։ Մեր թշնամիները բնա՛ւ պիտի չկարենան մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել (դ19.01, էջ 6-7)։
Քանանացիներուն եւ կամակոր իսրայէլացիներուն հետ Աստուծոյ վարուելու կերպը ինչպէ՞ս իր արդարադատութիւնը յայտնեց։
Աստուած դատաստան բերաւ անոնց վրայ, որոնք զզուելի սեռային արարքներու միջամուխ կ’ըլլային կամ կիներուն ու երեխաներուն հետ գէշ կերպով կը վարուէին։ Ան օրհնեց անոնք, որոնք իրեն հնազանդ էին եւ ուրիշներուն հետ արդարութեամբ կը վարուէին (դ19.02, էջ 22-23)։
Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մեր ներկայութեան Վկայ չեղող մը կ’աղօթէ։
Կրնանք լուռ եւ յարգալից մնալ՝ առանց «ամէն» ըսելու կամ ուրիշներու ձեռքը բռնելու։ Կրնանք մեր միտքին մէջ անձնական աղօթք ընել (դ19.03, էջ 31)։
Երեխաներու չարաշահութիւնը որքա՞ն լուրջ հարց է։
Երեխաներու չարաշահութիւնը զոհ գացողին, ժողովքին, աշխարհիկ իշխանութիւններուն եւ Աստուծոյ դէմ մեղք է։ Եթէ երկրին օրէնքը կը պահանջէ իշխանութիւններուն տեղեկացնել չարաշահութեան մասին, երէցները այդ քայլը կ’առնեն (դ19.05, էջ 9-10)։
Ինչպէ՞ս կրնաս տիրապետող մտածելակերպդ փոխել կամ բարելաւել։
Գլխաւոր քայլերն են. Եհովային աղօթել, խոկալ՝ ինքնաքննութիւն ընելու նպատակով, եւ իմաստութեամբ ընկերներ զատել (դ19.06, էջ 11)։
Ի՞նչ կրնանք ընել հիմա հալածանքին պատրաստուելու համար։
Պէտք է Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնենք։ Վստահինք որ ան մեզ կը սիրէ եւ բնաւ երեսէ պիտի չձգէ։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք եւ կանոնաւորաբար աղօթենք։ Համոզուած ըլլանք որ Թագաւորութեան օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Մեր նախասիրած համարները ու գովաբանութեան երգերը գոց սորվինք (դ19.07, էջ 2-4)։
Ի՞նչ կրնանք ընել որ մեր ազգականներուն օգնենք, որ փրկուին։
Կարեւոր է որ կարեկից ըլլանք, ձգենք որ մեր օրինակելի վարքը լաւ վկայութիւն տայ, եւ համբերենք ու փափկանկատ ըլլանք (դ19.08, էջ 15-17)։
Ինչպէ՞ս կը թարմանանք, Մատթէոս 11։28–ի մէջ Յիսուսի խոստումին համաձայն։
Սիրալիր քրիստոնեայ վերակացուներ, լաւագոյն ընկերակիցները եւ լաւագոյն գործը ունինք (դ19.09, էջ 23)։
Աստուած ինչպէ՞ս մեզի կու տայ գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։
Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք եւ անոր վրայ կը խոկանք, Աստուած կրնայ մեզ ուժովցնել, տալով իր կամքին համաձայն գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը։ Անոր հոգին կրնայ մեր կարողութիւնները բարելաւել (դ19.10, էջ 21)։
Ի՞նչ իմաստուն քայլեր պէտք է առնենք լուրջ որոշում մը կայացնելէ առաջ։
Հինգ քայլեր են. Լաւ փնտռտուք ըրէ։ Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ։ Շարժառիթներդ վերլուծէ։ Մասնայատուկ նպատակակէտեր ունեցիր։ Իրապաշտ եղիր (դ19.11, էջ 27-29)։
Հոգիին անմահութեան գաղափարը ծագում առա՞ծ է Եւային ուղղուած Սատանային խօսքէն։
Ըստ երեւոյթին՝ ո՛չ։ Սատանան Եւային ըսաւ, որ պիտի չմեռնէր, եւ ոչ թէ՝ միայն անոր մարմինը պիտի մեռնէր, բայց հոգին պիտի շարունակէր ապրիլ ուրիշ տեղ մը։ Սուտ կրօնքի ամէն սխալ գաղափար Ջրհեղեղին բնաջնջուեցաւ։ Հաւանաբար, հոգիին անմահութեան գաղափարը ի յայտ եկաւ, Աստուած Բաբելոնի աշտարակը շինող մարդիկը ցրուելէն առաջ (դ19.12, էջ 15)։