Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Օծեալներուն հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք պէտք է ունենանք։

Անոնց հաւատքը կ’արժեւորենք։ Սակայն անոնց չափէ աւելի ուշադրութիւն չենք ընծայեր։ Մենք անձնաւորութիւններու վրայ չենք սքանչանար (Յդ. 16)։ Անոնց անձնական հարցումներ չենք հարցներ իրենց յոյսին մասին (դ20.01, էջ 29

Ի՞նչը քեզ պէտք է վստահեցնէ, որ Եհովան քեզ կը նշմարէ։

Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Եհովան ծնելէդ առաջ քեզ նշմարեց։ Եւ աղօթքներդ մտիկ կ’ընէ։ Ան գիտէ մտածումներդ ու սրտիդ մէջինը, եւ արարքներդ իր զգացումներուն կ’ազդեն (Ա. Մն. 28։9. Առ. 27։11)։ Ան քեզ իրեն քաշած է (դ20.02, էջ 12

Ե՞րբ պէտք է խօսինք եւ ե՞րբ պէտք է լուռ մնանք։

Ուրախութեամբ Եհովայի մասին կը խօսինք։ Կը խօսինք, երբ տեսնենք որ մէկը սխալ ընթացք բռնած է։ Երէցները չեն քաշուիր խօսելու, երբ նկատեն թէ եղբայր մը կամ քոյր մը խրատի պէտք ունի։ Չենք խօսիր, որ մանրամասնութիւններ առնենք (կամ յայտնենք) մեր գործին մասին երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է։ Ուրիշներու գաղտնի տեղեկութիւններ չենք տար (դ20.03, էջ 20-21

Յովէլ 2–րդ գլուխին մէջ նշուած մարախները ինչպէ՞ս տարբեր են Յայտնութիւն 9–րդ գլուխին մէջ նշուած մարախներէն։

Յովէլ 2։20-29–ն կ’ըսէ, որ Աստուած մարախները կը հեռացնէ եւ կը խոստանայ անոնց պատճառած վնասը հատուցանել։ Ատկէ յետոյ Աստուած իր հոգին կը թափէ։ Այդ դէպքերը կատարուեցան, երբ բաբելոնացիները Իսրայէլի վրայ յարձակեցան, եւ ատկէ ետք։ Յայտնութիւն 9։1-11–ը կը նկարագրէ մարախներու նմանող այժմու օծեալները, որոնք կը ծանուցանեն Աստուծոյ դատաստանները այս չար աշխարհին դէմ, եւ առ ի արդիւնք՝ անոր թիկունք կանգնողները կ’անհանգստացնեն (դ20.04, էջ 3-6

Ներկայիս ո՞վ է հիւսիսի թագաւորը։

Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները։ Անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակած են՝ քարոզչութիւնը արգիլելով եւ Վկաներուն հանդէպ ատելութիւն ցոյց տալով։ Հիւսիսի թագաւորը մրցակցած է հարաւի թագաւորին հետ (դ20.05, էջ 13

Գաղատացիս 5։22, 23–ի (ՆԱ) մէջ նշուած յատկութիւնները, «Հոգիին պտուղ»ին միա՞կ երեսակներն են։

Ո՛չ։ Սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ, որ յաւելեալ յատկութիւններ ունենանք, ինչպէս՝ արդարութիւն (Եփ. 5։8, 9, ստորանիշ. դ20.06, էջ 17

Քու մասիդ առցանց նիւթեր դնելուն վտանգներէն մէկը ի՞նչ է։

Այն ինչ որ առցանց կը դնես, կրնայ այն տպաւորութիւնը ձգել, որ կը պարծենաս եւ խոնարհ չես (դ20.07, էջ 6-7

Քրիստոնեայ ծառաները ի՞նչ կրնան սորվիլ հմուտ ձկնորսներէն։

Անոնք կ’աշխատին այն ժամուն եւ այն տեղը, որ կրնան աւելի ձուկ գտնել։ Մարզուած են ճիշդ գործիքները գործածելու եւ քաջաբար կ’աշխատին փոփոխական պայմաններու ներքեւ։ Մենք ալ կրնանք նման կերպով վարուիլ մեր ծառայութեան մէջ (դ20.09, էջ 5

Ի՞նչ են այն կերպերէն ոմանք, որոնց միջոցով Աստուածաշունչի աշակերտներուն կրնանք օգնել, որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը խորացնեն։

Կրնանք զանոնք քաջալերել, որ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդան ու իրենց կարդացածին վրայ խոկան։ Եւ կրնանք իրենց սորվեցնել, որ աղօթեն (դ20.11, էջ 4

Որո՞նք պարփակուած են հետեւեալ խօսքին մէջ. «Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։22

Պօղոս առաքեալ ըսել չուզեց, որ ամէն մարդ յարութիւն պիտի առնէր։ Ան կ’ակնարկէր օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք ‘Քրիստոս Յիսուսով սրբուած էին’ (Ա. Կոր. 1։2. 15։18. դ20.12, էջ 5-6

Օծեալները ի՞նչ պիտի ընեն «աչք գոցել բանալու մէջ» փոխուելէ ետք (Ա. Կոր. 15։51-53

Անոնք Յիսուսի հետ պիտի հովուեն ազգերը երկաթէ գաւազանով (Յայտ. 2։26, 27. դ20.12, էջ 12-13